ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՀԱՌԱՉԱՆՔ ԹԱՆԱՔԱՄԱՆԻՆ ՄԷՋ

Անոնք որոնք միայն լուրջ գրականութեան, լուրջ թատրոնի, լուրջ հացի, լուրջ ուիսքիի, լուրջ ֆիլմերու եւ լուրջ ժամադրութիւններու մասին կը խօսին, իրականութեան մէջ գրական ասպարէզին վրայ ամենամեծ ծաղրածուներն են, որոնց կը պակսի միայն անշարժ գոյքի հմուտ մասնագէտ մը, ով կարենայ համոզել Զիատ Մաուլաուիին1, որպէսզի «Ալ Խայամ»2 թատրոնը վերջնականապէս իրենց յանձնէ…:

Ըստ անոնց, լուրջ թատերախաղը այն է, որ միայն սկսի՝ հանդիսատեսը կը սկսի փնտռել փախուստի ամենէն մօտիկ ելքը, նոյնիսկ եթէ ծխնելոյզը ըլլայ այն:

Լուրջ ֆիլմը այն է, որ շարժանկարի սրահին մէջ աթոռ մը ապահովես քեզի համար, իսկ Խաչ Վանքին3 մէջ՝ անկողին մը:

Լուրջ գծագրիչը ան է, որ կարիքն ունի ճանապարհային ոստիկանի մը, որպէսզի իր գաւազանով եւ սուլիչով բացատրէ դիտողներուն, թէ գիծերը ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան:

Լուրջ պարուհին ան է, որ իր մէջքը չի՛ շարժեր հանդիսատեսին առջեւ, առանց իր մէկ թեւին տակ Ռոժէր Կարուտիի4 ստեղծագործութիւնները, իսկ միւսին տակ ալ՝ «Ալ-Եաթէր»5 վէպը ունենալու:

Լուրջ սիրահարուածութիւնը այն է, որ սիրահարները մարդոց աղմուկէն եւ կեանքի դժուարութիւններէն հեռու տեղ մը կը փախչին…, եւ լուսինի լոյսին տակ իրարու կը շշնջան հարկայինի ստուգումներուն ու գիւղատնտեսութեան օրէնքներու բարեփոխումներու բացթողումներու մասին:

Լուրջ լողը այն է, որ մտաւորականը զուսպ լողազգեստ կը հագնի, լողաւազանին մէջ մէջքի վրայ կը պառկի եւ «Գրական Կեցուածք»6 պարբերականը կամ «Le Monde»7 թերթը կը կարդայ:

Լուրջ երգիչը ան է, ով հաւատարիմ է իր ժողովուրդի ապրուստին ու քաղաքացիներու մշակոյթին, եւ Ապըտ ալ-Ուահապիննման կ՚երգէ «Գիշերները արթուն կը մնայի անոր հետ», «Ինչքա՜ն կառուցեցի ցանկութիւններու պալատը», տակաւին կ՚երգէ՝ «Գիշերները անկէ սորվեցան», «Ինչքա՜ն կառուցեցի ցանկութիւններու փուռը»:

Այդ լուրջ եւ խոժոռ մարդիկը, որոնք կը կարծեն, թէ ֆիտայական շարժումին օգնելու, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու, ծանր արդիւնաբերութիւն ունենալու եւ դպրոցներու ուսումնակրթական ծրագիրը զարգացնելու ամենալաւ ձեւը այն է, որ օրօրոցէն մինչեւ գերեզման խոժոռ դէմքով մնան, թոյլ չտալով ոեւէ մէկուն տեսենլու իրենց լուրջ ակռաները, բացառութեամբ՝ մեծ առիթներու ժամանակ:

Այդպիսներուն ո՛չ կը գրեմ, ո՛չ ալ կը կարդամ:

Կը գրեմ միւսներուն, մաքուրներուն, [որոնք] անձրեւէն՝ -նախքան մայթերուն դպնալը-, աւելի մաքուր են:

Անոնց, որոնք չեն գիտեր, թէ «Le Monde»ը Փարիզի՞ մէջ, կամ Ապու Տապիի մէջ լոյս կը տեսնէ:

Անոնց, որոնք կը ծնին ու կը մահանան առանց իրենց գիւղէն դուրս գալու, կամ ընկերները լքելու, կամ ծխախոտին տեսակը փոխելու, կամ արտին մէջ խոտերուն վրայ կամ բանտերու գետնայատակին իրենց պառկելու ձեւը փոխելուն:

Գործաւորին՝ որ իր նախաճաշը կը վերջացնէ իր հեծանիւին վրայ:

Անխելք սպասուհիին, որ իր բարձը իր արցունքներով կը ծածկէ՝ ամէն անգամ երբ «Ազաաի» պարբերական շարժանկարին մէջ արքայադուստրը կը գերեվարուի, եւ աչքերուն քուն չի գար մինչեւ յաջորդ դրուագին չազատագրուի ու չվերադառնայ իր պալատը, իր սպասուհիներուն, իր սենեակը եւ իր շպարներուն:

Կը գրեմ պարտիզպանին, ով անձրեւով կ՚օրհնուի, կայծակէն կը յուզուի եւ որոտէն կ՚ուրախանայ…, եւ իր ծերութեան մթութեան մէջ ոչինչ կը լուսաւորէ իր դէմքը, բացի իր վզնոցէն…:

Անոնց որոնք կը մեռնին ու կը ծնին Արդարադատութեան նախարարութեան շէնքի մայթերուն, անշարժ գոյքի բաժանմունքերու սրահներուն եւ հանրակառքերու հաւաքավայրի մայթերուն վրայ, այդ մայթերուն վրայ իրենց շուքէն զատ ո՛չ ոքի կարենալ հանդիպելով:

Կը գրեմ անձրեւին, սիրոյ, ազատութեան, գարնան եւ աշնան…:

Կը գրեմ՝ որպէսզի ապրիմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Սուրիացի դերասան (19 հոկտեմբեր 1944 - 10 մայիս 1997):

2 Դամասկոսի մէջ մինչ օրս գործող թատրոն:

3 Վանք, ապա հոգեբուժարան Լիբանանի մէջ: Հիմնադիրն է Հայր Յակոբ Քապուչի (փետրուար 1875 - 26 յունիս 1954): Վանքը հիմնած է 1919-ին: 1937-ին զայն վերածած է ապաստանարանի, իսկ 1951-ին՝ հոգեբուժարանի: Մինչ օրս կը գործէ:

4 Ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ գրող (17 յուլիս 1913 - 13 յունիս 2012), ով 1982-ին իսլամութիւն ընդունած է:

5 Վէպի հեղինակն է սուրիացի գրող՝ Հաննա Մինա (9 մարտ 1924 - 21 օգոստոս 2018): Վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1972-ին:

6 Սուրիոյ մէջ հրատարակուող պարբերական, 1971-էն սկսեալ:

7 Ֆրանսական օրաթերթ: Առաջին թիւը լոյս տեսած է 19 դեկտեմբեր 1944-ին:

8 Մուհամմատ Ապըտ ալ-Ուահապ (13 մարտ 1898 - 4 մայիս 1991), եգիպտացի երաժիշտ: Զինք կոչած են Սերունդներու երաժիշտ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2024