ԳԷՈՐԳ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ. «ԾԱՌԱՅԷ՛ ԱՆՁԷԴ ԱՆԴԻՆ»

Վերջին օրերուն առիթն ունեցանք Երեւանի մէջ զրուցելու «Rotary» ակումբի Մերձաւոր Արեւելքի շրջանի նախկին կառավարիչ՝ Գէորգ Մահտեսեանի հետ: Ծանօթ է, որ «Rotary» ակումբը միջազգային մարդասիրական ցանց մըն է, որ կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցի սղագրութիւնը։

*

-Գիտենք, որ դուք յաճախ Հայաստան կ՚այցելէք: Այս անգամուայ այցելութեան նպատակը ի՞նչ է։

-Այս անգամուայ այցելութեան նպատակն է, որ մենք վերջապէս, «Rotary» ակումբը Հայաստանի մէջ հիմնուելէն 20-30 տարի ետք, համաժողով պիտի կազմակերպենք։ Ներկայիս Հայաստանի տարածքէն ներս ութ ակումբ ունինք: Անցեալ տարի երբ մեր տարածաշրջանի համար կառավարիչ պիտի ընտրէինք, ուզեցինք, որ հայազգի ներկայացուցիչ ըլլայ, իսկապէս ընտրեցինք շատ լաւ աշխատող ու պարտաճանաչ անձնաւորութիւն մը: Ամէն տարի շրջանի համար նոր կառավարիչ կ՚ընտրուի: Այս տարի մեր կառավարիչը կազմակերպեց, որ այստեղ տեղի ունենայ ժողովը, ուր պիտի ներկայացուի ակումբի տարած գործունէութիւնը։ Ապա այդ գործունէութիւնը կը քննարկուի, հետեւաբար նաեւ կը վաւերացուի, յետոյ կը շնորհաւորենք ընթացաւարտ մարմինը ու յաջորդ կառավարիչը կ՚ընտրենք։ Մեր յաջորդը պիտի ըլլայ լիբանանցի մը, իսկ անկէ ետք յորդանանցի: Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանի «Rotary» ակումբը կը բաղկանայ ինն երկիրներէ, ներառեալ Հայաստանը: Ես 2012-2013 թուականներու կառավարիչն էի այս տարածաշրջանէն ներս, այն ատեն Եգիպտոսն ալ կ՚անդամակցէր, բայց նկատի ունենալով, որ Եգիպտոսը մեծ տարածք ունի, առանձինն իր ակումբը ունեցաւ ու անջատուեցաւ:

-Մեր ընթերցողները յաճախ լսած են «Rotary» ակումբի մասին, սակայն մարնամասնութիւններ չեն գիտեր, երանի բացատրէք ի՞նչ է «Rotary» ակումբը:

-«Rotary» ակումբը (Rotary club) մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որուն իրաւունք ունին մաս կազմելու բոլոր ազգերը՝ առանց խտրականութեան, որեւէ քաղաքական կամ կրօնական թեքում չունի։ Ակումբի բոլոր անդամները կ՚աշխատին մեզմէ աւելի տկարին օգնելու եւ անոնց կարիքները բաւարարելու։ Զանազան երկիրներու մէջ ակումբը շրջաններ ունի թաղամասերու մէջ: Անդամները ազատ են ունենալու իրենց քաղաքական հակումները, բայց ակումբին մէջ իրաւունք չունին այդ մասին խօսելու կամ քարոզելու։ Մեր կարգախօսը կ՚ըսէ «Ծառայէ՛ անձէդ անդին»:

Այս ակումբը հիմնած է Փոլ Հարիս, 1905-ին Շիքակոյի մէջ, ան յաջողակ փաստաբան էր: Ան իր շուրջ հաւաքած է քանի մը յաջողակ բարեկամներ ու որոշած են օգնել կարիքաւորներուն: Փոլ Հարիս եւ իր բարեկամները ամէն շաբաթ մէկու մը տունը կը հաւաքուէին եւ կ՚ըսէին. «let's rotate», այսինքն եկէք շրջինք։ Իբր այդ ակումբը կոչած են «Rotary»: Ապա կոչուած է «Rotary International», երբ այլ երկիրներ ներգրաւուած են ակումբին մէջ: Առաջին տասն տարուայ ընթացքին շուրջ 200 ակումբ բացուած է, ապա հասած են մինչեւ Եւրոպա ու Ափրիկէ:

Այսօր 115 տարիներէ ի վեր կազմակերպութիւնը տակաւին կը գործէ: Այն ողջ աշխարհի մէջ ունի 1 միլիոն 200 հազար անդամ, 35 հազար ակումբ, իսկ 1989-էն ի վեր կիներն ալ սկսան մաս կազմել միութեան: Հարկ է նաեւ նշել, որ միութեան մաս կը կազմեն զանազան ոլորտի գործիչներ, որոնց ունեցած կապերն ու յարաբերութիւնները ի սպաս կը դրուին միութեան բարձր շահերուն։ Մեր ընտրած կառավարիչները կամ նախագահը մէկ տարիէն աւելի չեն կրնար իրենց պաշտօնին մնալ, պաշտօնավարութիւնները պէտք է ըլլան որոշ հերթականութեամբ։ Մեր ակումբներուն մէջ «աթոռներուն փակած մարդիկ» չեն ուզեր, իւրաքանչիւրը թեկնածու է, որ օր մը ինք կառավարիչ դառնայ, հերթով է: Այս ձեւը շատ արդիւնաւէտ է, որմէ դաս պէտք է քաղել, որպէսզի աթոռի կռիւ չըլլայ:

Կազմակերպութեան կեդրոնը Շիքակօ է: Իւրաքանչիւր կառավարիչ մէկ շաբաթ այդ կեդրոնը կ՚երթայ վարժութիւններ կատարելու: Մինչեւ այդ փուլին հասնիլը բաւականին մեծ փորձառութեան հասած կ՚ըլլաս։ Այնտեղ է նաեւ, որ ականատես կը դառնաս «Rotary»ի բացառիկ կազմակերպչականութեան, որ նոյնիսկ ՄԱԿ-ը չունի: Աշխարհի կառավարիչները շուրջ 500 հոգի կ՚ըլլան: Մէկ շաբթուայ ընթացքին ամէն կողմ դասընթացքներ տեղի կ՚ունենան, իւրաքանչիւրը կը գրէ, թէ ո՛ր ժողովին կ՚ուզէ մասնակցիլ: Անձին տուած կ՚ըլլան մէկ շաբթուայ ցուցակ, ուր նոյնիսկ նստելիք աթոռին թիւը գրուած կ՚ըլլայ եւ իր քով նստող միւս կառավարիչին ո՛վ ըլլալը, որպէսզի իրարու հետ կապ պահեն եւ ապագային իրարու հետ յանուն միութեան գործակցին։ Յաճախ այսպիսի կազմակերպչական դասընթացքներ կը կայանան: Գալ տարի ես, օրինակ, «arbitrator»ի (իրաւարար) տիտղոս պիտի ստանամ, որ խաղաղարար գործիչի տիտղոս է, որպէսզի ուր որ հարց ծագի՝ այցելեմ ու միջամտեմ:

-Արդեօք պետութիւնները ինչպէ՞ս կը վերաբերին ձեր կազմակերպութեան հետ:

-Բոլոր պետութիւններն ալ կը համագործակցին մեզի հետ: Մեր տարածաշրջանին մէջ, օրինակ՝ Կիպրոսի պարագային, նախկին նախագահը «Rotary»ի անդամներէն էր, կան նաեւ նախարարի պաշտօն զբաղեցնողներ։ Իսկ արաբական աշխարհի պարագային, ամէն անգամ, որ կ՚երթանք կ՚այցելենք, օրինակ՝ Ծոցի երկիրներու շէյխերը կ՚օգնեն, որպէսզի աւելիով ակումբներ բանանք։ Յունաստանի մէջ նոյնպէս երկու շրջան կայ, իւրաքանչիւրը ունի աւելի քան 80 ակումբ: Թուրքիոյ մէջ 3 շրջան կայ:

Ժամանակին կային համայնավար երկիրներ, որոնք չէին ընդունիր մեր ներկայութիւնը, բայց սովետական համակարգի փլուզումէն ետք, իրենք ալ բացին դռները մեր դիմաց: Հիմա նոյնիսկ Մոսկուայի մէջ գործունէութիւն ունինք:

Երբեմն պետութիւններ արտօնութիւն չեն տար կառավարիչին մուտք գործելու. Օրինակ՝ ինձմէ ետք եկած կառավարիչը, որ լիբանանցի էր, հանդիպեցաւ Իսրայէլի պատկան մարմիններու Իսրայէլ մուտք գործելու արգելքին։ Այդ պարագային կառավարիչը կը փոխարինուի այնպիսի անձնաւորութեամբ մը, որ տուեալ երկիրը մուտք գործելու խնդիր պիտի չունենայ։

Հայաստանի կառավարութիւնն ալ կասկածներ ունի մեր նկատմամբ, կը կարծեն, որ մենք գաղտնի գործունէութիւն ծաւալող ակումբ մըն ենք. բան մը, որ իրականութեան չի համապատասխաներ։ Ես վստահ եմ, որ մօտիկ ապագային այդ տիպի բոլոր կասկածները կը փարատին ու մենք կը կարողանանք աւելիով բացուիլ Հայաստանի հասարակութեան։

«Rotary»ին ունի իր կայքէջը, ուր կը զետեղուին մարդասիրական ծրագիրները՝ ըստ իւրաքանչիւր շրջանի կարիքներուն։ Այս կայքէջին կը հետեւին աշխարհի 35 հազար «Rotary»ի անդամները եւ ով որ կ՚ուզէ մասնակցիլ ծրագրի մը, լուր կ՚ուղարկէ, թէ ես այսքան գումարով կ՚աջակցիմ: Երբ գումար մը հաւաքուի, «Rotary International»ի կեդրոնը ինքն ալ ճիշդ հաւաքուած գումարին չափ կը տրամադրէ, այսինքն կը մասնակցի հարիւր տոկոսով եւ հաւաքուած գումարը կը կրկնապատկուի: Նաեւ ամէն շրջանի ամէն ակումբ իր ծրագրին համար գումար կը հաւաքէ:

Մենք ունինք «Rotary Foundation» հիմնադրամ, ուր գումարներ կը հաւաքուին եւ այդ գումարէն կ՚ուղարկուին ակումբներուն: Բոլոր գումարները հաշուեքննութենէ կ՚անցնին, նոյնիսկ մէկ լումայ չի կորսուիր, եւ այս է գեղեցկութիւնը «Rotary»ի աշխատանքի կարգ ու կանոնին: Կեդրոնական հիմնադրամին համար մենք՝ անդամներս ամէն տարի անդամավճար ալ կը վճարենք:

«Rotary»ի կարեւորագոյն նուաճումներէն մին է փոլիօ հիւանդութեան (մանկական անդամալուծութիւն) դէմ արշաւը, մեզի նոյնիսկ միացած էր յայտնի միլիառատէր Պիլ Կէյթց, որ 600 միլիոնի իշխանական նուիրատուութիւն կատարեց, իսկ մենք՝ «ռոդարիան»ներս 1.6 միլիառ տոլար հաւաքեցինք այդ նպատակին համար:

-Արդեօք ձեր կազմակերպութիւնը սահմանադրութիւն ունի՞։  

-Փոլ Հարիս շատ պարզունակ ձեւով սկսած էր գործունէութիւնը, բայց երբ ակումբը միջազգային դարձաւ, ունեցաւ իր սահմանադրութիւնը, որ ճանչցուած է ՄԱԿ-ի կողմէ։ Այստեղ հարկ կը համարեմ նշել, որ Անգլիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ, որ «ռոդարի»ական էր, 1945-ին առաջարկած էր, որ պէտք է Ազգերու միութիւն մը կազմուի: 1946-ին երբ ՄԱԿ-ի սահմանադրութիւնը մշակուեցաւ, այդ յանձաժողովին մէջ կային «Rotary» ակումբէն 47 փաստաբան:

-«Rotary»ին ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին. ի՞նչ են ձեր ծրագիրները:

-Մենք արդէն տարիներէ ի վեր օգտակար կը դառնանք Հայաստանին: Ես յաճախ եկած եմ Հայաստան, որպէս պատասխանատու «Rotary»ի ակումբներուն: Երբ հոս սկսան ակումբները կազմաւորուիլ, 8-10 տարի գրեթէ կու գայի: Այն ժամանակ Կիպրոսի «Rotary» ակումբի կառավարիչն էի եւ հիմնական գրաւականը փորձառութեան միջոցով մեր անդամութեան ճիշդ ճանապարհ ցոյց տալն էր։ Օրինակ՝ Հայաստանի մէջ փլատակ դպրոցներ կային, մեր միութեան միջոցաւ նորոգել տուած ենք զանոնք: Կեդրոնական ջեռուցիչ համակարգ դնել տուած ենք: Օգնութիւն հասցուցած ենք մինչեւ Աշտարակ, Կութ եւ այլ գիւղեր: Ներկայիս ալ շատ ծրագիրներ ունինք իրագործելու եւ դարձեալ օժանդակութիւն պիտի հաւաքենք: Կառավարիչ թէ անդամ իր գործուղղումներուն ընթացքին ճանապարհ կրնան բանալ միւս անդամներուն։ Օրինակ՝ ես շրջապտոյտ կատարած ատեն հանդիպած եմ մեր միութեան անդամ այլ անձնաւորութիւններու հետ, թէ՛ Պահրէնի, թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ անոնց խորհուրդ տուած եմ, որ գան եւ Հայաստան այցելեն: Իբր այդ, քանի քանի անգամ խումբերու հետ եկած ու այցելած ենք, այստեղի անդամները մեզ առաջնորդած են դէպի զանազան ու յաճախ շատ կենսական ծրագիրներ։ Իմ ղեկավարութեանս օրերուն, Հայաստանի Սոթք գիւղին մէջ ջուր չկար, ուրեմն մենք լերան մէջ ջուր գտանք, ջրհաններ չկային, փորուեցան լեռները ու ճամբայ բացուեցաւ, գիւղին ջուր հասցուցինք։ Այս ծրագրին համար մօտաւորապէս 35 հազար տոլար հաւաքեցինք: Նաեւ փոքրերու խաղավայրեր կառուցած ենք զանազան տեղեր: Իսկ սահմանին վրայ գիւղ մը կար 30 ընտանիքէ բաղկացած, դպրոցը փլատակ էր, զուգարան չկար, հողը լքուած: Մենք՝ անդամներս անմիջապէս ծրագիր կազմեցինք ու գործի անցանք, պտղատու ծառեր տնկեցինք եւ նորոգեցինք դպրոցները։

-Դուք կը քաջալերէք հայ երիտասարդութիւնը, որ ձեր անդամակցած միութեան անդամկցի՞։

-Հայաստանի մէջ հետաքրքրութիւն կայ, բայց միւս կողմէ ձեւով մը վախ կայ, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի, կը կարծեն, թէ մենք կասկածելի կազմակերպութիւն ենք: Թերեւս պէտք է աւելցնենք քարոզչութիւնը եւ մամուլով յաճախ գրենք:

Անշուշտ, կը քաջալերենք երիտասարդները, որքան շատ անդամ ունենանք, այնքան աւելի շատ գործ կրնանք կատարել: Շատեր կը կարծեն սակայն, որ մենք «ծեր հարուստներ»ու հին ակումբ մըն ենք, բայց այդպէս չէ: Տարիներէ ի վեր ունինք մեր ակումբին երիտասարդ անդամները, որոնք 18-35 տարեկան են, կը պատրաստենք զիրենք, ունինք նաեւ փոքրերու՝ 11-14 տարեկաններու խմբակներ: Այս ձեւով մենք կը հեռացնենք զանոնք փողոցներէն, յոռի սովորութիւններէ, ծխախոտ օգտագործելէ եւ կը պատրաստենք, որ ըլլան այնպիսի մարդիկ, որոնք ունին ծառայելու սէրն ու նուիրական մօտեցումը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 4, 2022