ԼԵՒՈՆ ԳԱԹՐՃԵԱՆ. ՀԱՅ ԵՐԳԻ ԱՍՊԵՏԸ

Ոչ եւս է հայկական ժողովրդական երգի լաւագոյն մեկնաբաններէն Լեւոն Գաթրճեան (1940-2022): Դիմատետրի էջերէն կ՚իմանանք այդ գոյժը՝ որ մեզ կը վերադարձնէ վաթսունականներու կէսերէն մինչեւ ութսունականները երկարող ժամանակահատուածը, երբ հայկական երգարուեստը կ՚ապրէր ստեղծագործական իր հրաշալի վերելքը:

Հայրենի հողէն ծլարձակած այդ գեղարուեստական հզօր ալիքը կը հասնէր գաղթաշխարհի մինչեւ հեռաւոր ափերը, այնտեղ ալ սերմանելու իր հունտերը, որոնք պիտի ներկայանային յանձինս սփիւռքահայ տասնեակներով սերունդով մը, որ ձայնային հրաշալի կատարումներով պիտի մեկնաբանէր հայ երգի հրաշազարդ ոգին:

Լեւոնը մէկն էր անոնցմէ, ծնեալ սփիւռքի այսպէս նկարագրուած մայրը համարուող՝ Հալէպ, որ վստահաբար առաջատարներէն մէկն է հայ արդի երգին եւ որ իր յուզական, հնչեղ ու զուլալ թենորով հայկական քնարական երգերը հրամցուց նոր ոճով ու մեկնաբանութեամբ հայ ունկնդիրներուն, գաղութաշխարհի եւ հայրենիքի տարածքին:

Լեւոն Գաթրճեանը առաջին անգամ լսած եմ 1970-ականներուն Հալէպ, «Սեպիլ» ճաշասրահին մէջ, աւանդական պարահանդէսի մը ընթացքին:

Մայրս՝ երկրպագու մըն էր գեղեցիկ ձայներու, որովհետեւ կը սերէր ձայնաւոր ընտանիքէ մը: Եւ կը յիշեմ ընտանեօք մեր հմայուած եւ կախարդանքի համազօր կլանուածութիւնը, երբ իրարու ետեւէ կ՚ունկնդրէինք գուսանական եւ ժողովրդական երգերու բարձրարուեստ այդ կատարումը Լեւոն Գաթրճեանին կողմէ:

Կ՚ըսուի, թէ Գաթրճեան երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն մը չէր ստացած (վստահաբար այդ ժամանակներու պարտադրած պայմաններուն պատճառաւ), սակայն ճշմարիտ երգիչները յաճախ կը ծնին իրենց էութեան մէջ կրելով բնազդական կատարումի ակադեմական մակարդակ մը, զոր կու գայ ազգային հոգեկան ակունքներու հանքային գոյութենէն, եւ Գաթրճեանը անոնցմէ մին էր:

Այնուհետեւ, կրկնուեցան հանդիպումները Գաթրճեանին հետ եւ որոնք հարստացուցին գեղարուեստական վայելքի յուշերս:

Այսօր Քաթրճեանին կորուստով տեսակ մը յետադարձ արժեւորումի առիթ կը ներկայանայ բոլորիս, յատկապէս մեր սերունդին՝ վերընթերցելու այն փառահեղ յուշամատեանը, որ կ՚ըդգրկէր եզակի ժամանակահատուածի մը ստեղծագործական արգասիքը:

Գեղարուեստական արտադրանքի բազմաերես զարթօնք մը, ուր հայ գիրն ու գրականութիւնը, երգն ու երգարուեստը, նկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը, ձեռք ձեռքի կը կերտէին ազգին հոգեւոր ողնասիւնը:

Այս առթիւ պարտինք իւրաքանչիւրս մոմ վառել եւ խունկ ծխել բոլոր այն արուեստագէտներու յիշատակին, որոնք սատարեցին այդ հոգեւոր զարթօնքի կայացման, ըլլան անոնք հայրենի հողին վրայ կամ գաղթաշխարհին մէջ:

Մշակոյթը մեր լինելութեան երկաթակուռ տաճարն է, իսկ զայն պահպանողները անոր երկնատուր սպասարկողներն են...

Միշտ վառ պիտի մնայ Լեւոն Գաթրճեանի յիշատակն ու իր աւանդը՝ տեւապէս մեծարելի հայ երգարուեստի զարգացման մէջ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022