ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ է աղօթքը:

Պատասխան. Սղօթքը այն է, որ միտքդ դէպի Աստուած կը վերցնես, քեզի ըրած բարերարութիւններուն համար շնորհակալ կ՚ըլլաս, եւ արժանաւոր բան մը կը խնդրես: Ասիկա երկու կերպով է. մէկը միայն սիրտով եւ միտքով, որ մտաւորական աղօթք կը կոչուի, իսկ միւսը՝ բերանով եւ ձայնով, որ ձայնաւոր աղօթք կը կոչուի:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար երբեմն մեր աղօթքը ընդունելի չեն ըլլար:

Պատասխան. Երեք պատճառով. առաջինը այն է, որ հաստատուն հաւատքով եւ յոյսով չենք խնդրեր, այլ՝ երկմտութեամբ եւ թերահաւատութեամբ: Երկրորդ, անպէտ եւ անարժան բան մը կը խնդրենք, ինչպէս՝ գեղեցիկ տուն, չափէն աւելի ունեցուածք ու ապրանք, եւ այլն: Ուստի, Յակոբոս առաքեալը կ՚ըսէ. կը խնդրէք եւ չէք ստանար, որովհետեւ չար բաներ կը խնդրէք: Երրորդ, մեր խստասրտութեան պատճառով է, որովհետեւ երբ մենք անգութ եւ քարսիրտ կ՚ըլլանք, մեզի աղաչողին ձայնին չենք լսեր, [հետեւաբար] Աստուած մեր ձայնը ինչպէ՞ս պիտի լսէ: Հետեւաբար, եթէ մենք անյիշաչար կ՚ըլլանք, մեր ընկերոջ յանցանքին կը ներենք, Աստուած ալ մեր յանցանքին կը ներէ: Այս է, որ Տէրունական աղօթքին մէջ կ՚ըսենք. թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մենք թողումք մերոց պարտապանաց:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Տէրունական կը կոչուի Հայր մեր աղօթքը:

Պատասխան. Որովհետեւ Քրիստոս Տէրը սորվեցուց մեզի այս աղօթքը եւ բոլոր աղօթքներէն աւելի մեծ ու զօրաւոր է, այդ պատճառով է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է անգիր գիտնայ ու ըսէ, ու իր զաւակներուն ալ սորվեցնէ (Գրիգոր Փէշտիմալճեան):

Հարցում. Ի՞նչ է ողորմութիւնը:

Պատասխան. Ողորմութիւնը այն է, որ կարօտեալ եւ խեղճ մարդոց կ՚օգնենք ու նեղութենէ կ՚ազատենք:

Հարցում. Ողորմութիւնը քանի՞ տեսակ է:

Պատասխան. Երկու տեսակ. մէկը՝ մարմնաւոր, իսկ միւսը՝ հոգեւոր:

Հարցում. Որո՞նք են մարմնաւոր ողորմութիւնները:

Պատասխան. Հետեւեալ եօթն են. կերակրել անօթիները, խմցնել ծարաւները, հագցնել մերկերը, հաւաքել օտարներն ու պանդուխտները, այցելել հիւանդներու, երթալ ու մխիթարել բանտարկեալները, անտէր մեռեալները թաղել:

Հարցում. Որո՞նք են հոգեւոր ողորմութիւնները:

Պատասխան. Հետեւեալ եօթը. երկմիտ մարդուն բարի խորհուրդ տալ, խրատել ու սորվեցնել տգէտը, յանդիմանել մեղքէն ետ չդարձողը, ցաւակից ըլլալ ու մխիթարել տրտմածը, ընկերոջ յանցանքին ներել, նեղութեան համբերել ու չդժգոհիլ, հաւասարապէս աղօթել ողջերուն եւ մեռելներուն համար (Գրիգոր Փէշտիմալճեան, «Քրիստոնէական վարդապետութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ»):

Հարցում. Մկրտութեան նպատա՞կը:

Պատասխան. է՝ սիրտով հաւատալ եւ բերանով խոստովանիլ զՔրիստոս Յիսուս [որպէս] աշխարհի Փրկիչ, սրբուիլ [մաքրուիլ] սկզբնական մեղքէն եւ Հոգիին պարգեւները ընդունիլ (Հռ 10.9-10: Մր 16.16: Յհ 6.47: Գրծ 2.38-41: Մտ 10.52: Գրծ 19.5-6, 22.16: Յհ 1.12: Եփ 5.26: Ա.Պտ 3.21: Տիտ 3.5: Ա. Կր 12.15: Հռ 5.12), եւ երաշխաւորուած է (Ստեփան Աբիկեան, «Պատկեր Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյս Հայաստանեայցս, հարց եւ պատասխանիք ի Ս. Գրոց»):

Հարցում. Եկեղեցին ինչո՞ւ համար «մի» կամ «մէկ» է կ՚ըսուի:

Պատասխան. Այն պատճառով, որ բոլոր քրիստոնեաները մէ՛կ հաւատքով՝ մէ՛կ Քրիստոս, մէ՛կ Աստուած կը պաշտեն:

Հարցում. Եկեղեցին ինչո՞ւ համար սուրբ է կ՚ըսուի:

Պատասխան. Այն պատճառով, որ բոլոր քրիստոնեաները մկրտութիւնով մեղքերէն կը սրբուին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական հաւատքը սրբութիւն կը քարոզէ:

Հարցում. Քրիստոսի Եկեղեցին ինչո՞ւ համար «Ընհանրական» է կ՚ըսուի:

Պատասխան. Այն պատճառով, որ քրիստոնէութիւնը բազմաթիւ ազգերու մէջ տարածուած է, եւ մինչեւ աշխարհին վախճանը պիտի մնայ:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար «Առաքելական» կ՚ըսուի:

Պատասխան. Այն պատճառով, որ քրիստոնէական հաւատքը առաքեալներուն միջոցով քարոզուեցաւ ու առաքեալներուն խօսքերուն վրայ հաստատուած է (Գրիգոր Մարկոսեան, «Մանր ուսմունք քրիստոնէական հաւատոյ եւ սրբազան պատմութեան Աւետարանի»):

Հարցում. զԱստուած պաշտելու տեղերը որո՞նք էին Հայաստանի մէջ առաջին երեք դարերուն:

Պատասխան. Հայաստանի մէջ զԱստուած պաշտելու տեղերը առաջին երեք դարերուն, [հետեւեալներն] էին.

ա. Եկեղեցիներն ու մատուռները (փոքրիկ տաճարներ), որոնք շինուած էի Եդեսիայի, Շաւարշանի եւ Եդեսիայի մէջ, Թադէոս առաքեալին կողմէ: Գողթան գաւառի Որթվատ եւ Վանանդ գիւղերուն մէջ, շինուած Բարթուղիմէոս առաքեալէն: Ուտի գաւառի Դիս կամ Գիտ գիւղին մէջ, շինուած Եղիշէ առաքեալին կողմէ:

բ. Վանքեր, ինչիսիքն էին՝ Հոգեաց վանքը, որ Բարթուղիմէոս առաքեալը կառուցած էր Անձեւացեաց գաւառին մէջ: Թանահատի վանքը, որ Մխիթար վանահայրը երկրորդ դարու կէսին շինեց՝ Սիւնեաց աշխարհին մէջ: Տաթեւի վանքը, որ Մատթէոս առաքեալի նահատակութեան վայրին վրայ շինուած էր՝ Բաղք գաւառին մէջ:

գ. Հաւատացեալներուն տուները, ա՛յն վայրերուն մէջ միայն, ուր եկեղեցիներ կամ վանքեր չկային (Մսեր Մսերեան, «Մանր ուսմունք ազգային եկեղեցական պատմութեան, ի պէտս հայկազնեաց մանկանց»):

Հարցում. Ի՞նչ չափով պարտաւոր ենք մեր ընկերը սիրել:

Պատասխան. Մեր անձին սիրոյ չափով, ոչ պակաւ եւ ոչ ալ աւելի, որովհետեւ եթէ մեր անձէն պակաս սիրենք մեր ընկերը, անձնասէր եղած կ՚ըլլանք եւ ո՛չ թէ ընկերասէր: Իսկ եթէ մեր անձէն աւելի սիրենք, դարձեալ կը խոտորինք այս պատուիրանին պահանջած սահմանէն, որովհետեւ մեր ընկերը ճիշդ մեր անձին պէս սիրելու հրամայուած ենք Աստուծմէ (Ղւ 19.18) (Յովսէփ Մալէզեան, «Հրահանգ սիրոյ»):

Հարցում. Տէրերը ինչպէ՞ս կրնան անիրաւութիւն ընել իրենց ծառաներուն:

Պատասխան. Անոնց բաւարար եւ լաւ կերակուր տալը զանց ընելով, կամ անոնցմէ չափէն դուրս աշխատանք պահանջելով, կամ անոնց ծառայութեան փոխարէն արժանաւոր վարձք չտալով, կամ իրենց խոստացած վարձքին մէկ մասը կտրելով, կամ վճարումը երկարացնելով՝ ուշ հատուցելով («Քրիստոնէական վարդապետութիւն որ Սուրբ Գրոց վկայութեամբը համառօտաբար կը սորվեցնէ քրիստոնէից հարկաւոր գիտելիքները»):

Հարցում. Ինչո՞ւ համար պարտաւոր ենք ամէն բանէ աւելի զԱստուած սիրել:

Պատասխան. Որովհետեւ Աստուած Իր անսահման կատարելութեամբ Ինքնիրմէ ամէն սիրելութեան արժանի է, անոր համար մենք ալ պարտաւոր ենք ամէն բանէ աւելի զԻնք սիրելու:

Հարցում. Ինչո՞վ կրնանք զԱստուած աւելի սիրել:

Պատասխան. զԱստուած աւելի սիրած կ՚ըլլանք, երբ Իր պատուիրաններուն հաւատարմութեամբ կը հնազանդինք ու զանոնք ըստ ամենայնի կատարել կը ջանանք («Քրիստոնէական վարդապետութիւն ըստ դաւանութեան Հայաստանեայց Սրբոյ Եկեղեցւոյն»):

Հարցում. Քանի՞ հատ են առաքինութիւնները ընդդէմ մոլորութիւններուն:

Պատասխան. Եօթն են. այսինքն՝ խոնարհութիւն ընդդէմ հպարտութեան. բարեհաճութիւն ընդդէմ նախանձի. հեզութիւն ընդդէմ բարկութեան. առատասիրութիւն ընդդէմ ագահութեան. արիութիւն ընդդէմ ծուլութեան. պահեցողութիւն ընդդէմ որկրամոլութեան. ողջախոհութիւն ընդդէմ բղջախոհութեան (Յովհաննէս Աւդալեանց, «Քրիստոնէական կրթութիւնք եւ այլ աղօթք ի պէտս մանկանց Մարդասիրական ճեմարանի»):

Հարցում. Ի՞նչ է նախանձը։

Պատասխան. Ընկերոջդ բարութեան համար նեղանալդ, ձախորդութեան պարագային վրան խնդալդ, այսինքն՝ ընկերոջդ ունեցուածքին, զաւակներուն, առեւտուրի յաջողութեան, ունեցած պատիւին ու գիտութեան եւ ասոնց նման բաներու վրայ նեղանալդ՝ նախանձոտութիւն է։ Տակաւին, ընկերոջդ զաւակ չունենալուն կամ՝ ունենալու պարագային՝ մեռնելուն, ունեցուածքը գողցուելուն, առեւտուրի ձախորդութեան, պատիւը արատաւորուելուն, փորձանքի հանդիպելուն, հիւանդանալուն եւ ընկերոջդ գլխուն եկած այլ փորձանքներուն վրայ խնդալդ եւ ուրախանալդ՝ նախանձոտութիւն է։ Այս ամէնը նախանձոտութիւն են, եւ այսպիսի նկարագիր ունեցող մարդը չարէն տարբերութիւն չ՚ունենար։ Երկրորդ մեղքը՝ բամբասանքն է, որ նոյնպէս չարին հնարքն է, որովհետեւ չարը երբ Ադամին ունեցած փառքին նախանձեցաւ, օձին միջնորդութեամբ մեր նախամօր Եւային ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ “պարտէզին որեւէ ծառէն պիտի չուտէք”: Կինը օձին ըսաւ. “Պարտէզին ծառերուն պտուղներէն կրնանք ուտել, բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէսզի չմեռնիք”» (Ծն 3.1-3)։ Չարը երբ Եւայէն այս խօսքը լսեց, գիտցաւ որ անոնք Աստուծոյ կը հնազանդին եւ Անոր պատուէրը պահելով պիտի չուտեն եւ պիտի չմօտենան այդ ծառին, ուստի սկսաւ զԱստուած բամբասել ու ըսել. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. որովհետեւ Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուի եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծն 3.4-5)։ Այս պատճառով Աստուած պատուիրեց ձեզի, որ այդ ծառին պտուղէն չուտէք, որպէսզի աչքերնիդ չբացուի (Մանուկ Վարժապետ Կակոսեան Կիւրինցի, «Երկինքի ճամբան կամ քրիստոնէական»)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019