ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԴԱՆԻԷԼ ԵՊՍԿ. ՖԸՆՏԸՔԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք իմ ժողովուրդս, կ՚ըսէ Տէրը։ Տիրոջ փառքը պիտի յայտնուի եւ իւրաքանչիւր անձ պիտի տեսնէ Անոր փրկութիւնը, քանզի Տէրը խօսեցաւ»։  (Եսայեայ-40։1, 5)

Եսայեայ մարգարէի այս յուսադրող խօսքերը աշխարհին բերելիք Աստուծոյ խոստումն է, որ կը յայտարարուի։ Փրկութիւն մը՝ որ ոչ թէ վերացական է, այլ՝ տեսանելի ու շօշափելի «Մխիթարանք-փրկութիւն» եւ «Փառք»։

«Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք իմ ժողովուրդս», կ՚ըսէ Տէրը։ «Եւ իւրաքանչիւր մարդ անհատ պիտի տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը»։

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբգրային այս խօսքերը շատ յաճախ կը կրկնուին, մանաւանդ՝ Ծննդեան տօներու առթիւ, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ «Աստուծոյ Փառքը» մեզի յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի անձով եւ կը շարունակէ յայտնուիլ այսօ՛ր ալ։

Երբ Բեթղեհէմի մէջ Մարիամէն ծնաւ Աստուծոյ Որդին, Աստուծոյ փրկութիւնը ի յայտ եկաւ աշխարհին որպէս ապրող կենդանի՛ իրականութիւն։

Բայց որքան ալ յուսադրող են մարգարէին խօսքերը, շատ ականջներու համար անոնք այսօր, զարմանալիօրէն, խոտոր ու անիմաստ կը հնչեն, երբ մանաւանդ տարեվերջի այս օրերուն մենք ազգովին ուժասպառ ենք զգացականօրէն թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս։

Անցնող ամիսներուն ազգովի՛ն այնքան ցաւ ու տառապանքի ականատեսը եղանք։ Այնքան վշտացած ենք, մեր շուրջը կան այնքան շատ անհամաձայնութիւն եւ տարակարծութիւններ, որոնց վրայ եկան աւելնալու անգութ ու անխնայ վայրագութիւնները, որոնք տակաւին կը շարունակուին Հայաստանի, Արցախի եւ հո՛ս Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ։

«Տիրոջ փառքը»  Յիսուս Քրիստոսն է: Ան յայտնուեցաւ ոչ միայն մոգերուն, այդ խորհրդաւոր կերպարներուն, որոնք Մսուր եկան Արեւելքէն երկու հազար տարի առաջ: Ան մեզի կը յայտնուի ամէն օր: Աստուծոյ հանգստացնող մխիթարանքը միշտ առկայ է մեզմէ իւրաքանչիւրին անձին մէջ, սակայն միայն անոր՝ որ կը համարձակի զԱյն որոնելու ճանապարհին հետեւիլ։

Այս տարի Ծննդեան տօնը կը ծրագրենք դիմաւորել նախկիններէն բոլորովին տարբեր, հեռու՝ մեր հարազատներէն եւ սիրելիներէն, զրկուած՝ ամէն տեսակի տօնական օրերու համար առանձնայատուկ խրախճանքէն եւ զուարճութիւններէն։

Մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը քրիստոնէական հաւատքի հիմնական խնդիրն է, նոյն մարտահրաւէրն է, որ իւրաքանչիւր «Քրիստոնեայ» անհատ, իւրաքանչիւր համարձակ անձ, որ իր սիրտը կրնայ բանալ Ամենազօր Աստուծոյ, ե՛ւ իրարու առաջ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Հիմնահարցը ճամբորդել փորձելն է, ինչպէս ըրին երեք մոգերը՝ հայրենիքէն շատ հեռու, իրենց յարմարաւէտութեան գօտիէն դուրս՝ ճամբայ ելած էին Աստուծոյ յարմարաւէտութիւնը որոնելու։ Այնքան համարձակ կարենալ ըլլալ հետեւելու երկնքի աստղին, հիւանդ այս աշխարհին մէջ յոյսի փայլը գտնելու Տիրոջ յարմարաւէտութեամբ եւ ոչ թէ ըստ իրենց պայմաններուն համաձայն, այլ՝ ամենէն անհաւանական վայրերու եւ ամենէն անհաւանական պայմաններու մէջ: Եւ մանաւանդ՝ փնտռել Քրիստոսի յարմարաւէտութիւնը ոչ թէ մեր պայմաններով ՝ ըստ մեր անձնական նախասիրութիւններուն եւ օրակարգերուն, այլ՝ Աստուծոյ պայմաններուն եւ ժամանակացոյցին համաձայն: Աստուծոյ խոր կամքին համաձայն:

Ի՞նչ է մեր առաջին խնդրանքը, որ մենք Տէրունական աղօթքով կը յայտնենք. «Քու կամքդ թող կատարուի», ոչ թէ «Իմ կամքս թող կատարուի»: Դուն մեր սրբարանն ես, Տէ՛ր: Դուն եղիր մեր յոյսը, Յիսուս: Դուն մեր մխիթարութիւնն ես, Որդի Աստուծոյ: Դուն ես մեր փառքը: Միայն օգնէ, որպէսզի «տեսնենք ձեր փրկութիւնը» ՝ կենդանի, շօշափելի, անձնական:

Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ ես կ՚աղօթեմ, որ դուք, ձեր ընտանիքները եւ սիրելիները կարենաք համարձակութիւնն ու քաջութիւնը գտնել ձեր սրտի աչքերը բարձրացնելու դէպի այդ խորհրդաւոր Աստղը, որ կը փայլի Աստուծոյ Որդիին վրայ, որ կը մարմնաւորէ մխիթարութեան հետ փառքն ու փրկութիւնը:

Քանզի «Տէրը խօսեցաւ»:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

ԴԱՆԻԷԼ ԵՊՍԿ. ՖԸՆՏԸՔԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2021