ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԹԵՄԸ

«Առաջին պահէն արդէն վայելեցինք ուշադիր եւ յարգալից վերաբերմունքը Իրաքեան Հանրապետութեան, եւ վկայութիւնը պիտի տանք այն բոլոր պայմաններուն եւ ազատութիւններուն, զորս կը վայելեն մեր եկեղեցին եւ հայ համայնքը այստեղ»
ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

ԹԵՄԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Բացառիկ յաջողութիւն մըն է արդարեւ, շրջանի քաղաքական շատ անկայուն վիճակին մէջ, Իրաքի թեմի նորագոյն եկեղեցւոյ կառուցումն ու օծումը 2019 թուականի ապրիլի 6-ին, Սուրբ Աստուածածնի Աւետման նախատօնակին, Էրպիլի մէջ, ձեռամբ թեմի բազմարդիւն առաջնորդ Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանին, որ նորաշէն եկեղեցին անուանեց Հայաստանեայց Սուրբ Խաչ եկեղեցի, դասական ճարտարապետութեամբ եւ տարածուն բոլորաձեւ գմբէթով՝ իր կողքին մշակութային կեդրոնով։ Օծման արարողութեան ներկայ եղած են հինգ թեմակալ եպիսկոպոսներ՝ Եւրոպայէն, Եգիպտոսէն ու Դամասկոսէն, նաեւ ներկայացուցիչ մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Սոյն բացառիկ առիթը երջանիկ ազդանշանը հանդիսացաւ մեր այս պատմական հետազօտութեան, զոր որպէս բացման խօսք կ՚ընծայեմ Իրաքահայ թեմին եւ առաջնորդ Աւագ Սրբազանին, իմ սրտագին շնորհաւորութիւններով։

ՀԱՅԱԶԳԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ

Ուղիղ 382 տարիներ առաջ, երբ Օսմանեան բանակը Պաղտատը գրաւեց, հայազգի հրամանատար սեբաստացի Գէորգ Նազարէթեան, ծանօթ նաեւ Գոգ Նազար անունով, կարեւոր բաժին ունեցած էր քաղաքի գրաւման մէջ, որ յարմար առիթը գտնելով խնդրած էր սուլթան Մուրատ Չորրորդէն՝ Պաղտատի հայութեան համար նուիրել եկեղեցիի եւ գերեզմանատան հողաշերտ մը։ Սուլթանը նախ արտօնած է հայոց գաղթը դէպի Միջագետք, ապա Պաղտատի հիւսիսը հողաշերտ մը նուիրած է հայկական եկեղեցիի մը կառուցման համար։ Նազարէթեանի ջանքերով շուտով 1640 թուին հայեր կառուցեցին իրենց Ս. Աստուածածին առաջին եկեղեցին, որ կանգուն է մինչեւ այսօր։ Հոն կը պահուին Սուրբ Քառասուն Մանկանց մասունքներէն, զորս Նազարէթեան իր հետ բերած էր Սեբաստիայէն, ուր Սուրբերը 320 թուկանին նահատակուած էին սառած լիճին մէջ։ Իրաքի հին հայ եկեղեցիներէն մին եղած է նաեւ Պասրայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ կառուցւած 1736 թուին, աղա Պետրոս Սեթաղայեանի նպաստով։

ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

1830 թուականէն սկսեալ հայեր բնակած են Մուսուլի մէջ, գաղթելով Սղերդէն, Տիգրանակերտէն, Էրզրումէն եւ Կիլիկիայէն ու հաստատած տեղւոյն համայնքը՝ գլխաւորութեամբ Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեանի եւ իր հօրենական քահանայական սերունդներու շարունակութեամբ, հասնելով մինչեւ Պատրիարք Սրբազանի հօր՝ Տ. Աւետիս Ա. Քահանայ Տէր-Եղիայեանի, բնիկ սղերդցի, որ Մուսուլի մէջ կը յաջորդէր իր եղբօր՝ Տ. Յակոբ Քահանային, որ եղած է Մուսուլի առաջին հոգեւոր հովիւը 1857 թուին։

Նախնագոյն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 1845-ին Իրաքահայ թեմի մայր եկեղեցին եղաւ Տ.Տ. Ներսէս Ե. Աշտարակեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, անցնելով Մայր Աթոռի հովանիին ներքեւ։ Առաջին պատեհութեամբ երկու տարի ետք Պոլսոյ Պատրիարքութենէն որպէս առաջին թեմակալ առաջնորդ ղրկուեցաւ Տ. Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ, որ իսկոյն գործի լծուելով՝ 1852 թուին երկրորդ եկեղեցի մը կառուցանել տուաւ յանուն Սուրբ Երրորդութեան, բարերարութեամբ Ծաղիկ Խաթունի։ Մեսրոպ Ծ. Վարդապետ ձեռնարկեց նաեւ կառուցման եկեղեցւոյ կից դպրոցաշէնքի մը, զոր կոչեց Սրբոց Թարգմանչաց վարժարան։ Կրթական գործին զարկ տուողը եղած է իրաքահայոց յայտնի եւ յարգելի Միհրան Հրաչեայ Սվաճեան, որ 1876-ին Պոլսէն Պաղտատ գալով, 1890-ին հիմնեց Զապէլեան աղջկանց վարժարանը։ Սվաճեան Պաղտատ երկար մնաց կրթական աշխատանքի իր պարտականութեան վրայ, մինչեւ 1915-ի Մեծ Եղեռնի տարին։

ԱՐՄԱՇԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

1915-ին, հայեր թիւով մօտաւորապէս 20 հազար, Վասպուրականէն Պաղտատի արեւելքը գտնուող Պաքուպա քաղաքը ապաստանեցան, նախ բնակելով վրաններու տակ, անգլիացի զինուորներու կարգադրութեամբ։ Անոնց բնակութիւնը իսկոյն մնայուն դառնալով, անոնք ուռճացուցին Պաղտատի, Պասրայի եւ Մուսուլի հայերուն միացեալ 25 հազարի հասնող թիւը։ Զինադադարէն առաջ Պաղտատի հայ համայնքը հովուեցին արմաշական Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեանի հովանաւորութեամբ՝ նախ Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան, ապա Մուշեղ Եպսկ. Սերովբեան։

Զաւէն Պատրիարքը Իրաքի զաւակ էր, ծնած Մուսուլ, աւարտած Արմաշի դպրեվանքը եւ որպէս անդրանիկը բոլորին շուտով եպիսկոպոս ձեռնադրուելով Տիարպաքըրի եւ Վանայ առաջնորդական պաշտօններէն ետք 1914 թուին կը բարձրանար Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռ։ Միջանկեալ երեք տարիներ Պատրիարքը աքսորուեցաւ իր ծննդավայրը, սակայն 1919-ին վերադարձաւ Պոլիս, իր պաշտօնին։

Զաւէն Պատրիարքի օրով, 1917-ին Առաջին համաշխարհային պատերազմին հետեւանքով կը հաստատուէր ամերիկեան նպաստամատոյցը Պաղտատ, ուր ինք եւս ժամանակաւորապէս աքսորուած էր։ Նպաստամատոյցը ազգային իշխանութեան օժանդակութեամբ եւ Պատրիարք Հօր միջնորդութեամբ Տէր Զօրէն Պաղտատ փոխադրել կու տար հազարաւոր հայ որբեր, որոնցմէ շատեր Երուսաղէմ եւ Եգիպտոս կը փոխադրուէին։ Իսկ 1921-ին վասպուրականցի գաղթականներէն շուրջ 8 հազար հոգի Պաղտատէն Հայաստան ներգաղթեցին։

ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոս 1921-ին Իրաքի թեմին տեղապահ կը կարգէր Էջմիածնի միաբաններէն Ռուբէն Ծ. Վրդ. Մանասեանը, որ 1928-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուելով՝ կը ստանձնէր թեմակալի պաշտօնը։ Մանասեան Եպիսկոպոս իր պաշտօնին վրայ կը մնար մինչեւ 1944 թուականը՝ թեմին կազմաւորման կարեւոր նպաստ բերելով։ Յաջորդող թեմակալները կ՚ըլլային Զգօն Եպիսկոպոս Տէր-Յակոբեան, Ասողիկ Արքեպիսկոպոս Ղազարեան եւ Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեան, որ կը պաշտօնավարէ ներկայիս բոլորէն շատ աւելի երկար տարիներ՝ յաջորդելով Ասողիկ Արքեպիսկոպոսին։ Երեքն ալ եպիսկոպոսութեան կը բարձրանային Տ. Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի ձեռամբ։

ԱՍՈՂԻԿ ԱՐՔ. ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ ՎԱՍՏԱԿԸ

Վերջին շրջանի Իրաքի թեմին բազմարդիւն առաջնորդը եղաւ Ասողիկ Արքեպիսկոպոս Ղազարեան, Մայր Աթոռի լուսարարապետն ու նախկին Հեռաւոր Արեւելքի հայրապետական պատուիրակը, որ թեմակալ առաջնորդ կ՚ընտրուէր 1966 թուին։ Տարի մը ետք, Ասողիկ Սրբազան հիմնովին վերանորոգել կու տար Պաղտատի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին, միեւնոյն ատեն կը կառուցուէին Պասրայի, Մուսուլի եւ Քերքիւքի հայ դպրոցները։ 350 տարիներու հնութիւն ունէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ հիմնովին քանդուելով նոյնութեամբ վերակառուցուեցաւ Արամ Ղարապեանի բարերարութեամբ։

1968-ի տուեալներով՝ Իրաքի հայութեան թիւը 18 հազարի կը հասնէր եւ առաջնորդին ջանքերով կրթական ու մշակութային կարեւոր ձեռնարկներ կեանքի կը կոչուէին 1600 աշակերտներու ցանցով մը։ Իսկ 1970 թուին Ասողիկ Արքեպիսկոպոսի ջանքերով Պաղտատի հայոց Մելինէ-Դանիէլ Իսկենտէր ազգապատկան ծերանոցն ու անոր կից Ս. Կարապետ մատուռը կը կառուցուէին, որուն օծումը ինք կը կատարէր 1973 թուին։

Տ.Տ. ՎԱԶԳԷՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ԹԵՄԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետը յիշեալ բարեդէպ եւ ազգապարծան կառուցումներէն ետք, պատմութեան մէջ առաջին կաթողիկոսը ըլլալով 1978 յունուար 28-էն փետրուար 9-ը, առաջնորդ Ասողիկ Արքեպիսկոպոսին եւ Թեմական խորհուրդին հրաւէրով հայրապետական այցելութիւն կը շնորհէր Իրաքի թեմին «ուր 1630-ական թուականներից սկսած անընդմէջ ապրում են մեր ժողովրդի թանկագին բեկորները», ինչպէս «Էջմիածին» ամսագիրը կը նշէր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բարձր կը գնահատէր անձնուէր եւ բազմարդիւն աշխատանքը առաջնորդ Ասողիկ Սրբազան Հօր, որ սակայն Հայրապետի այցելութեան շրջանին ծանր հիւանդութեամբ հիւանդանոցը կը խնամուէր։ Վազգէն Հայրապետ երկիցս հիւանդանոց իրեն այցի գացած է, երբ արդէն Սրբազանը մահամերձ՝ անյոյս վիճակի մատնուած էր։

Հայրապետական շքախումբին մաս կը կազմէին Լոնտոնէն Տ. Պսակ Արքեպս. Թումայեան, Մայր Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Յուսիկ Եպսկ. Սանթուրեան, գաւազանակիր Տ. Մոմիկ Վարդապետ Սարգիսեան եւ «Էջմիածին» ամսագրի խմբագիր Արթուն Հատիտեան։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իրաքի կառավարութեան հիւրն ըլլալով, պետական անձինք օդակայան եկած էին զինք առաջնորդելու Տիգրիսի ափին Ալ-Մանսուր պալատը՝ հոն իջեւանելու համար։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր շքախումբով եւ իրաքահայ թեմական ազգայիններուն առաջնորդութեամբ առաջին պատեհութեամբ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տար Իրաքի նախագահական պալատ, ուր կ՚ընդունուէր նախագահ Սատտամ Հիւսէյինի կողմէ։ Հայրապետական տնօրինութեամբ Միացեալ Նահանգներէն Պաղտատ իր ծննդավայրը ժամանած էր նաեւ Տ. Աւագ Վարդապետ Ասատուրեան։ Հայրապետին մտադրութիւնն էր իրաքահայ միակ այս հոգեւորականը Ասողիկ Արքեպիսկոպոսին յաջորդը նշանակել։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դիմաւորելու եկած էին Ազգային իշխանութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հասրաթ Միքայէլեանի, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր, Վատիկանի ներկայացուցիչը, Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Յովհաննէս Արք. Գասպարեանն ու Սուրիանի Զաքիա Էյվազ Արքեպիսկոպոսը։ Օդակայանին մէջ Հայրապետին գալուստը կ՚ող-ջունէր Իրաքի Արտաքին գործոց նախարար Խալիլ պէյը։

Հրաշափառ շարականի երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին մուտք կը գործէր եւ յանուն հիւանդ առաջնորդ Ասողիկ Արք. Ղազարեանի, բարի գալստեան խօսք կ՚ուղղէին նախ Պսակ Արքեպիսկոպոս եւ ապա ատենապետ Միքայէլեան, որոնց Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքն ու պատգամը կը փոխանցէր իր «առաջին անգամն ըլլալով գալու քաղաքակրթութեան այս հնագոյն օրրաններէն մէկը», յորդորելով որ 1915-ի օրերէն Իրաք հաստատուած սերունդներու զաւակները պահեն իրենց կրօնական հաւատքը, հայ եկեղեցին ու մայրենի լեզուն, միաժամանակ մնալով երկրին հաւատարիմ քաղաքացիները։

Առաջին առիթով նաեւ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնելով Թեմակալ առաջնորդ Ասողիկ Սրբազանի առողջութեան մասին՝ կ՚ըսէր. «Այս պահուն այստեղ չենք տեսներ Ասողիկ Արքեպիսկոպոսը, աղօթելով որ բարելաւուէր իր առողջական վիճակը»։ Հայրապետը կ՚այցելէր Սուրբ Գրիգոր Լուսաորիչ մայր եկեղեցի, որ կառուցուեր էր 1954-58 թուականներուն՝ Ռուբէն Արքեպիսկոպոս Մանասեանի առաջնորդութեան օրով եւ օծումն ալ կատարեր էր Զգօն Եպիսկոպոս Տէր-Յակոբեան։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ

Վազգէն Հայրապետ փետրուար 3-ին Ս. Պատարագ մատոյց Պաղտատի հայոց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր խուռներամ բազմութեան քարոզեց «զհոգին մի՛ շիջուցանէք» բնաբանով։ Պատարագին կը սպասարկէին Պսակ եւ Յուսիկ Արքեպիսկոպոսները։ Իր քարոզին մէջ Հայրապետը կրկին աղօթեց Ասողիկ Սրբազանի առողջութեան համար։ Տողանցելով հայոց պատմութեան հանգրուաններէն՝ կ՚ըսէր. «անհունապէս մխիթարուած ենք տեսնելով նորակառոյց այս սուրբ տաճարը, շնորհիւ Իրաքի բարեխնամ կառավարութեան ընձեռած բոլոր դիւրութիւններուն»։ Փետրուար 5-ին Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Գասպարեան իր առաջնորդարանին մէջ ճաշկերոյթով մը կը պատուէր Հայոց Հայրապետը, իսկ յաջորդ օր Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը իր ակումբին մէջ գեղարուեստական յայտագիր մը կը հրամցնէր Վեհափառ Հայրապետին, ի ներկայութեան աւելի քան հինգհարիւր ներկաներու՝ ղեկավարութեամբ Պարոյր Յակոբեանի։

Իր հովուապետական պատմական այցելութիւնը աւարտելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կը վերադառնար յաջորդ օրը, անհունօրէն մխիթարելով իրաքահայ համայնքի իր զաւակները։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020