31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ

Ամէն տարուայ ամէն ամսուայ ամէն օրուայ պէս օր մըն է դեկտեմբեր 31-ը իր համար։

Այս տարի ալ, այդ օրը, կ՚արթննայ սովորականին նման, առանց որեւէ զգացումի, առանց որեւէ կիրքի կամ նպատակի։ Աչքերը կը բանայ, ամէն օրուայ պէս՝ նախ եւ առաջ առաստաղը կը տեսնէ, անկիւնի խոնաւութեամբն իր եւ զեփիւռի տակ շարժող վարագոյրին նետած շուքովն օրօրուող։ Ամէն ինչ գեղեցիկ է նորէն, ըստ սովորականին։ Բայց ոչինչ կայ իմաստալի, ոչինչ արժանի իր աչքին, ինչպէս միշտ։

Հեռախօսը երեքշաբթի կ՚ըսէ. երեքշաբթին՝ բան չ՚ըսեր իրեն։

Դրական տրամադրութեամբ կ՚ուղղէ մէջքը, կը նետէ ոտքերը վար, կ՚անցընէ զանոնք մաշիկներուն, կ՚ուղղուի դէպի խոհանոց։ Քիչ անց, կը վերադառնայ, տաք սուրճի բաժակ մը ձեռքին։ Սուրճը այդ բաւարար է, որ գոհ ըլլայ ինք։ Ուրախ՝ գրեթէ երբեք, բայց գոհ է ընդհանրապէս։ Ոչնչութեան, կրկնութեան, կեանքի անցումին՝ հանդարտ գոհունակութեամբ կը հակազդէ։

Դուրսէն Կաղանդի երգերով  ինքնաշարժ մը կ՚անցնի. պատուհանին տակ քիչ մը երկար կը մնայ։ Պատուհանը կը փակէ, ձայնը կը խուլանայ, յետոյ կը հեռանայ, ամբողջովին կ՚անհետանայ։ Կը բանայ պատուհանը, սուրճէն առաջին ումպ մը քաշելով կը նստի գրասեղանին։ Աջ անկիւնին դրուած Նիցչէի բաց գիրքը կը գոցէ, ցուցամատով կը շոյէ կաշին կողքին։ Յետոյ կը բանայ տետրակը, կարդալու համար այն ինչ գրեր էր երէկ ուշ, շատ ուշ ժամերուն։

գիշերը զիս հանեց տեղէս

պատշգամին դուռը բացած՝
հարցումներ կը նետէ ներս հիմա

մութին մէջէն կ՚անցնի մէկը
ո՞ր թաղամասը կ՚երթայ

լուսաբացին ի՞նչ կեանքի մէջ սուզուելու

կին մը Էդիկ կը կանչէ
հովը փեղկ մը կ՚ագացէ
վերջին լոյսը՝ պատուհան մը
աչք կը թարթէ կ՚անցնի քունի

Հեռուն, մութին, դանդա՜ղ
Սովետական հին շէնք մը գիծեր կ՚առնէ
"չես ճանչնար զիս" կ՚ըսէ ինծի։

Չի դժգոհիր. գէշ չէ, կը մտածէ։ Մէկ-երկու տուն ալ գար՝ ամբողջական բանաստեղծութիւն կրնար դառնալ, կը մտածէ։ Բայց ինչո՞ւ։ Ինչո՞ւ ամբողջացնել, ինչո՞ւ լրացնել, ինչո՞ւ դարձնել վերջնական, երբ ոչինչ է մշտական ու ոչինչ է ազդող ընթացքին վրայ այս կեանքի։ Ամէն ինչի վերջ ու սկիզբ դնելու մարդկային այս մոլուցքն ի՞նչ է, կը մտածէ. ինչո՞ւ տարեվերջ, եւ ինչո՞ւ նոր տարի։

Թուղթը ոչ կը պատռէ, ոչ կը պահէ որ աւարտին հասցնէ։ Կը դնէ անկիւնը, հաւաքուած բազմաթիւ այլ թուղթերու, բազմաթիւ այլ սկսած, կիսատ մնացած, կամ թէկուզ վերջացած գործերու կոյտին վրայ, որ անցնի ան ալ՝ պատմութեան գիրկը, ինչպէս բոլորս, ինչպէս ինք, ինչպէս ես, ինչպէս Կաղանդի երաժշտութիւն սփռող այդ ինքնաշարժի վարորդն ու ընտանիքի անդամները անոր։

Սուրճն ու հանգստեան ժամանակը վերջացեր են սակայն։ Փախուստի ժամն էր արդէն։ Պատշգամը կախ-ւած տաբատը պէտք է առնէ ներս, անցընէ բարակ սրունքները մէջէն, նայի ինչպէս ոտքերը մէկ մէկ դուրս կը ցցուին, խրէ զանոնք գինեգոյն գուլպաներուն մէջ, յետոյ ամբողջն այդ՝ սրճագոյն կօշիկներուն, եւ երէկուընէ ի վեր չբացած պայուսակը ձեռքն առած դուրս գայ տունէն, դուռը թեթեւ ետեւէն քաշելով։

Շէնքէն դուրս գալուն պէս, արագ քալող մարդ մը ուսովը կը զարնուի իրեն։ Կը ցնցուին երկուքն ալ։ Կը շտապեն իրարմէ ներողութիւն խնդրել, ձեռք կ՚երկարեն իրարու ու ցաւոտ կը ժպտան։ Մարդը նոյն խենթ աճապարանքովը կը վերադառնայ իր ընթացքին։ Մեր հերոսը, չի գիտեր ինչու, ներքին զգացում մը կ՚ունենայ առ այն, որ այդ մարդն այն Էդիկն է, զոր երէկ գիշեր կին մը կը կանչէր։ Իր ամէնօրեայ աջն ընելով, կը թեքուի դէպի շոգեկառքի ճանապարհ, Էդիկին մասին մտածելով։

Էդիկն ինչո՞ւ կը շտապէ։ Ինչո՞ւ որ։ Նոր տարուայ օր համարուող այս օրով, այս ո՞ւր կը շտապէ։ Խնդիր մը, բան մը ըլլալու է անպայման։ Իրեն ուղղուած գիշերային կանչն այդ, արտասովոր էր։ Բայց ի՞նչ կրնար ըլլալ, ի՞նչ անդառնալի բան, որուն ետեւէն արժէր շտապել։ Կինը ծննդաբերե՞ր էր գուցէ։ Նոր տարի, նոր էակ։ Նոր էակ, նոր կեանք։ Նոր կեանք, նոր քաշքշուկ, քաշքշուկ, ու նոր մահ։ Ինչո՞ւ կը շտապէք, այս ո՞ւր կը շտապէք։ Եւ իր մէկ ուրիշ գրածը կը յիշէ՝

Տունդարձի մութ մայթերուն
դէմքդ ծեծող քամի

Ուսերուդ հանգիստ գտնող
Երկու ջերմիկ ձեռք

Ականջիդ տակ ռիթմահարող
հեւոց, հոգոց, ծիծաղ

Սեղանի լերկ մակերեսին
երկու բալի կուտ

Ներկաթափող նստարանին
ոչինչ

հազար ու մէկ կապ
հազար ու մէկ լարում
հազար ու մէկ ցաւ
հազար ու մէկ մարում
հազար ու մէկ սէր
հազար ու մէկ հեւք
հազար ու մէկ դադար
հազար ու մէկ ոչինչ
է կեանքը

Հասած է արդէն գնացքի կայարան։ Կը նայի պատէն կախուած ժամացոյցին. ութ վայրկեան սպասում։ Ուրիշը թերեւս ձանձրանար պիտի։ Բայց ինք ութ վայրկեան կեանք է, որ կ՚ապրի եւ կը ներծծէ։ Այնքա՛ն բան կայ շուրջը, ոչնչութեան մէջ այդ, սովորականին մէջ, ամէնօրեային։ Կողքի կնոջ հագած կօշիկներէն ու անոնց մէջ գրեթէ պայթող ոտքերու կապտած երակներէն սկսած, մինչեւ ճնճղուկն այդ, որ յամառօրէն քամիին դէմ կը պայքարի, ինկող ճիւղերն իր բոյնին մէկ մէկ ետ վեր հանելով։

Եւ կ՚անցնի ութ վայրկեանն ու կը հասնի գնացքը։ Ինչպէ՞ս այդքան արագ. ժպիտով կ՚ընդունի փաստը։ Եւ կը սուրայ շոգեկառքը մինչեւ լիճ, որ ձիւնածածկ է հիմա։ Կ՚իջնէ վակոնէն, ուրախութեամբ կը նայի ձիւնակռիւով տարուած խումբ մը երեխաներուն։ Կռիւ է կեանքը, կը մտածէ։ Եւ ձիւնոտ արահետով կը քալէ դէպի գիւղն այդ, որ իր ու իր խոհերու ժամադրավայրն է՝ ամէն տարուայ օրն այս, զոր վերջինը կը համարեն տարի կոչուածին։

Գիւղի մուտքին, ձեռքերը շփելով իրեն կը մօտենայ աղջիկ մը փոքրիկ։ Յիշեր է զինք։ Կը մօտենայ, ժպիտով ու հետաքրքրութեամբ կը դիմէ իրեն։ Շնորհաւոր Նոր տարի՜։ Կը ժպտի հերոսը մեր, եւ սէր կու տայ աչքերով։ Անպատասխան մնացած մաղթանքն աղջկան հետաքրքրութիւնն աւելի կը շարժէ։ Աղջիկը կը լրջանայ, կը հարցնէ։

-Այս գիւղի մէջ ո՞վ ունիք։

-Ոչ ոք։

-Ինչու՞ կու գաք այս գիւղ ամէն նոր տարի։

-Փախուստի։

-Նոր տարին որո՞ւն հետ կ՚անցընէք։

-Չեմ անցըներ։

-Մեղք էք...

Հերոսը մեր կը լռէ։ Կը նայի աղջկան դէմքին, կը յիշէ մանկութիւնն իր, կը յուզուի։ Դանդաղ կը ծռի, համեստ համբոյր մը կը դնէ աղջկան գլխին ու կը շշնջայ.

-Լաւ օր քեզի, լաւ օր քեզի ամէն օր...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019