Կ՚ԸՍԷԻՆ, ԹԷ ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՐ ՓԱԽՉԻԼ ԱԼՔԱՏՐԱԶԷՆ, ԲԱՅՑ ԱՅՍ ՄԱՐԴԻԿԸ ՓԱԽԱՆ

1960-ականներու ընթացքին Ալքատրազի բանտը մոլորակի ամենէն մեկուսացուած եւ ամենէն հեռաւոր բանտի համբաւը ունէր: Կղզիին դիրքը անկարելի կը դարձնէր փախչիլը: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին 36 բանտարկեալներ փորձած են փախչիլ, բայց անոնցմէ ոչ ոք ողջ մնացած կամ յաջողած է:

Բայց 1962 թուականի յունիսին այդպէս չէր:

Երեք բանտարկեալներ փորձեցին դուրս գալ «Ժայռէն»՝ ցատկելով Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի տխրահռչակ պաղ ջուրերը: Անոնք այլեւս չտեսնուեցան, եւ ոչ ոք գիտէր, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, մինչեւ՝ 2018 թուականի յունուարը, երբ ոստիկանութիւնը խորհրդաւոր նամակ մը ստացաւ…

Ալքատրազը այն վայրն է, ուր կ՚ուղարկուէին ամենէն վատերէն վատագոյնները: Խիստ հսկողութեամբ բանտ էր, որ նախատեսուած էր ամենէն հռչակաւոր յանցագործները եւ այլ մարդիկ հեռու պահելու համար:

Երեք բանտարկեալներ յաջողած են ձեւով մը խուսափիլ այնտեղի անվտանգութեան արդիական համակարգէն: Այս փախուստը մտած է ամերիկեան պատմութեան մէջ՝ որպէս ամենէն յայտնի չբացայայտուած յանցագործութիւն: Բանտին պաշտօնեաները կը կարծեն, որ անոնք խեղդուած են, սակայն կան յուշեր, որոնք ցոյց կու տան, որ անոնք իրականութեան մէջ ողջ մնացած եւ փախած են:

2018 թուականին նամակ մը ստիպեց «Էֆ.Պի.Այ.»ին՝ այս հետաքննութիւնը վերաբանալ:

Ֆրանք Լի Մորիս համբաւ շահած է որպէս շատ խելացի: 11 տարեկանին ան որբացած է եւ սկսած է մէկ որբանոցէն միւսը տեղափոխուիլ: Այդ տարիներուն ան սորված է անկախութիւն եւ ինքնավստահութիւն: Այդուհանդերձ, ան դժուարութիւններու մէջ մտնելու հակում ունէր: Երբ 13 տարեկան էր, ան առաջին անգամ դատապարտուեցաւ յանցագործութեան համար:

Հակառակ ամէն բանի, ոչ ոք կրնար կանխատեսել, որ ան կ՚ըլլայ Ալքատրազի բանտէն փախուստի ամենէն մեծ փորձին ետին կանգնած միտքը:

Երբ ան մեծցաւ, շարունակեց մասնակցիլ յանցաւոր գործունէութեան: Ան որոշ ժամանակ անցուցած է ամբողջ երկրի բանտերուն մէջ, նոյնիսկ յայտնուած է Լուիզիանայի «Հարաւի Ալքատրազ»ի մէջ: Կողոպուտի համար ան տասը տարի բանտարկութեան վճիռ ստացած է, բայց քանի մը տարիէն փախած է բանտէն, սակայն տարի մը ետք ոստիկանութիւնը զայն կրկին ձերբակալած է եւ… այս անգամ զայն տարած են Ալքատրազ:

Մորիս գիտէր, որ բանտէն առանձին խոյս տալը անկարելի էր: Ան պէտք էր խումբ գտնէր, որպէսզի օգնէր իրեն այս գործին մէջ: Երբ ան հասաւ «Ժայռ», անոր միացան Ալէն Վեսթ, Ճոն եւ Քլարընս Անկլինները: Անկլի եղբայրները եկած էին Ճորճիայէն, բայց մեծցած՝ Ֆլորիտայի մէջ: Անոնց ընտանիքը երկրագործական աշխատանքով կը զբաղէր, ուր որ գործ գտնէր:

Ճոն եւ Քլարենս իրենց փոքր տարիքէն սերտօրէն իրարու կապուած էին: Անոնց ընտանիքը աշխատանքի համար յաճախ կ՚երթար Միշիկըն, ուր երկու եղբայրները կը սիրէին լողալ լիճին մէջ եւ կը զարգացնէին լողալու բացառիկ հմտութիւններ: Արդեօք անոնք գիտէի՞ն, որ այս ունակութիւնները ապագային կարեւոր պիտի ըլլան: Երկուքն ալ միասնաբար սկսան դրամատուներ կողոպտել, երբ անոնք արդէն քսան տարեկան էին: Անոնք ձերբակալուած են 1956 թուականին եւ արգելափակուած՝ Աթլանթայի բանտին մէջ, ուրկէ բազմիցս փորձած են փախչիլ: Ի վերջոյ, պատասխանատուները մտածեցին, որ զանոնք աւելի լաւ է Ալքատրազի պէս բանտի մը մէջ պահել: Հոս է, որ եղբայրները բարեկամացան Ֆրանք Լի Մորիսի եւ Ալէն Վեսթի հետ: Անոնք չորսն ալ բանտերէ նախապէս փախած էին, կամ փորձած էին փախչիլ: Անոնք միացուցին իրենց հմտութիւններն ու գիտելիքները եւ սկսան ծրագիր մշակել՝ աներեւակայելին ընելու համար: Անոնք պիտի փախչէին Ալքատրազէն:

Ծրագիրը բարդ չէր, բայց կրնայի՞ն անոնք ատիկա իրականացնել: Կատարեալ համակարգ մը անհրաժեշտ էր, եթէ կ՚ուզէին այս աշխատանքը կատարել:

Առաջին անգամը չէր, որ բանտարկեալները կը փորձէին փախչիլ: Իրականութեան մէջ անոնցմէ առաջ աւելի քան 30 անձեր փորձած են փախչիլ «Ժայռ»էն: Անոնցմէ ոչ ոք յաջողած է:

Խումբին չորս անդամներն ալ որոշ ժամանակ բանտարկուած էին Լուիզիանայի «Հարաւի Ալքատրազ»ի մէջ: Հնարաւոր էր, որ անոնք զիրար արդէն նախապէս կը ճանչնային: Անոնք բախտաւոր էին, որ «Ժայռ»ին մէջ իրենց բանտի խուցերը դրկից էին: Ասիկա օգնեց, որ աւելի դիւրանայ ծրագրելը:

Կրնայի՞ն անոնք այդքան մեծ բան մը ընել:

Այդ օրերուն Ալքատրազը, բանտ ըլլալէ բացի, գործարան էր: Բանտարկեալներուն տրուած պատիժները կը ներառէին աշխատանք: Այս է պատճառը, որ այն ժամանակ անոնց մատչելի էին շարք մը նիւթեր: Ալքատրազի բանտարկեալները այն ժամանակ կահոյք, կօշիկներ եւ հագուստ կը պատրաստէին Միացեալ Նահանգներու բանակին համար: Խումբը կազմուած էր ոչ ոճրագործ անձերէ եւ այս հազուադէպ կը նկատուի Ալքատրազի մէջ: Այս իր կարգին կարելիութիւն տուաւ, որ անոնք աւելի նուազ կասկածելի նկատուին, քան՝ միւսները:

Անոնք սկսան ծրագիրը կամաց-կամաց կեանքի կոչել: Դժուար էր, բայց անոնք շատ լաւ ծրագիր ունէին: Անոնք ոչ միայն կը ծրագրէին փախչիլ այս ամրոցէն, այլ կ՚ուզէին իրենց փոխարէն խամաճիկներ ձգել: Ալքատրազէն փախչիլը բաւարար չէր, քանի որ անոնք պէտք էր ճամբայ գտնէին կղզիէն հեռանալու: Տակաւին այն ժամանակ բանտի պահակներուն յանձնարարուած էր կրակել տեղւոյն վրայ:

Ինչպէս կը տեսնենք, մարդիկը գիտէին, թէ ի՛նչ կացութեան մէջ են:

Խումբին անդամները տարբեր աշխատանք ստանձնած են: Այդուհանդերձ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք էր ելք մը փնտռէր խուցերէն դուրս գալու համար, երբ փախչելու ժամանակը հասնէր: Անկլին եղբայրները պէտք էր պատրաստէին կեղծ գլուխներ, որոնք անոնք պիտի ձգէին իրենց անկողինին մէջ: Ատոնք կը պատրաստուէին գրեթէ արտաքնոցի թուղթէ, օճառի մոմէ եւ իսկական մարդու մազերէ բանտի սափրատունէն: Մորիս պատասխանատու էր ձեռնադաշնակի նման գործիք ստեղծելու համար, որ կրնար օդ փչել լաստանաւին եւ փրկարար բաճկոններուն:

Խումբը պէտք էր միասին աշխատէր ստեղծելու համար գործիքներ, որոնք անոնք կրնային գործածել խուցերէն դուրս ելլելու եւ օդանցքներու պտուտակները քակելու համար: Անոնք կը պատրաստէին բանալիներ եւ գործիքներ, այնպիսի իրերէ, ինչպիսիք են ճաշարանի դգալները եւ արհեստանոցի փայտը: Ամէն օր անոնք կ՚աշխատէին 5.30-էն մինչեւ երեկոյեան 9-ը: Անոնք իրենց խուցերուն մէջ բացին անցքեր, որոնց մէջէն կրնային դուրս գալ: Անոնք նոյնպէս հանեցին բանտի խուցերու օդանցքները եւ աւելի մեծցուցին անցքերը:

Բախտը օգնեց անոնց, քանի որ բանտը շատ վատ վիճակի մէջ էր այն ժամանակ: Պատերը մաշած էին եւ փխրուն: Խողովակներուն մէջէն հոսող աղի ջուրը ժամանակի ընթացքին դուրս հոսած եւ քայքայած էր պատերը: Աղը ի վերջոյ մաշեցուցած էր շաղախը: Բանտին իշխանութիւնները ջուրը տաք կը պահէին, որպէսզի բանտարկեալները դիմադրողականութիւն չունենան Սան Ֆրանսիսքոյի սառած ծոցի ցուրտ ջերմաստիճանի նկատմամբ:

Բայց ինչպէ՞ս կարողացան այդ ընել՝ առանց ոչ ոքի ուշադրութիւնը գրաւելու:

Ըստ երեւոյթին, բանտարկեալները օգտագործած են բանտային բարեփոխումները ի շահ իրենց: 60-ականներուն բանտարկեալներուն կ՚արտօնէին ամէն օր ժամ մը երաժշտութիւն ունկնդրել: Դժուար էր բան մը լսել այդ ընթացքին տեղի ունեցած աններդաշնակութեան մէջ: Մորիս ձեռնադաշնակը բարձր կը նուագէր, որպէսզի ծածկէ պատերը փորելու ձայնը: Անոնք ի վերջոյ գիտցան, որ խուցերուն ետին կայ չհսկուող միջանցք մը:

Այս միջանցքը անպաշտպան էր եւ ունէր սովորական ձողեր: Եթէ բանտարկեալները այնքան լայն անցքեր բանային, որ ներս մտնեն, անոնք կը կարողանային մինչեւ տանիք բարձրանալ: Ատկէ ետք անոնք պարզապէս պէտք էր յուսային լաւագոյնը: Անոնք ստիպուած էին քանդել տանիքի մուտքը, որ ի զարմանս իրենց՝ փակուած էր միայն շաղախով:

Մորիս եւ Անկլին եղբայրները յաջողեցան քանդել իրենց բանտի խուցերուն պատերը մինչեւ 1962 թուական: Անձրեւանոցները սոսնձելով եւ կարելով՝ անոնք ստեղծած են լաստանաւ եւ փրկարար բաճկոններ: Այս բաներուն համար անոնք գործածած են աւելի քան 50 անձրեւանոց: Այս բաները կարեւոր էին, եթէ կ՚ուզէին Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի պաղ ջուրերուն մէջ գոյատեւել:

Խումբը պատրաստ էր, ուրեմն անոնք միայն պիտի սպասէին յարմար պահու մը՝ իրենց փախուստը կատարելու համար:

1962 թուականի յունիսին անոնք ազդանշան ստացած են իրականացնելու ծրագիրը, սակայն այն չէ անցած այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր:

11 յունիս 1962 թուական: Ոչ ոք կը սպասէր պատահելիքը:

Անոնք անձկութեամբ կը սպասէին, որ լոյսերը մարին նախքան սկսիլը: Կրնայի՞ն անոնք իսկապէս փախչիլ «Ժայռ»էն: Անոնք գիտէին վտանգները, բայց չէին վախնար: Եթէ այս պիտի ըլլար այն, որ անհրաժեշտ է փախչելու համար, այդպէս ալ թող ըլլար: Անոնց սիրտերը կը բաբախէին Ալքատրազէն դուրս գալու միտքէն: Երբ լոյսերը վերջապէս մարեցան, անոնք դրին իրենց կեղծամները եւ սկսան անցքերէն դուրս գալ:

Անկլին եղբայրները եւ Մորիս յաջողեցան դիւրաւ դուրս գալ խուցերէն: Սակայն Ալէն Վեսթը չկարողացաւ: Ան միւսներուն ըսաւ, որ հաւանաբար սխալ հաշուած է իր անցքին չափը: Ֆրենք Լի Մորիս օգնեց անոր ընդարձակել անցքը միւս կողմէն: Բայց կարելի չեղաւ: Ժամը 9.30-ին որոշեցին, որ միակ ընելիքը զայն հոն ձգելն է:

Անշուշտ անոնց համար դժուար էր այսքան երկար աշխատելէ ետք Վեսթը լքել: Անոնք շատ տարբերակներ չունէին: Չէին ուզեր վտանգի ենթարկուիլ, պահակներու ուշադրութիւնը գրաւել՝ աղմուկ բարձրացնելով: Վեսթ ստիպուած՝ պիտի զոհուէր խումբին համար: Միւս երեքը սկսան մագլցիլ դէպի տանիք: Օգտագործելով միջանցքի խողովակները՝ անոնք բարձրացան շուրջ 20 մեթր եւ դուրս եկան ծխնելոյզէն:

Երեք անձերուն համար տանիք բարձրանալը բաւական դիւրին էր: Ատկէ ետք յառաջացան շուրջ 30 մեթր՝ իջնելը սկսելու համար: Շուրջ 20 մեթր իջնելէ ետք հասան գետին, գաղտագողի անցան պահակներուն մօտէն, ապա վերջապէս՝ ափ, ուր օդով լեցուցին փրկարար բաճկոններն ու լաստանաւը: Ժամը 9.30-ին անոնք սկսան նաւարկել:

Այդ օրէն ետք զանոնք այլեւս ոչ ոք տեսած է:

Բանտի ղեկավարութիւնը միայն յաջորդ առաւօտեան նկատեց, որ անոնք կը բացակայէին: Բոլոր բանտարկեալները արթնցան ձայնային ազդանշաններէն: Բոլորը շփոթած էին, որովհետեւ չէին մտածեր, որ ոեւէ մէկը կը փորձէ փախչիլ: Կը կարծէին, որ այդ անկարելի է:

Յետոյ պարզեցին, որ երեք անձերը յաջողած են ընել անկարելին:

Ալէն Վեսթ, ըստ երեւոյթին, անձնատուր չէ եղած: Ան շարունակած է անցքը լայնցնել, որպէսզի անցնի: Ան յաջողած է: Ոգեւորուած՝ փորձած է հասնիլ միւսներուն ետեւէն: Երբ հասած է ափ, ընկերները արդէն չկային: Ան ո՛չ լաստ ունէր, ո՛չ ալ օգնական: Ան ունէր երկու ընտրութիւն՝ լողալ կամ վերադառնալ իր խուցը:

Ան ուշքի եկաւ եւ որոշում տուաւ պարզապէս վերադառնալ իր խուցը: Ան գիտէր, որ առաւօտեան կը բացայայտեն փախուստը: Իշխանութիւնները խուզարկեցին բանտի իւրաքանչիւր թիզ, երբ անոնք ահազանգեցին յաջորդ առաւօտեան:

Վեսթ այլընտրանք չունէր, քան՝ անոնց հետ գործակցիլ: Ան ըսաւ այն, որ գիտէր, բայց յայտնի չէ, թէ իրականութեան մէջ ամէն բան յայտնա՞ծ է: Ան ըսաւ, որ կը ծրագրեն երթալ Անճըլ կղզի, ինքնաշարժ գողնալ, հագուստ առնել եւ իրարմէ բաժնուիլ:

Ոստիկանութիւնը Անճըլ կղզիին մէջ յառաջիկայ 12 օրերուն անհետացած կամ գողցուած ինքնաշարժներ չէ արձանագրած: Այս կը նշանակէ, որ Վեսթ ստած է անոնց, կամ ընկերները այլ տեղ մեկնած են՝ փոխելով իրենց ծրագիրները:

Խոստովանութեան ժամանակ Վեսթ ըսած է, որ մասնակցած է փախուստի ծրագիր մշակելուն: Իշխանութիւնները դիմած են «Էֆ.Պի.Այ.»ի օգնութեան, որ հետաքննութիւն սկսաւ՝ պարզելու, թէ արդեօք բանտարկեալները ողջ մնացա՞ծ են:

Ոչինչ յայտնաբերուեցաւ:

«Էֆ.Պի.Այ.» վերջապէս փակեց հետաքննութիւնը 17 տարի ետք: 1997 թուականի 31 դեկտեմբերին անոնք եկան այն եզրակացութեան, որ երեք տղամարդիկ խեղդուած են Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցին մէջ:

2018-ի յունուարին Ալքատրազէն յայտնի փախուստը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ գլխաւոր լուրերու մէջ: «Էֆ.Պի.Այ» յայտարարած է գործը վերաբանալու իր ծրագիրի մասին: Ինչո՞ւ որոշեցին հնարաւորութիւն մը եւս տալ: Անոնք նոր ապացոյցներ ստացած են:

2013 թուականին Սան Ֆրանսիսքոյի ոստիկանական բաժանմունքը նամակ մը ստացած է անձէ մը, որ կ՚ըսէ, թէ ինք Ճոն Անկլինն է: Ոչ ոք գիտէ, թէ ինչո՛ւ այդ նամակին մասին յայտնեցին միայն 5 տարի ետք:

Նամակին մէջ կ՚ըսուի. «Իմ անունս Ճոն Անկլին է: Ես փախած եմ Ալքատրազէն 1962 թուականի յունիսին եղբօրս՝ Քլարանսի եւ Ֆրանք Մորիսի հետ: Ես 83 տարեկան եմ եւ առողջական վիճակս վատ է: Ես քաղցկեղ ունիմ: Այո՛, մենք բոլորս հասանք այդ գիշեր, բայց՝ հազիւ: Ֆրանք մահացած է 2008 թուականի հոկտեմբերին: Անոր գերեզմանը կը գտնուի Արժանթինի մէջ՝ այլ անունով: Եղբայրս մահացած է 2011 թուականին»:

Ո՞ւր էր ան հիմա եւ ինչո՞ւ այս գրած է:

Նամակը կ՚աւարտէր այս արձանագրութեամբ. «Եթէ պատկերասփիւռով յայտարարէք, որ ինծի կը խոստանաք նախ բանտարկել ոչ աւելի, քան տարի մը եւ բժշկական օգնութիւն տրամադրել, ես կը պատասխանեմ՝ ձեզի տեղեկացնելու, թէ ուր կը գտնուիմ: Այս կատակ չէ®»:

Իշխանութիւնները որոշեցին հետաքննել նամակը՝ նախքան գործարքի մասին մտածելը: Անոնք կ՚ուզեն ստուգել, թէ այդ իսկակա՞ն է:

ՆՈՎԵԼՈՃ

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 4, 2022