ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԸ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՇԻՌԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՆԵՐՈՒԺԸ - Բ -

-Այս ոլորտը ինծի համար բաւական նոր է։ Հանքարդիւնաբերութեան մասին երբ սկսայ կարդալ, նկատեցի, որ վերջին ժամանակներուն Հայաստանի մէջ շատ կը շեշտուի «Կայուն զարգացում» հասկացողութիւնը։ Կրնա՞ք հակիրճ ձեւով ներկայացնել զայն եւ ան ի՞նչ բանով կապուած է հանքարդիւնաբերութեան հետ։

-«Կայուն զարգացում»ը բացի հանքարդիւնաբերութենէ, առընչուած է բազում ոլորտներու հետ։ Այսօր «Կայուն զարգացման» մասին կը խօսին բոլոր ոլորտները՝ գիւղատնտեսութիւնը, կտաւագործութիւնը, ծանր արդիւնաբերութիւնը, թեթեւ արդիւնաբերութիւնը եւ այլն։ «Կայուն զարգացում»ը հետեւեալի մասին է. այնպէս մը կառավարել ձեր գործունէութիւնը, որուն արդիւնքով վնասները աւելի քիչ ըլլան եւ օգուտները՝ հնարաւորինս շատ։ Վնասները փոխակերպուին օգուտներով՝ համայնքի համար, հասարակութեան համար, մոլորակի համար եւ ուր որ հնարաւոր է։ «Կայուն զարգացում»ը այն մասին է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կառավարել ընկերային ազդեցութիւնը, որպէսզի այդ մէկը դրական ըլլայ, ինչպէ՛ս կառավարել բնապահպանական ազդեցութիւնը ո՛չ միայն հանքարդիւնաբերութեան, այլ՝ բազում զանազան ոլորտներու մէջ։ Մեզի կը թուի, որ հանքարդիւնաբերութիւնը ի սկզբանէ խոցելի ոլորտ է, ուրեմն հոն աւելի շատ պէտք է ըլլայ «Կայուն զարգացման» ուղղուածութիւնը, սակայն այդպէս չէ։ Իրականութեան մէջ, այսօր գիւղատնտեսութիւնը լուրջ խնդիրներու մատնուած է թէ՛ անտառներու նուազեցման առումով, թէ՛ ջուրի անարդիւնաւէտ օգտագործման առումով եւ թէ ժանտասպաններու (pesticides) օգտագործման առումով, որ կ՚ազդէ հողի որակին վրայ։ Կայ նաեւ կտաւագործութեան (textile) ոլորտը, ուր ահռելի տուեալներ կան տարեկան միլիոնաւոր թոներու չվաճառուած կտաւներու ոչնչացման մասին։ Այդ աւելորդ արտադրանքը բնութեան վրայ կ՚ազդէ։ Յետոյ անոնց ոչնչացումը, որ բնականաբար պատճառ կը դառնայ տարբեր խնդիրներու։ Այս պատճառով բոլոր ոլորտները «Կայուն զարգացման» գործելաոճին կարիքն ունին։ Գալով հանքարդիւնաբերութեան, Հայաստանի մէջ վաղուց այդ մասին կը խօսուի, որ մէկ կողմէ լաւ է, որպէսզի ընկերութիւնները մեծ ջանքեր դնեն խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ։ Սակայն, միւս կողմէ լաւ չէ, երբ միայն հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մասին կը խօսուի, քանի որ միւս ոլորտներն ալ անոր կարիքը ունին։ «Կայուն զարգացում»ը դարձաւ երեք հիմնական խնդիրներու վրայ զարգացած հայեցակարգ՝ բնապահպանութիւն, ընկերային ազդեցութիւն, որուն մէջ կը մտնէ թէ՛ առողջութիւնը, թէ՛ աշխատաւորներու անվտանգութիւնը եւ թէ համայնքներու բարեկեցութիւնը։ Իսկ երրորդը՝ կառավարչականն (վարչարարական) է, այսինքն ընկերութիւնը ինչպէս կը կառավարուի, որքան թափանցիկ է, որքան հաշուետու են կայացուած որոշումները եւ այլն։

-Անդրադառնանք պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի առջեւ ծառացած սահմանային անվտանգութեան խնդրին։ Հայաստանի հանքերուն մեծ մասը կը գտնուի հեռաւոր շրջաններուն, նոյնիսկ կարգ մը պարագաներուն անոնց վայրը խոցելի կէտեր են։ Այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք։ Ի՞նչ են վտանգները։ Ձեր աշխատակցած կազմակերպութիւնը որեւէ առաջադրանք ունի՞ այդ վտանգները նուազեցնելու համար։

-Չեմ կրնար կազմակերպութեան անունով նման բան ըսել, բայց կրնամ ըսել հետեւեալը. նախ՝ Հայաստանի մէջ տարածուած կարծիք կայ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը մեծ է, հանքերը շատ են։ Բայց իրականութեան մէջ, այդպէս չէ։ Մենք այսօր ունինք միայն Զանգեզուրի պղնձամոլիւպտենային հանքը, որ կարելի է համարել մետաղական մեծ հանք։ Մետաղական գործող հանքերու քանակը այս պահուն երեք-չորս հատ է, որոնք փոքր ծաւալով արդիւնաբերական ծրագիրներ են։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն կրնամ ըսել, որ եթէ Զանգեզուրի հանքին նման Հայաստանի մէջ ունենայինք եւս երկու-երեք հանքեր՝ որակապէս այլ տնտեսութիւն եւ հնարաւորութիւններ կ՚ունենայինք։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին, ցաւօք, շատ ուշադրութիւն չէ դարձուած։ Դժբախտաբար, ներդրումները շատ չեն։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն կարեւոր է, որ մենք կարողանանք ճիշդ զարգացնել այս ոլորտը, ունենանք ճիշդ ներդրումներ՝ մանաւանդ այսօր, երբ պահանջարկը կը մեծնայ։ Նաեւ պէտք է ունենանք տնտեսական տեսանկիւնէն քանի մը այլ արդիւնաւէտ հանքարդիւնաբերական ծրագիրներ, քանի որ սահմանի ամրութիւնը ուղիղ կապուած է տնտեսութեան ամրութեան հետ։ Փոխկապակցուած են անվտանգութիւնն ու հզօր տնտեսութիւնը։

-Սփիւռքի մէջ շատ մը հայեր հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ հասած են որոշ դիրքերու։ Սակայն զգալի է, որ սփիւռքը տակաւին այս ոլորտը չէ ճանչցած, երբ այդ մէկը ներկայ դարու եկամտաբեր գործօններէն մէկն է։ Այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք։

-Այո՛, այս առումով մեծ բաց կայ եւ խնդիրը երկուստեք է։ Պէտք է գործնական կապ հաստատենք սփիւռքի մասնագէտներուն եւ իրենց ոլորտին մէջ կայացած անձերու հետ՝ հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ։ Շատ կարեւոր է, որ սփիւռքը սկսի նաեւ Հայաստանին վերաբերուիլ՝ որպէս ներդրում ընելու, «փող աշխատել»ու հնարաւորութիւն, որովհետեւ միայն այդտեղ է, որ գործնական արդիւնքի կարելի է հասնիլ։ Ժամանակին շատ սփիւռքահայեր նաեւ վատ փորձառութիւն ունեցած են՝ գալով այստեղ ներդրում ըրած եւ ինչ-ինչ պատճառներով կորսնցուցած են իրենց գումարները։ Գուցէ այդ է պատճառը, որ իննսունականներէն ետք հետզհետէ նուազեցաւ նման մարդոց Հայաստան գալը։ Սակայն այս մէկը պէտք է վերականգնել եւ սրբագրել։ Հայաստանը պէտք է դառնայ այն տեղը, ուր անձը ոչ միայն կու գայ զբօսնելու եւ բարեգործութիւն ընելու, այլեւ ներդրում ընելու եւ տնտեսական օգուտ շահելու։ Այդ արդիւնքով է միայն, որ կրնան նաեւ գալ մասնագէտ մարդիկ, որոնք կը բերեն իրենց ունակութիւնները, կարողութիւններն ու գիտելիքները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•Վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024