Մուտ­քը Բա­ցար­ձա­կա­պէս Ար­գի­լուած Է

Ան­շուշտ ա­սի­կա չի վե­րա­բե­րիր ընթացիկ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու, սե­փա­կան կա­լուած­նե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու, ուր հասկ­նա­լի կ՚ըլ­լայ մուտ­քի ար­գել­քը: Աշ­խար­հի վրայ կան այն­պի­սի վայ­րեր, շրջան­ներ, ուր չեն կրնար մտնել ոչ միայն սո­վո­րա­կան մահ­կա­նա­ցու­ներ, այ­-

լեւ՝ մե­ծա­հա­րուստ­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, ըն­կե­րա­յին բարձր դիր­քե­րու վրայ գտնուող  անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: Բնա­կա­նա­բար այս­պի­սի պա­րա­գա­նե­րու մար­դոց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը սրի եւ ար­կա­ծախն­դիր­ներ կը փոր­ձեն թա­փան­ցել այդ վայ­րե­րը:

Խորհր­դա­ւոր այս­պի­սի վայ­րեր ան­շուշտ ա­ռատ  նիւ­թեր կը հայ­թայ­թեն ա­ռաս­պել­նե­րու, պատ­մու­թիւն­նե­րու եւ շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու:

Կը ներ­կա­յաց­նենք ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին, խորհր­դա­ւոր վայ­րե­րու փունջ մը՝ քա­ղուած «Ատ­Մի.Ռու» եւ «Էքսփ­րես» կայ­քէջե­րէն:

*

ԱՐ­ՏԱ­ԿԱՐԳ ԳՈՐ­ԾՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԿԵԴ­ՐՈՆ, ՎԻՐ­ՃԻ­ՆԻԱ

Ա­մե­րի­կա­յի Վիր­ճի­նիա նա­հան­գին մէջ կը գտնուի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար կա­ռուց-ւած գաղտ­նի թաքս­տո­ցը, որ մա­սամբ տե­ղա­կա­յուած է Մաունթ Ո­ւի­զըր լե­րան տակ: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ՖԵ­ՄԱ ար­տա­կարգ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը կրնայ կա­ռա­վա­րել եր­կի­րը ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճա­կի պա­րա­գա­յին: Կը նշուի, որ կեդ­րո­նին մէջ կը գոր­ծեն խիստ օ­րէնք­ներ, իսկ օ­տար­նե­րու մուտ­քը, նոյ­նիսկ կեդ­րո­նի հա­րա­կից տա­րածք­ներ, խստիւ ար­գի­լուած է:

ՇՓԻՑ­ՊԵՐ­ԿԸ­ՆԻ ՀԱ­ՄԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ՅԻՆ ՍԵՐՄ­ՆԱ­ՊԱ­ՀՈ­ՑԸ, ՆՈՐ­ՎԵ­ԿԻԱ

Այս վայ­րը կա­րե­լի է տա­րա­տե­սակ սեր­մե­րու «Նո­յեան տա­պան» հա­մա­րել: Ա­սի­կա կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ, որ հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րե­րա­յին ա­ղէ­տի պա­րա­գա­յին մարդ­կու­թիւ­նը կը կա­րո­ղա­նայ վե­րա­կանգ­նել ոչն­չա­ցած սերմ­նա­տե­սակ­նե­րը: Ան­շուշտ ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ մուտ­քը բա­ցար­ձա­կա­պէս ար­գի­լուած է:

ՎԱ­ԼԷ ՏՕ ԵԱ­ՒԱ­ՐԻ ԱՐ­ԳԵ­ԼՈՑ, ՊՐԱ­ԶԻԼ

Ա­մա­զո­նի ան­տառ­նե­րու ար­գե­լո­ցին մէջ (85 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լօմեթր) հա­րիւ­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ար­տա­քին աշ­խար­հէն  մե­կու­սա­ցած պայ­ման­նե­րու մէջ կ՚ապ­րին զա­նա­զան ցե­ղա­խում­բեր, ո­րոնց ան­դամ­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 3 հա­զա­րի, ո­րոնց մէջ կան այն­պի­սի ցե­ղա­խում­բեր, ո­րոնք բնիկ­նե­րէ բա­ցի, այլ մար­դոց հետ յա­րա­բե­րու­թիւն չեն ու­նե­ցած:

Զա­նոնք միայն կա­րե­լի ե­ղած է նկա­րել օ­դէն, իսկ ա­նոնց եւ ա­նոնց լե­զու­նե­րուն առըն­չուող քիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ յայտ­նի են: Ա­նոնց անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Պրա­զի­լի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­գի­լած են մար­դոց մուտ­քը:

«ՏԻԶ­ՆԻ­ՅԵԱՆ Ա­ԿՈՒՄԲ 33», ՆԻՒ ՕՐ­ԼԷԱՆ,
ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵՐ

Ա­սի­կա կը նկա­տուի Տիզ­նի­լեն­տի գաղտ­նի ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն գո­յու­թեան մա­սին գի­տեն միայն ա­նոր ան­դամ­նե­րը: «Տիզ­նի­յեան ա­կումբ 33»ը, իբ­րեւ գաղտ­նի ըն­կե­րակ­ցու­թիւն, հիմ­նադ­րուած է 1967 թուա­կա­նին, Ո­ւոլթ Տիզ­նիի կող­մէ: Ա­կում­բին ան­դա­մակ­ցած են գոր­ծա­րար­ներ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, յայտ­նի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք այ­ցե­լած են Տիզ­նի­լենտ: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ գաղտ­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեան  ան­դա­մակ­ցե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է 14 տա­րի սպա­սել կար­գի, ինչ­պէս նաեւ՝ 10.450-27.500 տո­լա­րի սահ­ման­նե­րուն մէջ մուտ­քի գու­մար վճա­րել, ա­ռա­ւել՝ 18 հա­զար տո­լար տա­րե­կան ան­դա­մավ­ճար:

ԷՍ ՎԵՏ­ՐԱ ԵՐԿ­ՐԱ­ՄԱԳ­ՆԻ­ՍԱ­ԿԱՆ ԿՂԶԵԱԿ, ՍՊԱ­ՆԻԱ

Քար­քա­րոտ ու ժայ­ռոտ Էս Վետ­րան ընդգր­կուած է Պա­լէա­րեան կղզի­նե­րու կազ­մին եւ երկ­րա­մագ­նի­սա­կան ու­ժի ա­ռու­մով աշ­խար­հի մէջ կը գրա­ւէ 3-րդ դիր­քը՝ զի­ջե­լով միայն Պեր­մու­տեան ե­ռան­կիւ­նին եւ հիւ­սի­սա­յին բե­ւե­ռին:

Կղզի այ­ցե­լե­լը ար­գի­լուած է մար­դի­կը  ան­կան­խա­տե­սե­լի ու­ժէ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: Էս Վետ­րա­յի մէջ  ճար­տա­րա­գի­տա­կան ո­րե­ւէ սարք կը խան­գա­րուի, իսկ կողմ­նա­ցոյ­ցի սլա­քը կը սկսի խառ­նի­խուռն շար­ժում­ներ ը­նել՝ ցոյց տա­լով տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­ներ:

ՍՊԱ­ՆԻՈՅ ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ԱՐ­ԳԻ­ԼԱԾ Է ԿՂԶԻ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ: Օ­ՁԵ­ՐՈՒ ԿՂԶԵԱԿ, ՊՐԱ­ԶԻԼ

Փոքր կղզի մը՝ Պրա­զի­լի ա­փա­մերձ շրջա­նին մէջ, ուր կը գտնուին աշ­խար­հի ա­մե­նէն մա­հա­ցու 4 հա­զար օ­ձե­րը: Ա­նոնց թոյ­նը կը հա­լեց­նէ մարդ­կա­յին մար­մի­նը: Այն­քան վտան­գա­ւոր է, որ Պրա­զի­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­գի­լած է այ­ցե­լու­նե­րու մուտ­քը:

«ՏԱ­ՐԱԾՔ 51», ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵՐ

«Տա­րածք 51»ը գաղտ­նի խա­րիսխ մըն է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նե­ւա­տա ա­նա­պա­տին խո­րե­րը: Ո­մանք կը հա­ւա­տան, որ շրջա­նին մէջ կը գտնուին այլ­մո­լո­րա­կա­յին ճար­տա­րա­գի­տա­կան սար­քեր, կամ՝ գեր­փոր­ձա­ռա­կան օ­դա­նա­ւեր:

Մուտ­քը բա­ցար­ձա­կա­պէս ար­գի­լուած է «Տա­րածք 51», որ շրջա­պա­տուած է ա­կան­նե­րով եւ՝ լա­ւա­պէս պաշտ­պա­նուած:

ԹԱ­ԳՈՒ­ՀԻԻՆ ՆՆՋԱ­ՍԵ­ՆԵԱ­ԿԸ, ԱՆԳ­ԼԻԱ

Ննջա­սե­նեա­կը կը գտնուի Պե­քինկ­համ պա­լա­տին խոր­քը եւ խիստ հսկո­ղու­թեան, պաշտ­պա­նու­թեան տակ է: Թէեւ 1982 թուականին Մի­քա­յէլ Ֆա­կան ա­նու­նով մարդ մը յա­ջո­ղե­ցաւ մտնել ննջա­սե­նեա­կը:

Ա­սի­կա նկա­տուե­ցաւ ար­քա­յա­կան ա­մենէն մեծ անվ­տան­գու­թեան խախ­տում­նե­րէն մէ­կը:

ՍՊԻ­ՏԱ­ԿԱ­ՄՈՐԹ ԱԶ­ՆՈՒԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ Ա­ԿՈՒՄԲ, ԱՆԳ­ԼԻԱ

Ա­սի­կա հնա­գոյն եւ ա­մենէն  ան­մատ­չե­լի ա­կումբն է Անգ­լիոյ մէջ: Ան­դամ­ներն են՝ ար­քա­յա­կան ըն­տա­նի­քէն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ազ­նուա­կան­ներ, քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան դէմ­քեր եւ մե­ծա­հա­րուստ գոր­ծա­րար­ներ: Կի­նե­րու մուտ­քը ար­տօ­նուած չէ, սա­կայն  Է­լի­զա­պեթ Բ. թա­գու­հին 300 տա­րուան այս օ­րէն­քը խախ­տեց՝ 1991 թուա­կա­նին ա­կումբ այ­ցե­լե­լով:

ԼԱ­ՍՕ ՔԱ­ՐԱՆ­ՁԱՒ­ՆԵ­ՐԸ, ՖՐԱՆ­ՍԱ 

Պա­տե­րը ծած­կուած են 17.300 տա­րուան հնու­թիւն ու­նե­ցող որմ­նան­կար­նե­րով, ո­րոնց հե­ղի­նակ­նե­րը ա­ռա­ջին մարդ­կա­յին ա­րա­րած­ներն են: Նկար­նե­րը կը պատ­կե­րեն  ա­նա­սուն­ներ եւ երկ­րա­չա­փա­կան ձե­ւեր:

Քա­րան­ձաւ­նե­րը, ուր հան­րու­թեան հա­մար մուտ­քը ար­գի­լուած է 1963 թուա­կա­նէն ի վեր, սնկա­յին խոր-հըր­դա­ւոր յար­ձա­կում­նե­րու շար­քի մը վտան­գին են­թար­կուած են:

ՊՈ­ՀԵ­ՄԱ­ԿԱՆ ՊՈՒ­ՐԱԿ, ԳԱ­ԼԻ­ՖՈՐ­ՆԻԱ

Ա­մէն ա­մառ, շուրջ հարիւր յի­սուն տա­րի­նե­րէ ի վեր, այս ծա­ծուկ, գաղտ­նի վայ­րը կը հիւ­րըն­կա­լէ աշ­խար­հի ա­մե­նէն հզօր, ազ­դե­ցիկ մար­դոց հա­ւա­քը: Կի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ար­տօ­նուած չէ: Պո­հե­մա­կան պու­րա­կին մէջ այս ա­ռան­ձին, դռնփակ ժո­ղով­նե­րը ուղ­ղա­կի պա­տաս­խա­նա­տու են  «Ման­հա­թան նա­խա­գիծ»ին, որ ա­ռաջ­նոր­դած է հիւ­լէա­կան ռում­բի մշակ­ման:

ՀԻՒ­ՍԻ­ՍԱ­ՅԻՆ ՊԱ­ՀԱ­ՊԱՆ ԿՂԶԻ, ՊԵՆ­ԿԱ­ԼԻ ԾՈՑ

Բնիկ փոքր ցե­ղա­խում­բի մը քա­նի մը հա­րիւր ան­դամ­նե­րով բնա­կուած կղզի մը, որ ամ­բող­ջո­վին ա­ռանձ­նա­ցած է:

Հնդկաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը այ­ցե­լու­թեան հա­մար ար­գի­լեալ շրջան յայ­տա­րա­րած է: Մուտ­քը նոյ­նիսկ ա­ւե­լի դժուար կը դառ­նայ, ո­րով­հե­տեւ կ՚ը­սուի, թէ բնիկ­նե­րը ներ­քին մղում մը ու­նին սպան­նե­լու օ­տա­րա­կան­ներ: Ծա­նօթ է, որ բնիկ­նե­րը նե­տեր եւ նի­զակ­ներ կ՚ար­ձա­կեն եւ խո­շոր քա­րեր կը նե­տեն:

Ի­ՍԷԻ ՀՈ­ՅԱ­ԿԱՊ  ՏԱ­ՃԱ­ՐԸ, ՃԱ­ԲՈՆ

Այս վա­ղե­մի Շին­տօ տա­ճա­րը նուի­րուած է Ա­մա­տե­րա­սու աս­տուա­ծու­հիին: Տա­ճա­րին ներք­նա­մա­սին կը գտնուի սուրբ ձե­ռա­գործ մը՝ Սուրբ Հա­յե­լի, որ կը ներ­կա­յաց­նէ ի­մաս­տու­թիւ­նը կամ ազ­նուու­թիւ­նը: Ժա­մա­նա­կին ա­նի­կա գող­ցուած է, հրկի­զուած, կոր­սուած եւ նոյ­նիսկ ծով նետուած: Բայց բա­ւա­կան  խորհր­դա­ւոր կեր­պով՝ յայտ­նա­բե­րուած:

ՄՈՐ­ՄՈՆ Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ԳԱՂՏ­ՆԻ ՆԿՈՒ­ՂԸ, ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵՐ

Լե­րան կո­ղին մէջ խո­րունկ մխրճուած նկու­ղը խիստ հսկո­ղու­թեան տակ կը գտնուի: Հոն կան 3 մի­լիառ է­ջեր՝ բազ­մա­թիւ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու ծննդա­բա­նու­թեան եւ ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

Այ­ցե­լու­նե­րը միայն նկուղ­նե­րուն դռնե­րը կրնան դի­տել, մուտ­քը ար­գի­լուած է:

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազ­դակ», Լի­բա­նան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016