ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Գ.

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Խօսք. «Ո՛չ ոք երկինք ելաւ» (Յհ 3.13):

Մեկնութիւն. Այստեղ չորս բան հարցանելի է.

Առաջին. թէ ինչո՞ւ համար այս խօսքը այստեղ կ՚ըսէ:

Կ՚ըսենք թէ չորս պատճառով. նախ՝ ըսաւ, թէ՝ «ինչ որ գիտենք կը խօսինք եւ կը վկայենք» (տե՛ս Յհ 3.11): Կ՚ուզէին հարցնել, թէ դուն մեզի հետ մա՞րդ ես երկրի վրայ, ըսաւ. «Ես եմ, որ Էն, որ երկինքէն է, եւ դարձալ պիտի ելլեմ»:

Երկրորդ՝ այն որ խոստացաւ երկրաւորի մասին ըսել, այս է, որ կ՚ըսէ:

Երրորդ՝ Նիկոդեմոսը տգէտ ըլլալով, կը կարծէր սուրբ մարդ եւ վարդապետ կոչելով, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Երկինքէն իջած եմ եւ բնութեամբ Աստուծոյ Որդի եմ»:

Չորրորդ՝ որովհետեւ Նիկոդեմոսին համար անկարելի կը թուէր վերստին ծնունդը՝ դարձեալ նոյն տեղը մտնելը: Ասոր կը պատասխանէ, թէ կարելի է, ինչպէս Ես, կ՚ըսէ, Իմ Հօրմէս ելլայ ու իջայ եւ դարձեալ նոյն Հօր մօտ պիտի ելլեմ:

Երկրորդ. գիտելի է, թէ չար Բասիլիդէսը ասկէ մեկնելով ըսաւ, թէ մարմինը երկինքէն բերուած է եւ Կոյսէն՝ որպէս խողովակ անցած է:

Կ՚ըսենք, թէ սուտ է՝ չորս պատճառով. նախ՝ եթէ երկինքէն բերաւ մարմինը, ապա Մարիամի Որդի չէր կոչուեր, սակայն Սուրբ Աւետարանը Քրիստոսին համար Մարիամի Որդի կ՚ըսէ, եւ ոչ թէ՝ երկինքէն որդի: Երկրորդ՝ որովհետեւ եթէ երկինքէն բերաւ մարմինը եւ Կոյսին մէջէն անցաւ, ապա միայն աչքին երեւացող մարդ է, ինչպէս հրեշտակը օդին մէջ աչքին երեւացող կերպով մարմին որպէս կը ձեւանայ: Երրորդ՝ որովհետեւ եթէ երկինքէն բերաւ, ապա չարչարելի եւ մահկանացու մարմինով չէ, եւ անօթութիւն ու ծարաւ չէր կրեր, սակայն Քրիստոս այս բոորը կրեց: Չորրորդ՝ որովհետեւ եթէ երկինքէն բերաւ մարմինը, ապա՝ մարդուն համար փրկութիւն չեղաւ, այլ՝ երկինքին, որ սուտ է:

Երրորդ. գիտելի է, թէ ինչո՞ւ համար նախ ելլելը կ՚ըսէ եւ ապա իջնելը, որովհետեւ նախ իջաւ եւ ապա ելաւ: Պօղոսը կ՚ըսէ. «Նախ երկրին ստորին կողմը իջաւ եւ բոլոր երկինքներէն վեր բարձրացաւ» (տե՛ս Եփ 4.9-10): Այս մասին կ՚ըսենք, նախ՝ թէ իջնելը անյայտ էր ո՛չ միայն մարդոցմէ, այլեւ՝ հրեշտակներէն ալ, իսկ ելլելուն ժամանակ իջնելն ալ գիտցանք: Երկրորդ՝ հին Ադամին ընդդէմ, որ երկիր իջաւ, նոր Ադամը երկինք ելաւ: Երրորդ՝ նախ մեր Տէրը երկինք ելաւ եւ ապա ուրիշները Իր հետ, որովհետեւ թէեւ Եղիան ու Ենովքը ելան, սակայն ո՛չ թէ երկինք, այլ՝ դրախտ: Չորրորդ՝ իջնելը Բանին կը յարմարի, որ խոնարհեցաւ, իսկ ելլելը՝ մարմինին, որ Բանին հետ միութեամբ բարձրացաւ, այդ պատճառով նախ ասիկա կը դնէ՝ ցոյց տալով մեր բնութեան բարձրութիւնը, ըստ Պօղոսին. «Աստուած զԻնք աւելի բարձրացուց» (Փլպ 2.9). եւ Դաւիթ՝ «որ բարձրունքները ելաւ եւ գերութիւնը գերեց» (տե՛ս Սղ 67.19) կ՚ըսէ:

Չորրորդ՝ գիտելի է, թէ ինչո՛ւ համար բացասական կերպով կ՚ըսէ, թէ «ո՛չ ոք ելաւ», եւ ահաւասիկ շատեր երկինք ելան ու կ՚ելլեն տակաւին:

Այս մասին կ՚ըսենք. նախ՝ երկու յայտնաբանութիւն. մէկը այն գրուածքն է, որ կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք երկինք ելաւ ու եւ ո՛չ ոք իջաւ», որպէս թէ Քրիստոսի հետ երկինք ելան, երբ Ան երկինքէն իջաւ: Երկրորդ՝ «ո՛չ ոք» կ՚ըսէ, այսինքն՝ չմկրտուածներէն եւ անհաւատներէն ո՛չ ոք երկինք ելաւ, այլ՝ մկրտուածներն ու հաւատացեալները: Երրորդ՝ «ո՛չ ոք», այսինքն՝ որ Քրիստոսին անդամ չէ, չ՚ելլեր, այլ՝ Անոր անդամները, որովհետեւ երբ Մարդու Որդի կ՚ըսէ, մեր գլուխը կը նշանակէ: Չորրորդ՝ յայտնի է, թէ անարժանները չեն ելլեր, այլ՝ արժանաւորները:

Հիմա խօսքին մեկնութիւնը տեսնենք:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Խօսք. «Ո՛չ ոք երկինք ելաւ» (տե՛ս Յհ 3.13):

Մեկնութիւն. Չորս բառ է, այսինքն՝ ելաւ, Մարդու Որդին իջաւ, որ երկինքն էր: Իսկ երեք գիրը կը յօդէ. առաջին՝ կատարուածները կը նշանակէ, միջինը՝ յատուկը ցոյց կու տայ, վերջինը՝ մշտնջենաւորը:

Նախ եւ առաջ այս ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս աստուածացեալ եւ բարձրացեալ շնորհով մարդ մը չէ՝ ըստ Պօղոս Սամոստացիին, այլ՝ Աստուած է, որ խոնարհած է [երկինքէն իջած է], մարդ եղած եւ մարմինով բարձրացած, որովհետեւ յատուկ է Իրեն, քանի որ ահաւասիկ Եղիան ալ բարձրացաւ բայց չխոնարհեցաւ, այսպէս ալ բոլոր սուրբերը:

Երկրորդը՝ այն կը ցուցնէ, թէ ուրիշ մը չէ իջնողը, եւ ուրիշ մը՝ որ ելաւ, այլ՝ միեւնոյն Բանն է, որ անմարմին իջաւ եւ Իր մարմինով ելաւ:

Երրորդ՝ մարդու որդին այն կը ցուցնէ, թէ ինչպէս Բանը միութեան համար բնութեամբ մարդու Որդի է, նոյնպէս մարմինով Աստուծոյ Որդի է բնութեամբ:

Չորրորդ՝ որ երկինքն էր այն կը ցուցնէ առհասարակ, թէպէտ մարմինով երկինք ելաւ, սակայն Աստուածութեամբ միշտ երկինքին մէջ էր: Եւ ոչ թէ նախքան իջնելը միայն երկինքին մէջ էր, այլ՝ երկրի մէջ ալ անհասանելի բնութեամբ: Հետեւաբար յայտնի է, թէ իջնելն ու ելլելը ո՛չ թէ տեղական շարժումով մը, այլ՝ իջնել կ՚ըսուի մարմինով՝ երեւնալն ու դէպի մեզ խոնարհիլը: Իսկ համբառնալը՝ ոչ թէ աշխարհէն բաժնուիլ, այլ՝ երկրաւորներէն անտեսանելի մնալ: Իսկ երբ այս ըսաւ, թէեւ մարմինով երկրի մէջ էր, սակայն Աստուածութեամբ երկինքն էր եւ ամէն տեղ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Մարդու Որդին, որ երկինքն էր» եւ ոչ թէ, որ երկինքին մէջ պիտի ըլլայ: Տե՛ս, միացեալ բնութիւններուն համար աստուածայինները մարմինին կը վերագրէ եւ մարմնականները՝ Աստուածութեան, որովհետեւ Մարդու Որդին, որ էր ըսաւ, եւ որ էր Մարդու Որդի: Դարձեալ, ելլելն ու իջնելը նոյն Մարդու Որդիին, որ երկինքն էր: Իսկ եթէ երկու բնութիւններուն յատկութիւնները իրարմէ բաժնուած հասկնաս, այն ատեն ինչպէ՞ս ելաւ նախքան համբարձումը, կամ ինչպէ՞ս Մարդու Որդին իջաւ, կամ ինչպէ՞ս միշտ երկինքին մէջ էր Մարդու Որդին, որ Կոյսէն առաւ մարմինը եւ Դաւիթի Որդի կոչուեցաւ: Ասիկա մարդացեալ Բանին անքակ միաւորութեան համար կ՚ըսէ, որովհետեւ ինչ էր Աստուածութեան յատուկ էր միշտ Հօր հետ ըլլալ նախքան մարմնանալը, նոյնը մարդկութեան համար կ՚ըսէ, եւ ինչ որ մարդկութեանն էր, այսինքն՝ Մարդու Որդի ըլլալը, ատիկա Աստուծոյ Բանին համար կ՚ըսէ, եւ Ինքը՝ Բանն Աստուածը Մարդու Որդի կ՚ըսէ. անոնք որոնք այս խօսքերէն կը փախչին, մենք սակայն կը խոստովանինք մէ՛կ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս, մէ՛կ անձ եւ մէ՛կ բնութիւն, մէ՛կ կամք եւ մէ՛կ ներգործութիւն մարմնացեալ Բանին: Եւ կը նզովենք անոնց բաժանումը:

Այսքանը այս մասին:

ԽԱՉԻՆ ՄԱՍԻՆ

Հարցում. Ինո՞ւ համար այստեղ խաչին մասին կը խօսի:

Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ ինչպէս որ մէկը մկրտութեամբ երկինք կ՚ելլէ, այդպէս ալ խաչով երկինք կ՚ելլէ: Երկրորդ՝ ինչպէս որ մկրտութիւնը սրբութիւն ու փրկութիւն է, այդպէս ալ խաչը սրբութիւն ու փրկութիւն է: Երրորդ՝ որովհետեւ մկրտութեան զօրութիւնը խաչով կը կատարուի՝ ըստ այսմ. «Մենք՝ որ Յիսուս Քրիստոսի միանալով մկրտուեցանք՝ մկրտութեամբ անոր մահուան հաղորդակից դարձանք» (Հռ 6.3): Չորրորդ՝ Նիկոդեմոսի տկարութեան համար, որ մկրտութեան շնորհը չճանչցաւ, խաչին մասին կը խսօի, որպէսզի անոր փրկութեան պատճառ ըլլայ, որ եղաւ իսկ:

Եւ գիտելի է, որ փրկագործութեամբ ցոյց կը տրուի, թէ Քրիստոս Աստուած է: Առաջինը՝ մկրտութեան ժամանակ ցոյց տուաւ, որ մարդոց փրկութիւն կը շնորհէ: Երկրորդը՝ խաչելութեան ժամանակ ցոյց կու տայ, որով մարդիկը փրկուեցան:

Եւ այս է, որ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ինչպէս Մովսէս բարձրացուց» (Յհ 3.14):

Մեկնութիւն. նախ՝ կը ցուցնէ, թէ միեւնոյնն է հին եւ նոր Օրէնսդիրը: Երկրորդ՝ թէ այն ստուեր է, իսկ սա՝ ճշմարտութիւն:

Իսկ պէտք է ըսելը ոչ թէ պարտադրաբար մեռաւ, ինչպէս հրեաները կ՚ըսէին, թէ Ատիկա պէտք է մեռնի, այլ՝ որովետեւ պէտքով նախ կամաւորութիւն կ՚ըսէ, քանի որ թէեւ Ադամի Որդի եղաւ, եւ թէեւ Հայրը զԻնք մահուան տուաւ, եւ թէեւ մարգարէները Անոր մահուան մասին գրեցին, սակայն այս բոլորը կամաւորաբար կատարեց: Երկրորդ՝ մեր կողմէ կը ցուցնէ անհրաժեշտութիւնը [պէտքը], որովհետեւ մենք մեզմով չէինք կրնար ազատիլ [փրկուիլ], այլ՝ միայն Աստուծմով. արդարեւ, Իր կողմէ կամաւորաբար չարչարուեցաւ:

Երրորդ՝ կը նշանակէ, թէ մենք պէտք է Քրիստոսի խաչը շալկենք եւ մեր սիրտերուն վրայ դնենք, որպէս մեր գինը եւ յաւիտենական փրկութեան գործիքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 25

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019