ՆԻԶԱՐ ՔԱՊԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

1
Բանաստեղծ մըն է,
որ տիեզերքը կը ծակէ
բանաստեղծութեան ասեղով…

2
Բանաստեղծ մըն է,
որուն տունը շանթն է
իսկ ծովը իր ինքնակենսագրութիւնն է…

3
Բանաստեղծ մըն է,
որ միայն իր բառերու պանդոկէն դուրս ելլէ
զինք սպասող ոստիկանութեան ինքնաշարժը կը գտնէ իր դիմաց…

4
Բանաստեղծ մըն է,
որ իր մօր փորէն կ՚իջնէ
ու իր ձեռքին…
գանգատներու ցուցակ մը կայ
եւ տուփ մը լուցկի…

5
Բանաստեղծ մըն է,
որ ամէն օր իր յիշողութիւնը կ՚այրէ
ու անով կը տաքնայ…

6
Բանաստեղծ մըն է,
որ մանկական հեծանիւ մը կը հեծնայ,
ու լեզու կը հանէ՝
երթեւեկութեան բոլոր նշաններուն…

7
Բանաստեղծ մըն է,
որ իրերը կը համոզէ,
որպէսզի փոխեն իրենց սովորութիւնները…

8
Բանաստեղծ մըն է,
որ անտառի ծառերուն կը սորվեցնէ,
որպէսզի ցոյց կատարեն՝
ազատութեան համար…

9
Բանաստեղծ մըն է,
որ միայն բանաստեղծական երեկոյի մը երեւնայ,
տխրութիւն պատճառող
ռումբեր կ՚արձակեն իր վրայ…

10
Բանաստեղծ մըն է,
որ ազատութեան հետ քաղաքացիական ամուսնութեամբ,
ու զաւակներ ծնած է…
որոնց բանաստեղծութիւնները հասկերու գոյնով են,
իսկ աչքերը՝ ծովուն գոյնով…

11
Բանաստեղծ մըն է,
այդ պատճառով անկէ կը պահանջեն,
որ ամէն օր հաշուետուութիւն ներկայացնէ՝
իր մատներու թիւին մասին…

12
Բանաստեղծութիւնը,
արաբներուն դիւա՞նն է,
թէ՞ անոնց զինուորական դատարանը:

13
Բացառութեամբ մի քանի մեծերէ
մեր բանաստեղծութեան պատմութեան մէջ,
մնացած արաբ բանաստեղծները
մէկ ոտանաւոր գրած են
ու բոլորն ալ անոր տակ ստորագրած են՝
առաջին բառերով…

14
Արաբական բանաստեղծութեան պատմութեան մէջ,
անկեալ հանգրուաններ կան,
որոնց ընթացքին արաբ բանաստեղծները
նոյն պանդոկը կ՚իջնէին…
նոյն ամանէն կ՚ուտէին…
նոյն անկողինին մէջ կը քնանային…
եւ իրարու նմանող զաւակներ կը ծնէին:

15
Բանաստեղծութեան մասին…
կարիք չունինք միօրինակ հագուստի,
միօրինակ կտորի…
միօրինակ գոյնի…
Բանաստեղծները արդարեւ՝ զինուորներ չեն,
ո՛չ ալ հիւանդապահուհիներ,
ո՛չ ալ օդանաւի հիւրընկալուհի…
Միօրինակ հագուստը բանաստեղծութեան մէջ,
արաբ բանաստեղծները
ֆութպոլ խաղացող խումբի մը պիտի վերածէ…

16
Արդի բանաստեղծը այն է,
որ երաժշտութեան խումբէն
եւ ընդհանուր ներդաշնակութենէն կը դիմաւորուի,
իր սեփական բանաստեղծութիւնը հեղինակողին:

ՆՕԹԵՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՏՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ 1991 (Հատուածներ)

1
Ո՛չ մեր պատերազմը պատերազմ է,
ո՛չ ալ մեր խաղաղութիւնը՝ խաղաղութիւն.
Բոլոր բաները որոնք մեր կեանքի ընթացքին կ՚անցնին,
ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ շարժապատկեր մը…
Մեր ամուսնութիւնը յանկարծակի է,
մեր սէրը՝ յանկարծակի,
ինչպէս որ կ՚ըլլայ սէրը շարժապատկերի մը սկիզբը:
Եւ մեր մահը որոշուած է,
ինչպէս որ կ՚ըլլայ մահը շարժապատկերի մը սկիզբը:

2
Օրին մէկը չյաղթեցինք ճանճի մը,
այդ ամէնը…, երեւակայութեան վաճառականութիւն էր:
Խալէտը, Թարէքը եւ Համզէն,
Աքապա Պըն Նաֆէըը,
Զիրը, Ալ Քաաքաան ու Ալ Սամսամը,
բոլորն ալ կուտակուած են իրարու վրայ…
տուփերու մէջ են բոլորը…
շարժապատկերի տուփերու մէջ…

3
Պարտութիւն…
ետեւէն պարտութիւն…
եւ ետեւէն պարտութիւն…
Ինչպէ՞ս յաղթենք պատերազմին մէջ,
երբ անոնք որոնք դերասանութիւն ըրին…
նկարեցին…
արտադրեցին…
Պատերազմիլ Տեղեկատուութեան Նախարարութենէն նե՞րս սորվեցան:

5
Ամէն քսան տարին անգամ մը…
Իշխող մը կու գայ մեզի իր հրամանով,
որպէսզի երկինքը բանտարկէ շիշի մը մէջ
ու արեւը տանի գլխատելու բեմ:

7

Ամէն քսան տարին անգամ մը,
մեզի կու գայ խումար խաղացող մէկը,
որպէսզի խումարի սեղանին վրայ գրաւի դնէ՝ 
երկիրը, ծառաներն ու մշակոյթը,
արեւածագն ու մայրամուտը,
ծառերն ու պտուղները,
արուներն ու էգերը,
ալիքներն ու ծովը…

8
Ամէն քսան տարին անգամ մը,
կաղ մարդ մը կու գայ մեզի՝
իր գրպաններուն մէջ նռնակներ շալկած…

10
Հիմքին մէջ վարչակա՞րգն է ոճրագործ,
թէ՞ մենք ենք պատասխանատուն՝
այդ վարչակարգը հիմնելուն:

11
Եթէ գրողը գոհ ըլլայ,
որ անգամ մը հաւ ըլլայ…
որ աքլորներուն հետ կը կենակցի…
կամ կ՚ածէ…
կամ կը քնանայ…
ապա գրելուն յաջողութիւն ըսէ…

12
Մեր մօտ մտաւորականներուն համար պաշտօնական ընկերութիւն կայ,
որ իր կազմութեան մէջ՝
ոչխարներու ընկերութեան կը նմանի…

18
Խօսքերու նաւակներով շաբաթներ նաւարկելէ ետք,
մեր պատերազմական բառարանէն բան չմնաց՝
բացի մորթէն ու ոսկորներէն…

27
Պատմութիւնը կը կեղծենք,
լուրերը կը կեղծենք,
իսկ մեծ պարտութիւնը՝
յաղթանակի կը վերածենք…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019