ԱՉՔԵՐՆԻԴ ԼՈ՜ՅՍ…

Ծնողներ, որ կը ցանկաք ձեր զաւակներուն փայլուն ապագայ, նիւթական բարօր վիճակ եւ անոնց հետ եկող բոլոր բարիքները ապահովել։ Ձեր պատանի ու երիտասարդ զաւակները հիմա դիւրին հարստանալու միջոց մը ունին. համակարգչային խաղերը։

Վստահ եմ լսեցիք, որ քանի մը օր առաջ, շաբաթավերջին, քանի մը պատանիներ եւ երիտասարդներ 3, 1.5, 1.2 եւ նման գումարներ շահեցան նման խաղերու մրցումի մը մասնակցելով. լրատու աղբիւրները, դեմոկրատներու ընտրապայքարի բեմադրութիւնը կամ Իրան-Եւրոպա-Միացեալ Նահանգներ հակադրութիւններու լուրերը տարածելու կողքին, մեծ աղմուկով ու շողշողացող լուսարձակներով աւետեցին, որ կիրակի, 28 յուլիսին, շուրջ 100 պատանիներ եւ երիտասարդներ մասնակցած են համակարգչային խաղերու՝ վիտէօ-խաղերու մրցումի մը եւ բաժնեկցած՝ այս խաղերը արտադրող՝ կազմակերպիչ ընկերութեան կողմէ տրամադրուած 30 միլիոն տոլարը. փոքրագոյն պարգեւը եղած է 50.000 տոլար։

Բնականաբար նախանձախնդիր եւ հոգածու ծնողներ պիտի ուզեն մանրամասնութիւններ գիտնալ, թէ 16 տարեկան պատանի մը ինչպէ՞ս յաջողած է 3 միլիոն տոլար շահիլ, աւելի քան 25 կէտի առաւելութիւն ունենալով իր անմիջական մրցակիցին վրայ (ես տգէտ մըն եմ եւ գաղափար չունիմ, թէ այդ խաղերը ինչպէ՞ս կը խաղցուին, ուրեմն, իմ վրաս յոյս մի՛ ունենաք, սորվելու համար դիմեցէք մանուկներու եւ պատանիներու)։ Լրատու աղբիւրներ եւ համացանցը ողողուած են անսպառ տեղեկութիւններով։ Ուրեմն, եթէ ձեր զաւակը կ՚ուզէ այսպիսի մրցում մը շահիլ, երաժշտութեան կամ այլ գիտելիքներու-արուեստներու մղելու փոխարէն՝ պէտք է զայն փոքր տարիքէն խրախուսէք, որ դառնայ այս տեսակի խաղերու մոլի մը. մրցանակաւորը արդի արհեստագիտութեան շահաբեր այս պտուղին ծանօթացած է… 3 տարեկանին, այնուհետեւ, ան ամէն օր շուրջ 6 ժամ տրամադրած է համակարգիչին ճամբով «պեղելու» ոսկեհանքը եւ ահա, պի՜ի՜ի՜նկ, բախտը իր երեսը ցոյց տուած է անոր. սա առաջին շահը չէ ջանադիր խաղացողին, որ քանի մը ամիս առաջ ալ ապահոված է փոքր գումարներ. օրինակ 100 տոլար մը…։

Չկարծէք, որ շահողին ծնողները անտարբեր ու զգացումէ զուրկ մարդիկ են. անոնք պայման դրած են, որ պատանին իր դասերուն մէջ ըլլայ յառաջադէմ, որպէսզի կարենայ շարունակել խաղալ։ Ան նաեւ միայնակ չէ, այլ համակարգիչի ճամբով գտած է մրցակիցներ-ընկերներ, այսինքն, կը վայելէ համակարգիչին պարգեւած՝ «ընկերային յարաբերութիւններ»ը…

Հիմա, երբ հաւանաբար համոզուեցաք, որ պէտք է ձեր մանկատի զաւակները քաջալերէք նման խաղերու մոլի-մասնագէտները դառնալու, դարձնենք մետայլին միւս երեսը։ Հոն ալ բախտաւոր էք, որովհետեւ այս խաղերը խաղալու համար դրամ վճարելու ստիպուած չէք. խաղերը ձրի են, սակայն զանոնք հնարող-տարածող ընկերութիւն(ներ)ը կը ներկայանան իբրեւ բազմամիլիառ տոլարի հարստութեան տիրապետող հաստատութիւններ, ունին բազմահարիւր աշխատողներ։ Աշխարհի տարածքին, անոնք ունին շուրջ 250 միլիոն յաճախորդներ-օգտագործողներ, որոնց շարքին՝ երգաշխարհի եւ շարժապատկերի աստղեր. անոնց անուններն իսկ այս ասպարէզը ծանուցանելու ծառայող «դրամագլուխներ» են։

Անշուշտ հարց պիտի ծագի, թէ այսքան ընդարձակ տարողութեամբ «ճարտարարուեստ» մը ինչպէ՞ս կրնայ ապրիլ եւ միլիառներով շահ ապահովել, եթէ խաղերը կը տրամադրուին ձրիօրէն։ Տասնամեակներ առաջ, գիտէք, որ նմանօրինակ խաղեր ու անոնց սարքերը օրինակ՝ Նինթենտօները) ի՛նչ կ՚արժէին։ Հա՛-հա՜. դուք ուրեմն տակաւին կ՚ապրիք յետամնաց ժամանակներու մէջ։ Շահը կ՚ապահովուի ներկայացուած խաղերուն մէջ ստեղծուած «հերոսներուն» հագուած տարազներուն, հագուստներուն, կօշիկներուն եւ գործածած առարկաներուն (զէնք ու զրահ՝ խաղալիքի ձեւով, եւ այլն) նմանակներուն արտադրութեան ու վաճառքին, ծանուցումներու ճամբով, անուղղակի այլ միջոցներով։ Եւ դուք գիտէք նման արտադրանքներու շուկայի գիները…

Անցնինք այլ յարակից հարցերու։ Եթէ համոզուեցաք, որ պէտք է ձեր զաւակը քաջալերէք նետուելու շահաբեր այս ասպարէզը, այնքան ալ վստահ մի ըլլաք, թէ ան ընթացք պիտի տայ իր դասերուն-զարգացման աւելի՛ կարեւորութիւն ու ժամանակ տալու ձեր պահանջին. բացառիկները ընդհանուր օրէնքէն դուրս են. փաստ՝ բջիջային հեռաձայններու, դիմատետրեան սարքերու եւ նմանօրինակ միջոցներու հանրութեան գերեվարութիւնը։ Արտադրող-հնարիչները, բնականաբար հանճարեղ մարդիկ, անձամբ կամ շահ հետապնդող ընկերութիւններու հետ գործակցաբար, շա՛տ լաւ գիտեն արդի մարդուն, մանաւանդ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին տկարութիւնները եւ ահա, լրատու աղբիւները լծած են իրենց քարոզչութիւնը-ծանուցումը ընելու արշաւին. իսկ թէ ո՞վ որո՞ւ ի՞նչ կը վճարէ, բնականաբար չի հրապարակուիր։ Ի վերջոյ, երբ ընկերութիւն մը միլիառներ կ՚ապահովէ, ունի տարրական այն իմացութիւնը, թէ՝ պէտք է նաեւ քանի մը տասնեակ միլիոն ծախսէ, որպէսզի այսպիսի շռնդալի փայլատակումներով ընդարձակէ իր յաճախորդներուն թիւը։ Եթէ տարի մը ետք վիճակագրութիւն պատրաստուի, հաւանաբար այս խաղերը գործածողներուն թիւը առ նուազն կրկնապատկուած պիտի ըլլայ. եւ այս «կայսրութիւնը»ը սահմաններով չէ կաշկանդուած, ընգղայի - օքթոփուս - նման միայն 8 «թեւերով» չէ օժտուած, այլ ունի միլիոնաւոր շօշափուկներ, որոնք պատրաստ են ազնուօրէն գրկելու ձեր զաւակները։

Այս բարիքը, ընդունինք, կապ չունի արդի արհեստագիտութեան զարգացումներու ու բարիքներուն հետ, այլ մարդկութեան կը ներկայանայ իբրեւ մեղրով օծուած… թմրեցուցիչ (թմրեցուցիչներու վաճառքի արտօնումը եւս ունէր զուտ շահադիտական տրամաբանութիւն, սակայն ատիկա ուրիշ հարց է)։

…Տարիներ առաջ, երբ համակարգչային խաղերը նոր շուկայ կը գտնէին, բարեկամի մը պատանի զաւկին համար նուէր մը գտայ. սկաւառակ մըն էր, որուն վրայ գիտելիքներու, ընդհանուր զարգացումի նպաստող հարցումներու շարքեր կային, նմանապէս մրցումի ձեւով։ (չերթանք դաստիարակչական խաղերու նախընթաց «դարերը»)։ Քանի մը տարի ետք, այդ տեսակի խաղեր անգտանելի պտուղ դարձան։ Սկաւառակներն ու այլ տեսակի սարքեր թանգարանային ապրանքի վերածուեցան, եւ հիմա, ամէն բան հասանելի է, եւ՝ ձրիաբար, համակարգիչի կամ բջիջային հեռաձայնի ու նման սարքերու միջոցով. անոնց մէջ գիտելիք ու դաստիարակութիւն փնտռողներ ալ դարձած են հազուագիւտ պտուղ, իսկ մատուցողները իրենց արտադրանքը կը գովաբանեն իբրեւ «ռազմավարութիւն» եւ այլ բաներ սորվեցնող միջոցներ…։ Այս բոլորը կը կոչուին զարգացում, յառաջդիմութիւն եւ արդիականութեան հետ քայլ պահել։ Վաղը հաւանաբար դպրոցներն իսկ աւելորդ հաստատութիւններ սեպուին ու պատանին ու մանուկը բռնադատուին «ուսանելու» նման խաղերու ճամբով։ Չենք անտեսեր հեռահաս ուսումնառութեան-դասաւանդութեան բարիքները, ոչ ալ լսատեսողական արդի միջոցներու օգտագործումը մանկավարժութեան մէջ, սակայն մեր խօսքը ուրիշ բանի մասին է։

Հիմա։ Այս բոլորը գիտնալով՝ պիտի ուզէ՞ք ձեր զաւակներուն ապագան քանդել ու զանոնք զրկել համակարգչային խաղերու բարիքներէն։ Յամենայնդէպս, շատ մտահոգուելու պէտք չունինք. անոնք շուտով այս ընտրանքն ալ պիտի պարտադրեն ձեզի, ուրեմն, մեծահոգաբար, գուրգուրանքով եւ «արդի մանկարավարժութեան» հետ քայլ պահելով՝ ընթացք տուէք այս ալիքին եւս, եւ թող ձեր աչքերը փայլին այս լոյսով…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Եռագոյն»

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019