ՆԱՓՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱՓԱՐԹԸ ԵՒ ՍԷՐԸ

Ֆրանսայի կայսր, աշխարհահռչակ զօրավար եւ պետական գործիչ, որ ժամանակակից Ֆրանսական պետութեան հիմնադիրը կը համարուի եւ Արեւմուտքի պատմութեան ամենաականաւոր գործիչներէն մին: Այն եզակի անհատներէն, որոնք համաշխարհային պատմութեան մէջ դարակազմիկ գործեր ըրած են:

Նափոլէոն ծնած է 15 օգոստոս, 1769-ին, Քորսիքա կղզիի Այաչօ փոքրիկ քաղաքին մէջ: Ան՝ աղքատ ազնուական, իրաւաբան եւ Քորսիքայի Խորհրդարանի անդամ Քարլ Պոնափարթի եւ Լեթիցիա Ռամոլինոյի 13 երեխաներէն երկրորդն էր:

Նափոլէոն իր կրթութիւնը կը ստանայ Ֆրանսայի մէջ. նախ կ՚ուսանի Պրիէնի զինուորական դպրոցին մէջ, ուր եւ ակնառու կը դառնայ իր յառաջդիմութիւնը՝ մասնաւորաբար թուաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ: Կարճ ժամանակ անց, գերազանց ուսման համար, ան կը տեղափոխեն Փարիզի Թագաւորական զինուորական դպրոցը: Այդ դպրոցը ժամկէտէն շուտ աւարտելով կը տեղափոխուի Վալանս՝ շարունակելով ուսումը ֆրանսական բանակի սպայի կոչումով:

Իր վարած յաջորդական փայլուն ճակատամարտերու հետեւանքով, շուտով ան մեծ փառքի կը տիրանայ՝ Եւրոպայի մէջ կը սկսի Նափոլէոնի դարաշրջանը: Ամրապնդելով իր իշխանութիւնը, ան նախ կը դառնայ Ֆրանսայի ցմահ հիւպատոս, որմէ ետք՝ երկրի կայսր կը հռչակուի: Ամբողջ աշխարհ հաշուի կը նստի Նափոլէոնին հետ, բացառութեամբ Անգլիայի, որ այդպէս ալ եղաւ իր «կոկորդին մնացած ոսկորը»:

Նափոլէոն կը մահանայ 1821-ի մայիս 5-ին, 52 տարեկանին (որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով՝ թունաւորումէ): Անոր աճիւնը կ՚ամփոփուի Փարիզի Հաշմանդամներու տունին մէջ:

Փառաւոր զօրահրամանատար ըլլալով հանդերձ, Նափոլէոն Պոնափարթ աշխարհին յայտնի է նաեւ իր տարօրինակութիւններով: Օրինակ՝ օփերային արուեստի մեծագոյն սիրահար ըլլալով հանդերձ, անիկա բնաւ չէր ծափահարեր օփերային ներկայացումները եւ կ՚արգիլէր ատիկա ընել ուրիշներուն ալ: Ան գերտոկուն անձնաւորութիւն մըն էր. օրական 6 ժամ կը քնանար միայն. գիշերը կը քնանար տասին, կ՚արթթնար երկուքին ու կ՚աշխատէր մինչեւ հինգը, հինգին կրկին կը քնանար մինչեւ եօթը: Սակայն, կեանքի մայրամուտին արդէն, շուտ կը յոգնէր եւ յաճախ քնանալու պահանջ կ՚ունենար:

Այդ վտիտ, փոքրամարմին միապետը, որ ընդամէնը 157 սմ. հասակ եւ կանացիակերպ կազմուածք ունէր, սակայն՝ ամեհի կամք եւ անկոտրում նպատակասլացութիւն, նախանձելի յաջողութիւն ունէր կանանց քով:

Նափոլէոնի կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած են կանայք։

Եթէ երիտասարդ սպայի հոգին պատանեկան տարիքին պարուրուած էր միայն իր հայրենիքի եւ ընտանիքի հանդէպ, ինչպէս նաեւ Ժան Ժաք Ռուսոյի գործերու նկատմամբ տածած սիրով, ապա յետագային ան դարձաւ անձ մը, որ երկու կին ու բազմաթիւ սիրուհիներ ունեցաւ։

Երիտասարդ Նափոլէոնը իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէր․ «Ի՞նչ է սէրը… Ատիկա սեփական թուլութեան գիտակցումն է, որ շուտով կը տիրէ միայնակ մարդու ողջ էութեանը։ Միաժամանակ, ատիկա սեփական անձին իշխելու կարողութիւնը կորսնցնելու զգացումն է։ Սիրտդ մէկ կը սեղմուի, մէկ կ՚ուռի կրծքավանդակիդ մէջ. ան աւելի ու աւելի արագ կը տրոփէ, եւ աչքերէդ երանութեան արցունքները կը յորդին։ Այդ է սէրը»:  

Կնոջ արժանիքները անոր համար կը խտանային մայրութեան եւ լաւ տնտեսուհի ըլլալուն մէջ։  Ան կնոջ ամենակարեւոր բարեմասնութիւնը ամօթի զգացումը կը համարէր․ «Ամօթխածութիւնը կնոջ համար նոյնն է, ինչ որ այր մարդուն համար խիզախութիւնը։ Ես հաւասարապէս կ՚ատեմ ինչպէս վախկոտ այր մարդը, այնպէս ալ անամօթ կինը»:

Պոնափարթ շատ խիստ էր ընտանեկան բարոյականութեան հարցին վերաբերեալ։ Ազատ կենակցութիւնը, որ յեղափոխութեան շրջանին համընդհանուր երեւոյթ դարձած էր երկրէն ներս, անոր համար անթոյլատրելի անբարոյականութիւն մըն էր։

Բազմիցս խօսուած է Նափոլէոնի տարբեր սիրային կապերու մասին: Սակայն անոր մեծագոյն սէրը Մարիա Ժոզէֆ Ռոզը՝ Ժոզէֆինան եղաւ, որուն հետ միապետը ամուսնացաւ եւ կայսրուհիի տիտղոսը շնորհեց անոր: Եթէ ան երբեւէ ընդունեց ոեւէ կնոջ՝ իբրեւ անհատականութիւն, կանացի կատարելատիպ, ապա ատիկա միայն Ժոզէֆինան եղաւ։

Նափոլէոնին համար կարեւոր չէր որ այդ կինն իրմէ վեց տարի մեծ էր եւ երեխաներ ունէր։ Ժոզէֆինայի հետ միութիւնը անոր համար իրական երջանկութիւն մըն էր։

Անոնց ամուսնական համաձայնագրին մէջ անձնական տուեալները որոշ փոփոխութիւններով գրանցուեցան. Ժոզէֆինան ինքզինքը չորս տարի պզտիկ ներկայացուց, իսկ Նափոլէոնը իր տարիքին մէկուկէս տարի աւելցուց։ Սակայն, ամուսնութենէն վերջ, սկզբնական տարիներուն Ժոզէֆինան անհաւատարիմ եղաւ իր ամուսնոյն, եւ ամբողջ բանակն ու քաղաքը գիտէին այդ մասին։ Իսկ Նափոլէոն՝ հաւատալով իր սիրոյն, այդ լուրերը ստոր բամբասանք կը նկատէր։ Աստիճանաբար անիկա հասկցաւ որ, իրապէս, կինը խաբած եւ դաւաճանած է իրեն։ Նափոլէոն ներեց Ժոզէֆինային, բայց չմոռցաւ դաւաճանութիւնը, եւ անոնց դերերը շուտով փոխուեցան. ամուսինն այլեւս սէր չէր խնդրեր կնոջմէ, Ժոզէֆինան ընդհակառակը, նոր սկսած էր սիրել եւ հասկնալ ամուսինը։

Եւ Նափոլէոն, որուն նախապէս չէին հետաքրքրեր չքնաղ կանայք, որ միշտ հրաժարած էր ամէն տեսակ վայելքներէ (միայն Ժոզէֆինայով տարուած էր), կարծես վրէժէն դրդուած, այլեւս անհրաժեշտ չէր համարեր հաւատարիմ մնալ կնոջը։ Ան սկսաւ սիրաբանիլ այլ կանանց հետ, եւ մէկը միւսին ետեւէն փոխել սիրուհիները։ Արդէն ո՛չ թէ Նափոլէոնը յուսահատ կը խանդէր, այլ՝ Ժոզէֆինան, որովհետեւ ամուսինը ազատօրէն իրեն կը պատմէր իր ամենատարբեր սիրային արկածախնդրութիւններու մասին։ Ժոզէֆինան անոր համար այլեւս լաւագոյն բարեկամ մըն էր պարզապէս, որուն հետ ինք դիւրութեամբ կը կիսուէր ու կը պատմէր ամէն բան։

Տարիները թաւալեցան, Ժոզէֆինայի տարիքը յառաջացաւ, բայց ան այդպէս ալ չկրցաւ գահաժառանգ, զաւակ պարգեւել կայսեր, որու համար կը տանջուէր նախանձէն ու այն միտքէն, թէ իրմէ երիտասարդ այլ կին մը կրնայ գրաւել իր տեղը։

Չնայած Նափոլէոն չէր ուզեր լքել կինը, որովհետեւ շնորհակալութեան եւ պարտաւորուածութեան զգացումէ զատ, նաեւ տակաւին անսահման կը սիրէր զայն, այնուամենայնիւ սկսաւ մտածել նոր ամուսնութեան մասին։ Անիկա ստիպուած էր այդ քայլին դիմելու քաղաքական տեսանկիւնէ դրդուած՝ արքայական ցեղը շարունակելու համար թագաժառանգ մը պէտք էր։  Շուտով որոշուեցաւ, որ Նափոլէոնը պէտք է ամուսնանայ դքսուհի Մարիա Լուիզին հետ։ Նափոլէոնն ու Ժոզէֆինան՝ ի շահ Ֆրանսայի, վերջ դրին իրենց ամուսնութեան, որ մեծ տառապանք մըն էր երկուքին համար ալ։ Բաժանումէ յետոյ Նափոլէոնի գրած նամակները ապացոյցն էին այն բանին, որ ան չէր դադրած Ժոզէֆինան սիրելէ։ Իր երկրորդ ամուսնութենէն վերջ, եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին պահը, ան միշտ սիրով կը յիշէր իր առաջին կինը։ Երբ կայսրը վերադարձաւ Էլպայէն, իր քարտուղարին ըսաւ․ «Ժոզէֆինան հիասքանչ կին էր, խիստ առողջ դատողութեամբ։ Ես անոր կորուստը ծանր կը տանիմ։ Այն օրը, երբ ստացայ Ժոզէֆինայի մահուան լուրը, իմ կեանքիս ամենադժբախտ օրն էր»:

Ժոզէֆինան կեանքէն հեռացաւ Նափոլէոնի Էլպա աքսորուելէն կարճ ժամանակ անց։ Անոր հրաժեշտի խօսքերն էին․ «Էլպա, Նափոլէոն»:

Աշխարհահռչակ զօրավարը երեք զաւակ ունեցաւ, որոնցմէ մէկն էր միայն Ֆրանսայի օրինական թագաժառանգը:

Նափոլէոնին  նախ ժառանգ մը պարգեւեց իր սիրուհիներէն մէկը՝ 18-ամեայ Էլէնորա Տենիւէլ տը լա Փլէն։ Սակայն այդ ժառանգը՝ կոմս Լէոնը, չափահաս դառնալով, անհաշուենկատօրէն ամենաշուայտ կեանքը սկսաւ վարել. ան խաղամոլ, անգործունեայ եւ ոչ խելամիտ մէկն էր: Հզօր կայսեր ժառանգը, որ ժամանակին շքեղութեան եւ հարստութեան մեջ թաղուած, վայելած էր Նափոլէոնի փառքի ու հզօրութեան պտուղները, կեանքին հրաժեշտ տուաւ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։

Նափոլէոնի մեծ սէրը եղաւ նաեւ՝ լեհուհի կոմսուհի Մարիա (Մարիձա) Վալեւսքայեան, որ սկիզբը մերժեց ամենազօր զօրավարի առաջարկը: Տակաւին ոչ ոք մերժած էր զայն: 18-ամեայ գեղեցկուհիին տիրելու համար  կայսրը խոստացաւ, թէ ամէն ինչ կ՚ընէ ի շահ անոր հայրենիքին: Եւ կոմսուհին, ընդառաջելով իր երկրի պաշտօնեաներու խնդրանքին՝ հայրենիքին օգտակար ըլլալու յոյսով, զսպելով իր կանացի արժանապատուութիւնը, դժկամութեամբ եւ արտասուելով գնաց կայսեր քով: Այնտեղէն հեռանալու պահուն, Մարիան տակաւին կ՚արտասուէր: Երեք օր վերջ անոնք դարձեալ հանդիպեցան. Վալեւսքայեան այլեւս չէր լար: Անոր դիմադրութիւնը վերջապէս տեղի տուաւ, երբ միայնակ մնաց կայսեր հետ, եւ Մարիան մինչեւ լոյս մնաց անոր քով: Ան պարտուած էր: Նափոլէոնի անկեղծ եւ զօրաւոր զգացումը նուաճած էր կոմսուհիին սիրտը եւ նոյնպիսի զգացում ծնած՝ անոր մէջ: Նափոլէոն շատ երջանիկ էր իր նոր սիրոյ հետ, սակայն մոռցած էր լեհական թագաւորութիւնը վերականգնելու իր խոստումը: Վալեւսքայեան խորապէս վիրաւորուած էր, բայց չլքեց Պոնափարթը:

Երբ Նափոլէոնը գիտցաւ որ Մարիան յղի է, շատ ուրախացաւ։ Երեխան ծնաւ եւ անուանուեցաւ Ֆլորիան Ալեքսանտր Իոսիֆ։ Սակայն, երբ կոմսուհին, որ արդէն անկեղծօրէն կը սիրէր կայսրը, շտապեց Փարիզ՝ սիրեցեալին քովը ըլլալու համար, գահին արդէն բազմած էր Պոնափարթի երկրորդ կինը՝ Աւստրիոյ արքայադուստր, դքսուհի Մարիա Լուիզան:

Վալեւսքայեան որդին յաճախ կը բերէր հօրը քով, որ Ալեքսանտրին մեծ քնքշութեամբ ու սիրով կը վերաբերէր։ Մարիա Վալեւսքայեան, անկախ ամէն ինչէն միշտ հաւատարիմ մնաց Նափոլէոնին, միշտ անոր մօտ եղաւ։ Երբ Նափոլէոնի աստղը վերջնականապէս խամրեցաւ, եւ բոլորը լքեցին զինքը, Վալեւսքայեան որդւոյն հետ եկաւ Էլպա, աքսորեալին քով՝ կիսելու անոր դժբախտութիւնը։ Սակայն, Նափոլէոն մերժեց Վալեւսքայեայի զոհողութիւնը, յոյս ունենալով որ իր մօտ կու գան Մարիա Լուիզան ու իր օրինական որդին, որոնք այդպէս ալ չեկան, իսկ Նափոլէոնը վերջնականապէս կորսնցուց իրեն հաւատարիմ անձը:

Նափոլէոնի երկրորդ ամուսնութիւնը, որ պարզապէս դիւանագիտական, քաղաքական հաշիւներէ դրդուած ամուսնութիւն մըն էր, անոր կործանումը դարձաւ: Ան, իր կեանքի այդ շրջանն անուանած է «ծաղիկներով քօղարկուած անդունդ»:

Աւստրիոյ կայսեր դստեր հետ ամուսնանալով, զայն սիրելէ զատ, Նափոլէոն յոյս ունէր իր եւ Ֆրանսայի համար երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել եւ հասնիլ քաղաքական նպաստաւոր պայմաններու: Դժբախտաբար անսպասելիօրէն գահն ու կայսրութիւնը կործանեցան…

Ի սկզբանէ Մարիա Լուիզան լուրջ չէր ընդուներ իրենց կանխատեսուող ամուսնութիւնը՝ չպատկերացնելով, թէ ինք կրնայ դառնալ այն «անաստուած քորսիքացիին» կինը, որ այդքան դառնութիւն պատճառած էր իր հօրն ու երկրին։ Սակայն, հնազանդելով հօրը եւ նախարարներու կամքին, որոնք այդ ամուսնական միութեան մէջ կը տեսնէին Աւստիրոյ պետականութեան պահպանման երաշխիքը՝ յանուն հայրենիքի բարօրութեան, Մարիան «զոհեց» ինքզինքը։ Մինչդեռ 41-ամեայ Նափոլէոնը կատարելապէս սիրահարուած էր իր երիտասարդ հարսնացուին, որ միակողմանի, բայց գերազանց դաստիարակութիւն ստացած էր: Ան լիարժէք երջանկութեան եւ երանութեան մէջ էր. վերջապէս կրնար ժողովուրդին ցուցադրել իրական արքայադուստրը:  Շուտով Մարիա Լուիզան երկրին համար լոյս աշխարհ բերաւ երկար սպասուած օրինական թագաժառանգը: Որդւոյն առաջին ճիչը լսելով՝ Նափոլէոն ոտքի ցատկելով նետուեցաւ դէպի երեխան, իր ձեռքերու մէջ առաւ եւ համբուրեց զայն։ Ուրախութեան արցունքները կը հոսէին անոր այտերն ի վար։

Տակաւին օրօրոցին մէջ՝ Նափոլէոն Ֆրանց Քարլ Ժոզէֆ ստացաւ «Հռոմի կայսր» հնչուն տիտղոսը։ Որդւոյն ծնունդէն յետոյ Նափոլէոնի եւ կնոջը միջեւ օտարացման շրջան սկսաւ։ Կայսրը իր ամբողջ ազատ ժամանակը կը տրամադրէր միայն զաւկին, զոր կ՚աստ-ւածացնէր, իսկ որդին ալ շատ կը սիրէր հայրը:

Սակայն, շուտով կրկին «սեւ ամպեր կուտակուեցան» Նափոլէոնի գլխուն վերեւ, եւ երբ ան դարձեալ աքսորուեցաւ, Մարիա Լուիզան, որ փառքի ու երջանկութեան ժամանակ ամուսնոյն կողքին էր՝ դժբախտութեան մէջ միայնակ ձգեց զայն։ Ան, առնելով որդին, հեռացաւ Աւստրիա (որդին նոյնպէս գերիի վիճակով կը պահուէր հոն եւ կը տառապէր տարաբախտ հօրը կարօտէն)։

Նափոլէոն ներեց կնոջը՝ կարծելով, թէ անիկա հանգամանքներու զոհ դառնալով չկրցաւ իր քով երթալ ու միշտ հաւատարիմ մնաց իրեն։ Դժբախտը չէր գիտեր, որ կինը շատոնց ամուսնացած էր ուրիշին հետ եւ արդէն քանի մը երեխայ ունէր անկէ։

Նափոլէոն կնոջը կտակեց իր սիրտը, որ ալքոլով լեցուն անօթի մը մէջ անոր պիտի հասցուէր։ Սակայն ան այդպէս ալ չգիտցաւ, որ այդ կտակը ոչ մէկ արժէք ներկայացուց իր «բարի Լուիզային» համար։

Չնայած սիրտը Լուիզային կտակելուն՝ Ս. Հելէն կղզիին վրայ աքսորեալ մահամերձ Պոնափարթի շուրթերէն հնչած վերջին բառերը եղան․ «Բանակ, Ֆրանսա, Ժոզէֆինա». ասոնք էին աշխարհը գրաւած հզօր կայսեր երեք ամենակարեւոր «տկարութիւնները»։

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Օգոստոս 31, 2019