ՍԵՐԿԷՅ ՆԱՐԻՇԿԻՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ» ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԱՒԵԼԻՆ Է

Հայկական լրահոսին մէջ մէկէ աւելի առիթներով վերջերս ի յայտ եկան լուրեր՝ հայկական սահմանները խախտած զինեալներու մասին: Այդ աղբիւրները նաեւ գրեցին, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները ու յատկապէս Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յատուկ աշխատանքներ կ՚իրականացնէ այդ խնդրին վրաբերեալ: Այդ լուրերուն ամենէն «վառ»ը Սիւնիքի մարզին մէջ լսելի դարձած տեղեկութիւններն էին, որոնք կը պատմէին, թէ Իրան-Հայաստան սահմանը հատած են «խումբ մը» զինեալներ: Լուրը Փետրուարի 13-ին հրապարակուած էր «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին մէջ, որ նաեւ կը նշէր, թէ այդ տեղեկութիւնները տեղ գտած էին «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ, ուր մասնաւորապէս կը նշուէր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատած են 50-էն 70 քիւրտ ահաբեկիչներ: Նոյն գրառումներուն մէջ կը շեշտուէր, որ այդ զինեալները կը գտնուին Գորիս քաղաքին մէջ, խնդրելով տեղւոյն քաղաքացիներէն զգոյշ ըլլալ եւ որեւէ կասկածելի դէպքի պարագային կապ հաստատել ոստիկանութեան հետ: Իր կարգին, Գորիսի ոստիկանութիւնը կը պնդէր, որ իրենք չեն կրնար այս հարցին պատասխանել: Անոնք ո՛չ կը հերքէին, ո՛չ ալ կը հաստատէին քիւրտ ահաբեկիչներու մասին լուրը: Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան, որ նոյն նիւթին մասին խօսած էր «Հայկական Ժամանակ»ին՝ կ՚ըսէր, որ համայնքային ոստիկանութիւնը պարբերաբար կը զրուցէ քաղաքացիներուն հետ, փորձելով այդ մասին ճշդել որեւէ տեղեկութիւն: Այդ առիթով ալ լեռնահայաստանի համայնքային ոստիկանութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնները կը սկսէին գործադրել կանխազգուշական քայլեր՝ նպատակ ունենալով բացի շրջանառութեան մէջ եղած լուրը պարզելէ, գտնել այդ զինեալներուն հետքերն ու հասկնալ անոնց Հայաստան մուտք գործելու իրական նպատակները: Այս խնդրին վերաբերեալ ցարդ յըս-տակ տեղեկութիւններ չեն փոխանցը-ւիր, տրուած ըլլալով, որ նման նուրբ հարցի մը շուրջ երբեք կարիք պիտի չըլլայ, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները «աղմուկ բարձրացնեն»:

ԱՀԱԲԵԿԻՉ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ «ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒՄ»Ի ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐ

Սուրիոյ պատերազմի վերջին փուլէն ու յատկապէս Ռաքքան ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազատագրելէ ետք, ամերիկեան մի քանի թերթեր լրատուութիւն կատարեցին այն մասին, թէ այդ շրջաններուն մէջ գտնուող իսլամամէտ զինեալներ նպատակ դրած են «վերափոխուիլ» եւ «դիմակ փոխելով»՝ գաղթել» ու հաստատուիլ այլ երկիրներ: Անշուշտ խօսքը միայն Սուրիոյ մասին չէ, այլ կայ նաեւ Իրաքի պարագան, ուր նոյնպէս Մուսուլ քաղաքը կը համարուէր ԻՇԻՊ-ի կեդրոն ու այդ քաղաքի ազատագրումէն ետք ալ յստակ կը դառնար, որ հոն «տուն-տեղ ըրած» ահաբեկիչներ «սապառած» համարելով իրենց գործունէութեան այդ բաժինը՝ որոշեցին այլ երկիրներ երթալ: Այդ թեմային մասին երկար վերլուծական նիւթ մը հրապարակեց լիբանանեան «Ալ Ախպար»ը՝ նշելով, որ յատկապէս ԻՇԻՊ-ի զինեալները ունէին «կազմաքանդուելու» կարողութիւն, որուն շնորհիւ ալ կը յաջողէին ռազմական գօտիներէն դուրս գալ եւ կայք հաստատել այլ երկիրներու մէջ: Այս տեղափոխումներուն հետ կապուած կար նաեւ ԻՇԻՊ-ի զինեալներուն «Էլ Քաիտէ»ի շարժման մէջ ներգրաւուելու հաւանականութիւնը, հետեւաբար այդ զինեալները կը հասնէին մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, Փաքիստան, Չինաստան: Հոն է նաեւ, որ անոնք «դիմագիծ» փոխելով կը պատրաստուին նոր «ճիհատ»ներու եւ առաքելութիւններու: Այս բոլորը անշուշտ կը կատարուին կամ պիտի կատարուին նպատակ ունենալով ստեղծել նոր պատերազմի «թէժ գօտիներ», ուր զինուորագրուած իսլամամէտները պիտի փորձեն նոր հարթութեան տանիլ իրենց պայքարը:

Իսլամամէտներու «քաղաքական քարտէս»ին հետեւող եւ անոնց շարժումները արձանագրող վերլուծաբաններուն համար այսօր աշխարհի մէջ ստեղծուած դրութիւնը կը համարուի բաւական դժուար հասկնալի շրջան մը: Այն իմաստով, որ այդ ահաբեկիչներուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կրած բացայայտ պարտութենէն ետք, մինչեւ օրս վճռուած չէ, թէ ո՛ւր պիտի ըլլայ պայքարի յաջորդ ուղղութիւնը:

Շատեր կը խօսին Միջին Ասիոյ մէջ իսլամամէտներու աշխուժացման մասին, հետեւաբար նաեւ այդ «նոր» օճախներէն դէպի Ռուսաստան ներթափանցման փորձերու մասին: Կայ նաեւ վարկած իսլամ-պուտայական հաւանական լայնածաւալ պատերազմի մը մասին, որուն առաջին նախանշանները երեւելի կը դառնան մասնաւորաբար Միանմարի մէջ:

Ամէն պարագայի այս զինեալներու տեղափաշխումին եւ շարժումներուն ծիրին մէջ, պէտք է բոլորովին այլ հարթութեամբ նայիլ քիւրտ զինեալներու պարագային, որոնք այսօր յատկապէս Սուրիոյ մէջ յայտնուած են բաւական դժուար վիճակի մը մէջ ու այդ առումով ալ չի բացառուիր, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան քաղաքացի քիւրտեր Հայաստանի ցամաքային ճանապարհը օգտագործելով ու Վրաստան անցնելէ ետք փորձեն Թուրքիա հասնիլ եւ հոն եւս որոշ «աշխուժութիւն» ցուցաբերել:

Վերադառնալով ահաբեկիչ զինեալներու դէպի Հայաստան մուտք գործելու հաւանականութեան՝ խնդիրն այն է, որ այսօր տարածքաշրջանին մէջ նոր իրավիճակ մը հասունցած է ու խօսքը կը վերաբերի յատկապէս Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն:

Զինեալները, որոնք կրնան քիւրտ կամ իսլամամէտ ըլլալ, նպատակ ունին Հայաստանի վրայով անցնիլ եւ հասնիլ Թուրքիա: Անշուշտ զինեալներու երկու «խումբեր»էն իւրաքանչիւրը ունի իր առաջնահերթութիւնն ու նպատակը: Իսլամամէտներուն նպատակն է միանալ Սուրիոյ բանակին դէմ կռուող ու Անգարայամէտ ջոկատներուն, իսկ քիւրտերը, որոնց նպատակն է Աֆրին հասնիլ ու միանալ քրտական ջոկատներուն, չի բացառուիր, որ մտածեն ահաբեկչական արարքներ իրականացնել նոյնպէս Թուրքիոյ մէջ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ նման «արաշաւախումբեր»ու գործունէութեան «արդիւնքեր»ը մէկ անգամէն ջուրի երես չեն ելլեր, տրուած ըլլալով, որ Աֆրինի եւ առհասարակ Սուրիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները, առնուազն այս փուլին, դադար առնելու վիճակին մէջ չեն: Այստեղ ուշագրաւ է նշել, որ անցնող օրերուն Երեւան կը գտնուէր Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան պետ՝ Սերկէյ Նարիշկին, որ կ՚արժանար պետական բարձր մակարդակի ընդունելութեան, կը հանդիպէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Գէորգի Կուտոյեանին հետ: Անգիր օրէնք է, որ նման բարձր մակարդակի ապահովական գործիչի մը իր պաշտօնակցին հետ եղած հանդիպման մանրամասնութինները չեն հանրանայուիր ու նման այցի մը ժամկէտն ալ պատահականութեան ձգուած կամ նոյնիսկ նախօրօք «ծրագրուած» այցելութեան մը տպաւորութիւն չի ձգեր: Մէկդի դնելով ռուս ապահովական գործիչին Երեւան տուած այցը վերլուծելու փորձը, պէտք է նաեւ նկատենք, թէ հակառակ անոր, որ Հայաստան այսօր թիրախ չէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, բայց եւ այնպէս Ռուսաստանի մէջ գործող ռուսական զինուորական խարիսխը միշտ ալ կը համարուի ահաբեկիչներուն համար «սիրելի վայր» մը: Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ մէջ գրեթէվերահըիրակութիւններուպարտութեան մատնուած իսլամամէտներուն համար Պեշար Էսատի վարչակարգէն զատ ոխերիմ թշնամի կը համարուին ռուսական զօրքերը ու երբերք չի բացառուիր, որ այդ ահաբեկիչները այդ առումով որոշ քայլքեր կատարեն: Յատկապէս, որ վերջին ամիսներուն Ռուսաստանի մէջ տասնեակ անգամներ տեղւոյն ապահովական մարմինները յաջողեցան երկիրը զերծ պահել ահաբեկչական ցնցիչ յարձակումներէ: Այս մտահոգութեան վրայ պէտք է նոյնպէս աւելցնել քիւրտ զինեալներու խնդիրը, որոնց տարբեր մակարդակի առաջնորդները վերջին շաբաթներուն «վրան բաց» ելոյթներ ունենելով կը յայտարարեն, որ «ռուսերը մեզ ծախեցին»: Այս բաւական նուրբ եւ բարդ դրութեան մէջ ալ Հայաստան ունի մէկ ընտրանք: Առաւելագոյնի բարձրացնել «Զուարթնոց» օդակայանի վերահսկողական քայլերը եւ լաւապէս հսկել երկրի բոլոր սահմանային անցքերը: Սուրիոյ պատերազմը բաւական «տաք» փուլի մը մէջ է ու չի բացառուիր, որ հոն տեղի ունեցած զարգացումներուն հետեւանքով Կովկասի կամ նոյնիսկ Միջին Ասիոյ իսլամամէտները կամ թէ Իրանի մէջ եղող քիւրտերը փորձեն իրենց վրէժը այլ հարթութեան վրայ լուծել: ահական» այցելութիւն մը չէ:

Աւելի՛ն. Սովետական Միութեան աւանդոյթներով շարժուող ու գործող անվտանգութեան ծառայութեան պետը սովոր չէ անկարեւոր ու անհարկի այցելութիւններ կատարել, տրուած ըլլալով, որ Ռուսաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու փուլն է ու ներկայիս ալ երբեք չէ նախատեսուած, որ Մոսկուայի ղեկավար Վլատիմիր Փութին Երեւան այցելէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018