ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽ

Վախի մասին շատ գրուած է:

Վախը մարդուն մէջ բնական երեւոյթ մըն է, որ փոքր ժամանակէն կը սկսի արտայայտուիլ եւ շատ յաճախ մինչեւ կեանքին վերջ կը տեւէ, եթէ մարդ ճիշդ կերպով չկարենայ դիմագրաւել ու յաղթահարել իր մէջ եղող այդ վախը:

Աստուածաշունչին մէջ վախի մասին առաջին անգամ կը հանդիպինք Ծննդոց գիրքին մէջ, ուր կը նկարագրուի աշխարհի եւ մարդուն ստեղծագործութիւնը: Տէր Աստուած աշխարհը ստեղծելէ ետք զայն յանձնեց Իր միւս ձեռագործին՝ մարդուն, որպէսզի իշխէ անոր վրայ, սակայն մէ՛կ պատուիրան տուաւ՝ չուտել բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն (Ծն 2.17): Սակայն, մարդը անհնազանդ գտնուելով Աստուծոյ տուած պատուիրանին եւ որպէսզի բաւարարէ իր հետաքրքրասիրութիւնը՝ կերաւ արգիլուած ծառի պտուղէն: Երեկոյեան ժամերուն երբ Աստուած կը պտտէր պարտէզին մէջ, ձայն տուաւ Ադամին, ըսելով.

-Ո՞ւր ես:

Ադամ պատասխանեց.

-Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասնզի մերկ էի ու պահուեցայ (Ծն 3.9-10: Կարդա՛լ նաեւ Ծն 3.1-13):

Այս դէպքէն մեկնելով կրնանք հետեւցնել, որ վախը արդիւնք է սխալ արարքի մը, կամ արգիլուած արարքի մը հետեւանքն է վախի զգացողութիւնը:

Գիտնականներ տարբեր-տարբեր փորձարկումներ կատարելով փորձած են բացատրել վախի ինչութիւնը: Անոնք իրենց կատարած հետազօտութիւններուն արդիւնքներով վախը բաժնած են խումբերու, ինչպէս օրինակ, ժառանգական վախ, վարակիչ վախ, իրական վախ, անիրական վախ, անորոշութեան վախ, անվստահութեան վախ, պարտաւորութեան վախ, ձախողութեան վախ, առանձնութեան վախ, մահուան վախ, եւ այլն:

Ժառանգական վախը այն է, որ կը փոխանցուի ծնողներէն:

Վարակիչը՝ օդակաթիլային միջոցով, որովհետեւ երբ մարդ վախ կը զգայ, մարմինը որոշ մակարդներ (ferment) կ՚արտադրէ, որով որոշ մարդիկ կրնան այդ բանին ազդեցութեան տակ ըլլալ ու խուճապի մատնուիլ:

Իրական վախը իրական երեւոյթներու եւ իրողութիւններու հիման վրայ ծնունդ կ՚առնէ. օրինակ՝ բարձր վայր մը, անդունդի բերանին յայտնուիլը, թունաւոր օձի մը, կոկորդիլոսի մը կամ առիւծի մը դէմ յանդիման գտնուիլը, եւ այլն:

Անիրական վախը այն է, որ մարդ իր պատկերացումներուն եւ երեւակայածներուն ազդեցութեան տակ կը սկսի վախ զգալ եւ վախի ազդեցութեան տակ գտնուիլ:

Անորոշութեան վախը յատուկ է այն մարդոց կամ նոյնիսկ հաւաքականութիւններուն, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրենց, եւ կամ ի՛նչ պահած է իրենց յետագան: Այս վախը կարելի է կոչել նաեւ անյստակութեան վախ:

Անվստահութեան վախը այն է, երբ մարդ իր կեանքի որոշ մէկ հատուածին կը սկսի կասկածիլ իր ուժերուն վրայ, իր ընդունակութիւններուն վրայ, այլ խօսքով՝ կասկածը կը մտնէ իր մէջ, որով անվստահութիւն ձեռք կը բերէ ինքն իր վրայ, որով կը սկսի վախնալ իր առած իւրաքանչիւր քայլափոխէն:

Պարտաւորութեան վախը հիմնականին կը յայտնուի մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ, երբ կողմերէն մէկը անցեալին ունեցած ձախող փորձի մը պատճառով, կը վախնայ նոր յարաբերութիւններ մշակելէ եւ կը դառնայ ինքնամփոփ:

Ձախողութեան վախը ձեռնարկած որեւէ մէկ գործի կամ աշխատութեան չկամեցած աւարտի վերաբերեալ է, որուն մէջ դարձեալ մեծ գործօն ունին կասկածն ու անվստահութիւնը:

Առանձնութեան վախ. մարդիկ կան, որոնք առանձնութենէն կը սարսափին, նոյնիսկ իրենց շուքէն իսկ կը վախնան, որով միշտ կը փափաքին շրջապատուած ըլլալ ազգականներով, հարազատ մարդոցմով եւ ընկերներով, որովհետեւ առանձնութիւնը իրենց համար անապատի ամայութեան ազդեցութիւն կը գործէ, որով միշտ կը խուսափին առանձնութենէն, աւելի ճիշդ՝ կը վախնան առանձին մնալէ:

Մահուան վախ. զուտ մարդկային՝ աշխարհիկ տրամաբանութեամբ այս վախը բնական է, որովհետեւ մահը անորոշութեան մը սկիզբն է, այլ խօսքով մարդ չի՛ գիտեր, թէ մահէն ետք ի՞նչ կը սպասէ իրեն: Սակայն, քրիստոնէական ընկալումով մահէն վախնալ կը նշանակէ անպատրաստ ըլլալ սկսելու նոր եւ յաւիտենական ճանապարհորդութեան, որովհետեւ ըստ քրիստոնէութեան՝ այս աշխարհի վրայ մահը սկիզբն է նոր կեանքի մը, յաւիտենական կեանքի մը: Գերմանացի հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Եոհան Զէյմէն (1763-1810) այսպէս կը գրէ. «Ով որ մահէն կը վախնայ, ան արդէն չ՚ապրիր»: Հետաքրքրական մօտեցում մըն է, որովհետեւ մահէն վախնալ, կը նշանակէ կեանքին նկատմամբ անվստահութիւն: Իսկ երբ քրիստոնէական դիտանկիւնէն կը մօտենանք, ապա՝ «մահ չկայ այն մարդուն համար, որուն հոգին կը գործէ մարմինի կենդանութեան ժամանակ, եւ թէ մահը ի՛նք՝ նոր կեանքի սկիզբն է» (Գէորգ Չէօրեքճեան Կթղ.): Քրիստոնէական դիտանկիւնէն մահէն ո՛չ թէ վախնալ կը խրախուսուի, այլ՝ մահուան պատրաստ ըլլալ կը թելադրուի. «Երանի անոր, որ միշտ իր մահուան օրը կը յիշէ եւ կը ջանայ պատրաստ եւ անվախ ըլլալ այդ ժամին» (Սուրբ Եփրեմ Ասորի), որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի, թէ քրիստոնեային համար այս աշխարհի վրայ մահը, սկիզբ մըն է նոր կեանքի մը՝ յաւիտենական կեանքին:

Այս բոլորէն անդին, յստակ ու պարզ է, որ վախը իրականութիւնը, ճշմարտութիւնը աղաւաղող երեւոյթ մըն է, որ մադրուն միտքը կը խամրեցնէ եւ թոյլ չի՛ տար ճիշդ ձեւով տեսնելէ եւ ընկալէ իր հետ պատահող դէպքերն ու իրողութիւնները: Տանթէն կ՚ըսէ. «Պէտք չէ ձգել, որ վախը խելքին թելադրէ». այլ խօսքով, մարդ պէտք չէ թոյլ տայ, որ իր վախերը առաջնորդեն զինք, իր փոխարէն որոշում կայացնեն, իր փոխարէն քայլեր առնեն, քանի որ այդ հոգեվիճակին՝ վախի ազդեցութեան տակ ո՛չ մէկ որոշում կամ քայլ կրնայ դրական ըլլալ եւ կամ դրական արդիւնք տալ մարդուն, որովհետեւ «վախկոտութիւնը շատ վնասակար է, քանի որ այն արգելք կը հանդիսանայ, որպէսզի կամքը օգտակար գործողութիւն կատարէ» (Ռընէ Տեքարթ):

Հիմա անդրադառնանք վախի իւրայատուկ տեսակի մը, որուն պիտի տանք անկայունութեան վախ անունը: Անկայունութիւն երբ կ՚ըսենք, նկատի չունինք վախի երեւոյթը, այլ՝ այդ վախը կրող անձնաւորութիւնը, այլ խօսքով մարդը ի՛նք:

Ներկայ ընկերութեան մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ ղեկավարներու, առաջնորդներու, պարագլուխներու, տնօրէններու, պետերու, վարիչներու, որոնք իրենց ունեցած գիտութեան, ատաղձին եւ ընդունակութիւններուն շնորհիւ, իրենց ղեկավարած կառոյցները յաջողութենէ յաջողութեան կ՚առաջնորդեն, իսկ իրենց ենթակայութեան տակ աշխատող պաշտօնեաներուն ալ առիթ կու տան իրենց հմտութիւնները լաւագոյն ցուցաբերելու, ի գործ դնելու, յանուն տուեալ կառոյցին, հիմնարկին կամ հաստատութեան բարօրութեան: Մէկ խօսքով, ղեկավար եւ պաշտօնեայ փոխկապակցուած կերպով կ՚աշխատին յանուն այն հաստատութեան ու կառոյցին, որու աշխատողներն են իրենք:

Նշածս օրինակին մէջ ղեկավարները ղեկավար ըլլալէ առաջ, իրենք զիրենք կը համարեն պաշտօնեայ, յար եւ նման՝ իրենց ենթակայութեան տակ աշխատողներուն: Աւելին, այդ ղեկավարները իրենց մէջէն վախըն ու կասկածը հեռացուցած են, այլ խօսքով, այդ ղեկավարները գիտակցութիւնը ունին, որ այն պաշտօնը, որ հիմա կը վարեն, ատիկա ո՛չ թէ իրենց սեփականութիւնն է, այլ՝ ընդհանուրին սեփականութիւնն է, իսկ իրենք՝ հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց հմտութիւններուն շնորհիւ (ո՛չ յաճախ, չըսելու համար մեր օրերուն ճիշդ հակառակն է, որովհետեւ ազգովին սկսած ենք առաջնորդուիլ խնամի, ծանօթ, բարեկամի հիւանդութեամբ) այդտեղ յայտնուած են, սակայն իրենց գլխաւոր պարտաւորութիւնը ընդհանուրի շահն է, ընդհանուրի բարօրութիւնն է, իսկ այդ բարօրութեան ու շահին գլխաւոր դերակատարները այդ հաստատութեան կամ կառոյցին մէջ աշխատող պաշտօնեաներն են, որոնց հանդէպ ինք վստահութիւն կը ցուցաբերէ եւ ատակ պաշտօնեաներուն առիթ կ՚ընծայէ, որպէսզի իրենք զիրենք յայտնաբերեն եւ օգուտ բերեն տուեալ հաստատութեան:

Անդին, սակայն, կան ղեկավարներ, առաջնորդներ եւ պետեր, որոնք հակառակ անոր որ հասած են բարձր դիրքերու, հակառակ անոր որ բազմած են ո՛չ միայն արծաթապատ, այլ՝ ոսկեպատ աթոռներու վրայ, սակայն վախը իրենց մէջ բոյն դրած է, որ յանկարծ կրնայ ինչ որ բան պատահիլ եւ իրենց հասած բարձունքէն վար իյնան, եւ կամ իրենց տակի աթոռը սահեցնեն իրենց տակէն: Այս երեւոյթը յատուկ է այնպիսի մարդոց, որոնք հակառակ իրենց հասուն տարիքին, սակայն տակաւին կայացած չեն, կայունութեան չեն հասած որպէս մարդ, որպէս անհատ: Իսկ երբ մարդուն մէջ կայունութիւն չկայ, ապա վախը թագաւորելով այդ մարդուն, զայն կը վերածէ ստրուկի մը, որ ո՛չ իր արարքներուն եւ ո՛չ ալ իր խօսքերուն գիտակցութիւնը կ՚ունենայ, որովհետեւ երբ վախի ազդեցութեան տակ է, չի՛ կրնար առողջ դատողութիւններ կատարել, որով սխալ սխալի ետեւէ գործելով ինքզինք դէպի անդունդ կ՚առաջնորդէ:

Նշեցինք, որ վախը թագաւորելով մարդուն վրայ, զայն ստրուկի կը վերածէ, եւ այդպիսին ո՛չ միայն կը վախնայ, այլ եւ նոյնիսկ կը հրաժարի ազատութենէն: Հռոմէացի պատմաբան Սալլեուսդիուս այսպէս կ՚ըսէ. «Շատերը կը հրաժարին ազատութենէն, որովհետեւ կը վախնան»: Ըստ պատմաբանին, արդարեւ, վախն ու ազատութիւնը իրարու ագուցուած են, որով վախկոտ մարդը չի՛ կրնար ազատ ըլլալ, աւելին՝ ազատութեան գիտակցութիւնը չի՛ կրնար ունենալ, ընդհակառակը, երբ մարդ ազատ է, ազատութեան գիտակցութիւնը ունի, կը նշանակէ, թէ որպէս մարդ կայացած է, իսկ կայացած մարդը ո՛չ միայն ազատ է, այլեւ՝ անվախ է, եւ «ան՝ որ իր վախերը կը յաղթահարէ, իսկապէս ազատ կ՚ըլլայ»:

Կայունութիւն եւ ազատութիւն:

Կ՚ուզե՞ս գեղեցիկ ըլլալ ու մնալ այդպիսին, ապա կառչէ՛ այս երկուքին, որով ինքնաբերաբար քեզմէ հեռու վանած կ՚ըլլաս վախը եւ անոր պատճառած ահաւոր վնասները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 յունիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022