ՀԱԼԷՊ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՍՏԱՆԱՅԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

2016 թուա­կա­նի ամ­փո­փիչ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին կա­րե­ւոր շեշ­տով կ՚անդ­րա­դառ­նար Սու­րիոյ եւ յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն: Փու­թին իր խօս­քին մէջ կը շեշ­տէր, որ ի­րենց հա­մար հիմ­նա­կան նպա­տա­կը Սու­րիոյ մէջ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տա­տումն է:

Մինչ հա­լէպ­ցիք կը տօ­նախմ­բէին բա­նա­կի տա­րած յաղ­թա­նա­կը եւ կը բարձ­րա­ձայ­նէին «Հա­լէ­պը զի­նեալ­նե­րէ զուրկ քա­ղաք» յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, Մոս­կուա­յի մէջ կը կա­տա­րուէր քու­լի­սա­յին աշ­խա­տանք, որ կը մի­տէր նա­խա­պատ­րաս­տել Ղա­զա­խիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Աս­տա­նա­յի մէջ կա­յա­նա­լիք ժո­ղո­վի ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գը:

Ժո­ղո­վը շատ հա­ւա­նա­բար պի­տի կա­յա­ցուի յա­ռա­ջի­կայ Յու­նուա­րին եւ ա­նոր մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն Ռու­սաս­տա­նի, Ի­րա­նի եւ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ­նե­րը:

Ամ­բող­ջու­թեամբ ռու­սա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն հա­մա­րուած այս ժո­ղո­վին մա­սին պաշ­տօ­նա­կան խօս­քով հան­դէս ե­կած է Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար­նե­րէն Կե­նա­տի Կա­թի­լով ը­սած. «Այս հանգ­րուա­նին շատ կա­րե­ւոր է, որ Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դար յայ­տա­րա­րուի եւ Աս­տա­նա­յի ժո­ղո­վին հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գը պի­տի ըլ­լայ այդ ա­ռու­մով գոր­ծող մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու ո­րո­նու­մը»: Կա­թի­լով շեշ­տած է նաեւ, որ Աս­տա­նա­յի ժո­ղո­վը «ինք­նագ­լուխ ժո­ղով» մը չէ եւ ան շա­րու­նա­կու­թիւնն է Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն:

Այս բո­լո­րէն ան­դին մին­չեւ այս ժա­մը սիւն­նի աշ­խար­հի ազ­դե­ցիկ ձայ­նե­րը յստակ ար­ձա­գանգ­ներ չեն տար Հա­լէ­պի մէջ ստեղ­ծուած նոր ի­րադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

Գաղտ­նիք չէ, որ սիւն­նի աշ­խար­հին հա­մար Հա­լէ­պի զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն քա­ղա­քէն հե­ռա­ցու­մը եւ ա­նոր «ան­կու­մը» կ՚ըն­կա­լուի որ­պէս պար­տու­թիւն: Սա­կայն շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան նոր տե­ղա­բաշ­խում­նե­րը պատ­ճառ կը դառ­նան, որ սիւն­նի աշ­խար­հը ընդ­հան­րա­պէս «քար լռու­թեամբ» հե­տե­ւի տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րուն:

Թէ որ­քա՞ն եր­կար կրնայ տե­ւել այս լռու­թիւ­նը, յստակ չէ, բայց ե­րե­ւե­լի է, որ Ռիա­տի, Քա­թա­րի եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար Հա­լէ­պի մէջ ե­ղած փո­փո­խու­թիւ­նը դիւ­րին մար­սե­լի դէպք մը չէ: Այլ հարց, թէ ա­նոնք կա­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նա՞ն հա­կազ­դել ներ­կայ ի­րա­դար­ձու­թիւն։ Յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րէն դէ­պի Իտ­լիպ զի­նեալ­նե­րուն հե­ռա­ցու­մը «միա­միտ» քայլ մը չէ ու շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ա­պա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ եւս «իտ­լի­պեան» այս խա­ղա­քար­տը օգ­տա­գործ­ման դրուի:

Վե­րեւ անդ­րա­դար­ձանք դե­րե­րու փո­փո­խու­թեան մա­սին ու այս ա­ռու­մով պէտք է յստա­կօ­րէն ձե­ւա­կեր­պել, որ Ռիա­տի եւ ա­նոր դաշ­նա­կից­նե­րուն հա­մար ա­մե­նէն անս­պա­սե­լի «հա­րուած»ը Ան­գա­րա­յի ընդ­հա­նուր կե­ցուածք­նե­րուն եւ դիր­քո­րոշ­ման փո­փո­խու­թիւնն էր:

Ան­գա­րա­յի սիր­տը այ­լեւս չի բա­բա­խեր սիւն­նի աշ­խար­հի կշռոյթ­նե­րով, այլ կը նա­յի դէ­պի հե­ռա­ւոր հիւ­սիս ու ա­տոր հա­մա­հունչ է նաեւ, որ Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան պի­տի մաս­նակ­ցի Աս­տա­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք բա­ւա­կան կա­րե­ւոր «ե­ռեակ նա­խա­գահ­ներ»ու գա­գա­թա­ժո­ղո­վին:

Այս բո­լո­րին հա­մըն­թաց Վլա­տի­միր Փու­թին, որ քա­նիցս շեշ­տած է Սու­րիոյ խնդրին հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հի կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ, կար­կի­նը լայն բա­նա­լով եւ «բաց պատ­գամ» մը յղե­լով ը­սած է, թէ Սու­րիոյ տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լու­ծու­մը անհ­նար է ա­ռանց Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու: Թէեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հրա­ւի­րուած չէ Աս­տա­նա­յի գա­գա­թին, սա­կայն չէ բա­ցա­ռուած, որ այս ա­ռու­մով Մոս­կուա-Ո­ւա­շինկ­թըն լուռ եւ լոյ­սե­րէ հե­ռու բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին:

Մոս­կուա­յի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուե­լիք եւ Սու­րիոյ հա­մար նա­խա­տե­սուած քա­ղա­քա­կան ո­րե­ւէ ծրա­գիր այ­սօր ա­ւե­լի ա­մուր հիմ­քեր ու­նի:

Սու­րիոյ մէջ գետ­նի վրայ ե­ղած փո­փո­խու­թիւն­ներն ալ ցոյց կու տան, որ հիմ­նա­կան խա­ղա­ցող­նե­րը բա­ցի երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ու բա­նա­կէն, Թեհ­րանն են ու Ան­գա­րան:

Այս պա­րա­գա­յին ալ պէտք է ըն­թեր­ցող­նե­րուն յի­շեց­նել, որ ինչ պայ­ման­նե­րու տակ Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ան­ցեալ Օ­գոս­տո­սին կը հաս­նէր Թեհ­րան եւ կա­րե­ւոր հա­մա­րուած բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէր ի­րան­ցի իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ: Այդ ժո­ղով­նե­րուն յստակ կը դառ­նար, որ եր­կու կող­մե­րուն հա­մար հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը Սու­րիոյ ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ գե­րի­շա­խա­նու­թեան պահ­պա­նումն էր: Այլ խօս­քով՝ թէ՛ Թեհ­րան եւ թէ Ան­գա­րա կը շեշ­տէին, որ ի­րենց հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է քրդա­կան նոր գոր­ծօ­նի մը յայտ­նուի­լը:

Այս­տեղ պէտք է յի­շեց­նել, որ նախ­քան Չա­վու­շօղ­լուի Թեհ­րան տուած այ­ցը, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­ցե­լած էր Մոս­կուա (9 Օ­գոս­տոս) եւ ըն­դու­նուած՝ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ: Այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ էր ան­շուշտ, որ եր­կու կող­մե­րը աշ­խոյժ գոր­ծակ­ցու­թիւն կը ծա­ւա­լէին Սու­րիոյ մէջ:

Վե­րա­դառ­նա­լով Հա­լէ­պի ի­րադ­րու­թեան, պէտք է ան­պայ­ման ընդգ­ծել, որ ար­մա­տա­կան զի­նեալ­նե­րէն ա­զա­տագ­րո­ւած այս քա­ղա­քը մտած է նոր հանգ­րո­ւան մը:

Ճիշդ է, որ թէ՛ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ թէ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի ան­մի­ջա­կան դաշ­նա­կից­նե­րը դրա­կան շեշ­տով մը կը խօ­սին Հա­լէ­պի մէջ գրան­ցուած յաղ­թա­նա­կին մա­սին։ Բայց եւ այն­պէս, գաղտ­նիք չէ, որ ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րու վտան­գը ամ­բող­ջու­թեամբ չէ վե­րա­ցած:

Դեռ յստակ չէ, որ ի՛նչ հու­նով մը պի­տի ապ­րի Հա­լէ­պը, բայց եւ այն­պէս քա­ղա­քի անվ­տան­գու­թիւ­նը տա­կա­ւին մեծ փոր­ձա­քա­րի առ­ջեւ կը գտնուի:

Ու պարզ գնա­հա­տու­մով մը՝ որ­պէս կա­յու­նու­թեան հիմ­նա­կան գոր­ծօն նկա­տի կ՚առ­նուի ա­պա­հո­վու­թեան խնդի­րը:

Ա­ռանց ա­պա­հո­վու­թեան վաղ է խօ­սիլ քա­ղա­քի կա­ռուց­ման, վե­րա­կանգն­ման եւ բնա­կա­նո­նաց­ման ըն­թացք­նե­րուն մա­սին:

Իսկ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը հիմ­նուած չէ փա­փաք­նե­րու եւ բա­րի մաղ­թանք­նե­րու վրայ: Ա­պա­հո­վու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ հաշ-­տու­թիւն եւ բո­լոր կող­մե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն:

Այս տե­սա­կէ­տով ալ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յայտ­նուած են ոչ-նա­խան­ձե­լի վի­ճա­կի մը մէջ, ո­րով­հե­տեւ մին­չեւ այս պա­հը բո­լոր ա­նոնք որ դժգոհ էին սու­րիա­կան վար­չա­կար­գէն՝ կամ չկան, կամ ան­ցած են ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան, կամ ալ վե­րա­ծուած են ար­մա­տա­կան եւ ծայ­րա­յեղ ըն­կա­լում­նե­րով խմբա­ւո­րում­նե­րու:

Հոս է, որ ի­րա­վի­ճա­կը կը բար­դա­նայ:

Ո­րո՞ւ հետ եւ ինչ­պէ՞ս պի­տի գոր­ծակ­ցին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար խա­ղաղ եւ անվ­տանգ Հա­լէպ մը կեր­տե­լու ա­ռա­ջին քայ­լե­րը:

Ա­ռանց հա­ւա­քա­կան ճի­գի մը, բո­լոր ա­նոնք, որ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րով դուրս կը մնան կամ դուրս կը ձգուին «ընդ­հա­նուր խաղ»էն, կրնան ա­պա­գա­յին լուրջ պա­տու­հաս դառ­նալ Հա­լէ­պի վե­րա­կանգն­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի մին­չեւ Ղա­զա­խիս­տա­նի ժո­ղո­վին գու­մա­րուի­լը, տա­կա­ւին եր­կար ճա­նա­պարհ կայ անց­նե­լիք ու այս ա­ռու­մով հիմ­նա­կան կշռա­քա­րը պի­տի յստա­կա­նայ ա­մե­րի­կեան կե­ցո­ւած­քին բիւ­րե­ղա­ցու­մով:

Կե­ցուածք մը, ո­րուն մէջ յստակ ազ­դե­ցու­թիւն կրնան ու­նե­նալ Ռիատ- Ուա-­շինկ­թըն «ռիս­թարթ» ըլ­լա­լիք շեշ­տադ­րում­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017