ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ը.
ՄԱՆԻՔԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Երկրորդ հարցում. Գիտելի է, թէ յիմար մանիքէացիները կ՚ըսեն, թէ սատանան աստուած եւ ստեղծող էր Հին Կտակարանին մէջ, ու թէ սատանան ունի եւս միւս գերագոյն աստուածը՝ չար եւ սուտ, որ անոր հայրն է, քանի որ երբ Քրիստոս ըսաւ՝ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը, այսպէս կը հասկնան, թէ սատանան ու անոր հայրը ստախօս են:

Իսկ բնաբանը զանոնք հինգ պատճառով կը յանդիմանէ. Նախ՝ թէ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Գիտեմ, որ Աբրահամի զաւակ էք» (Յհ 8.37), որ բնական ծնունդի պահով կը հասկցուի: Եւ յայտնի է, որ սատանան ըստ բնութեան անոնց հայրը չէր: Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Եթէ Աբրահամի զաւակ ըլլայիք, Աբրահամի ըրած գործերը պիտի կատարէիք» (Յհ 8.39), եւ ապա կ՚ըսէ. «Դուք ձեր հօր գործն է, որ կ՚ընէք» (Յհ 8.41),այսինքն՝ սատանային: Ասով յայտնապէս կը ցուցնէ, թէ այստեղ հայրութեան ու որդիութեան մասին կը խօսի, որ ըստ գործերու հետեւումին է եւ ո՛չ թէ ըստ բնութեան ելումին: Երրորդ՝ քանի որ եթէ ասոնք ըստ իրենց գոյացութեան եւ բնութեան չար աստուածէ մըն էին, այդ ատեն վայել չէր Քրիստոսի յանդիմանել զանոնք իրենց մեղքերուն համար ու մոլորութենէ դարձնել զանոնք, այլ՝ Քրիստոս կ՚ուզէր զանոնք դարձի բերել, ինչպէս ըսաւ. «Ինչո՞ւ խօսքս չէք հասկնար» (Յհ 8.43): Նախապէս ալ ըսաւ. «Եթէ չհաւատաք թէ Ես եմ, դուք պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ» (Յհ 8.24): Իսկ անդամալոյծին կ՚ըսէր. «Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր» (Յհ 5.14): Չորրորդ պատճառ՝ որովհետեւ չ՚ըսուիր, թէ սատանան մարդ ստեղծող է, այլ՝ սպաննող. որ մեղքով սպաննեց: Յայտնի է, թէ մահն ու մեղքը մարդուն համար բնական ու գոյացական չեն: Հինգերորդ՝ քանի որ եթէ սատանան հայր ունէր, որմէ ստութիւն ստացաւ, այդ ատեն սատանան ինքն իրմէ սուտ չէր խօսեր, իսկ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Երբ սատանան սուտ կը խօսի, ինքն իրմէ կը խօսի» (տե՛ս Յհ 8.44), հետեւաբար յայտնի է, թէ հայր չունի, որմէ սատանան ստութիւն ստացաւ, այդ պատճառով Քրիստոս հրեաներուն ըսաւ, թէ՝ Աստուծմէ չէք, պէտք է այսպէս հասկնալ, թէ շնորհներու ընդունելութեամբ Աստուծմէ չէին, այդպէս ալ սատանան հայր կ՚ըսուի անոնց, քանի որ անոր գործերուն հետեւողներ էին:

Քրիստոս երբ սատանային չարութիւնը ցոյց տուաւ, հիմա կը ցուցնէ, թէ այդ չարութիւնը հրեաներուն մէջ կայ:

Խօսք. «Իսկ որովհետեւ Ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ՝ չէք հաւատար Ինծի» (Յհ 8.45):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել. «Ասով յայտնի է, թէ յատուկ սովորութիւն է ձեզի համար սուտը ընդունիլ եւ ո՛չ թէ ճշմարիտը»: Իսկ եթէ ըսեն. «Չենք հաւատար Քեզի, ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը ատելնուս համար, այլ՝ Քո՛ւ չարութեան համար»: Այս մասին յաջորդ խօսքով կը բացառէ Քրիստոս, ըսելով.

Խօսք. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ ամբաստանել զիս ոեւէ մեղքով» (Յհ 8.46):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել. «Մեղք մը կամ ստութիւն մը չէք գիտեր, որ Իմ անձիս վրայ կրնաք ցուցնել, պատրաստ եմ լսելու եւ պատասխանելու», սակայն հրեաները ատիկա չէին կրնար ընել, այդ պատճառով ետքէն կ՚ըսէ.

Խօսք. «Իսկ եթէ ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ չէք հաւատար Ինծի» (Յհ 8.46):

Մեկնութիւն. Եւ Ի՛նք կը պատասխանէ՝ ըսելով.

Խօսք. «Ով որ Աստուծմէ է՝ Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ՚ընէ» (Յհ 8.47):

Մեկնութիւն. Քանի որ իւրաքանչիւր մարդ յօժար կամքով այն խօսքը կը լսէ, որ կը սիրէ, իսկ եթէ մէկը շնորհքով ու հաւատքով Աստուծմէ ըլլայ, Աստուծոյ խօսքը հաճութեամբ կը լսէ, իսկ հրեաները թէեւ բնութեամբ Աստուծմէ էին, սակայն հաւատքով ու շնորհքով Աստուծմէ չէին, այդ պատճառով Քրիստոսի խօսքը չէին ընդուներ, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Իսկ դուք որովհետեւ Աստուծմէ չէք, Անոր խօսքերը մտիկ չէք ըներ» (Յհ 8.47):

Մեկնութիւն. Ուստի կը հետեւի, թէ սատանայէն էին ո՛չ թէ ստեղծմամբ, այլ՝ գործերու հետեւումով: Արդ, հաւաքուած առաջինով ու ետքի չորս խօսքերով ցոյց տուաւ, թէ հրեաները Աստուծոյ որդիներ չէին. նախ՝ քանի որ զՔրիստոս չէին սիրեր, երկրորդ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գործերը չունէին, երրորդ՝ քանի որ ճշմարտութիւնը չընդունեցին, չորրորդ՝ որովհետեւ Աստուծոյ Բանին չէին լսեր: Այսուհետեւ կը խօսի հրեաներու հակառակութեան մասին:

ՍԱՄԱՐԱՑԻ ԵՒ ԴԻՒԱՀԱՐ

Խօսք. «Պատասխանեցին.

-Իրաւունք չունի՞նք ըսելու՝ թէ Դուն սամարացի ես եւ դեւ կայ մէջդ» (Յհ 8.48):

Մեկնութիւն. Սովորութիւնն է մարդոց, որոնք պատասխանել չեն գիտեր, նախատինք ու խռովութիւն կ՚ընեն, այդ պատճառով հրեաները, որոնք ըստ բանաւորութեան չէին գիտեր Քրիստոսին պատասխանել, սկսան կռուիլ եւ հերձուած խօսիլ՝ սամարացի ես, թէեւ անոնք զՔրիստոս կը ճանչնային, թէ հրեաներու ազգէն էր եւ սամարացի չէր:

Սակայն երկու պատճառով սամարացի կը կոչեն. նախ՝ քանի որ սամարացիները մասնաւոր օրէնքներ կը պահէին, իսկ միւս մասը կը լուծէին, ինչպէս որ Աւետարանիս չորրորդ գլուխին մէջ ցոյց տրուեցաւ, եւ Շաբաթը ու այլ բաներ լուծելու մասին զՔրիստոս սամարացի կը կոչէին: Երկրորդ՝ որովհետեւ սամարացիները հրեաներուն հակառակ էին, ու զՔրիստոս ալ այդպէս կը համարէին, եւ ոչ թէ միայն մէկ անգամ ասիկա կ՚ըսէին, այլ՝ բազմաթիւ անգամներ, [քանի որ] սովորութիւն դարձուցած էին եւ որպէս բարիք հիմա կը հաստատէին. «Իրաւունք չունի՞նք» (Յհ 8.48):

«Դեւ կայ մէջդ» (Յհ 8.48), չորս բանի համար կ՚ըսէին. նախ՝ սքանչելիքներուն համար, որ կը գործէր, կախարդութեամբ կը համարէին: Երկրորդ՝ որովհետեւ անոնց ծածուկ խորհուրդները կը յայտնէր ու չէին գիտեր, թէ դեւերը մարդոց խորհուրդները չեն գիտեր: Երրորդ՝ քանի որ մարգարէաբար կատարուելիքները նախապէս կը ցուցնէր, կ՚ըսէին. «Ասոր չար այսը աւելի կը լլկէ ու կը մարգարէանայ, ինչպէս Սաւուղ Թագաւորը»: Չորրորդ՝ բարձր եւ նուրբ խօսքերուն համար, որ կը խօսէր, անհաւատալի կը թուէր, ինչպէս այն. «Աբրահամի ծնունդէն առաջ եմ Ես» (Յհ 8.58), եւ «ով որ Իմ խօսքերս գործադրէ՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յհ 8.51). այս պատճառով դիւահար կը կոչէին: Այժմ կը դնէ Քրիստոս հեզութեամբ տուած պատասխանը, ինչպէս Պետրոս իր ընդհանրական թուղթին մէջ կ՚ըսէ. «Որուն կ՚անիծէին, իսկ Ան չէր անիծեր» (հմմտ. Ա. Պտ 2.23):

Խօսք. «Մէջս դեւ չկայ» (Յհ 8.49):

Մեկնութիւն. չ՚ուրանար թէ Ինք սամարացի է. նախ՝ որովհետեւ սամարացին «պահապան» կը թարգմանուի, եւ Ինք բոլորին Պահապանն է: Երկրորդ՝ Ղուկասն ալ առակներուն մէջ զՔրիստոս [որպէս] սամարացի նկարագրեց, որ կիսամահ վիրաւորուածը բժշկեց (հմմտ. Ղկ 10.29-37):

Եւ թէ դեւ չունէր, յայտնի է վեց բանէ. նախ՝ որովհետեւ դեւերը կը հանէր, երկրորդ՝ քանի որ չար վարդապետութիւն չունէր, այլ՝ բարի, երրորդ՝ դեւը կը սպաննէ, իսկ Քրիստոս՝ կ՚ապրեցնէ, չորրորդ՝ որովհետեւ մեծամեծ սքանչելիքները Աստուծոյ զօրութեամբ կը կատարուին եւ ո՛չ թէ դեւերուն, հինգերորդ՝ Հայրը կը փառաւորէ, վեցերորդ՝ միշտ կ՚ընէր Աստուծոյ հաճելի բաները, զորս դեւերը չեն ըներ:

Խօսք. «Ես Հայրս է, որ կը պատուեմ» (Յհ 8.49):

Մեկնութիւն. Սքանչելիքներով Անոր զօրութիւնը ցուցնելով:

Խօսք. «Բայց դուք կ՚անարգէք զիս» (Յհ 8.49):

Մեկնութիւն. Հրեաները զՔրիստոս կ՚անարգէին, որովհետեւ կ՚ըսէին, թէ Անոր հրաշքները դեւերու զօրութեամբ կ՚ըլլային:

ՓԱՌՔ ՓՆՏՌԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ես Ինծի համար փառք չեմ փնտռեր» (Յհ 8.50):

Մեկնութիւն. Հօր եւ Որդիին փառքը միեւնոյնն է, իսկ Քրիստոս Հօր Աստուծոյ փառքը կը փնտռէր, ինչպէ՞ս կ՚ըսէ, թէ՝ Ես Ինծի համար փառք չեմ փնտռեր:

Պատասխան. նախ՝ կը վերցնէ հրեաներուն կարծիքը, որով անոնք կը կարծէին, թէ սնափառ է ու ժամանակաւոր պատիւ կը փնտռէ: Երկրորդ՝ Ես Աստուծոյ փառքէն զատ ուրիշ եւ յատուկ բան չեմ փնտռեր:

Խօսք. «Կա՛յ մէկը, որ կը փնտռէ, եւ Անիկա՛ է Դատաւորը» (տե՛ս Յհ 8.50):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել, որ շատ են անոնք, որոնք աշխարհի փառքը կը փնտռեն, ու անոնք Իմ գործերուս կը նային, ու կը դատեմ, որովհետեւ աշխարհի փառքը չէ՛ որ կը փնտռեմ:

Յայտնի է չորս բանէ. նախ՝ ով որ փառք կը փնտռէ, անարգանքին [ծաղրին] չի՛ ներեր: Երկրորդ՝ միշտ ուրիշները կ՚անարգէ: Երրորդ՝ փարթամութիւնը կը սիրէ։ Չորրորդ՝ պատուական հագուստներով կ՚ըլլայ: Ա՛սոնք են փառասէրներուն նշանները, իսկ Քրիստոս ասոնք չունէր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 84

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020