ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ. «ԹԵՀՐԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼՈՒՐՋ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐՈՎ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ»

Թեհրանի «Ալիք»ի առցանց տարբերակի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանի հետ ունեցանք հեռավար ձեւաչափով հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Պր. Շահնազարեան, նոր նախագահի ընտրութեամբ Իրան կը մտնէ քաղաքական նոր փուլ մը։ Ի՞նչ են նոր նախագահին ու անոր քաղաքական խումբին մարտահրաւէրները։

-Թէ՛ նախագահական հրամանագրի յանձնման արարողութեան ժամանակ եւ թէ՛ խորհրդարանէն ներս կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յստակ նշած է, որ իր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ երկրի ընկերա-տնտեսական անմխիթար վիճակի կարգաւորումը:

Համառօտ ձեւով պէտք է նշել, որ նորընտիր նախագահին եւ անոր գլխաւորած կառավարութեան հիմնական մարտահրաւէրները պիտի ըլլան. անկումային տնտեսութեան վերականգնումը եւ անկառավարելի թուացող սղաճի կանխումը, մաշուած ենթակառուցուածքներու արդիականացումը, բոլոր ոլորտները ախտահարած «քրոնիք» փտածութեան դէմ պայքարը, ընկերային արդարութեան վերականգնումը, աղքատութեան եւ խտրականութեան վերացումը:

Վերոյիշեալները, անշուշտ, այն բազմաբնոյթ եւ բազմաբովանդակ մարտահրաւէրներուն ընդամէնը մէկ մասն են, ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ «սառնալերան երեւացող մասը», որոնց կարգաւորումը կենսական նշանակութիւն ունի երկրի քաղաքական համակարգին համար:

-Վերջին շաբաթներուն շատ քիչ կը լսենք Իրան-Միացեալ Նահանգներ կորիզային բանակցութեանց մասին: Ի՞նչ կը յուշէ այս լռութիւնը եւ ի՞նչ են վերջին տուեալները։

-Այդ բնական է: Իրան կը գտնուի անցումային՝ իշխանութեան փոխանցման փուլի մէջ: Նոր կառավարութիւնը դեռ չէ սկսած իր աշխատանքին: Նման պայմաններուն, բնականաբար, կորիզային համապարփակ համաձայնագրի վերականգնման ուղղուած բանակցութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցուած են:

Անշուշտ, արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզէն ներս, Իրանի նոր կառավարութեան թիւ մէկ խնդիրը պիտի ըլլայ Կորիզային գործարքի շուրջ Վիեննայի բանակցութիւնները: Հաշուի առնելով այն փաստը, որ ութ տարիէ ի վեր Իրանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով գործադիր իշխանութիւնը անցած է պահպանողականներուն, ապա արտաքին քաղաքականութեան ոլորտէ ներս երկրի դիրքորոշումներու որոշակի կարծրացում եւ շեշտադրումներու փոփոխութիւն կարելի է ենթադրել, ինչ որ անշուշտ պիտի ազդէ բանակցութիւններու ընթացքին վրայ եւ բոլոր կողմերուն պիտի ստիպէ վերադիրքաւորուիլ: Սակայն, պէտք չէ անտեսել կարեւոր նրբութիւն մը: Իրանի տնտեսութեան կաթուածահար վիճակը մեծապէս պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ գործադրուող մամլիչ պատժամիջոցներով: Իրանի մէջ բոլորն ալ կը գիտակցին, որ տնտեսական ծանր կարգավիճակի որոշակի կարգաւորումը մեծապէս պայմանաւորուած է Վիեննայի բանակցութիւններու արդիւնաւորմամբ:

Եւ ի զուր չէ, որ նախագահական ընտրութիւններէն ի վեր, Իրանի պահպանողական շրջանակի տարբեր նշանակութեան եւ տրամաչափի գրեթէ բոլոր գործիչները կը նշեն, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նորընտիր նախագահի եւ կառավարութեան առաջնային խնդիրը Իրանի դէմ սահմանուած անարդար պատժամիջոցներու վերացումը պիտի ըլլայ: Սա որոշակիօրէն յոյս կը ներշնչէ, որ այնուամենայնիւ, բանակցութիւնները արդիւնաւորուին, սակայն, անոնց ընթացքը բարդ պիտի ըլլայ:

-Իրանի նախագահը վերջին օրերուն կարեւոր շեշտադրումներով խօսեցաւ Իրանի «կալանք»ի տակ եղած գումարներու «ազատման» կարեւորութեան մասին։ Սա ի՞նչ պատմութիւն է, արդեօք այդ մէկը իրականութիւն կը դառնա՞յ։

-Այս հարցը պէտք է դիտարկել նոյն՝ հակաիրանական պատժամիջոցներու շրջածիրէն ներս: Իրանը մասնաւորապէս Հարաւային Քորէայի եւ Ճաբոնի մէջ ունի գումարներ, որոնք գոյացած են այդ երկիրներու իրանական նաւթի վաճառքէն: Այդ գումարները, ներկայ դրութեամբ, կալանքի տակ են տուեալ երկիրներու դրամատուներուն մէջ եւ Իրան չունի ձեռնհասութիւն անոնց: Այս իրավիճակը պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու՝ հակաիրանական պատժամիջոցներով, որոնց հետեւանքով հարաւքորէական եւ ճաբոնական դրամատուները չեն կրնար գումարը փոխանցել Իրանին:

Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին խօսած է այդ գումարներու ազատման անհրաժեշտութեան մասին: Այս նիւթը Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններու օրակարգային կարեւոր հարցերէն մէկն է: Թեհրան կը պահանջէ անյապաղ վերացնել դրամատնային ոլորտի պատժամիջոցները, որպէսզի ազատին Իրանի կալանքի տակ յայտնուած գումարները: Սա Կորիզային գործարքին վերադառնալու Իրանի գլխաւոր պայմաններէն մէկն է, որու իրականացումը պայմանաւորուած է բանակցութիւններու արդիւնքով:

-Աշխարհի ուշադրութիւնը վերջերս սեւեռուած է Աֆղանիստանի զարգացումներուն վրայ։ Այնտեղ արձանագրուող զարգացումներուն ինչպէ՞ս կը նայի Թեհրան եւ արդեօք լուրջ սպառնալիքներ կա՞ն ուղղուած՝ Իրանին։ Ըստ ձեզի, Իրան կրնա՞յ համագործակցիլ Թալիպան շարժումով ստեղծուելիք Աֆղանիստանի նոր իշխանութեան մը հետ։

-Որպէս տարածքաշրջանային կարեւոր եւ առնացքային խաղացող, Իրան չի կրնար հեռու մնալ Աֆղանիստանի զարգացումներէն: Թեհրան ուշադրութեամբ կը հետեւի հարեւան երկրին մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն: Իրանը կ՚ողջունէ Արեւմտեան, մասնաւորապէս՝ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ուժերու խայտառակ ձախողութիւնն ու ամօթալի հեռացումը Աֆղանիստանէն, այդ մէկը համարելով իր տարածքաշրջանային քաղաքականութեան եւ մօտեցումներու ճշմարտացիութեան հաւաստիքը: Այդուհանդերձ, Թեհրան նաեւ կը գիտակցի, որ թալիպներու յաջողութիւնը հնարաւոր ի՛նչ մարտահրաւէրներ կը պարունակէ իր մէջ Իրանի անվտանգային ոլորտին համար: Տարածքաշրջանային եւ արտատարածքաշրջանային միւս կարեւոր խաղացողներուն պէս, Իրան եւս կը փորձէ համակերպիլ նոր իրողութեան հետ եւ վերադիրքաւորուիլ:

Իսկ, ինչ կը վերաբերի թալիպներու իշխանութեան հետ համագործակցութեան, կը կարծեմ, որ Իրան ան-պայման քայլեր կը ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ՝ փորձելով, որպէս տարածքաշրջանային կարեւոր խաղացող ամրապնդել իր դիրքերը Աֆղանիստանի մէջ, եւ նուազագոյնի հասցնել իր արեւելեան սահմաններուն սպառնացող հնարաւոր վտանգները:

-Կովկասի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ Թեհրան բաւական հատու կեցուածքներով հանդէս եկաւ։ Խօսքը հայկական հողային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտ մնալուն մասին էր յատկապէս։ Այդ առումով ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել Իրանի կեցուածքը։

-Բազմիցս առիթ ունեցած եմ նշելու, որ Թեհրան խիստ մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու յստակեցման եւ սահմանազատման գործընթացներուն, մասնաւորապէս՝ Մեղրիի կամ Զանգեզուրի հնարաւոր միջանցքի հետ կապուած զարգացումներուն՝ զանոնք համարելով որպէս մարտահրաւէր եւ սպառնալիք՝ ուղղուած Իրանի անվտանգութեան շահերուն:

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը Իրանի յստակ կարմիր գիծն է, որու մասին բազմիցս բարձրաձայնած են իրանցի պաշտօնեաները: Կասկածէ վեր է, որ եթէ Իրան վերը նշուած գործընթացներն ու զարգացումները վերջնականապէս ընկալէ որպէս առաջին կարգի եւ նշանակութեան մարտահրաւէր՝ ուղղուած իր անվտանգային մթնոլորտին եւ տարածքաշրջանային շահերուն, ուրեմն կը միջամտէ, իսկ այդ միջամտութիւնը կրնայ փոխել տարածքաշրջանին մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական գործընթացներու հաւասարակշռութիւնները:

-Ի՞նչ կարելի է ըսել Իրան-Հայաստան համագործակցութեան ու ներկայ յարաբերութեանց մակարդակին մասին։ Այդ առումով կա՞յ դրական ընթացք։

-Մէկ բան յստակ է, որ տեսանելի ապագային Հայաստան չի կորսնցներ իր նշանակութիւնը Իրանի համար: Սակայն պէտք չէ մոռնանք այն հանգամանքը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու որակն ու մակարդակը եւ, բնականաբար, Հայաստանի դերն ու նշանակութիւնը Իրանի տարածքաշրջանային քաղաքականութեան մէջ մեծապէս կախուած պիտի ըլլայ այն հանգամանքէն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ինչպէս կը պատկերացնեն այդ բոլորը եւ ինչ նշանակութիւն կու տան Իրանի հետ յետագայ յարաբերութիւններուն:

Մտահոգիչը այս հանգամանքն է: Թեհրան լուրջ կասկածներ ունի առ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները Ռուսաստանի եւ Իրանի օգնութեան միջոցով, թուրք-ատրպէյճանական դաշնութեան ճնշման դիմակայելու փոխարէն, փորձեն միակողմանի զիջումներու եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ:

Հայաստանի տարածքաշրջանային քաղաքականութեան անորոշութիւնները եւ ներկայ իշխանութիւններու ոչ մէկ տեղ տանող՝ անսկզբունք դիրքորոշումները եւ մօտեցումները կրնան անդառնալի հետեւանքներ ունենալ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար, որոնց հետեւանքներու համար Երեւան ստիպուած կ՚ըլլայ թանկ վճարել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021