ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՔՈՐՈՆԱՅԷՆ ԵՏՔ. ԱՐԱԲԱԳԷՏ ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Ինչպիսի Միջին Արեւելք մը պիտի բացուի մեր աչքերուն առջեւ՝ քորոնաժահրի համաճարակի թափի նուազման զուգահեռ եւ կամ անոր նախորդած հիմնահարցերը, բարդութիւնները եւ տագնապները պիտի շարունակուի՞ն։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր պատկերին վրայ առաւել չափով ուշագրաւ էին Սուրիոյ, Իրաքի եւ յատկապէս Եմէնի խնդիրները, որոնք մինչեւ հիմա ալ հեռու են ամբողջական լուծումէ։ Յստակ է, սակայն, որ գոնէ Սուրիոյ մէջ առկայ դրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեծ պատերազմներու ընդհանուր ժամանակները այլեւս կը պատկանին անցեալի, իսկ Իրաքի ընդհանուր պատկերը կը ցոլացնէ, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ Իրան հակուած չեն Իրաքի մէջ մեծ լարուածութիւններու դուռ բանալու։ Այս բոլորէն անդին կան պարագաները՝ Լիպիոյ, Եմէնի եւ Լիբանանի, ուր վերջին շրջանին եւ համաճարակի յաջորդելիք փուլին կը սպասուին ծանրակշիռ զարգացումներու։

Ամէն պարագայի, այս բոլորին մասին իմ ընթերցողները առաւել իրազեկելու նպատակով անոնց ուշադրութեան կը յանձնեմ հայրենի հմուտ արաբագէտ՝ Արմէն Պետրոսեանին հետ վերջերս կատարուած հարցազրոյց մը։ Արեւմտահայերէնի վերածուած հարցազարոյցը կատարած է Վարդուհի Մկրտիչեան եւ այն հրապարակուած է՝ «Արմինիա Թուտէյ» կայքէջին մէջ։ 

-Պարոն Պետրոսեան, ինչպիսի՞ն է քորոնաժահրով պայմանաւորուած իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկեն տարածքաշրջանի երկիրները համաճարակը յաղթահարելու ուղղութեամբ։

-Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանը նոյնպէս զերծ չէ քորոնաժահրով պայմանաւորուած համաշխարհային մարտահրաւէրէն ու բոլոր երկիրներու մէջ արդէն իսկ արձանագրուած են վարակի դէպքեր, նոյնիսկ Եմէնի մէջ, որ տարածքաշրջանի վերջին երկիրն էր, ուր դէպք չէր արձանագրուած, վարակի մէկ դէպք արդէն հաստատուած է։

Տարածքաշրջանի առաւել մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող երկիրներէն պէտք է առանձնացնել Իրանը, Թուրքիան, Եգիպտոսը։ Իրանի մէջ համավարակի տարածումը սկսած է ընթացիկ տարուան փետրուարին եւ վարակի գագաթնակէտը՝ իրանական կողմի տարածած տուեալներու համաձայն, յաղթահարուած է, իսկ Եգիպտոսի պարագային համավարակի գագաթնակէտը դեռ յառաջիկային է։

Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ շուրջ 3.4 տասնեակէ աւելի դէպք արձանագրուած է։ Սուրիոյ պարագային կը նկատուի իրավիճակի վերահսկելիութիւն, որովհետեւ իշխանութիւնները, նոյնիսկ մինչեւ վարակի մուտքը երկիր, լուրջ միջոցառումներ իրականացուցած էին։ Սուրիոյ կապը արտաքին աշխարհին հետ կ՚իրականացուի հիմնականին Դամասկոսի օդակայանով եւ արտերկրէն եկած բոլոր ուղեւորները պարտադիր մեկուսացման կ՚ենթարկուին։ Ի հարկէ, խօսքը Սուրիոյ այն շրջաններու մասին է, որոնք կը վերահսկուին կառավարութեան կողմէ։ Որոշակի վերահսկելիութիւն կը նկատուի նաեւ Լիբանանի մէջ․ վերջին քանի մը օրերուն այս երկրին մէջ դէպքերը ակնյայտօրէն նուազած են։

Տարածքաշրջանին մէջ կան նաեւ վարակի դէմ պայքարին կապակցութեամբ յաջողած փորձեր։ Այս պարագային կրնանք առանձնացնել Յորդանանի փորձը․ միանշանակօրէն կրնանք փաստել, որ առկայ իրավիճակին մէջ, այդ երկրի իշխանութիւնները կը վերահսկեն իրավիճակը։ Այդ պայմանաւորուած է Յորդանանի իշխանութիւններու համավարակի տարածումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ իրականացուցած քայլերով։

Իսրայէլի մէջ, հակառակ վարակի տարածման, առողջապահական առումով իրավիճակը վերահսկելի է, երկիրը կ՚ընթանայ ամբողջական հետազօտման ճանապարհով, մահերու եւ վարակակիրներու միջեւ յարաբերակցութիւնը մէկ տոկոսէն ալ ցած է։

Արաբական երկիրներէն կարելի է առանձնացնել օրինակը Քուէյթի, ուր, հակառակ վարակակիրներու թիւին, ամենաքիչ մահուան դէպքները արձանագրուած են։ Որոշակի վերահսկողութիւն կայ նաեւ Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։ Կարծես թէ իրավիճակը անվերահսկելի կը թուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ։

Ընդհանուր առմամբ, գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ ալ կ՚իրականացուին ամբողջ աշխարհին ընդունուած մօտեցումները, հիմնական սահմանափակումները ինչպէս քաղաքացիներու, այնպէս ալ արտաքին աշխարհի հետ կապի տեսքով, ընկերային տարբեր խումբերուն կը ցուցաբերուի աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը կանխատեսուող ցնցումներէն փրկելու նպատակով կ՚իրականացուին որոշակի միջոցառումներ եւ այլն։

-Օրեր առաջ տեղեկութիւններ եղան, որ թուրք ոստիկաններ Իտլիպի մէջ որոշ գործողութիւններ ձեռնարկած են։ Համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակով Մերձաւոր Արեւելքի եւ Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ զարգացում ակնկալել։

-Սուրիոյ մէջ իրավիճակի լուրջ սրում չկայ եւ Թուրքիոյ գործողութիւնները՝ մարտի սկիզբին Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շրջագիծէն ներս են։ Իսկ Իտլիպի մէջ ռազմական ոստիկանութեան գործողութիւնները ուղղուած են՝ թրքական կողմին առջեւ յառաջացած խնդիրներու լուծման։ Ինչպէս գիտենք, թուրք եւ ռուս զինուորականները համաձայնած էին կատարել M4 միջազգային ճանապարհի իրավիճակի մշտադիտարկում։ Այնտեղ վերջերս տեղի ունեցած են բողոքի գործողութիւններ, որոնք իրականացուած են սուրիական ընդդիմադիր, Թուրքիոյ կողմէ վերահսկուած զանազան խմբաւորումներու կողմէ։ Թրքական ոստիկանութեան գործողութիւնները միտուած են այս բողոքի ցոյցերը կասեցնելու եւ մշտադիտարկման գործողութիւնները ի վերջոյ աւարտին հասցնելու։

Թուրքիա, ըստ էութեան, Ռուսաստանի հետ ստանձնած պարտաւորութիւնները իրականացնելու համար կ՚երթայ նման քայլի մը՝ օգտագործելով նաեւ ռազմական ոստիկանութեան ուժերը։ Անշուշտ, Թուրքիա օգտուելով իրավիճակէն՝ պիտի փորձէ աւելցնել նաեւ ռազմական յենակէտերը Սուրիոյ մէջ ու բարձրացնել զինուորականներու թիւը։

Ընդհանուր առմամբ, պարզ է, որ համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակը որքան որ շարունակուի՝ այնքան տարածքաշրջանի խնդիրները երկրորդ գիծի վրայ պիտի մղուին, որովհետեւ պետութիւնները ստիպուած են սեփական տնտեսական, ընկերային խնդիրները լուծել։ Ի հարկէ, կարգ մը երկիրներու պարագային չի բացառուիր, որ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար իշխանութիւնները դիմեն արտաքին օրակարգով սրացումներու՝ փորձելով շեղել սեփական հասարակութիւններու ուշադրութիւնը։ Հակառակ, որ կարգ մը երկիրներու կողմէ հաւանական են միտումնաւոր տեղային սրացումներ, այդուհանդերձ, ընդհանուր առմամբ, առնուազն մինչեւ տարեվերջ, հակամարտութիւնները հազիւ թէ լայն ծաւալ ընդգրկեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

-Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով նախատեսուած լուրջ տնտեսական ճգնաժամը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

-Հարցին աւելի առարկայական պատասխանելու համար պէտք է յստակ գնահատական մը ըլլայ, թէ որքան պիտի շարունակուի այս իրավիճակը, իսկ համավարակային մարտահրաւէրներու պարագային նման գնահատականները անհնարին են։ Ակնյայտ է, որ տակաւին քանի մը ամիս, եթէ ոչ աւելի, այս անորոշութիւնը կրնայ շարունակուիլ եւ ունենալ շարք մը հետեւանքներ։ Ի հարկէ, զանազան երկիրներու մէջ տարբեր ձեւաչափերով պիտի ըլլան այդ հետեւանքները։ Բացի ընկերատնտեսական ոլորտէն, արդէն իսկ շարք մը երկիրներու մէջ կը նկատուին համավարակային իրավիճակի կառավարման առընչութեամբ խնդիրներ։ Շարք մը երկիրներու մէջ թէ՛ համավարակի կանխման ու վերահսկման հարցերը եւ թէ անոնց յաղթահարումէն ետք ստեղծուելիք իրավիճակը կրնան պատճառ դառնալ կառավարութիւններու եւ կառավարման համակարգերու համար լուրջ խնդիրներու։ Կան երկիրներ, որոնք առայժմ յաջողած են եւ կան երկիրներ, որոնք առաւելապէս ձախողած են․ օրինակ՝ Իրանի մէջ տնտեսական առումով շատ լուրջ խնդիրներ կան, նոյնիսկ համավարակի տարածման շրջանին իշխանութիւնները, այլընտրանք չունենալով, կ՚ընթանան սահմանափակումները աստիճանաբար դադրեցնելու ճանապարհով։ Բարդ է կանխատեսել Թուրքիոյ իրադարձութիւնները։ Լիբանանի մէջ, թէեւ համաճարակի տարածումը առայժմ վերահսկելի փուլի մէջ է, սակայն, տնտեսական իրավիճակը բաւականաչափ խնդրայարոյց է։ Այդ երկիրը «թերացում» յայտարարած է եւ բնակչութեան 50 տոկոսէն աւելիին կենսամակարդակը աղքատութեան շեմէն ցած է։

Ընդհանուր առմամբ, կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան եւ այդ ազդեցութեան ծաւալը հնարաւոր պիտի ըլլայ պարզել՝ հաշուի առնելով, թէ որքան պիտի տեւէ առկայ անորոշութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020