ԳԱՂՏՆԻ ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐ

Բնականաբար շարժապատկերի արուեստին մէջ տարածուած երեւոյթ է վիպականացնել գաղտնի գործակալներու, լրտեսներու կեանքն ու գործունէութիւնը: Թէեւ հանդիսատեսներուն համար յաճախ հաճելի ժամանց, երբեմն ալ վայելք կը դառնայ ատիկա, սակայն պարզ է, որ լրտեսին իսկական էութիւնը պատմութեան համար չի պահպանուիր:

Յատկանշական օրինակ մըն է Մաթա Հարին:

Պարուհին, որ դարձաւ գաղտնի գործակալ, կը մնայ առեղծուած՝ մահէն 100 տարի ետք: Ան  տուաւ գրաւիչ  կին  լրտեսի գաղափարը, ներառեալ՝ 007: Այս մասին «Պի. Պի. Սի.»ի մէջ  գրած է Նիքոլաս Պարպըրը:

Ո՞Վ ԷՐ ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԱԹԱ ՀԱՐԻՆ

Ճիշդ դար մը անցած է այն օրէն, երբ Ֆրանսայի մէջ մահապատիժի ենթարկուեցաւ Մաթա Հարին, որ մեղադրուած  էր Գերմանիոյ համար լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով: Այլ խօսքով, ճիշդ հարիւր տարի առաջ իբրեւ առասպել վերածնաւ հոլանտացի  պարուհին:

Անոր առաջին կենսագրութիւնը լոյս տեսած է 1917-ին, անոր մահէն քանի շաբաթ ետք, եւ այդ ժամանակէն ի վեր ան եղած է 250 կենսագրականներու եւ վէպի առարկայ, բեմական ցուցադրութիւններու, պատկերասփիւռային հաղորդաշարերու եւ շարժապատկերներու կողքին: Ամենէն նշանաւոր շարժապատկերը 1931 թուականին պատրաստուածն է՝ Կրեթա Կարպոյի խաղարկութեամբ:

Բազմաթիւ են այն բոլոր գիրքերը, շարժապատկերները եւ բեմական ելոյթները, որոնք թէ՛ ուղղակի անոր մասին են, թէ՛ ներշնչուած անկէ, նոյնիսկ եթէ տարբեր անուններ ունին: Տիսոնըրտ (1931) դերասանուհի Մարլեն Տիթրիխ  կը մարմնաւորէ Մաթա Հարիի նման կին մը: Վերջերս պատրաստուած ակադեմական յօդուած մը «Նոթորիըս» եւ «Նորթ պայ ուեսթ» շարժապատկերները կը դասէ իբրեւ «Հիչքոքի Մաթա Հարի ժապաւէններ»՝ իրենց գործը յաջողութեամբ կատարելու նպատակով  սեռական յարաբերութիւն ունեցող լրտես կիներ ներառելուն համար: Իսկ այդ առասպելի վերջին երեւոյթն է յառաջիկայ տարուան  «Ռետ սփարրօ» շարժապատկերի ծանուցումի տեսահոլովակը, դերակատարութեամբ Ճենիֆըր Լորենսի՝ իբրեւ ռուս գործակալի, որ մարզուած է կիներ գայթակղեցնելու եւ սադրելու համար:

Եթէ այս պատկերացումներուն  մեծամասնութիւնը խելագար ձեւով սխալ է, կայ  որոշ արդարութիւն, այն չափով, որ Մաթա Հարիի կեանքին  պատմութիւնը  հիւսուած, զարդարուած է, որովհետեւ ան անձամբ ատոնց մէկ մասը ըրած է:

«Ան ստեղծագործութիւն մըն է սկիզբէն մինչեւ վերջ, թատերախաղի մը մէջ՝ կերպար մը, որ ան անընդհատ կրկնեց», կ՚ըսէ Մաթա Հարիի կենսագիր Փաթ Սիմսըն:

Մաթա Հարի իր անցեալին մասին երկար պատմութիւններ հիւսելու պարտաւոր էր, եւ ասիկա օգնեց, որ ինք վերածուի  առասպելական պատկերի. իւրայատուկ մարմնացում մը՝ սեռային կեանքի, գրաւչութեան, սադրանքի եւ վտանգի: Սակայն ատիկա նաեւ յանգեցուց անոր մահուան՝ 14 Հոկտեմբեր 1917-ին, 41 տարեկանին:

Ատիկա պարտադրանք մըն էր, որ ան ժառանգած էր Հոլանտայի  Լիյվորտնէ  քաղաքին մէջ գլխարկի խանութ մը ունեցող հօրմէն, Ատամ Զելէն, ծանօթ՝ իբրեւ՝ Պարոն: Հայրը քաջալերած է, որ աղջիկը՝ Մարկարեթա, ըլլայ  իրեն չափ վառվռուն, փայլուն: Բայց անոր շփացած մանկութիւնը կտրուկ աւարտեցաւ  դեռահաս տարիքին, երբ ծնողները բաժնուեցան, եւ մայրը մահացաւ: Հարազատներուն հոգատարութեան մնացած Մարկարեթան յաճախեց մանկավարժական հիմնարկ, բայց տարաձայնութիւններ եղան, որ յարաբերութիւններ ունեցած է տնօրէնին հետ: Մարկարեթա վտարուեցաւ, տնօրէնը՝ ոչ:

Դրամի անհրաժեշտութենէ մղուած՝ 18 տարեկանին  Ամսթերտամի մէջ 1895-ին ամուսնացաւ հոլանտացի 39-ամեայ զինուորի մը հետ: Սակայն հնազանդ կնոջ մը դերը խաղալը անոր համար անկարելի եղաւ: Ի  յայտ եկաւ, որ ամուսինը գինեմոլ եւ կնամոլ է: Երբ անոնց միակ տղան մահացաւ, ամուսնալուծուեցան 1902-ին: Գոյատեւելու համար ան անգամ մը եւս պիտի վստահէր իր սեւ աչքերուն, գեղեցիկ տեսքին եւ սեռային գրաւչութեան:

Փարիզ փոխադրուելով՝ սկսաւ նոր ասպարէզի մը՝ իբրեւ արձանագործի բնորդ եւ պարուհի, մեծ ժողովրդականութիւն վայելելով մանաւանդ հանրային վայրերու մէջ։

Սակայն բեմին վրայ իր մարմնաւորածը կեանքին մէջ եւս շարունակեց եւ ատիկա եղաւ ճակատագրական: Շրջագայեցաւ բազմաթիւ քաղաքներ: Երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսաւ, անտրամաբանական չէր, որ Ամսթերտամի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսը անոր առաջարկէ 20 հազար ֆրանք՝ ֆրանսական գաղտնիքներ գողնալու համար: Աւելի ուշ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնը Մաթա Հարիին առաջարկեց Ֆրանսայի համար լրտեսել: Մաթա Հարի ընդունեց՝ անտեսելով այն հանգամանքը, որ նման առաջարկ ընդունած էր թշնամիէն: Կա՛մ բացառիկ  խորամանկ էր, կա՛մ ալ շատ միամիտ: Բազմաթիւ ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ ան շատ միամիտ էր:

Թէեւ շատ քիչ բան ըրած էր՝ իբրեւ իսկական լրտես, սակայն դէպքերը տարբեր ընթացք ունեցան, բացայայտուեցաւ, դատուեցաւ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Գաղտնի գործակալ մը միշտ հակասական երեւոյթ է: Սակայն Մաթա Հարիի կախարդանքին եւ համբաւին միախառնումը կը բացատրեն, թէ  ինչո՛ւ վիպական լրտեսներ պարտական են անոր: Ճէյմս Պոնտը, ըստ էութեան, Մաթա Հարիի տղամարդ տարբերակն է, ոչ միայն զեխ ապրելակերպով, կիներու հետ ունեցած յարաբերութիւններով, այլեւ անզգոյշ է՝ գացած տեղը իր անունը յայտարարելով՝ «Պոնտ, Ճէյմս Պոնտ», ճիշդ այնպէս, ինչպէս Մարկարեթա կ՚ընէր 100 տարի առաջ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017