ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ

Առաւելաբար 20-րդ դարուն ծաղկում ապրեցաւ լրատուութիւնը կամ մետիան, իսկ արդէն 21-րդ դարուն ան հիմնական ու անբաժան մասը դարձաւ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական-պետական կեանքին:

Պատճառները շատ են այդ զարգացման եւ ամենաուղղակիներէն կրնանք յիշել թեքնոլոժիք յեղափոխութիւնը, որ արտադրողականէն վերջ ամենամեծ յեղափոխութիւնն է մարդկութեան:

Ներկայիս մետիան շատ տարրաբաժնուած, ճիւղաւորուած ու բազմաշերտ է, այն կը սկսի պետականէն եւ կը շարունակուի հասնելով մինչեւ պարզ անհատական-անձնականին: Պետութիւններ նոյնիսկ նախարարութիւններ հաստատած են յատուկ լրատուութեան ու մետիայի համար ու կը փորձեն հունաւորել, կարգաւորել կամ այսպէս ըսած գաղափարաբանել իրենց քաղաքականութիւններն ու մօտեցումները թէ՛ միջազգային յարաբերութիւններուն եւ թէ ներքին քաղաքական-ղեկավարման հարցերուն շուրջ:

Լրատուութիւնը իր պարզ սահմանումով լուր ու տեղեկութիւն փոխանցելու գործընթացն է կամ կերպը (մեթոտը), իսկ եթէ աւելի բազմաբովանդակօրէն առնենք անոր առաքելութիւնը՝ այն կրնայ ըլլալ, օրինակ, քարոզչական, դաստիարակչական ու կրթական համակարգ ստեղծող եւ անոնցմէ բխած մշակութային, տնտեսական ու տարբեր նպատակներ հետապնդող:

Պատմութեան ընթացքին լրատուութիւն հասկացողութիւնը դրսեւորուած էր, այսպէս կոչուած, լուր ասացութեան կամ աւետումի կերպով. հին ժամանակներուն չեն եղած լրատուական հոսքեր եւ նոյնիսկ զարգացած քաղաքակրթութիւններու մէջ լրատուութիւնը սահմանուած էր պետութեան թելադրածով կամ այնտեղ եղած նոյն մշակութային, իրաւական, տնտեսական օրէնքներու թելադրանքով: Հին կայսրութիւններու, օրինակ, ամենահզօր Հռոմէական կայսրութեան մէջ, լուր հաղորդելու եւ տարածելու միջոցը իրաւական հիմք ունէր պետութեան կողմէ եւ հրամանագիրներէ կամ որոշումներէ անդին լուրը ինքնին լրատուութեան տիրոյթին մէջ չկար կամ չէր վերածուած նոյն այսօրուայ մետիայի գործուղղմամբ, այսինքն  հանրային կարծիք կազմելու եւ ընդհանուր լրահոս ստեղծելու ու քարոզչութիւն իրականացնելու առումներով: Նոյնիսկ հին յունական ժողովրդավարութիւնը՝ որ երկար ընդմիջումէ վերջ որդեգրուեցաւ միջազգային ընտանիքին կողմէ մանաւանդ 21-րդ դարուն, ուրիշ էր անցեալին եւ ներկայիս տարբեր ձեւով թարգմանուած է նոյն լրատուութեան, կարծիքի ազատութեան, թղթակցութեան եւ միւս բանաւոր ու գրաւոր մամուլի բնագաւառները:

Ներկայ դարուն ամենամեծ լրահոսի եւ անոր հասանելիութեան հասաւ աշխարհը եւ այդ զարգացումը մարդկային անհատական ու հաւաքական կեանքերուն ուրիշ բնոյթ տուաւ: Ներկայիս կատարուած մեծ, այսպէս կոչուած, լրատուական ու քարոզչական հեղեղը աննման է եւ հոս հարց մը ինքզինք կը պարզէ՝ ո՞վ աւելի քարոզչութեան ու մետիայի պէտք ունի ներկայ աշխարհին մէջ՝ գերտէրութիւնները կամ փոքր երկիրները եւ ի՞նչ է ներկայիս մետիայի նպատակը: Հաւանաբար երկար վերլուծութիւններու կը կարօտի պատասխանը, բայց հպանցիկ ըսենք, որ հիմնականօրէն ու պարզ բարոյագիտական բանաձեւումով (առանց խորանալու պատմագիտութեան եւ միջազգային օրէնքի ձեւաւորման մէջ), որ քարոզելու, համոզելու, արդարացնելու եւ սատարելու կարիք ունեցած են ու տակաւին ալ ունին ինչպէս նորակազմ կրօնները, այնպէս ալ բոլոր գաղափարախօսութիւնները: Անոնք մշտապէս պէտք է արդարացնեն իրենք զիրենք, իսկ առաջին արդարացման մեթոտը քարոզչութիւնն է եւ հանրային կարծիքին ու համոզումներու ձեւաւորումը  ի նպաստ այդ գաղափարախօսութիւններուն, յետոյ երկրորդ հանգրուանին գործնական կատարուած ծրագիրներն են, գետնի վրայ նոյն այդ գաղափարախօսութիւնները իրագործելու: Մշտապէս տպաւորութիւն ալ կայ, թէ փոքր երկիրները ու մանաւանդ դատ ունեցող ժողովուրդները աւելի պէտք ունին քարոզչական մեքենային, հասու դարձնելու իրենց դատը մեծերուն մօտ եւ վասն իրենց պայքարի յաջողութեան շահելու հանրային ու պետական աջակցութիւններ: Բայց նոյն ժամանակ երբ մետիան ինքնաբերաբար գերտէրութիւններու ձեռքն է, եւ այդ ընդհանուր ուղեգիծին մէջ, արդէն հայցողի եւ ընդառաջման սպասման ու յատկացման դիրքերուն մէջ են տեւաբար պզտիկ եւ մանաւանդ դատ ու պահանջատիրութիւն ունեցող ժողովուրդներն ու պետութիւնները (հոս բացառութիւն կրնանք համարել օրինակի համար Իսրայէլը, որուն պզտիկ ըլլալը արգելք չէ եղած, որ ան արդի մետիայի մէջ գերակայ ու զօրաւոր դիրքեր ձեռք բերէ):

Վերոնշեալ հարցի պրիսմակէն եթէ նայինք արդի մետիայի ուժականութեան ու բովանդակութեան՝ կը տեսնենք, որ գերտէրութիւնները ինչպէս՝ Չինաստանը, Հնդկաստանը, Ռուսաստանը, շատ յաջողած չեն իրենց մետիայով ու լրատուութեամբ, ուրեմն տեղ մը իրենք ալ դարձեալ պայքար մը ունին տանելու պզտիկ պետութիւններուն հետ, որպէսզի դիրքեր գրաւեն: Եւ իրենք ա՛լ աւելի պէտք ունին իրենց միտքերը, գաղափարախօսութիւնները, մօտեցումները, քաղաքականութիւնները, նոյնիսկ մշակոյթները տարածելու. օրինակ՝ արեւմուտքն ու իսլամական կրօնը, որոնք լայնատարած են ու հասու՝ իրենց մշակոյթներով ու կենցաղավարութեամբ քան միւսները (զանց չառնելով նոյն ենթակայական յարաբերակցութիւնը արեւմուտքին եւ իսլամութեան միջեւ, ուր երկրորդը նոյնպէս  կը փորձէ տարածել ու քարոզել ինքզինքը արեւմուտքի մէջ, առաւելապէս քան ուրիշ տեղեր, որովհետեւ միշտ տիրականին քովը եւ անոր մետիայի այսպէս ըսած նուաճմամբ կ՚իրականանայ  քարոզչութիւն մը ու լրատուութիւնը  իր ամենաարդիւնաւէտն ու թիրախային նպատակները կ՚իրագործէ):

Եթէ պատկերացնենք ներկայ լրատուական ու մետիայի համակարգը շատ սեղմօրէն, այն յարձակում է մէկ պլոքի՝ ամբողջութիւն ու տիրականութիւն պարզած արեւմտեան  լրատուութեան-մետիայի վրայ (որ կ՚ընդգրկէ Աւստրալիան, Ասիայի մեծ բաժինը, Միջին Արեւելքի կարգ մը պետութիւններ): Այդ «յարձակումը» կամ պատերազմը չկայացածներն ու տիրական դիրքեր չունեցողները կ՚ընեն, իսկ պզտիկ պետութիւնները տեւաբար կը փորձեն (եթէ մանաւանդ այդ պլոքին մասը չեն) արտայայտուիլ ու դուրս գալ այդ մեծ մեքենային միջոցաւ, որուն անունն է արեւմտեան մետիա:

Առանց խօսելու ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յաջողած ու կայացած է այդ մետիան, միայն կրնանք ըսել, թէ արդի ժամանակներուն ան որ կ՚արտադրէ թեքնոլոժին, որու կողքին, բնականաբար, իր ձեռքին մէջ կ՚ունենայ մետիան:

Պատերազմային վիճակ  ու մրցակցութիւն կա՞յ  լրատուութիւններուն ու մետիայի արտադրանքներուն միջեւ, այո՛, բնականաբար կայ եւ այդ պայքարի հենքը արդեօք կը կազմե՞ն արեւելք-արեւմուտքը, հարաւ-հիւսիսը կամ արեւմուտք-իսլամը: Դժուար է մէկ բանաձեւով բացատրել, բայց էական հարցերէն կը մնան մշտապէս լրատուութեան առաքելութիւնը, անոր բարոյականութեան աստիճանը, ձեւը, նաեւ բազմաթիւ հարցեր, որոնց պատասխանելը այնքան ալ դիւրին չէ, քանի տեւաբար յարափոփոխ են ինչքան ալ մետիայի շարժիչ ուժն ու ողեգիծը ըլլայ՝ ճշմարտացիութիւնը կամ մերկ իրականութիւնը ներկայացնելը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

29 մայիս 2022

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022