ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Դպիրները կ՚երգեն. «Աստուծոյ Հոգի, որ երկինքէն իջնելով Քու փառակիցիդ խորհուրդը մեր ձեռքով կը կատարես, կ՚աղաչենք Քեզի՝ Ասոր արեան հեղումով հանգիստ տուր մեր ննջեցեալներու հոգիներուն»:

Դարձեալ վկայութիւն մը կը տրուի այստեղ, որով մեզի՝ մահկանացուներուս յստակ կը դառնայ, որ առանց Սուրբ Հոգիին չենք կրնար Պատարագի այս Սուրբ Խորհուրդը կատարել, այլ խօսքով՝ Պատարագի արարողութիւնը Սուրբ Հոգիի շնորհքով է, որ կը կարենանք կատարել եւ հաղորդակից դառնալ Տէր Յիսուսի Մարմինին եւ Արիւնին:

Արդարեւ, Տէր Յիսուս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին յաճախ խօսեցաւ Մխիթարիչին՝ Սուրբ Հոգիին մասին, եւ խոստացաւ զԱյն ղրկել Իր աշակերտներուն, որոնց միջոցով նաեւ բոլոր մարդոց: Գործք Առաքելոցին մէջ ալ ականատեսը կը դառնանք Սուրբ Հոգիի գալուստին (կարդա՛լ Գրծ 2.1-13):

Այս երգին մասին այսպէս կը գրէ լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան. «Այս հանգրուանին դպիրներն ու ժողովուրդը “Հոգի Աստուծոյ” կ՚երգեն: Ի տարբերութիւն “Հայր երկնաւոր” եւ “Որդի Աստուծոյ” երգերուն, որոնք միայն կենդանի հաւատացեալներուն համար աղաչանքներ կ՚ընեն, “Հոգի Աստուծոյ” երգը կ՚աւարտի՝ աղաչելով, որ Ս. Հոգին “հանգի՛ստ պարգեւէ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն”:

Պէտք է գիտնալ, որ Ս. Պատարագը կը մատուցուի “վասն կենդանեաց եւ ննջեցելոց”: Ահա, ողջերուն համար անդադար եւ բազմաթիւ աղաչանքներ մատուցանելէ ետք, այժմ այն հանգրուանն է, երբ յատուկ աղօթքներով կը յիշատակենք նաեւ ննջեցեալները: Եւ ասիկա այն պարզ պատճառով, որ եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինն է: Իսկ Քրիստոսի Մարմին ըսելով նկատի ունինք ո՛չ միայն ողջերը՝ Զինուորեալ Եկեղեցին, այլ նաեւ ննջեցեալները՝ Յաղթական Եկեղեցին:

Ուրեմն՝ մեր հաւատքին մէջ եկեղեցին միութիւնն է այս երկուքին, որոնք անբաժանելի են, միացած՝ նո՛յն Տիրոջ, նո՛յն Հաւատքին եւ նո՛յն Յոյսին մէջ, նոյն սիրոյն եւ փոխադարձ աղօթքին մէջ:

Մենք միշտ կը յիշատակենք զանոնք ու կ՚աղօթենք անոնց համար, ինչպէս անոնք մեզ կը յիշատակեն եւ կ՚աղօթեն մեզի համար: Ասիկա առաքելահիմն եւ անխախտելի համոզումն է Եկեղեցիին, որ այս փոխադարձ յիշատակումին եւ աղօթքին մէջ կը տեսնէ Քրիստոսական սիրոյ պատուէրին կատարումը եւ լրումը» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Հասկնանք մեր Պատարագը», էջ 103-104):

Արդարեւ, երբ մեր ննջեցեալները կը յիշատակենք, կը յիշատակենք այն հաստատ համոզումով, թէ անոնք չեն մահացած, այլ՝ այս աշխարհային կեանքէն փոխադրուած են յաւիտենական կեանք, եւ ննջել բայը, որ կը գործածենք, մեր այդ հաւատքին ամենէն վառ ապացոյցն է: Աւելին, մենք կը յիշատակենք եւ կ՚աղօթենք մեր ննջեցեալներուն համար, որովհետեւ հաստատ հաւատք եւ համոզում ունինք, որ մեր Աստուածը յաւիտեան Կենդանի եւ Անմահ Աստուածն է: Մակար Եպիսկոպոս Բարխուդարեան այսպէս կը գրէ. «Այո՛, կը հաւատանք, որ Աստուած կենդանի Աստուած է, ինչպէս նաեւ կը հաւատանք, որ յարութիւն առաւ եւ յարուցանեց բազմաթիւ ննջեցեալներ: Անմահ է Աստուած եւ մարդոց հոգիներն ալ անմահ ստեղծած է: Կը հաւատանք, որ մեր հոգին անմահ է, եւ մեր մարմինն ալ յարութիւն պիտի առնէ. “Ինչպէս մէկ մարդով սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մէկ մարդով սկիզբ կ՚առնէ մեռելներու յարութիւնը: Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան: Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգին: Այժմ երեխայրիքը՝ Քրիստոս, իսկ Իր երկրորդ գալուստին՝ բոլոր Իրեն պատկանողները” (Ա. Կր 15.21-23):  Այո՛, կը հաւատանք, որ Յիսուս Քրիստոս կենդանի է եւ Աբրահամը, Իսահակն ու Յակոբը կը պատկերացնէ, որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ մեռած էին մարմինով. “Գիտցէք նաեւ, թէ շատեր Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն պիտի գան եւ Երկինքի Արքայութեան մէջ սեղան պիտի բազմին Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ” (Մտ 8.11)»:

Ըսինք, ուրեմն, որ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը ո՛չ միայն ողջերուն համար կը մատուցուի, այլ նաեւ ննջեցեալներուն համար, որով իւրաքանչիւր Պատարագի մասնակից պէտք է յիշէ իր ննջեցեալները: Այս կէտին մէջ յաճախ կը մեղադրուի Հայ Առաքելական Եկեղեցին աղանդաւորական շարժումներու կողմէ, որոնք կը պատճառաբանեն ըսելով, թէ Աստուածաշունչին մէջ ոչինչ կայ գրուած այդ մասին: Եթէ այսպէս պիտի մօտենանք բոլոր հարցերուն, ապա այսօրուան մեր կեանքին բազմաթիւ մանրամասնութիւններուն մասին յիշատակութիւն չկայ Աստուածաշունչին մէջ, ուրեմն ի՞նչ, իւրաքանչիւրս իր ուզածի՞ն պէս վարուի: Պահ մը պատկերացուցէք, թէ այդպէս ըլլար: ի՞նչ պիտի ըլլար Եկեղեցւոյ վիճակը ներկայիս: Աղանդաւորական կարգ մը շարժումներու «պաշտամունքային» այլանդակութիւնները ձեզի օրինակ…:

Ինչ կը վերաբերի մեռելները յիշատակելու մասին, առնենք մէկ երկու օրինակ Աստուածաշունչէն:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երբ իմացաւ Ղազարոսի մահուան մասին, Իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթնցնեմ զինք (Յհ 11.11):

Տէր Յիսուս գիտէր, թէ Ղազարոս մահացած էր, սակայն քնացած է կ՚ըսէ, որովհետեւ քրիստոնէական ընկալումով ոեւէ մարդու համար մահ չկայ:

Անդին, հրեայ իշխանաւորին աղջկան պարագան, երբ իշխանաւորը մօտեցաւ Յիսուսի եւ ըսաւ Անոր.

-Աղջիկս նոր մեռաւ, բայց եկուր եւ ձեռքդ անոր վրայ դիր ու անիկա պիտ ողջննայ (Մտ 9.18):

Ի՜նչ հաւատք, ի՜նչ վստահութիւն Տէր Յիսուսի նկատմամբ:

Աւելի հետաքրքրականը Տէր Յիսուսի ըսածն է.

-Մէկդի՛ կեցէք, որովհետեւ աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ (Մտ 9.24):

Տակաւին կարելի է այլ օրինակներ ալ բերել, սակայն այս երկու օրինակները բաւարար են, հաստատ համոզում ունենալու, որ այս աշխարհէն մեկնողները ո՛չ կը մահանան, այլ՝ առժամապէս կը ննջեն, մինչեւ Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստը, ճիշդ է, որ անմիջական կապ չենք կրնար ունենալ անոնց հետ, սակայն հոգեւոր կերպով անոնց ներկայութիւնը կրնանք զգալ, յատկապէս եթէ մեկնողները առաքինի եւ սուրբ մարդիկ են:

Սուրբ Յակոբոս Առաքեալ այսպէս կը թելադրէ. «Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ» (Յկ 5.16): Այստեղ ալ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Առաքեալը կը թելադրէ մեզի իրարու համար աղօթել: Այստեղ աղանդաւորները կ՚ըսեն, թէ մեր աղօթքները ոչինչով կ՚օգնեն ննջեցեալներուն. շատ բարի, բայց մենք երբ կ՚աղօթենք մեզմէ բաժնուածներուն համար, այդպիսով մենք Աստուծոյ դատաստանը չէ՛ որ կը փոխենք, այլ՝ մեր աղաչանքներն ու մաղթանքները կը  մատուցենք Աստուծոյ, խնդրելով Անոր ողորմութիւնը եւ հայցելով Անկէ, որպէսզի Իր ողորմութեամբ քաւէ զանոնք եւ ո՛չ թէ արդարութեամբ դատէ:

Ահաւասիկ, մի քանի մտածումներ ալ ննջեցեալներու յիշատակութեան մասին եկեղեցական հայրերէ:

Այսպէս, Սուրբ Եփրեմ Ասորի կտակ մը ձգած է, ուր արձանագրած է. «Տկարիս համար պատարագ մատուցէք եւ երբ քառասունքը աւարտի, զիս յիշատակի արժանի ըրէք, որովհետեւ մեռելները մեծապէս կ՚օգտուին պատարագներու մէջ կատարուած յիշատակումներով։ Եթէ ազոխը այգիին մէջ հասուննալու ժամանակ տան մէջ գտնուող գինին կը շարժի ու կ՚եռայ իր ամանին մէջ. կամ երբ սոխը արտին մէջ տնկուի, տունի մէջ գտնուող չոր սոխը կը ծլարձակի. որքան աւելի մեռելները կը զգան պատարագի ներգործութիւնը։ Սուրբ Գիրքն իսկ կը վկայէ այս մասին, այլապէս եթէ այս յոյսը չըլլար, հապա ինչպէ՞ս մեծ Մարգարէն Մովսէս օրհնեց Ռուբէնը՝ երկրորդ տոհմին մէջ (Բ. Օր 33.6): Ուստի, որքան աւելի Նոր Ուխտի քահանաները պէտք է պատարագով յանցաւորներու մեղքերը քաւեն»:

Իսկ Յովհաննէս Երզնկացին խիստ կերպով կը դատապարտէ չափազանցեալ կերպով մեռելներուն վրայ լացողները՝ ըսելով. «Քրիստոնեան պէտք չէ անյուսութեամբ եւ անհաւատութեամբ սգայ մեռելին վրայ, որ կ՚երթայ քրիստոնեաներու յոյսին՝ Քրիստոսի մօտ»:

Պետրոս Արքեպիսկոպոս Բերդումեան այսպէս կը գրէ. «Ինչպէս մեզի համար դիւրին է քնացածին արթնցնել, այդպէս ալ Քրիստոսի համար՝ երկար դարեր առաջ մահացածին: Այդ պատճառով ալ Տէրը սովորաբար մեռեալներուն ննջեցեալի կը նմանցնէ. “Մեր բարեկամ Ղազարոսը  քնացած է” (Յհ 11.11). “Աղջիկը մեռած չէ, այլ՝ կը քնանայ” (Մտ 9.24)»:

Իսկ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեր մեռելները յիշելուն մէջ ազգային դիմագիծ մը կը դնէ, գրելով. «Մի՛ մոռնաք ձեր մեռելները, ինչպէս ըրին Հռոմայեցիները։ Յիշեցէ՛ք մանաւանդ, թէ՝ դեռ վաթսուն տարիներ առաջ, ձեր ազգը հողին եւ ծովին, հուրին եւ սուրին յանձնեց (…) նահատակներ պարզապէս հողին չյանձնելու համար հայու սուրբ անունը...։ Արիւն տուաւ, բայց հաւատքը «ղայիմ» բռնեց, լեզուն խօսուն պահեց, ազատօրէն եւ մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքով ապրելու իր կամքը պիրկ լարեց։

Մի՛ մոռնաք, որ նահատակներու սերունդ էք եւ անոնց մահուան գինը պահանջելու պարտք ունեցող իրաւատէրն էք։ Սրբազան դատ մը ունինք, սիրելիք։ Մեզի ներուած չէ յումպէտս վատնել մեր «հալալ» վաստակը։ Մենք դժուարին կեանք մ՚ունինք։ Մեզի ներելի չեն անսանձ եւ անկշռադատ հաշտութիւնները»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

26 յունիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022