ԼԱՒՐՈՎ-ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ ՅՈՅՍԻ ՆՈՐ ՆՇՈՅՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ

Այս կիրակի երեկոն բոլորովին տարբեր էր միւս կիրակիներէն։ Ամբողջ հայութիւնը շունչը պահած կը հետեւէր Արցախի զարգացումներուն՝ մանաւանդ, որ ցերեկ տեղի ունեցած էին մի քանի ծանրակշիռ դէպքեր։ Խօսքը առաջին հերթին կը վերաբերի Ատրպէյճանի երկրորդ մեծ քաղաքը՝ Կենճէի ուղղութեամբ եղած մեծ հարուածին, որու հետեւանքով ըստ Արցախի պաշտօնատարներու, տեղւոյն ռազմական օդակայանը «յօդս կը ցնդէր»։ Բանաձեւումը Արցախի նախագահի բանբեր Վահրամ Պօղոսեանինն է։ Բաց աստի, ռազմական թէժ գործողութիւնները կը շարունակուէին մեծ թափով՝ իրենց անմիջական ստուերը թողլով տեղեկատուական դաշտին մէջ եւս։

Մեխակաւանի (Ճեպրայիլի հայերէն անուանումը), Հորատիզի եւ այլ շրջաններու մէջ ընթացող մարտերուն մասին տրուեցան հակասական տեղեկութիւններ։ Օրուայ աւարտին հետ աւելի քան յստակ դարձաւ, որ կողմերէն ոչ մէկը կարողացած է երեւելի տեղաշարժ մը իրականացնել եւ միաւորներ քաղել յառաջիկայ փուլերուն համար։ 

Անշուշտ, այս բոլորի լոյսին ներքոյ ամենավտանգաւորն էր, որ Արցախի խաղաղ բնակչութեան կարեւորագոյն քաղաքը՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը թիրախ կը դառնար Ատրպէյճանի կրակին։ Այս բանի հետեւանքով ալ որոշ հաւասարակշռութիւն մը կերտելու համար՝ Արցախի պաշտպանական զօրքերը, ինչպէս վերը նշուած է, կրակ կը բանային Կենճէի վրայ։ Կրակի կէտերուն մասին այսքան խօսելէ ետք, հարկ է նշել, որ Արցախի կողմէ Կենճէն թիրախ դարձնելու «հնարաւորութիւն»ը զուտ հայկական ստորագրութեամբ մօտեցում մը չէր, այլեւ՝ ունէր ռուսական զանազան շեշտադրումներ, որոնց մասին կարելի է խօսիլ այլ առիթով։ Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ընդհանուր դիմապատկերին, ապա աւելի քան յստակ է, որ հակառակ Երեւանի կողմէ մի քանի առիթներով Եւրոպային «հասցէագրուած» դիմումներուն, իշխանական ներքին օղակներուն մէջ կը սկսէր հասուննալ այն դրուածքը, թէ այս խնդրի միակ հանգուցալուծումը կարելի պիտի դառնար միայն ու միայն Մոսկուայի ամբողջական եւ իրական միջամտութեամբ։ Անշուշտ, այս խօսքի առաջին ապացոյցն էր Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի շաբաթավերջին Մոսկուա տուած այցը, որու մասին ոչ մէկ յստակ տեղեկութիւն կը տրուէր։ Այս մօտեցումին տրամաբանական շարունակութիւնը երեւելի կը դառնար երէկ երեկոյեան, երբ Ռուսաստանի Արտագին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսային զրոյց կ՚ունենար Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Հեռախօսազրոյցը կը կարեւորուէր, որովհետեւ առաջին անգամ ռուսական կողմը կը խօսէր առկայ իրավիճակէն դուրս գալու միջոցներու որոնման մասին․ բան մը, որ կրկին անգամ կը հաստատագրէր, որ Կովկասի տարածքաշրջանին մէջ Ռուսաստանն է վերջին խօսքը ըսողը։

Անշուշտ, այս մօտեցումը պայմանաւորուած է քանի մը հիմնարար ազդակներով, որոնց մասին ալ զանազան առիթներով գրած եմ այս սիւնակին մէջ։ Էական է, որ ստեղծուած իրավիճակը նախ եւ առաջ իր «վճռական» ստուերը պիտի բերէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն վրայ։ 

Ի դէպ, բաւական երկար քննարկումներու առիթ հանդիսացաւ Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութիւնը Արցախի իրադարձութիւններուն։ Այս մէկը մասնաւորապէս հայկական պատուհանէն դիտուած՝ բաւականին նուրբ եւ խնդրայարոյց նիւթ մըն է, որու ծայրերն ալ կը հեռանան «ռէէլ-փոլիթիք»ի ընդհանուր շրջագծէն եւ Հայաստանի ժողովուրդը, նաեւ իշխանութիւնները կը նետեն բաւական վտանգաւոր որոգայթի մը մէջ։ Կարեւորը այդ չէ, սակայն, կարեւորը խնդրի հանգուցալուծումն է եւ անշուշտ վերադառնալը՝ նախքան 27 սեպտեմբերի ընդհանուր դրութեան։ Հռետորաբանութիւնը մեծ զանգուածներու գործն է, անոնք կը սիրեն այդ ոճը, այդ լեզուն, այդ մեկնակէտը ու այդ մէկը միայն հայերուս մօտ չէ, որ շեշտուած է, այլեւ՝ շեշտուած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պարագային։ Այդ հռետորաբանութիւնը, սակայն, ոչինչ կը փոխէ խնդիրներու էութեան մէջ, անշուշտ, եթէ տեղ մը կը համաձայնինք, թէ առկայ խնդիրը, ռազմական գործողութիւնները, արիւնը, զոհերը եւ մեծ վնասները կը սկսին անհանգիստ ընել մեզ։ Ու այդ առումով ալ նայելով այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին, մեզի համար աւելի պարզ պէտք է ըլլայ, որ շրջանին մէջ կայ նոր դրութիւն մը, որու հետ ալ մենք պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ։

Գերմանիայէն վերլուծաբան Ալեքսանտր Ռար համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ճիշդ կ՚ըլլայ, որ Ռուսաստանն ու Թուրքիան նոր պայմանաւորուածութիւն մը ձեռք ձգեն։ Ըստ իրեն, Եւրոպական Միութիւնը չի գիտեր՝ ինչպէս հանգցնել յետսովետական «հրդեհները»։ Եւրոպական տեսանկիւնէն այն, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ տարածքաշրջանին մէջ՝ աղէտ է։ Յետսովետական տարածքէն ներս հակամարտութիւնները շատ են․ Ուքրայնայի մէջ պատերազմ կ՚ընթանայ, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եւս պատերազմ է եւ ԵՄ չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ հանգցնել այս «հրդեհները»։ Մենք տեսանք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահները յայտարարութիւն տարածեցին՝ կոչ ընելով անյապաղ հրադադար հաստատելու։ Բայց մենք ի՞նչ կը հասկնանք այս բանէն։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները չեն կարողանար դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ լուծել հակամարտութիւնը, ուստի բաւական տխուր իրավիճակ է։ Արեւմուտքի կողմէ այս ամէնուն վերաբերեալ միասնական վերաբերմունք մը չկայ՝ ինչպէս որ է պարագան Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Ուքրայնոյ կտրուածքով։ Կը տեսնենք նաեւ, որ Ֆրանսան Հայաստանի կողմէն է, ԱՄՆ զուսպ եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում ստանձնած է, իսկ գերմանական մամուլը անկեղծօրէն կը գրէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային իրաւունքով Ատրպէյճանին կը պատկանի։ 10 տարի այդպէս չէին գրած գերմանական զանգուածային լրատուութեան միջոցները եւ այս «նոր» կեցուածքը կապուած է Խրիմի խնդրին հետ։ Անոնք կը վախնան, որ եթէ օրիկանացնեն Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ, ապա Խրիմն ալ կ՚ըլլայ Ռուսաստանի հետ։ Այսինքն, այս հակամարտութեան առընչութեամբ խնդրայարոյց հանգամանքները շատ են։ Կը կարծեմ, թէ ամէն պարագայի, ԵՄ կը հասկնայ, որ պէտք է լուրջ քայլերու ձեռնարկել եւ սառած վիճակի մէջ թողնելը եւս լուծում մը չէ, վտանգները չափազանց շատ են եւ եթէ այսօր «հանգցնեն» առանց լուծման, վաղը կրկին բռնկում տեղի պիտի ունենայ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը ստիպուած պիտի ըլլայ աւելի լուրջ վերաբերիլ իրեն վստահուած գործին նկատմամբ։ Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, ապա ան կը ցանկայ դառնալ տարածքաշրջանային տէրութիւն եւ, ի հարկէ, շատ ինքնավստահ կը գործէ։ Թուրքիոյ նոր դերը կը նպաստէ իր ամրապնդման, ան չի վախնար Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ հնարաւոր խնդիրներէ, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու հետ այդ հարցով, ինչպէս նաեւ Միջերկրականի խնդիրներէն։ Թուրքիան կը զգայ, որ ԵՄ-ի բաղդատմամբ աւելի ուժեղ է, ԱՄՆ-ի հետ չի վիճիր, իսկ Ռուսաստանի հետ կը պայմանաւորուի։

«Անոնք կը հասկնան, որ ոչ մէկ պարագայի ռազմական գործողութիւններու պէտք չէ թոյլ տալ աւելի մեծ տէրութիւններու մասնակցութեամբ։ Թուրքիան կը հասկնայ, որ Ռուսաստանի նման միջուկային տէրութեան հետ պէտք չէ կռուիլ։ Թուրքիան ներկայիս աւելի ուժգին կերպով յառաջ պիտի մղէ իր շահերը՝ քան վերջին տարիները։ Թուրքիան ամրապնդուած է, ինքզինք սահմանափակուած չի զգար արեւմտեան պատժամիջոցներէ կամ այլ քայլերէ, ան կը ստեղծէ իր կայսրութիւնը։ Ռուսաստան եւս չի կրնար պատերազմիլ Թուրքիոյ դէմ, պէտք է պայմանաւորուին, այլ տարբերակ չկայ։ Նոյնպէս Ռուսաստան չ՚երթար մեծ պատերազմի Ատրպէյճանի դէմ, քանի այդ պարագային կը ներքաշուի ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան, որ, իր հերթին, պիտի սկսի ամերիկացիներէն օգնութիւն ակնկալել։ Ուստի, եթէ խօսինք ռուսական շահերու մասին, ապա անոնցմէ կը բխի կանգնեցնել հակամարտութիւնը։ Այլ ելք չունի Ռուսաստան, իսկ ՀԱՊԿ-ն հետաքրքրական եւ բարդ կազմակերպութիւն մըն է։ Միջինասիական իսլամական երկիրները, որոնք ՀԱՊԿ-ի կազմին մէջ են, երբեք չեն երթար Ատրպէյճանի դէմ։ Ուստի ՀԱՊԿ-ն՝ որպէս կազմակերպութիւն, միասնական չի կարողանար հանդէս գալ՝ ինչպէս եւ ՆԱԹՕ-ն բազում հարցերով։ Ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ, եթէ ուղիղ լայնածաւալ յարձակում սկսի հայկական տարածքին դէմ։ Չեմ կարծեր, որ Ատրպէյճան այնտեղ կը հասնի, որովհետեւ կը հասկնայ, որ այդ պարագային Հայաստան կրնայ իր գործընկերոջ՝ Ռուսաստանի, նաեւ ՀԱՊԿ-ի օգնութեան դիմել։ Ուստի, ինծի կը թուի, թէ պատերազմական գործողութիւնները կեդրոնացած կ՚ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ Ի հարկէ, Ատրպէյճան պիտի փորձէ Արեւմուտքը հասցնել այն կէտին, ուր Արեւմուտքը աւելի յստակօրէն պիտի հասկնայ,որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանին կը պատկանի միջազգային իրաւունքով։ Ամփոփելով ըսեմ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ ԵՄ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ եւ անհրաժեշտ կ՚ըլլայ, որ Ռուսաստանն ու Թուրքիան պայմանաւորուին», դիտել կու տայ գերմանացի վերլուծաբանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020