ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ. «ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՄԵՄԱՏԵԼԻ ԵԶՐԵՐ ՉԵՆ: ՄԷԿՈՒՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԱՐԺԷՔԸ ՉԻ ՀԱԿԱԴՐՈՒԻՐ ՄԻՒՍԻՆ ԶԻՋՈՒԱԾՔԻՆ»

Արձակագիր, բանաստեղծ ու գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945-ին Հայաշէն, Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ապա անցած է Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1964-ին: 1967-ին հաստատուած է Փարիզ, ուր Սորպոնի համալսարանէն ստացած է փիլիսոփայութեան իր տոքթորականը: Իր բանաստեղծական գործերն են՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար» (1976), «Հատուածներ սենեակի մասին» (1978), «Հակաքերթուած» (1979), «Վայրեր» (1983), «Մանտրաներ» (1986), «Էր» (1992), «Հատուածներ Հօր» (1993), «Ելք» (1993), «Մանտրաներ» (ամբողջական շարք, 2010), «Ինչ որ չես տեսներ» (2016), արձակ՝ «Սեմեր» (թարգմանուած ֆրանսերէնէ, 1997), «Հարուածը» (թարգմանուած ֆրանսերէնէ, 1998), «Նշան» (թարգմանուած ֆրանսերէնէ, 2000), «Պատկերը» (թարգմանուած ֆրանսերէնէ, 2003), .«Անունը լեզուիս տակ» (2003), «Երկուք» (2006), «Շրջում» (2012), «Կրկնագիր մարդը» (2015), «Ընդառաջում» (2019), «Յակոբներ» (2019), գրաքննադատական՝ «Տրամ» (1980), «Գրիգոր Նարեկացի. լեզուի սահմաններուն մէջ» (1985), «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» (1988, Բ. տպ. 2014), «Մարտ» (1997), «Դէպի մեծ փոխաբերութիւն» (1999), «Զրոյցներ բանաստեղծութեան մասին» (1999), «Ի գործ արկանել» (2003), «Երկխօսութիւն Նարեկացիի հետ» (2008), «Հայկական ֆուտուրիզմ» (2009), «Տարմ» (2015), «Ֆրանսահայ գրականութիւն» (2017, բնագիրը՝ ֆրանսերէն (2001)):

Պըլտեան երեւոյթ մըն է մեր գրականութեան մէջ: Իր լեզուն եւ ոճը, որոնք նոր են եւ,- բառիս բուն իմաստով,- տարիներու տենդագին աշխատանքի արդիւնք են, ցոյց կու տան, որ հինին վրայ միշտ կարելի է բան մը աւելցնել, զայն փոխել-նորոգել, մէկ խօսքով՝ ձերբազատիլ անոր ճիրաններէն եւ ընթանալ տարբեր ուղիներէ:

Իր գործերուն ոչ-դիւրամարսելի բնոյթը երբեք պատճառ մը չէ եւ չի՛ կրնար ըլլալ, որ մենք անտեսենք Պըլտեան երեւոյթը կամ դպրոցը, եթէ կ՚ուզէք: Երբեմն, կը կարծեմ, «դժուար» գործեր չհասկնալնուս եւ զանոնք մէկդի շպրտելնուս պատճառը պէտք է այլ տեղեր փնտռել կամ, ըսենք, այլ գործօններու վերագրել. օրինակ՝ մեր հայերէնի մակարդակին կամ, աւելի ճիշդը, մեր վերլուծական մտքի անճկունութեան:

Եթէ դժուարութիւն կ՚ունենանք իր գործերը հասկնալու, սա կը նշանակէ, որ ինք մեզմէ՝ ընթերցողներէս քայլ մը առաջ է բոլոր առումներով: Հետեւաբար լաւ չ՚ըլլա՞ր, որ մէյ մը լսենք զինք ու տեսնենք, թէ այս գրագէտը ինչպէ՛ս կը մօտենայ մեր գրական խնդիրներուն եւ ի՛նչ լուծումներ կ՚առաջարկէ անոնց:

Ա.

-Սովորական օր մը, գիր ու գրականութենէ դուրս, ինչպէ՞ս կ՚անցնի Ձեզի համար:

-Մինչեւ քանի մը տարի առաջ, դասի, դասախօսութեան պատրաստութիւնը բաւական ժամանակ կը խլէր։ Հիմա ազատագրուած եմ այդ գործէն։ Համաճարակի պարտադրած տնակալումէն ի վեր կեանքը փոխուած է, դարձած է նեղ, անբնականոն։ Նուազ ազատ դուրս կու գամ տունէն, կը խուսափիմ խճողուած տեղերէ, աւելի ներամփոփ ստիպուած եմ ըլլալ, բայց նոյնիսկ բոլորովին խիստ «փակ» օրերուն, չեմ լքած դուրսի աշխարհը։ Կը սիրեմ միշտ դիտել, ուսումնասիրել շրջապատը, մարդիկը։ Ասիկա գրողի մը համար անհուն տարածք մըն է։ Հիմա անշուշտ առօրեայ լրահոսքը կայ համացանցէն, ձայնասփիւռէն։ Աշխարհի անցուդարձերը իրենք զիրենք կը պարտադրեն ուզես-չուզես։ Ամէն պարագայի Փարիզը արդէն գրեթէ անկարելի կը դարձնէ մենութեան աշտարակները։ Ասոր պէտք է աւելցնեմ մտաւորական աշխատանքը, մատենադարան, գրախանութ այցելութիւններ, եթէ մատչելի են։

-Օրական քանի՞ ժամ կը զբաղիք գրական աշխատանքներով: Որեւէ յատուկ մեթոտ մը, եղանակ մը ունի՞ք գրելու:

-Ժամերը կախում ունին աշխատանքի տեսակէն։ Նոյնիսկ երբ աշխարհը տակնուվրայ է, տրամադրութիւնը կը պակսի, աշխատիլը կարեւոր (ու փրկարար) է, օրական քանի մը ժամ առնուազն։ Այսպէս է տարիներէ ի վեր, լուռ օր թէ տօն օր, ինչպէս կ՚ըսեն։ Միտքը, փողոցը քալած պահուն անգամ, երբ ինքզինք համակարգիչի աշխատանոցին մէջ չի գտներ, կը շարունակէ բանիլ գրուածի կամ գրելիքի ուղղութեամբ։ Գրելը արթուն մնալու, կեդրոնանալու, կենալու-հսկելու, մտածելու ձեւ մըն է ինծի համար, առօրեայի մեծ ու փոքր մանրուքներէն չտարուելու համար, որոնք միշտ ալ քեզի կը հետեւին շուքիդ պէս։ Ասիկա չի նշանակեր որ ամէն օր «հիանալի» էջեր աշխարհ կու գան։ Ընդհակառակը։ Շատ ու հետեւողական աշխատողը շատ բան կը ջնջէ։ Համակարգիչը այս աշխատանքին իտէալ գործիքն է։ Ան որ գրող կ՚ուզէ դառնալ, պարտի ինքզինք պատրաստել, չսպասել «մուսաներուն», որոնք կրնան երբեք չգալ։ Իսկ եթէ յանկարծակի «հրաշագեղ» այցելութիւնը յայտնուի, գրողը պատրաստ ըլլալու է։ Երբեմն գործ մը ամբողջովին կը գրաւէ, կը պարտադրէ որ ժամերով շարունակես իրմով զբաղիլ-գրել-սրբել-վերսկսիլ։ Նման պարագաներու վեց-եօթը ժամը քիչ է անգամ։ Ընդարձակ ուսումնասիրութիւնները կամ պատումները կը գրուին տենդագին ռիթմով։ Յետոյ ատեն մը կը հանգչին, որպէսզի ենթարկուին խիստ քննութեան։ Ասկէ կը ծնին «գրողի հիւանդութիւնները» համակարգիչին առջեւ, քանի նստող մարմինը կը բողոքէ, նոյնիսկ եթէ միտքը ինք կը յամառի։

Բ.

-Ի՞նչն է պատճառը, որ այսօրուան մշակուող գրականութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր. ճշմարիտ տաղանդներու չգոյութի՞ւնը, հանրութեան անտարբերութի՞ւնը, թէ՞ այլ պատճառներ կան:

-Այսօր, հայ գրականութիւնը առաջնահերթ չի նկատուիր։ Կարելի է նոյնիսկ հարցնել. գոյութիւն ունի՞։ Ատոր փաստերը երկար փնտռելու պէտքը չկայ։ Նայեցէ՛ք մեր գրական մամուլին. շատ քիչ բան է։ Թղթեղէն տարբերակը, որ գերիշխող էր մինչեւ ահա տասը տարի, արդէն անհետանալու վրայ է, իսկ համացանցային կայքէջերը կարծես կը հետաքրքրեն միայն որոշ խաւի մարդիկ եւ տակաւին կայունացած չեն։ Հոն հրապարակուածին մէջ շահեկանը կը զուգորդուի թափուելիքին։ Կարծես խմբագրութիւն չկայ, զտող կացիչ մը, որ հրապարակելէ առաջ բանաստեղծութիւն, արձակ քննէ, ի հարկին թելադրութիւններ ընէ գրողին, լեզուական կամ արտայայտութեան։ «Տաղանդներու բացակայութի՞ւն», չեմ խորհիր։ Ինչպէս ուրիշ գրականութիւններու, մերինին մէջ ալ տաղանդաւոր գրողներ կան։ Տաղանդը չի բաւեր։ Աշխատանքը, անշուշտ անհրաժեշտ է։ Թերեւս միջավայրը չ՚օգներ որ օժտուած կիներ ու տղաք աճին, հասուննան, իրենք զիրենք ըլլան։ Միջավայր ըսելով նկատի ունիմ ընդունող-կարդացող հասարակութիւն, նաեւ մտածող, գրուածին մասին անկաշկանդ ու խելամիտ գրող-խօսող։ Հայ գրող ըլլալու համար յամառութիւնը անբաւական է, ո՛չ իսկ «շատ ու իւրայատուկ ըսելիք»։ Ամէն մարդ ըսելիք ունի, բոլորինն ալ իւրայատուկ է։ Բայց... ոճ մը, հարցադրութիւն մը ուրիշ խնդիր է, որ կը նուաճուի, տուիք չէ։ Պէտք է գրողին նաեւ տեսակ մը «վերին անտարբերութիւն» մե՛րթ ըսի-ըսաւին (բարեկամական խորհուրդներուն...), մե՛րթ արհամարհանքին (դէպի այդ անշահաբե՜ր գործունէութիւնը), հրատարակչական պայմաններու չգոյութեան կամ խեղճութեան։ Հարկ է ըլլալ նաեւ շատ համբերատար... Պայմանները այնպէս են որ գրեթէ անկարելի է նոր աւարտած հատոր մը տաքը-տաքին հրապարակել։ Պիտի սպասես, քանի մը տարի, եթէ ոչ տասնամեակ, ուստի երբեմն գործս կը դիմակալէ ընթերցողի նոր սերունդ, որ չէիր նախատեսած։ Անհեթեթ բան մը կայ մեր գործին մէջ. յամառիլ գրել ու ոչինչ ակնկալել անգոյ կամ ուղղակի թշնամական շրջապատէն (դեռ կը գրե՞ս կոր..., մի՛ գրեր, ո՞վ պիտի կարդայ ատ լեզուով)։ Հայ կոչուած իրականութիւնը գրուածին համար բնաւ նպաստաւոր պայմաններ չ՚ընծայեր, բնա՛ւ։ Ուրիշ հարց որ, բացի շատ ճարպիկ, խաչագող «գրողներէն» գրելով կարելի չէ գումար վաստկիլ, սանկ-նանկ մարդու վայել կեանք մը ապահովելու համար ինքն իրեն։ Հապա Փա՜ռքը։ Արժէքներու փարքինկն է, ուր օթօդ կը դնես որ փտի։

-Ձեր կարծիքով՝ ինչո՞ւ գրաքննադատութիւնը կը թերանայ այսօր իր պարտականութեան մէջ: Կրնա՞ք պատճառ մը թուել եւ խօսիլ անոր մասին:

-Կրնա՞նք լրջօրէն նման բանի մը մասին մտածել։ Կան սանկ-նանկ յօդուածներ գիրքերու մասին։ Շատ պայմանական կերպով յայտնուող, որովհետեւ հանդէս կամ կայքէջ կանոնաւոր սիւնակներ չեն յատկացներ, չեն խթաներ որ մնայուն պաշտօն մը գոյութիւն ունենայ։ Ուստի քննադատի կանոնաւոր դեր չեն կատարեր յօդուածագիրները, սիրողական կեցուածքներ ունին։ Կը գրեն իրենց տպաւորութիւնները (երբեմն իրենց բարեկամներու), շատ քիչ անգամ կը մտածեն որ քննադատութիւնը մտքի ազատ գործունէութիւն մըն է, որ շատոնց, գոնէ Արեւմուտքի մէջ աննախընթաց զարգացում ունեցած է։ Ատկէ «մենք» զրկուած ենք անշուշտ։ Քննադատութիւնը կ՚ենթադրէ հեռաւորութիւն ընկալուածէն ու շրջապատի պարտադրած ճաշակէն։ Այսինքն՝ մտքի անկախութիւն սա կամ նա հաստատութենէն։ Իսկ մեր «մամուլը» ազատ մամուլ չէ, ատոր տպաւորութիւնը կը ձգէ կամ կը պատրէ։ Խեղճ ու կրակ, կիսագրագէտներու բեմն է յաճախ։ Մենք շատոնց վերադարձած ենք Պոլիսի 1870-ը կանխող պայմաններուն, միայն թէ աղաներուն տեղ հիմա նստեր են կուսակցականները, կուսակցականամիտները, հարուստ հովանաւորները կամ Սրբազանները։ Ժամանակին ազգային սահմանադրութեան շնորհիւ գրականութիւնը գոյութիւն ունեցաւ իբրեւ առանձին կալուած։ Անկէ ասդին՝ ետքայլը մեծ է։ Սփիւռքի առաջին շրջանին - Սովետական Հայաստանի պարագան ուրիշ էր, պատճառները՝ յայտնի - քննադատութիւնը շատ զարգացած եւ բազմադիմի գործունէութիւն մըն էր։ 1929-1930-ին, Յակոբ Օշական յօդուածաշարք մըն ալ գրած է, երեւոյթը պախարակող։ Բայց քննադատ-գործօնը, գրականութեան կենսունակութեան պայմաններէն մէկն էր, այնքան որ գրողներն անգամ չէին վարաներ գրադատութիւն ընելէ, երբե՛մն զիրար բզկտելէ, երբեմն ալ գրական երկին շուրջ խանդավառութիւն ստեղծելէ։ Մեզի պակսողը ներկայիս մտքի այս կենսունակութիւնն է։ Որքան ալ մեր գրողները ըսեն որ իրենց համար գրականութիւնը իրենց կեանքն է (այդ կեանքն ալ արդէն շատ քիչ, եթէ ոչ ճղճիմ բան է), չունին իրենց դիմաց կամ քով կամ ետին՝ իրենց գործերը ընդունող-կարդացող, մտածող-հակազդող մարդիկ, որ ըլլան անկախ, այսինքն՝ չենթարկուին սա կամ նա կողմին ու գոյնին, չենթարկուին նոյնիսկ ազգային գաղափարախօսութիւններուն, ամբոխավարութեան, բարեկամութեան կամ սրտակցութեան։ Բազմաթիւ առիթներով գրած եմ այս մասին եւ կարծես միշտ հարկը կայ կրկնելու որ գրաքննադատութիւնը, իբրեւ քննադատութեան ու դատումի բայց նաեւ համակրումի կամ սիրոյ եղանակ, մտքի բարձր գործունէութիւն մըն է, որ կ՚ենթադրէ ո՛չ միայն տեղեկութիւններու իմացութիւն, ճաշակ, այլեւ մտաւորական բազմադիմի պատրաստութիւն։ Ասիկա երեւակայելի չէ մեր գրական ածուին մէջ։ Եթէ կար, շատոնց անհետացած է։ Չեմ արհամարհեր այն երեւոյթը, որ քննադատի պաշտօն գրաւողը պարտի ունենալ երկաթէ ջիղեր դիմադրելու համար «ժողովրդական հակազդեցութիւններուն», ինչպէս նաեւ անսակարկ նեցուկ իր իսկ խմբագրութենէն։

-Վերջերս տարածուած արտայայտութիւն է, թէ «հայ ժամանակակից գրականութիւնը ամէն ձեւով կը զիջի դասականին»: Համամի՞տ էք: Ինչո՞ւ:

-Ձեր այս հարցումը կ՚արժէր ենթարկել իսկական կազմալուծումի մը։ Բայց տեղ ու տրամադրութիւն չունիմ։ Նախ՝ ի՞նչ է սա ժամանակակիցը, երբեւիցէ մտածե՞ր էք անոր մասին։ Որո՞նք են ժամանակակիցները։ Իսկ ի՞նչ է սա դասականը։ Որքան գիտեմ, մեր գրականութիւնը դասական շրջան չէ ունեցած։ «Դասական» ըսելով դուք պարզապէս կ՚ակնարկէք ընդունուած գրողներու շքախումբին, բոլորն ալ ի հարկէ մեռած։ Այս փաղանգը կը գտնուի դասագիրքերու մէջ, անոր կը յատկացուին դասաժամեր սփիւռքի որոշ դպրոցներու մէջ, համալսարաններու մէջ Երեւան։ Նկատի չեմ առներ Փարիզ, Լոս Անճըլըս կամ այլուր հայագիտական ծրագիրներով աւանդուածը։ Անունները գիտենք։ Յարգելի, սիրելի, երբեմն պաշտուած, մարտիրոսի լուսապսակ կրող բանաստեղծներու, արձակագիրներու խումբն է, ԺԹ-Ի դարուն յայտնուած, որ ի վերջոյ սահմանափակ է թիւով (սովորաբար Հիները կը նկատուին մատենագրութեան մաս կազմող գրողներ)։ Ասոնց մէկ մասին անուններով փողոցներ կան Երեւանէն Փարիզ, դպրոցներ, տուն-թանգարաններ։ Անոնց գործերը դարձած են, քիչ մը անոնց կեանքներուն պէս, վարք-սրբոց, սրբանկարային պատկերներ, ես պիտի ըսէի՝ տաս-տափակ, տիւզ-տապան բաներ։ Բաներ՝ որ տասնամեակներով կը ծամուին ու կը ծամուին, «աւանդութիւն» կը փոխանցեն, մանաւանդ անոր հայեցի-հայկական-հայ երակը իբրեւ թէ։ Կրկէս մըն է եղածը, ուր դասախօս-բանախօս-գրադատ գրական գործերու առթիւ կը ճառեն, գովեստ, երբեմն դիտողութիւններ կ՚ընեն, որոնք այդ գործերը ապրեցնելէ հեռու են (արդէն անմահականը ապրելու ի՞նչ պէտք ունի)։ Կը ջանան պահպանել իրավիճակը իբրեւ անփոփոխելի արժէքներու գումար մը, ազգային պանթէոնին մէջ, եւ կը գործածեն որպէս անխախտ ու անզանցելի չափանիշ-օրինաչափութիւն։ Այդ «դասական» չափանիշերով կը չափուին, կը մեղադրուին ու կը հերքուին ժամանակակիցները։ Ուստի՝ անխուսափելիօրէն կը ստորադրուին, չեմ ըսեր կը ստորագնահատուին, որով «կը զիջին»։ Հարցը այն է որ չափազանց դժուար է ժամանակակիցը դատել, զատորոշել խոտանը փորձառականէն, հանդիպիլ այժմէականին մէջ էականին: Որով այս քննադատ կոչուած կերպարները կ՚ապաստանին ապահով, կայուն նկատուած երկերու ետին, որեւէ ռիսք չեն առներ: Իբրեւ դասախօս ես երբեք չեմ որդեգրած երկիւղած պաշտամունքի կամ յարգանքի զգացում մեր «մեծ» գրողներուն հանդէպ, նոյնիսկ Հիներէն Գր. Նարեկացիին ու միւսներուն։ Գրականութիւնը կրօնք ու ծէս չէ, որ ունենայ պաշտամունքի առարկայ-սրբապատկեր կամ հօրենական սկզբունք։ Գործերը, Հիները, նկատի ունիմ ձեր դասականները, անցեալ են, բայց որպէսզի պատկանին ներկային (եւ ո՛չ թանգարանին) խօսելու են այսօր, մեր այս սերունդներուն։ Նորովի։ Ասկէ անդին հին ու նոր պայմանական եզրեր կը համարեմ։ Կարեւորը հինը նորելն է եւ երբեմն ալ նորը հինելը։ Թոյլ տուէք աւելցնեմ նաեւ հետեւեալ փարատոքսը, ինծի եւ իրարու համար ժամանակակից կը նկատեմ Սարաֆեանը, Վարուժանը, Ինտրան, Մեծարենցը, Բուզանդը, Տէրեանը, Չարենցը, Նարեկացին, Ֆրիկը, Կոստանդին Երզնկացին, Խորենացին, տեսակ մը անժամանակ ժամանակակցութեամբ, ինչպէս որ ապրող շատ մը գրողներ արդէն շատոնց ժամանակավրէպ գործերու հեղինակներ են: Այն երկերը, որ մեր մտքին հարցեր կը դնեն, հարցադրութիւններ կը կազմակերպեն ատոնցմով կ՚ապրինք, հիմա, հոս վաղը:

Բացարձակ հակադրութիւն մը չեմ տեսներ ձեր դասական կոչածներուն եւ ժամանակակիցներուն միջեւ։ Դասականներն ալ ատեն մը ժամանակակիցներ էին եւ անոնց գրական ճակատագիրը էր անորոշ։ Անոնք ալ ունէին հակառակորդներ եւ պակասութիւններ։ Արդ՝ ժամանակակիցն է որ դասական կոչուածը կը կարդայ-կը փոխէ սովորաբար, ամէ՛ն տեղ, բայց ոչ մեր մօտ։ Ես իմ աշխատանքներէս մէկն ալ կը նկատեմ գրադարանի գիրքերուն շարքերը տեղափոխելը, այսինքն՝ ետմղուածները, արգիլւածները, գրաքննուածները, արհամարհուածները (մեծ է ասոնց թիւը) առջեւ բերել, մաշած-ծամուածները զետեղել պահեստի մէջ, սպասելով այն օրուան երբ կարելի պիտի ըլլայ ատոնք նորել-նորոգել։ Ինչպէս ըսուած է այլուր, ներկան է որ աւանդութիւնը կը յօրինէ ըստ պատկերի իւրում, ինքն իր մէջ աւանդութիւնը գոյութիւն չունի։

Վերադառնալով հարցումին՝ տեղին պիտի ըլլար գիտնալ թէ ո՞ր հանճարեղ ու ամենազօր միտքը յաջողեր է կարդալ, ուսումնասիրել, չափել տեսակարար կշիռը ու կարծիք կազմել բոլոր մեր հայագիր ժամանակակիցներու մասին, իր ո՞ր աշխատութեան մէջ, ի՞նչ մեթոտով, ե՞րբ։ Ապա՝ որո՞նք են ժամանակակիցները։ Կէս դար առաջուաննե՞րը, ներկայիս ապրողնե՞րը, նոր մահացածնե՞րը։ Սահման մը պէտք չէ՞ ժամանակակիցը որոշադրելու համար։ Ընդունուած, հաստատուած գործերը վերջացած գործեր են (մէկ կարեւոր մասը լայնօրէն ուռեցուած), իսկ ժամանակակիցները տակաւին ճամբայ ունին կտրելիք պատմութեան երկայնքին։ Առաջինները կրնան յանկարծ դառնալ ժամանակակից, այսինքն այժմէական շնորհիւ... ժամանակակիցներուն, եթէ ասոնք յաջողին նորոգել աւանդը։ Յամենայն դէպս՝ «դասական» ու «ժամանակակից» համեմատելի եզրեր չեն։ Մէկուն վերագրուած բացարձակ արժէքը չի հակադրուիր միւսին «զիջուածքին»։ Վերջապէս ի՞նչ իմաստ ունի ըսել որ Թ. Ս. Էլիոթը կը զիջի Շէքսփիրին, Պեքէթը՝ Ռասինին, Սարաֆեանը՝ Վարուժանին, Յովհաննէս Գրիգորեանը՝ Չարենցին, Վահէ Օշականը՝ Յակոբ Օշականին, եւ այլն։ Ո՛չ մէկ իմաստ։ Անհեթեթութիւն չէ՞ մտածել որ մեր կեանքը, մեր այսօրը, մենք արդէն ապրեր ենք ուրիշներու գիրքերուն մէջ... եւ մեր ներկան հիմնովին խախուտ է, ուստի՝ արժեզուրկ։ Կարծէք թէ գրականութիւնը հայկական սակարան մըն է, դասականներու գիները արդէն անմատչելի բարձրացած են, միւսները... կրնաք գնել աժանկեկ։ Գիտեմ, բայց շատոնց, ոչ երէկունէ, որ հայ ընթերցող հասարակութեան ջախջախիչ մասը նորութիւնը կը սիրէ նորաձեւութեան կալուածին մէջ, իսկ մշակութային կամ մտքի գօտիին մէջ կը մնայ թունդ պահպանողական, առնուազն ձեռնպահ։ Նոյնիսկ երբեմն կը յոխորտայ ատով, մանաւանդ երբ իր դասականը կը նոյնացնէ բնիկին, հայեցիին, անխաթարին։ Կ՚ատէ ներկան, մեր ժամանակի տագնապները, որոնք իր գիտցածները, ըմբռնումները խնդրական կը դարձնեն։ Այդ տագնապները չ՚ուզեր տեսնել՝ գրուած։ Գրուածն ալ կ՚արհամարհէ իբրեւ անհասկնալի։ Ատոնցմէ վեր կը կացուցանէ ինքզինք։ Համայնքը, ինչպէս կ՚ըսեն, հերքելով կը հերքէ անհատ ստեղծագործողները, քիչ թէ շատ օրիժինալները, սանկ-նանկ իրենց փորին մէջ ըսելիք ունեցողները, բացերէն ընթացողները, կարգ ու կանոնը մերժող ըմբոստները։ Ասիկա այսպէս է երբեմն այլուր ալ։ Միայն թէ մեր խորենացիական «ածուին» մէջ շատ քիչ անգամներ համայնքը կը յաջողի իր մէջ համարկել նո՛րը։ Այդ նորը իրեն համար անբաղձալի տարր կը մնայ, տեսակ մը սպառնալիքի հանգամանքով։ Այսինքն՝ մերժելի «օտար»: Գրողի որոշ փորձառութեամբ գիտեմ որքա՜ն դիմացկուն են կարծրատիպերը։ Ուստի՝ դասականներուն զիջին կամ ոչ, ժամանակակիցները, ի՛նչ գոյնէ ու որակէ ըլլան, պարզապէս գոյութիւն ունին, այնքան ատեն որ այս լեզուն կը յարատեւէ անոնք պիտի ըլլա՛ն, եւ անոնք միայն կարող են այդ լեզուն նորոգել։

Գ.

-Ի՞նչ միջոցներու կարելի է ձեռնարկել խթանելու համար գիրքերու վաճառքը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ մայր հայրենիքի մէջ:

-Յաւիտենական հարցը հայ գիրք կոչուածին։ Ո՛չ իսկական հրատարակչատուներ, ոչ ալ մնայուն սփռումի ցանց։ Հայաստան, սփիւռք, մէկը ա՛ռ միւսին զարկ։ Այնքան իրարու երբեք չէին նմանած մեր աշխարհին այս երկու բեւեռները։ Անշուշտ պիտի ուզէի որ հեռակայ պատուէրով կարենայինք գիրքեր ապսպրել ու գնել, ինչպէս նման համակարգեր կան աշխարհիս շատ մը լեզուներով հրատարակուող գիրքերու համար։ Համացանցը հիանալի գործիք մըն է։ Գործնական ու մատչելի։ Կայքէջեր կան ուր հայերէնով գիրքեր կրնաք կարդալ։ Հոն կարելի է գտնել որոշ գիրքեր անշուշտ, բայց ատոնք նորէն ձեր նշած դասականներու գիրքերն են, որոնք հեղինակային իրաւունքի հարցեր չեն ստեղծեր այլեւս կամ գրեթէ բնաւ։ Իսկ վերջին հրատարակութիւնները (նորէն ժամանակակիցին եկանք) գտանելի չեն։ Կը պատահի, կը լսեմ որ կ՚ուզեն գիրքերուս մէկ մասը առցանց ներկայացնել։ Բայց միայն այն պայմանով որ գիրքերը մատչելի ըլլան... ձրի։ Կը մերժեմ։ Հայ գրողը պարտի ոչ միայն գրել, սրբագրել, տպել տալ, այլեւ... ձրի բաշխել, ան ալ համաշխարհային չափերով։ Հասկցուինք. ինչ որ կը փորձեմ ընել հոս, հիմա, ախտաճանաչում է, որեւէ ակնկալութիւն չունիմ եւ պատրանքներ չեմ սնուցաներ։ Ինչպէս ըսի՝ հայ գրողը, ըսել կ՚ուզեմ հայերէնով գրողը, միշտ երկրորդ արհեստ մը ունենալու է, որպէսզի կարենայ գրելու «հոպին» գոհացնել։ Ուստի՝ կէս-կիսատ գրող մըն է, ինքզինք լիովին չիրագործած անհատ մը։ Սակայն... այսպէս չէ՞ր ատենին ալ, դասականներու փառահեղ օրերուն...։ Ուրեմն՝ կացութիւնը կրնայ շարունակուիլ, մինչեւ որ ժամանակակիցներէն մէկ երկու անուն դառնան «դասական»:

-Նկատի ունենալով, որ ընկերային որոշ ցանցեր, ինչպէս՝ «Ֆէյսպուք»ը եւ «Ինսթակրամ»ը, կրնան եկամուտի լուրջ աղբիւր հանդիսանալ հայ գրողին համար՝ լաւ չ՚ը՞լլար, որ ան եւս օգտուի անոնց ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին:

-Անհամաբեր կը սպասեմ որ նման ցանց ստեղծուի հայ գրքին համար, ոչ եկամուտին համար, այլ մատչելիութեան հեռանկարով։

-Ինչպէ՞ս կրնայ հայրենի պետութիւնը, իր կարգին, հիմնափոխել գրողին բաժին ինկած դառն իրականութիւնը: Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք պետական մակարդակի վրայ:

-Ահաւասիկ անգամ մը եւս կ՚ակնկալուի Պետութենէն, որ իբրեւ հաստատութիւն զբաղի գրքի տարածումի ցանցով... Սեփական հաստատութեան մասին չենք մտածեր։ Պետութեան կը վերագրենք վերին-աստուածային հանգամանք, տեսակ մը ամենակարողութիւն։ Եւ գիտենք որ ներկայիս Պետութիւնը շատ լուրջ հարցեր ունի լուծելիք, քաղաքականէն մինչեւ տնտեսականը գացող։ Կարելի է միայն պահանջել Պետութիւն կոչուածէն որ գրքի վրայ եղած հարկը իջեցնէ նուազագոյնի։ Անկէ դուրս՝ թող հրատարակչատուները հաւաքուին, «սենտիքա» մը հիմնեն ամենալայն չափերով, Պետութեան չեմ գիտեր ո՞ր ենթաբաժանմունքին ներկայացնեն ծրագիր, որոշ դիւրութիւններ ստանալու համար, սփռումի հարցը կոնկրէտ լուծեն թող իրենք։ Եթէ ոչ հայերէնով գրուող բոլոր գիրքերը կը մնան գուցէ ամենէն ապահով պահեստներուն մէջ, բայց կը փտին։ Այս ընթացքով ոչ միայն գիրքը կը վտանգուի, այլեւ ստեղծարար լեզուն։ Ըսել կ՚ուզեմ միտքը։

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020