Ընկճուածութիւն - Ընկճախտ

Ընկճուածութիւնը կամ ընկճախտը (depression) յաճախակիօրէն տեսնուած հոգեբանական հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի անտարբերութեամբ (apathy) եւ անտրամադրութեամբ: Ան կ՚ազդէ անհատին մտածողութեան, վարք ու բարքին եւ զգացումներուն վրայ: Ան դարմանելի հիւանդութիւն մըն է: Չդարմանուելու պարագային կը դառնայ վտանգաւոր:

Ընկճախտը կ՚ունենայ զանազան պատճառներ, մասնաւորապէս՝ երկարատեւ հիւանդութիւններ, մահացու եւ անդարմանելի հիւանդութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ քաղցկեղային հիւանդութիւններ:

Մնայուն եւ երկարատեւ ցաւ, անքնութիւն, քնանալու դժուարութիւն, ուղեղային անօթային խցումներ, ուղեղային դանդաղում, ուղեղային կաթուած, շաքարախտ, արեան բարձր ճնշում, սիկարեթի գործածութիւն, տեսողութեան եւ լսողութեան տկարացում, քունի շնչադադար, սեռային եւ ֆիզիքական կարողութեան տկարացում, դաշտանադադար, մոռացկոտութիւն, անհատականութեան փոփոխութիւն, խտրականութեան ենթարկուիլ, մեկուսացում, ամուսնալուծում, կողակիցի եւ հարազատի կորուստ, նիւթական-տնտեսական դժուարութիւններ, անգործութիւն, գործի ձախողութիւն եւ գերաշխատանք՝ բոլորը պատճառներ եւ վտանգաւոր ազդակներ են ընկճախտի: Կարգ մը դեղեր, որոնք անձկութեան դէմ կը գործածուին, նոյնպէս պատճառ կրնան դառնալ ընկճուածութեան:

Տարեցները, մանաւանդ կիները, աւելի հակամէտ են ունենալու ընկճախտ: Անիկա աւելի կը պատահի 65 տարիքէն ետք, որովհետեւ ատկէ ետք է, որ մարդիկ աւելի կը հիւանդանան եւ կ՚ունենան վերոյիշեալ հիւանդութիւններէն մէկը կամ միւսը: 65 տարեկանէն ետք շատեր կ՚ունենան ոչ յստակ ընկճուածութիւն եւ միաժամանակ կ՚ըլլան անհանդարտ, չեն կրնար կատարել ամէնօրեայ սովորական ընթացիկ գործերը եւ կ՚ունենան ընկերային փոխյարաբերութեան խախտում ու անբնական յարաբերութիւն:

Ընկճախտը տարեցութեան մէկ երեսը չէ: Տարեցներ, որոնք կեանքը կը վայելեն զբաղումներով, գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ, դժուար որ ընկճախտէ տառապին:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ 65 տարեկանէն ետք տղամարդոց 2.7 տոկոսը եւ կիներուն 4.5 տոկոսը կ՚ունենան ընկճուածութիւն: Այդ տարիքէն ետք 100.000 ընկճախտէ տառապողներուն 11-14-ը կը դիմեն անձնասպանութեան, սակայն մեծամասնութիւնը կը ձախողի, այսինքն չի մահանար: Երիտասարդ պարագաներուն 200 անձնասպանութեան դիմողներէն միայն մէկը կը մահանայ: Կիներ աւելի ընկճուածութիւն կ՚ունենան, աւելի անձնասպանութեան կը դիմեն, սակայն տղամարդիկ, որոնք անձնասպանութեան կը դիմեն, շատ աւելի համեմատութեամբ կը յաջողին:

Ընկճուածութիւնը յաճախ առաջին ախտանշանն է ուղեղային կաթուածի եւ մնայուն մոռացկոտութեան: Ընկճախտ ունեցող անհատը աւելի հաւանականութիւնը ունի Ալցայմըրի հիւանդութիւն (Alzheimer՚s disease) ունենալու:

Ընկճախտը կ՚ըլլայ մեղմ կամ զօրաւոր եւ անցողակի կամ մնայուն: Ան առաւելաբար կը յայտնուի ձմեռը: Անոր հետ մէկտեղ կրնայ պատահիլ զգայախաբութիւն (hallucination) եւ մտագարութիւն (delusion):

Ընկճախտէ տառապող տարեցներ կ՚ունենան հետեւեալ ախտանշանները, գրգռուածութիւն, շփոթութիւն, շուարած վիճակ, անհանդարտութիւն, անձկութիւն, յիշողութեան տկարացում, դժուար կեդրոնացում, հետաքրքրութեան պակաս, յոգնած վիճակ, ֆիզիքական տկարութիւն, դանդաղ շարժումներ եւ խօսակցութիւն, կեդրոնացումի պակաս, յիշողութեան տկարացում, որոշում տալու դժուարութիւն, քունի փոփոխութիւն, քնանալու դժուարութիւն, ախորժակի փոփոխութիւն, ցաւի գանգատներ, գլխացաւ, նողկանք, ստամոքսի ցաւ եւ անձնասպանութեան հակամէտութիւն: Անոնք կը հրաժարին հաճոյքներէ, ընկերներէ եւ անմիջական հարազատներէ: Տղամարդիկ կը ձեռնարկեն վտանգաւոր աշխատանքներու, կ՚աշխատին անուշադրութեամբ եւ երկար ժամեր կ՚անցընեն հեռատեսիլ դիտելով ու մարզանքներ ընելով:

Ընկճախտը կ՚ախտաճանաչուի, երբ վերոյիշեալ ախտանշաններէն 15-ը կը շարունակ-ւին 10 օրէ աւելի:

Ընկճախտը, ինչպէս յիշեցինք նախապէս, դարմանելի է: Պէտք է պաշտպանել ուղեղը, բարելաւել ուղեղին աշխատանքը, ունենալ առողջ սննդականոն, կատարել կանոնաւոր մարզանքներ, ունենալ ընկերային կեանք եւ մտքի աշխատանք-մարզանք, ինչպէս նաեւ՝ կանոնաւոր ձեւով գործածել բժշկին կողմէ թելադրուած հակաընկճուածութեան դեղերը: Հոգեբուժական դարմանումը խիստ կարեւոր է: Այս բոլորէն ետք, ի հարկին, կը դիմուի ելեկտրահարութեան-ելեկտրացնցումային դարմանումի (electroconvulsive therapy), որ կը կատարուի շաբաթը 2-3 անգամ 4-5 շաբաթներու ընթացքին:

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018