ՊԱՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՎԱՐՊԵՏԸ՝ ՌՈՊ ԿՈՆՍԱԼՎԵՍ

Ի՞նչ է արուեստը։ Այս հարցումը ունի բազմատեսակ պատասխաններ։ Շատեր կը պնդեն, որ արուեստը սահման չունի։ Այդ յաճախ կը համարուի տարրերու միտումնաւոր դասաւորման գործընթաց կամ արդիւնք, ինչ որ կը գրաւէ զգայարանները կամ զգացումները։ Արուեստը մշակոյթի բաղադրիչն է, որ կ՚արտացոլէ եւ կը փոխանցէ իւրաքանչիւր մշակոյթի բնորոշ գաղափարներ եւ արժէքներ։

Արուեստը կ՚իրականանայ մարդոց կողմէ հաղորդակցական կամ գեղագիտական նպատակներով. բան մը, որ կ՚արտայայտէ գաղափար, յոյզ կամ աշխարհայեացք։ Այդ կ՚ընդգրկէ մարդկային գործունէութեան, ստեղծագործութիւններու եւ արտայայտման տարբեր տիրոյթ՝ ներառեալ երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, շարժանկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը, ինչպէս նաեւ գեղանկարչութիւնը։

Նկարչութիւնը կը ստեղծէ մարդու բնութեան, առարկաներու, պատմական եւ այլ երեւոյթներու գեղարուեստական պատկերներ՝ օգտագործելով երանգներու, գիծերու, յոյզերու, երեւակայութեան, լոյսի եւ ստուերի ընձեռած հնարաւորութիւնները։ Գանատացի նկարիչ Ռոպ Կոնսալվես կը պատկերէ քունի եւ արթնութեան ժամանակահատուածը՝ ստեղծելով երեւակայութեան եւ հնարաւորութիւններու հիասքանչ, տեսողական ուսումնասիրութիւն, որ մեզ կը մղէ հատել առօրեայ կեանքի սահմանները եւ տեսնել երազայինը:

Ռոպ Կոնսալվես ծնած է 1959-ին, Թորոնթոյի մէջ։ Ան դեռ փոքր տարիքին կը հետաքրքրուէր նկարչութեամբ եւ անընդհատ կը զարգացնէր նկարչական ընդունակութիւնները։ 12 տարեկանին կ՚ուսումնասիրէ հեռանկարի թեքնիքը եւ ճարտարապետութեան մասին գիտելիքները իրեն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն պատկերել երազային շէնքեր, ինչպէս նաեւ նկարել։ Ծանօթանալով Տալիի ստեղծագործութիւններուն՝ Կոնսալվես կը նկարէ իր առաջին գերիրապաշտ ոճով նկարները։ Ռայըրսըն թեքնիք համալսարանի ճարտարապետութեան բաժինը աւարտելէ վերջ Կոնսալվես կ՚աշխատի՝ որպէս ճարտարապետ, միեւնոյն ժամանակ շարունակելով նկարել։ 1990-ին Թորոնթոյի մէջ փողոցային արուեստի ցուցահանդէսին ձեռք բերած յաջողութեան շնորհիւ լիովին կը նուիրուի գեղանկարչութեան։ Մարկրիտի «կախարդական իրապաշտոթիւնը» եւ Էշէրի պատրանքները (illusion) ազդեցութիւն գործած են նկարչի ստեղծագործութիւններուն վրայ։

Թէեւ Կոնսալվեսի նկարները կը համարուին գերիրապաշտական, այնուամենայնիւ, անոնք լիովին այդ ոճով չեն նկարուած, որովհետեւ անոնց կերպարները միշտ յստակ են։ Արտաքին աշխարհը եւ իր երեւակայութիւնը համադրած նկարիչի ստեղծագործութիւնները կը համարուին «մոգական իրապաշտական»։ Անոր գործերը կը միաձուլեն կախարդական եւ իրական աշխարհները։ Կոնսալվես իրատեսական տեսարաններու մէջ, վրձինի իւրայատուկ «հարուածներով» կը պատկերացնէ մոգական եւ պատրանքային զգացումներ։

2003 թուականին ներկայացուեցաւ «Imagine a Night» գիրքը, ուր կար նկարիչի 16 նկարը։ Այս գիրքի յաջողութեան շնորհիւ, 2004 թուականին լոյս տեսաւ «Imagine A Day» հատորը, որ արժանացաւ զանազան մրցանակներու։ 2008 թուականին թողարկուեցաւ երրորդ գիրքը՝ «Imagine a Place», իսկ 2015-ին՝ «Imagine a World»։

Կոնսալվես կը տառապէր հոգեկան հիւանդութենէ եւ վերջ դրաւ իր կեանքին 2017 թուականին։ Նկարիչի կողակիցը՝ նկարչուհի Լիզ Քարութես իր ամուսնոյն մահէն յետոյ զանազան ջանքեր գործադրած է անոր ժառանգութիւնը պահպանելու նպատակով։

«Ես կը սիրեմ նկարել պատկերներ, որոնք կապ կը ստեղծեն մարդու կառուցուած միջավայրի եւ բնութեան մէջ տեղի ունեցողի միջեւ եւ սա մեկնարկային կէտն էր ստեղծելու կերպար մը, որ կ՚արտայայտէ իմ մտերմութիւնը փոխադարձ բացառիկ վայրերու նկատմամբ: Անտառներու եւ մեծ քաղաքներու հասարակաց առանձնայատկութիւնն է, որ յատկապէս կը սիրեմ, կոթողական բարձր կառոյցներու խիտ հաւաքածոն է», ըսած է Կոնսալվես։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022