ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ. «ԳՐՈՂԸ ՈՒՆԻ ՄԷԿ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ. ՏԱԼ ԳԵՂԵՑԻԿՆ ՈՒ ԲԱՐԻՆ»

Սաղիմահայ յայտնի գրող Անոյշ Նագգաշեան Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն.

-Ի՞նչ է այսօր գրողի թիւ մէկ խնդիրը:

-Գրողին խնդիրը միշտ մէկ եղած է. գրողը նախ եւ առաջ առաքելութեան մարդ է, իսկ մնացեալ խնդիրները երկրորդական են։

-Ըսիք առաքելութիւն. ի՞նչ նկատի ունէիք առաքելութիւն ըսելով։

-Գրողի առաքելութիւնը, մանաւանդ հայ գրականութեան մէջ, այն է, թէ ինչ կրնայ տալ ներկայ սերունդին, մանաւանդ մեզի համար շատ կարեւոր է, որ գրողը նաեւ դաստիարկողի դեր վերցնէ։ Մենք փոքր ժողովուրդ ենք. ժամանակին պատերազմի երթալու պահուն, զինուած եղած ենք նաեւ բանաստեղծութեամբ. Ուրեմն, այսօր ալ պէտք է խանդավառենք մեր բանաստեղծութեամբ։ Ինծի համար գրողին առաքելութիւնը նաեւ դաստիարակել է եւ նոր սերունդին մէջ արթնցնել գեղեցիկը, ազնիւը, բարին: Գրողը պիտի տայ բարին եւ գեղեցիկը, անպայման:

-Հայաստանի անկախացումէն ի վեր արժեչափերը փոխուեցան, մանաւանդ գրականութեան արուեստի ոլորտէն ներս սկսան գործել նոր ձեւաչափեր, որոնց մէջ բարութեան շատ ալ տեղ չկայ։ Այսինքն՝ մարդիկ նոյնիսկ այսօր խորթ աչքով կը նային այն գրողներուն, որոնք ձեզի պէս կ՚արտայայտուին, անոնց՝ որոնք բարութեան համար կը գրեն: Ի՞նչ է պատճառը:

-Դժուար ժամանակներ կ՚ապրինք։ Այսօր ամէն ոք, որ դրամ ունի, կրնայ գրող ըլլալ, ով դրամ ունի, կրնայ երաժիշտ ըլլալ, երգիչ ըլլալ, ով հովանաւոր ունի, կրնայ ուզածը ըլլալ: Եթէ նշմարած ես, վերջին տարիներուն երգերը մէկ-երկու բառ են. ո՛չ երաժշտութիւն կայ, ո՛չ բառ, ո՛չ ձայն, ոչ արուեստ. հետեւաբար, երբ արուեստին մէջ ճահիճ կը գոյանայ, մաքուր ջուրը չ՚ընդունիր այլեւս:

-Դուք երկար տարիներ համագործակցած էք Հայաստանի Գրողներու միութեան հետ. այսօր այդ կառոյցի գոյութիւն ունենալու պատճառ կը տսենէ՞ք տակաւին, որոշ առաքելութիւն մը ունի՞:

-Այդ կառոյցը կարեւոր կառոյց է, սակայն այդ կառոյցն ալ իր առաքելութիւնը պիտի ունենայ, ինչպէս անցեալին էր, երբ երկու տարին մէկ կը հանդիպէինք աշխարհի տարբեր անկիւնները ապրղ սփիւռքահայ գրողներով, առիթներ կը ստեղծուէին հայ, մանաւանդ սփիւռքահայ գորողները իրարու ծանօթացնալու, զիրար ճանչցնելու։ Հիմա դադրած են այդ առիթները, որոնց համար շատ կը ցաւիմ: Երէկ դարձեալ Գրողներու միութիւն գացած էի, ի վերջոյ այդ կառոյցը նաեւ մեր տունն է, եւ չմոռնանք, ինչ մեծ մարդիկ անցած են հոնկէ, եւ անշուշտ շատ պիտի ուզէի, որ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը այսօր աւելի աշխոյժ եւ գործունեայ կառոյց մ՚ըլլայ:

-Քիչ առաջ միտք մը արտայայտեցիք, որ գրող ըլլալու համար պէտք է կ՛ամ հարուստ ըլլաս, եւ եղեր են մեր պատմութեան մէջ պարագներ, օրինակ՝ Կոստան Զարեան եւ ուրիշներ, որ քսակ ունեցած են, կամ ալ հովանաւոր ունենաս: Անուշ Նագգաշեանը ո՞ւր է այս երկուքին միջեւ։

-Քիչ մը ծիծաղով պատմեմ, ոչինչ. հարուստ ուզող մը ունէի, հայրս ըսաւ՝ աղջիկս, գրականութենէ չի հասկնար, բայց կրնայ քեզի երջանիկ կեանք տալ, ըսի՝ ո՛չ, չեմ կրնար, ինքը պէտք է իմ գրութիւններս կարդայ, հասկնայ, հայրս ըսաւ՝ կը մեծնաս, կը հասկնաս, որ երբ ինքը քեզ կը հովանաւորէ, դուն աւելի կը մեծնաս: Այդպէս կատակով խօսակցութիւն մը ունեցած եմ: Ես ուսուցչուհի եղած եմ, իմ գիրքերս պատահած է, որ մօտիկ ազգական, բարեկամ, հարազատներ հովանաւորած են, բայց մեծ մասը ես քսակէս տուած եմ, իմ անձնական սուղ միջոցներովս: Ինչու կ՚ըսեմ, որ գրողը հովանաւոր պէտք է ունենայ, որպէսզի չմտածէ, թէ ինչպէս պիտի ապրի. օրինակի համար՝ Յակոբ Մնձուրիի նման մեծութիւն մը, այդ մարդը ամբողջ օրը հացի գործարանը պիտի աշխատէր, որպէսզի կարողանար իր ապրուստը ապահովել, ու յետոյ գիշերը կէս-քուն կէս-արթուն հրաշալի գրականութիւն պիտի ստեղծէր...: Սովետի ժամանակ ես հայրենի գրողներուն կ՚ըսէի, որ դուք շատ բախտաւոր օրեր կ՚ապրիք, հակառակ բոլոր նեղութիւններուն եւ երկաթեայ վարագոյրին, որովհետեւ գրողին գործը գրելն էր միայն, իսկ մենք պիտի աշխատէինք ամբողջ օրը, որպէսզի գիշերը գայինք եւ հազարումէկ զոհողութիւն ընէինք ու կարողանայինք երկու տող բան մը գրել:

-Հակառակ Խորհրդային Միութեան փլուզման, եթէ այսօր մենք համեմատենք Երեւանի մէջ գրող մը, սփիւռքի մէջ ապրող գրողի մը հետ, ապա պիտի նշմարենք, որ Երեւանի մէջ ապրող գրողը աւելի լաւ պայմաններ ունի, նոյնիսկ երիտասարդ եւ անճանաչ գրող մը կրնայ դրամաշնորհ մը շահիլ, արտասահման երթալ, գիրք մը տպել, բայց սփիւռքը այդ վիճակը չունի, անոր համար ալ կարծես նոր անուններ չկան. ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

-Հայաստանի մէջ երբ այս ամիս դեռ ելեկտրականութիւնդ, ջուրդ չես վճարած, ո՛չ տունէդ դուրս կը մնաս, ոչ ալ անօթի կը մնաս, դրացիդ քեզի պատառ մը հաց կու տայ եւ դուն կ՚ապրիս։ Իսկ, երբ դուրսն ես, դուն այդ բոլորը հոգացող չունիս եւ պարտաւորուած ես գործի երթալ, հետեւաբար ուրիշ բանի մասին շատ դժուար է մտածել:

Սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս գրողը ընկճուած է, Հայաստանի մէջ աւելի գնահատող կայ. օրինակ՝ մենք Երուսաղէմի մէջ երկու ակումբ ունինք, քանի՞ անգամ գիրքդ նոյն ակումբին մէջ պիտի ներկայացնես: Հանդիսատեսն ալ տարբեր է, իսկ բեմ ելլողը ծափահարութիւն կ՚ուզէ, երբեմն կ՚ըսեն, որ՝ դուք ալ մինչեւ վերջ ծափահարութիւն կ՚ուզէք լսել։ Անշուշտ կ՚ուզեմ, երբ լաւ գործ կ՚ընես, մարդիկ պիտի գնահատեն, որպէսզի դուն ալ լաւ զգաս ու գործդ շարունակես։ Ծափահարութիւնը, կամ գնահատանքը ձեւական բաներ չեն, անոնք գրողին ուժ կու տան եւ իր մէջ եղած սէրը, նորէն իրեն կը վերադարձնեն։

-Կրնանք ըսե՞լ, որ ձեզի համար Հայաստանը ներուժ տուող վայր է:

-Այո՛, այստեղ ազատութեան օդն է որ կը շնչեմ. խեղդուած կու գամ, այստեղ օդ կը շնչեմ, այն ալ Քրիստոսի քաղաքէն կու գամ, բայց չմոռնանք, որ այդ քաղաքը Քրիստոսը խաչեց: Այդ քաղաքը, զոր ես շատ կը սիրեմ, պատրաստ չէ ընդունելու զարգացած խելացիներ, մանաւանդ կիներ, որոնք առանձին պայքարած են: Որովհետեւ Մի-ջին Արեւելքի մէջ կը կարծեն, թէ կինը իրենց ստրուկն է, ես այդպէս կը զգամ:

-Հայաստանի մէջ կինը ազատագրուա՞ծ է:

-Նայած ո՛ր ոլորտի մէջ, ի՛նչ շրջանակի մէջ. առհասարակ, շատ հակասական է պատկերը։ Այստեղ կանանց ազատութիւնը երբեմն կը տեսնեմ, կը զարմանամ, եւ անոր կողքին, երբեմն կը լսեմ, որ կեսուրը իր հարսը ծեծած է, երկուքն ալ կան: Բայց Միջին Արեւելքի հետ համեմատած, աւելի ազատ են:

Թեմային հետ կապուած կարճ մանրավէպ մը պատմեմ. Երուսաղէմի մէջ ՀԵՄ-ը նոր վարչութիւն կամզեց վերջերս, մէջը կիներ ալ կան, իսկ քսան տարի առաջ երբ մենք ուզեցինք վարչական ըլլալ, մեզի ըսին՝ դուք կին էք, չէք կրնար ըլլալ: Սխալ չհասկնաք, ոչ թէ կը թերագնահատեմ, հիմա ես շատ ուրախ եմ, որ կիներ վարչական կրնան դառնալ: Այսօր աշխարհի մէջ կիներ նաեւ նախագահ ու վարչապետ կ՚ըլլան, ուրեմն եթէ հարցին կլոպալ առումով նայինք, ապա պարտիմ ըսել, որ տակաւին մենք աշխարհէն ետ ենք։

-Քիչ առաջ արագ անցումով մը խօսեցանք սփիւռքահայ գրողի դժուարութիւններուն մասին, անդին, չեմ ուզեր մոռնալ, որ մեր լեզուն ալ՝ արեւմտահայերէնը, այսօր վտանգուած լեզու կը համարուի։ Ատոր մասին ի՞նչ կը մտածէք:

-Իմ կարծիքով, արեւելահայերէնը այսօր աւելի վտանգուած է, քան արեւմտահայերէնը։ Հարցը օտար բառեր գործածելը չէ, այլ այն, որ այդ օտար բառի գործածութիւնը կը բերէ օտար մտածողութիւն, մտածողութիւնը երբ կը վնասուի, լեզու չի մնար: Հետեւաբար, ինծի համար Հայաստանի մէջ լեզուի խնդիրը աւելի մտահոգիչ է, որովհետեւ հոս հայրենիք է, հոս հող է, հողիդ վրայ դուն չես կրնար լեզուդ աղաւաղել, իրաւունք չունիս:

-Իսկ այն քաղաքը, ուր դուն կ՚ապրիս, որեւէ ճիգ կայ, որ լեզուն պահպանուի, չմեռնի, թէ միայն Երուսաղէմի Հայոց վանքի միջավայրին մէջ է, որ հայերէնը կ՚ապրի:

-Մեր մօտ ալ լեզուն բաւական վտանգուած է. երբ բակէն կ՚անցնիմ, պզտիկներէն արաբերէն կամ անգլերէն կը լսեմ. կայ այդ երեւոյթը: Ատոր համար ես պիտի գամ նոյն հարցին, Հայաստանի անկախութենէն վերջ, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Կրթութեան նախարարութիւններու ժողովներուն ես նոյն հարցը արծարծած եմ անդադար. եթէ մենք կ՚ուզենք հայերէն սորվողներ ունենալ, ամենամեծ գնահատանքը պիտի տանք ուսուցիչին, եւ գնահատականը ոչ թէ այն է, որ քսան տարուան ծառայութեան դիմաց պատուոյ գիր տանք, այլ բոլոր առումներով ալ բարձր գնահատենք հայերէնի առարկաներու ուսուցիչները եւ այդ գնահատանքը պիտի ըլլայ նաեւ նիւթական առումով։ Այդ մէկը պիտի ընենք ու միւս կողմէ ալ քաջալերենք, որպէսզի նոր սերունդի անդամները սիրելով եւ գրաւչութեամբ հայագիտական ուսման հետեւին, անոնց ծախսերը բարերարներու կողմէ հոգացուին, որպէսզի ոլորտը գրաւիչ դառնայ եւ պատահական մարդիկ չյայտնուին հայերէնի ուսուցիչի պատասխանատու պաշտօնին:

-Վերջին շրջանին, նկատեցինք, որ զանազան պատճառներու բերումով սաղիմահայութեան թիւը կը նուազի, ինչ որ խոր մտահոգութիւն է մեզի համար: Դուք վտանգուած կը տեսնէ՞ք այդ համայնքի ապագան:

-Ո՛չ, չեմ տեսներ: Ես իմ մեկնաբանութիւնս ունիմ այս խնդրին վերաբերեալ, որովհետեւ, ցանկացած ժամանակ իր հերոսը կը ծնի։ Այն հերոսը, որ պիտի գայ եւ դարձեալ պիտի վերակենդանացնէ Երուսաղէմը։ Եթէ Երուսաղէմի պատմութիւնը կարդաս, պիտի նկատես, որ մեր նախնիները ինչպիսի դժուարին օրերէ անցած են։ Ինչեր չտեսան, բայց մենք «Շղթայակիր Պատրիարք» ունեցած ենք, մենք ունեցած ենք խենթեր, որոնք չեն ձգած, որ Երուսաղէմը իյնայ։ Ես կը հաւատամ, որ կու գայ այդ խենթը, որ Երուսաղէմը չջնջուի… հաւատքի հարց է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019