«ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ»

​«Բարձրունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք,
խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ
եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»
(Ղկ 2.14)

Շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ մարդկութիւնը կ՚ապրէր փոփոխական զարգացումներով լեցուն շրջան մը: Հրէաստանը դարձած էր Հռոմէական կայսրութեան նահանգներէն մէկը, որ իր քաղաքական որոշումները եւ ուղորդումները կը ստանար Կեսարիայէն՝ ուր կայք հաստատած էր երկրի նահանգապետը, իսկ Երուսաղէմի ներքին գործերը յանձնուած էին հրեաներուն, յատկապէս օրուան քահանայապետին:

Հռոմէական կայսրութիւնը որպէսզի կարենար դիւրութեամբ ղեկավարէր իրեն ենթակայ եղող տարածքները, հաղորդակցութեան համար ճանապարհներ բացած էր, որով կայսրութեան մէկ ծայրէն միւս ծայրը երթալը բաւական դիւրացած էր՝ այդ ժամանակաշրջանի պայմաններուն լոյսին տակ:

Մարդիկ եռուզեռի մէջ էին, մէկ կողմէ քաղաքական զարգացումները, միւս կողմէ հելլենական մշակոյթին ազդեցութիւնը նոր գունաւորում եւ նոր իմաստ մը բերած էին մարդոց կեանքին: Այս բոլորի կողքին հրեաները իրենց աւանդապաշտ եւ օրինապաշտ կեցուածքով, զիրենք շրջապատող հեթանոս ժողովուրդներու ուշադրութեան կեդրոնն էին, անոնց վարքագիծը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները, եւ այլն: Անդին, հրեաներու՝ Մեսիայի մը գալուստին ունեցած ակնկալիքը որոշակի անհանգստութիւն կը պատճառէր օրուան կառավարիչներուն, հռոմէացի թէ հրեայ, իսկ հոգեւոր գետնի վրայ, շատեր նոյնիսկ առանց հասկնալու ներքին հոգեւոր ակնկալիք մը ունէին, որ Աստուած՝ իրենց Տէրն ու Արարիչը, Իր խոստումը անպայմանօրէն պիտի կատարէ եւ իրենց ղրկէ Մեսիան, որ պիտի փրկէր զիրենք: Հրեաներէն շատեր, յատկապէս քահանաներն ու քաղաքական հոսանքներու առաջնորդները ակնկալուած փրկիչը կը պատկերացնէին որպէս զինուորական կամ յեղափոխական առաջնորդ, որ զիրենք պիտի ազատէր Հռոմէական կայսրութեան տիրապետութենէն: Քիչերն էին, որոնք տարբեր ակնկալիք մը ունէին, սակայն չէին կրնար հասկնալ այդ ակնկալիքին ինչութիւնը:

Եւ ահա, այս թոհուբոհին մէջ, Երուսաղէմի մէկ մութ եւ ցուրտ քարայրի մը մէջ կը ծնէր մանուկ մը՝ եւ կենդանիներու մսուրին մէջ կը դրուէր: Աննշան ծնունդ մը, որ սակայն կը նշանաւորուէր այդ քարայրէն քիչ մը հեռու բաց դաշտին մէջ իրենց աշխատանքը կատարող հովիւներուն տրուած աւետիսով: Ղուկաս Աւետարանիչը այսպէս կը նկարագրէ այդ դէպքը.

* Այնտեղ, դաշտերուն մէջ հովիւներ կային, որոնք գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն կ՚ընէին: Տիրոջ հրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Տիրոջ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ: Հովիւները սաստիկ վախցան. հրեշտակը ըսաւ անոնց.

-Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է: Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.- հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած:

Եւ յանկարծ այդ հրեշտակին միացաւ երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը, որ կ՚օրհնաբանէր զԱստուած, ըսելով.

«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք,
խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ
եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»:

Հազիւ հրեշտակները երկինք բարձրացած, հովիւները իրարու ըսին.

-Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց:

Անոնք աճապարանքով գացին եւ հոն գտան Մարիամն ու Յովսէփը, ինչպէս նաեւ մանուկը՝ մսուրին մէջ դրուած: Այս տեսնելով անոնք Մարիամի եւ Յովսէփի յայտնեցին ինչ որ հրեշտակը ըսած էր իրենց՝ մանուկին մասին: Բոլոր անոնք որոնք կը լսէին հովիւներուն պատմածը, կը զարմանային: Մարիամ բոլոր այս ըսուածները միտքը կը պահէր եւ անոնց վրայ կը խոկար: Իսկ հովիւները վերադարձան, փառաբանելով զԱստուած՝ իրենց լսածին եւ տեսածին համար, որ ճիշդ հրեշտակին պատմածին պէս էր (Ղկ 2.8-20):

Այս դէպքէն երկու կէտ պիտի առանձնացնեմ ու զանոնք բաժնեկցիմ մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ:

ա. Վկայող ըլլալ:

բ. «Խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ»:

ա. Վկայող ըլլալ. դաշտին մէջ իրենց գործը կատարող հովիւները հրեշտակէն աւետիս ստանալէ եւ երկնային զօրքերուն փառաբանութիւնը լսելէ անմիջապէս ետք, շտապեցին երթալ Բեթլեհէմ տեսնելու կատարուածը, աւելի ճիշդ համոզուելու հրեշտակին ըսածին: Գացին եւ իրապէս տեսան այն՝ ինչ որ հրեշտակը նկարագրած էր իրենց: Անոնք, սակայն, չբաւարարուեցան տեսնելով, չբաւարարուեցան իրենց ստացած աւետիսին լուրը Մարիամին ու Յովսէփին տալով, այլ՝ քարայրէն հեռանալէ ետք, անոնց որոնց կը հանդիպէին՝ կը պատմէին, կ՚աւետէին, կը վկայէին Յիսուս Մանուկի ծնունդի մասին. այս մասին կը փաստէ Ղուկաս Աւետարանիչին ըսածը, թէ՝ «բոլոր անոնք որոնք կը լսէին հովիւներուն պատմածը, կը զարմանային»:

Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւր կոչուած է ո՛չ միայն Աստուծմէ աւետիս ստանալով ուրախանալու, ինքնաբաւարարութիւն զգալու, այլ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւորութիւնը ունի Յիսուս Մանուկին վկան ըլլալու: Այսօրուան մարդը կը վախնայ կամ կը զգուշանայ նման բառերէ, եւ բառերէն անդին այդ բառերուն ունեցած իմաստէն: Այսօրուան մարդը ինքն իր անձին մէջ պարփակուած, ինքզինք մեկուսացուցած է աշխարհէն…: Նոյն վիճակի մէջ էին նաեւ հովիւները: Անոնք ո՛չ թէ իրենք զիրենք մեկուսացուցած էին, այլ՝ իրենց աշխատանքի բերումով ակամայ մեկուսացումի մէջ էին: Սակայն, երբ հրեշտակին աւետիսը լսեցին՝ դուրս եկան իրենց մեկուսացումէն եւ շտապեցին քարայր հասնիլ: Աւելին, քարայրէն դուրս գալէ ետք բարի աւետիսը տարածեցին, վկայեցին իրենց լսածին ու տեսածին մասին: Հետեւաբար, մենք եւս, ինչքան ալ փորձենք մենք մեզ կամայ թէ ակամայ մեկուսացնել, միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք լսելու Տիրոջ ձայնը, ընկալելու Տիրոջ աւետիսը եւ ապա վկայելու այդ մասին, բարի լուրը տարածելու բոլորին:

Յիսուս Մանուկի ծննդեան այս տօնը լաւագոյն առիթներէն մէկն է մեր վկայութիւնը տալու աշխարհին: Վկայութիւն մը, որ արտացոլուած պէտք է ըլլայ մեր հաւատքի կեանքի օրինակով, մեր առօրեայով, մեր նիստ ու կացով, մեր խօսակցութեամբ: Վկայութիւն մը, որ զարմանք պատճառելէ անդին լսողներուն, պէտք է հաւատք ներշնչէ անոնց մէջ եւ պատճառ հանդիսանայ որոշում կայացնել երթալու դէպի քարայր, տեսնելու Մանուկ Փրկիչին, երկրպագելու Անոր եւ Անով զօրացած ու օրհնուած շարունակելու մեր առաքելութիւնը: Վկայութիւն մը, որ Յիսուսաբոյր ըլլայ՝ խոնարհութեամբ եւ պարզութեամբ օծուն, միաժամանակ հաստատակամութեամբ եւ վճռակամութեամբ գօտեպնդուած:

բ. «Խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ». այսօրուան մարդը ամենէն շատը կարիքն ունի խաղաղութեան, ո՛չ աշխարհիկ, ժամանակաւոր ու խափուսիկ խաղաղութեան, որ շահերով պայմանաւորուած է, այլ՝ երկնային եւ մնայուն խաղաղութեան, որ պայմանաւորուած է Յիսուս Մանուկին մեզմէ իւրաքանչիւրիս սիրտին ու հոգիին մէջ ծնելով:

Պահ մը նայինք մեր չորս կողմը, ի՞նչ պիտի տեսնենք: Պատերազմ, սով եւ սրածութիւն, աւեր ու կոտորած, տնազրկութիւն, աղքատութիւն եւ կարօտութիւն: Այս բոլոր երեւոյթներուն մարդիկ շատ յաճախ պարտադրուած կ՚ենթարկուին…, երբեմն ալ կամաւորաբար:

Այս բոլորին մէջ երբ պահ մը ոեւէ մէկ մարդու հարցնես, թէ ի՞նչ կը փափաքի, ի՞նչ կ՚ուզէ ունենալ իր առօրեայ կեանքին մէջ, ապա շատեր վստահաբար պիտի պատասխանեն խաղաղութիւն կ՚ուզենք, հանգիստ կ՚ուզենք: Արդար եւ իրաւ փափաք ու կամեցողութիւն: Արդար եւ իրաւ անով, որովհետեւ մարդ առանց խաղաղութեան, առանց անդորրի չի՛ կրնար ինքզինք կատարելագործել, չի՛ կրնար ուղիղ ճանապարհով ընթանալ: Խաղաղութիւնը, ներքին խաղաղութիւնը մարդուն համար անհրաժեշտ է, որպէսզի կարենայ ինքզինք ըլլալ, կարենալ լսել իր ներքին՝ խիղճին ձայնը, եւ ամէն ինչ ընէ որպէսզի արդարութեան ճանապարհներէն ընթանայ:

Անդին, մարդ արարածը, յատկապէս քրիստոնեայ մարդ անհատը պէտք չէ մոռնայ, թէ այս խաղաղութիւնը ինչին մասին կը խօսինք՝ երկնային ու ներքին խաղաղութեան մասին է, որով մարդ ի զօրու կ՚ըլլայ առօրեայի ընթացքին իրեն պատահող դժուարութիւնները եւ տառապանքները յաղթահարելու: Քրիստոնեայ մարդը չէ՛ կոչուած հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը ապրելու՝ աշխարհիկ հասկացողութեամբ, այլ՝ կոչուած է երկնային ու ներքին խաղաղութեամբ իր պանդխտութեան տարիները անցընելու այս երկրի վրայ:

Դժուարութիւնները, նեղութիւններն ու տառապանքները անխուսափելի են քրիստոնեայ մարդու կեանքէն, եւ ան ո՛չ թէ պիտի խուսափի կամ փախչի ատոնցմէ, ընդհակառակը Յիսուսով պիտի փորձէ պայքարիլ ատոնց դէմ, յաղթահարել զանոնք՝ որպէսզի արժանանայ յաւիտենական փառքին, հանգիստին ու խաղաղութեան:

Յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը, թէ՝ ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք: Բայց Ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս Ինծի հետ է: Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք: Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին (Յհ 16.32-33): Արդ, որպէս Քրիստոսի անունը կրողներ, աւելին՝ Քրիստոսով ապրողներ, ընկճուելու, տկարանալու պահերուն մէջ երկար մնալու իրաւունք չունինք, ընդհակառակը, մեր հաւատքի Ախոյեանին՝ Յիսուս Մանուկին նայելով, պէտք է ոտքի կանգնինք, ուղղենք մեր քայլերը եւ Յիսուս Մանուկին հետքերով ընթանանք դէպի Երկնային Բեթլեհէմ, դէպի Յաւիտենական մսուր՝ հրեշտակներուն եւ երկնային սուրբ զօրքերուն հետ յաւէտ փառաբանելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը:

Աւարտենք հետեւեալ մաղթանք-երգով «Լուռ գիշեր, Սուրբ գիշեր», աղերսելով Յիսուս Մանուկէն, որպէսզի Իր խաղաղութիւնը շնորհէ ամբողջ աշխարհին:

Լուռ գիշեր, Սուրբ գիշեր
Ծով ու ցամաք քնով են խաղաղ,
Մեղմ կը փայլի աստղը Բեթլեհէմէ
Եւ հեռուէն շատ աչքեր կը գրաւէ,
Հոն՝ ուր Փրկիչը ծնաւ,
Հոն՝ ուր Փրկիչը ծնաւ:

Լուռ գիշեր, Սուրբ գիշեր
Երգ մը ահա՝ հովտին վրայ,
Հրեշտակներուն անթիւ խումբը կ՚երգէ,
Երգ որ ցնծման աւետիս կը բերէ,
«Տէրը՝ Փրկիչը ծնաւ»
«Տէրը՝ Փրկիչը ծնաւ»:

Լուռ գիշեր, Սուրբ գիշեր
Ով դու երկիր՝ ալ արթնցիր,
Քու օրհնութիւնդ արդ վեր թող ելլէ,
Փառք Աստուծոյ ի բարձունս երգէ,
Խաղաղութիւն աշխարհի,
Խաղաղութիւն աշխարհի:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024