ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Ուսուցիչը երկրագունդի քարտէսին վրայ ովկիանոսները ցոյց տալով՝ աշակերտ մը քովը կը հրաւիրէ. «Փախստակա՛ն, դո՛ւ արի», ըսելով: Դասարանին ամենէն վերջին կարգի գրասեղանին ետին կծկուած աշակերտը ցուրտէն եւ լսածէն դողալով գրատախտակին կը մօտենայ եւ հերթաբար կը պատասխանէ ուսուցիչին՝ երկրագունդի քարտէսին վրայ մատնանշուած ովկիանոսներուն անունները ըսելով: Վերջինին անունը սակայն շփոթած՝ կ՚ըսէ «խաղաղութիւն», որուն հետեւանքով ծաղր ու ծանակի կ՚ենթարկուի թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ աշակերտներուն կողմէ:

Դէպքը կը պատահի Արցախի քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, երբ ընտանեօք նախկին հրազդանցիները Արցախէն կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը՝ ընտանիքին հօր առեւանգումէն եւ վերադարձէն ետք:

Բոլորս գիտենք այդ մութ ու ցուրտ տարիները, գիտենք հայրենիքի ծանր վիճակը եւ անոր հետեւանքները, սակայն ուսուցի՛չ մը ինչպէ՞ս այսպէս արտայայտուելու իրաւունքը կը վերապահէ ինքնիրեն:

Այս դէպքէն ետք աղջնակը օրերով ջերմութեան մէջ կը փարի անկողնին: Դասարանցիները ուսուցիչին հետ կ՚այցելեն հիւանդին, որ ապաքինած կը վերադառնայ դպրոց մի քանի օր ետք: Աղջնակը կը մեծնայ, կը կատարելագործէ իր ուսումը թատերական մարզէն ներս. բան մը, որ իր երազն էր՝ մանկութենէն հետը աճած:

Հիմա աղջնակը մեծցած է, «խաղաղութիւն»ն ալ հետը եւ բեմերու վրայ կու տայ ի՛ր իսկ պատմութիւնը՝ քննադատելով յոռի վարուելակերպերը, մատնանշելով ստորնացումի արարքը կրթական համակարգին մէջ. բեմին վրայ, առանձինն եւ այնպիսի վարպետութեամբ, որ անկարելի է ուշադիր չհետեւիլ, չյուզուիլ, չուրախանալ իրեն հետ, դէմքին իւրաքանչիւր ծամածռութեան մէջ չսուզուիլ, հոգիին ծալքերը չպրպտել, չլա՜լ… Եւ վերջաւորութեան, ինչպէս հեքիաթները կ՚աւարտին. խնձոր մը պատմողին, խնձոր մը դիտողին եւ խնձոր մը՝ «խաղաղութեան» նուիրելով կ՚աւարտէ մենախաղը արցունքը աչքերուն:

Ուսուցիչին այդ մէկ խօսքին ծանրութիւնը, այս պարագային, թատրոնի սիրահար մանուկին թերեւս աւելի խթանեց, որ հասնի նպատակին եւ դերերու ընդմէջէն տայ իր ներաշխարհը յուզող հատուածներ, դերերով ապրի՛ վերստին այդ յուզումները, ապրեցնէ՛ նաեւ զանոնք հանդիսատեսին, սակայն քանի՜ քանինե՜րու տաղանդը ընկճումով, կաշկանդումով ու վախով փոխարինուած է այսպիսի պատճառներով եւ ժամանակի ընթացքին՝ անհետացած:

«Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկում է» կը կոչուէր դիտածս, իսկ դերը կը կատարէր Նարինէ Գրիգորեանը: Խաղին առաջին ներկայացումը 2014-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած է, իսկ աւելի վերջ խաղը հրաւէրներ ստանալով շրջած է բազմաթիւ երկիրներ, ծանօթացուցած բոլորին Արցախը, հայրենիքը, պատմութիւնը: Կը յառնի խաղը մերթ ընդ մերթ ամէն նորոգուած ցաւի, ամէն հարուածի հետ եւ երբեք այժմէականութիւնը չի կորսնցներ:

Ինքնակենսագրութեան ներկայացումով Նարինէն կու տայ պատկերը իրական հայրենիքին, տագնապները կը տարազաւորէ: Ան կը փորձէ այսպիսով կոչ մը ուղղել, պատգամ մը փոխանցել, բան մը հասկցնել եւ թերեւս կ՚ուզէ դադրեցնել այլեւս կրկնել նոյն խաղը, բայց հայրենիքի իրավիճակին մէջ անընդհատ կրկնուող աղէտներն ու սպանդը առիթ կու տան Նարինէին, որ շարունակէ կրկնել իր կոչը, թերեւս այս անգամ սթափեցնելու անոնք, որոնք հիմա արցախցիները «փախստական» կը կոչեն, գութը շարժելու մարդոց, արցախցիներուն ցաւը զգալ տալու, կրթական համակարգի պաշտօնեաներուն թերութիւնները սրբագրելու ուղիներ որոնելու, արմատներուն սնունդ տալու, որպէսզի աճումը առողջ ընթանայ:

Երեւանի թատերասրահներու խաղացանկերուն մէջ գրեթէ կ՚իշխէ օտարը, սակայն կարելի չէ տեսնել ցանկին մէջ Նարինէի մենախաղերէն մին եւ դիտել չփափաքիլ: Յուսադրիչ էր հանդիսատեսներուն մէջ տեսնել պատանիներ, որոնք վստահաբար բան մը առած պիտի մեկնին թատերասրահէն:

Նոր տարուան սեմին Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախահայութեան համար լաւագոյն մխիթարութիւնը ժպիտն է, որով գոնէ պիտի ժամանակաւորապէս «խաղաղ»ի իրենց ներաշխարհի փոթորիկը:

«Խաղաղութիւն» բոլորիս:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023