ՀԵՏԱԶՕՏՈՂԻ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ (Գ.)

Նախորդ երկու յօդուածներով անդրադարձայ Թուրքիոյ մէջ որպէս հա՛յ հետազօտութիւն իրականացնելու դժուարութիւններէն ոմանց։ Գրեցի, որ կողմնակալութեան խնդրին այդքան ալ չեմ բախած, սակայն հայու ինքնութիւնս եւ ժառանգած յիշողութիւնս ինծի տուած են յատուկ զգուշաւորութիւն, ըլլայ տրամաբանական թէ անտեղի, որ զիս մասամբ ետ պահած է եւ նոյնիսկ փոխած՝ հետազօտութեան նախնական ծրագիրս, յատկապէս ապահովական թէժացման սրընթաց ընթացք բռնած Թուրքիոյ մը մէջ, ինչպիսին էր պարագան 2015-2017 տարիներուն։ Այստեղ կ՚անդրադառնամ հետազօտողի դիրքին հետ կապուած մի քանի այլ անպատեհութիւններու եւ դժուարութիւններու եւս։

Եթէ հայ ըլլալուս հանգամանքը կը դժուարացնէր հետազօտութիւնս ի՛մ կողմէս, ի՛մ ենթակայական պատճառներովս, ապա սփիւ՛ռքահայ եւ յատկապէ՛ս պէյրութահայ ըլլալս դժուարութիւններ կը ստեղծէր ուսումնասիրութեանս թիրախ անհատներու ինծի հանդէպ վերաբերմունքին առումով։ Այլ խօսքով, մարդիկ, քրիստոնեայ պոլսահայ, Հայաստանէն ժամանած գաղթական, թէ մահմետական կամ ալեւի հայ, իմ մէջս ալ կը տեսնէին ոչ թէ սոսկ հետազօտող մը, այլ հա՛յ հետազօտող մը, դուրսէ՛ն եկած, «տիասփորայ»ի հայ մը, պէյրութահայ մը… եւ ուրեմն, ու բնականաբար, իրենց մեծ մասը զիս մտովի պիտի տեղադրէր ի՛ր իմացած կամ պատկերացուցած պէյրութահայու ապակեայ շիշին մէջ, եւ այդպէ՛ս պիտի զննէր, այդպէ՛ս վերաբերէր ու ընկալէր զիս։ Հանգամանքն այս, դարձեալ, իր չափաւոր ազդեցութիւնը պիտի ունենար հետազօտող-հետազօտուող յարաբերութեան եւ ուրեմն նոյնինքն հետազօտութեան վրայ։ Թէ՛ ժխտական, թէ՛ բացասական. նայած՝ ո՛ր խումբին կը պատկանէր դիմացինս։

Անշուշտ չեմ ընդհանրացներ, բայց յաճա՛խ պոլսահայոց մօտ նկատած եմ ոչ այնքան անտեղի կարծիք մը մեր՝ պէյրութահայերու մասին, ըստ որու մենք՝ պէյրութահայերս, կը թերագնահատենք պոլսահայերը, զանոնք «հայու տեղ չենք դներ», կամ «վերէն կը նայինք»։ Ինչպէս արդէն ըսի, այո, հնարածին չէ այս պատկերացումը, եւ ես ալ կը վկայեմ, որ որոշ պէյրութահայերու մօտ դժբախտաբար կայ այդ մօտեցումը, թէեւ հիմա, երբ հաղորդակցութիւնն ու կապերը զարգացած են, բարեբախտաբար նահանջ կ՚ապրի ան։ Ես, հարկաւ, բաժնողը չեմ եղած այդ մօտեցման։ Ընդհակառակը, անկէ խրտչողն եղած եմ։ Այլապէս՝ ուսումասիրութեանս համար այլ նիւթ ընտրէի հաւանաբար։ Բայց պէյրութահայ մըն էի յաճախ պոլսահայոց աչքին, եւ կը զգայի, որ երբեմն, յատկապէ՛ս առաջին ծանօթացման հանդիպումներու ընթացքին, այս առումով անհանգստութիւն մը եւ լարում մը կայ մարդոց մօտ։ Չեմ մոռնար, օրինակ, ինչպէս հաստատութեան մը տնօրէնը, երբ բարեւեցի եւ ըսի թէ «Պոլսոյ հայերը ուսումնասիրելու եկած եմ», կէս-կէտակ կէս-լուրջ պատասխանեց. «ինչո՞ւ, Պոլիս հա՞յ կայ…», սեւ պեխերուն տակէն հեգնական բայց ընկերական ժպիտ մը թողարկելով։ «Այդ երբուընէ՞ սկսաք մեզ հայ հաշուել…», ըսել կ՚ուզէր, պզտիկ մը խայթելով։ Ահա պատնէշ մը, օրինակ, որ զիս մէկ քայլ ետեւ կը դնէր բաց յարաբերութիւններէն եւ դաշտային հետազօտութեան համար անհրաժեշտ փոխադարձ վստահութենէն։

Վերջապէս, թէեւ ոչ նոյնքան յաճախակիօրէն, այնուամենայնիւ նկատած եմ նաեւ որ սփիւռքահայ ըլլալս երբեմն կը խրտչեցնէր եւ կը զգուշացնէր թուրքիացի հայ զրուցակիցներս. քրիստոնեայ, թէ մահմետական կամ ալեւի, բոլորն ալ «էրմէնի տիասփորասը»ի (հայկական սփիւռքի) դէմ տասնամեակներ տեւած սեւ քարոզարշաւին ականատեսն ու ինչու չէ նաեւ մասամբ ընկալողը եղած էին։ Պատահած է, օրինակ, որ մարդիկ քաղաքական պատկանելիութիւնս կամ կարծիքներս հարցնեն ակնյայտ հարցաքննական զգուշաւոր ոճով, կամ յստակօրէն նշեն ու հասկցնեն, որ չեն կիսեր սփիւռքի մօտեցումները, նոյնի՛սկ որ ուղղակի կասկածին՝ արդեօք տեղեկութիւն կը հաւաքե՞մ… Կրկնելու գնով կ՚ըսեմ, որ այս պատահարներն ու վերաբերմունքը այդքան ալ յաճախ պատահող չէին. բայց մի քանի անգամն արդէն իսկ բաւարար էր որ ես գիտակցէի ինքնութեանս խանգարիչ ա՛յս երեսակին եւս, եւ ակնկալէի նմանօրինակ մօտեցում գրեթէ բոլորէն… եւ ահա յարաբերութիւններն ու հետազօտութիւնը բարդացնող այլ պարագայ մը եւս։

Յաջորդիւ, վերջապէս, կ՚անցնիմ հայ հետազօտող ըլլալուս առաւելութիւններուն…

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2019