ՄԱՆՈՒԿ ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՒԵՏԻՍԸ՝ ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՛ՒՆ

Բեթլեհէմ քաղաքի մէջ ծնաւ մանուկ Յիսուս՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ Աստուած համեստ պայմաններու եւ անշուք միջավայրի մը մէջ բայց մեծ փառքով։ Եւ ասիկա եղաւ մանուկ Յիսուսի առաջին պատգամը՝ ինքնահաճ եւ յաւակնոտ մարդկութեան, թէ՝ համեստութեան եւ խոնարհութեան մէ՛ջ է փառքը եւ վեհութիւնը։ Եւ տուաւ աւետիսը համայն մարդկութեան. սէր եւ խաղաղութի՛ւն։

Աշխարհի վրայ «մոգական» բան չէ՛ մնացած այլեւս։ Այլապէս ի՞նչ կապ կարելի է հաստատել ներկային եւ մսուրի մէջ պառկող Մանուկին միջեւ։ Կա՛յ անբաժանելի եւ սերտ կապ մը՝ որ դարերը՝ յաւիտենականութեան, եւ մարդիկը՝ Աստուծոյ կը միացնէ։ Սերունդներ կ՚անցնին, բայց Բեթլեհէմի Մանուկը կը մնայ մի՛շտ, նոյնը, երէկ, այսօր, յաւիտեան։ Ան ծնաւ՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ Ս. Ծնունդով, բայց Ան համայն տիեզերքի սկիզբը. Ալֆան եւ ամէն բանի անվախճան վախճանը։ Քանի որ Մանուկը մարմնացեալ եւ մարդացեալ Աստուածը՝ Յիսուս է, որուն համար ամէն ինչ ստեղծուեցաւ, իր իսկ խօսքերով, եւ առանց Անոր՝ ո՛չինչ։

Յիսուս մանուկը մարդոցմէ կը պահանջէ սէր եւ խաղաղութիւն իր իսկ օրինակով։ Ուստի, երբ «նուէր» մը տալ կը փափաքինք մանուկ Յիսուսին, ան մեր անկեղծ սէ՛րն է։ Եւ սէր կը նշանակէ՝ իրմէ պակսեցնել՝ ուրիշին աւելցնել, եւ ուրեմն սէրը նպատակայարմար լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ տալ Անոր՝ որ շատ աւելիին արժանի՛ է։

Մա՛րդ Բեթլեհէմէ աւելի աննշան չի կրնար ըլլալ։ Ան մարդկութեան համար, մեզի՛ համար աշխարհ եկաւ՝ ծնաւ, մարմնացաւ եւ մարդացաւ։ Ոեւէ անհատ, եթէ ամբողջ աշխարհի միակ բնակիչը ըլլար, իրեն համար միա՛յն աշխարհ եկած պիտի ըլլար, եւ տակաւին պիտի գար, անոր «նոր կեանք» եւ «փրկութիւն» բերելու համար։ Որովհետեւ Ան սիրեց եւ կը սիրէ «մարդ»ը։

Արդարեւ, Յիսուս Մանուկը կարենալ տեսնելու եւ Անոր մեր նուէրը՝ սէրը մատուցանելու համար կայ երեք կարեւոր ազդակ. «յարատեւութիւն», «խոնարհութիւն» եւ «պարզամտութիւն»։ Ուստի մոգերը գտան Մանուկը, քանի որ անոնք ունէին այս երեք արժէքը։

Մոգերը յարատեւեցին՝ հետեւեցան։ Անծանօթ ճամբաներու մէջ քալեցին. չյուսահատեցան, չվհատեցան։ Եւ մենք ալ, պէտք է մեր հաւատին մէջ յարատեւ ըլլանք, չյուսահատինք, չվհատինք. շարունակենք ընթանալ Մանուկին՝ Յիսուսի բացած ճամբայէն, եւ ընդունինք զԱյն, հնազանդինք Անոր ամէն կերպով։

Մոգերը խոնարհ մարդիկ էին. համեստ եւ իմաստո՛ւն։ Ուստի, անոնք ցոյց տուին, թէ՝ իմաստութիւնը համեստութեան մէ՛ջ է։ Եւ ուրեմն, Յիսուս մանուկը գտնելու համար պէտք է խոնարհ ըլլալ։ Ան, իր իսկ կեանքով, սկսեալ իր Ծնունդէն՝ խոնարհութեան տիպա՛ր մը եղաւ եւ մեզի պատուիրեց խոնարհ ըլլալ։

Խոնարհութիւնը՝ սիրոյ հետ միասին ամենէն թանկագին նուէրն է, որ կրնանք ներկայացնել Մանուկին։

Մոգերը պարզամիտ էին։ Անոնք երբեք չառարկեցին, դժգոհութիւն չյայտնեցին, չգանգատեցան։ Իմաստուններ, ամենէն պարզ, համեստ գիտութեան տէր մարդիկ կրցան Յիսուսը գտնել եւ տեսնել։ Արդարեւ, Յիսուս մեզի պատուիրեց որ «մանուկի պէս» ըլլանք՝ պարզամիտ եւ անմե՛ղ։

Յիսուսի հասնիլ՝ երկինք հասնիլ կը նշանակէ։

Յիսուսը տեսնել՝ Աստուածը տեսնել է. կեանքի ամենակարեւոր արժէքը, յաւիտենականութեան եւ երանութեան միա՛կ նիւթը։

Սուրբ Ծնունդին աստղը կը տեսնենք։ Բայց Յիսուսը չենք տեսներ։ Եւ հարցը ա՛յս է ահաւասիկ։ Այս հանգրուանին՝ աստղը կը տեսնենք, կը հիանանք, կ՚ուրախանանք աստղով, աստղին ներքեւ հանդիսակատարումներ կը կատարենք… բայց եւ դժբախտաբար չենք հետեւիր աստղին լոյսին, կ՚ուզենք որ իր տեղը անշարժ մնայ եւ մենք ազատ ըլլանք անոր լուսարձակ բարիքներէն։ Մէկ խօսքով՝ ներքինը կ՚անտեսենք եւ արտաքինին կարեւորութիւն կ՚ընծայենք։

Ծնունդ է. պէ՛տք է անպայման հասնիլ Բեթլեհէմ, որ կը նշանակէ. «հացի տուն» եւ կ՚անուանուէր նաեւ Եփրաթա, որ կը նշանակէ «պտղաբեր», ունենալու համար «Երկնային Հաց»ը եւ «պտղաբեր» ըլլալու համար մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։

Իւրաքանչիւր անձ ունի իր «աստղ»ը իր կեանքին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, ամէն մարդու երկինքէն ձայն մը կու գայ գոնէ անգամ մը. «Յիսուս մանուկը ծնաւ. ծնաւ Փրկիչը, խաղաղութիւն, սէր եւ բարի լուր բերաւ համայն մարդկութեան եւ ամէն մէկ անհատին»։

Եւ հետաքրքրական է այն իրողութիւնը, թէ Յիսուսի Ծնունդը առաջին անգամ աւետուեցաւ հովիւներուն հրեշտակներու կողմէ։ Արդեօք ինչո՞ւ համար հովիւները ընտրեց Աստուած եւ ոչ թէ մեծամեծները՝ թագաւորները կամ իշխանները։ Հովիւները «ամենացած» դասակարգի մարդիկ էին այն ժամանակ, ընդհանրապէս պարզ եւ համեստ մարդիկ։ Աստուած հովիւները ընտրեց ցոյց տալու համար, որ կարեւոր չէ՛ անձին ով ըլլալը, Աստուծոյ աչքին ամէն անձ հաւասար է, եւ Աստուած կրնայ ամենէն «յետին» անձը ընտրել եւ նոր եւ համահաւասար արժէք տալ, բարձրացնել այդ անձը եւ Իր փառքի համար ծառայեցնել։

«Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց։ Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով։ Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար, ընտրեց այն՝ ի՛նչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար…». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ա 26-28)։

Երբ Աստուած Յիսուսը ծնուելու տեղը ընտրեց, մեծ մայրաքաղաք չընտրեց, այլ փոքրիկ Բեթլեհէմ քաղաքը ընտրեց։ Մանուկ Յիսուսի ծննդավայրը ոչ թէ մեծ մայրանոց մը եղաւ, հապա փոքրիկ մէկ մսուր մը։ Աստուած Մարիամը որպէս Քրիստոսի մայրը ընտրեց եւ ո՛չ թէ իշխանուհի մը, թագուհի մը։

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Աստուած կարո՛ղ է այս աշխարհի վրայ ամենէն փոքր, ամենէն աննշան վայր մը կամ անձ մը ընտրել եւ բարձրացնելով նոր արժէք կամ աստիճան տալ։ Ահաւասիկ, Յիսուսի բարի լուրը.- Որոնք որ այսօր իրենք զիրենք միայնակ եւ լքուած կը զգան, Աստուած այդպիսիներուն այսօր կ՚ըսէ, թէ՝ դուք միայնակ եւ լքուած չէ՛ք, ես ձեր վիճակին տեղեակ եմ, եւ կարո՛ղ եմ ձեզ ալ այդ վիճակէն բարձրացնել եւ ձեր անձին նոր արժէք տալ։

Փառք տանք մեր Տիրոջը այս մեծ շնորհքին համար։

Աստուծոյ հովիւները ընտրելու երկրորդ պատճառը այն է՝ որ Աստուած կամեցաւ ցոյց տալ, թէ ո՛չ միայն մեր անձերը, այլ նաեւ մեր իւրաքանչիւրին կեանքը կարեւոր եւ արժէքաւոր է Իրեն համար։

Երբ Աստուած հովիւները ընտրեց եւ յայտնեց անոնց Փրկչի Ծննդեան լուրը, անով նաեւ ցոյց տուաւ, որ մարդուս կեանքը իր ուէրն է, շնորհը՝ որ Իրեն համար շատ կարեւոր է եւ արժէքաւոր, եւ մարդուս կեանքին միջոցով աշխարհի վրայ մեծ յեղաշրջում մը պիտի կատարուի։ Եւ Աստուած օգտագործելով հովիւներու կեանքը, աշխարհի աւետեց Փրկչին Ծննդեան մեծ աւետիսը, եւ այդ հովիւներու միապաղաղ եւ անիմաստ համարուող կեանքը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի համար։

Ահաւասիկ, այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս Մանուկի Ծնունդը մեզի կ՚աւետէ սիրոյ, խաղաղութեան, համեստութեան, խոնարհութեան հիմնական առաքինութիւնները։ Եւ այս կերպով դարեր վերջ Ֆրանսական յեղափոխութեան երեք նշանաւոր եւ հիմնական արժէքով կազմուած բանաձեւը, արդէն հաստատուած էր Մանուկ Յիսուսի Ծնունդով. «հաւասարութիւն», «ազատութիւն» եւ «եղբայրսիրութիւն»։

Այս կէտին, «եղբայրսիրութիւն»ը կը հասկնանք «մարդասիրութի՛ւն», քանի որ բոլոր մարդիկ՝ որպէս Աստուծոյ արարած «եղբայր» են։

Վերջապէս, Յիսուս Մանուկի ծնած տեղը գտնուող անասուններ՝ աշխարհի զանազան կացութիւնները կը խորհրդանշեն։

Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ բոլորիս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024