ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Այստեղ երկու հարցում կ՚ըլլայ.

Ինչո՞ւ համար Քրիստոս աղօթեց՝ Հա՜յր, ազատէ՛ զիս, որովհետեւ ստոյգ գիտէր, թէ ինչ պիտի ըլլար, եւ դարձեալ՝ չէր ուզեր որ այն պատահէր:

Պատասխան. նախ կ՚ըսենք, թէ Քրիստոս ոչ թէ ազատ կամքով աղօթեց այդ բանը խնդրելով, այլ՝ զգայական յօժարութիւնը ցուցնելով, ինչպէս ըսինք: Դարձեալ կ՚ըսենք, թէեւ ստոյգ գիտէր Իր չարչարանքները՝ Իր Աստուածութենէն նախասահմանուած ու ընկալած էր այդ Իր բանական կամքով, սակայն երկու պատճառով աղօթեց. նախ՝ որպէսզի մարմինին յօժարութիւնը ցոյց տայ, քանի որ կը քստմնէր ու կը սոսկար մահէն, եւ անով ցուցնէ, թէ ճշմարիտ մարդ է: Երկրորդ. որպէսզի սորվեցնէ մեզի, թէ թէեւ եթէ բան մը պատահի մեր մարմինին յօժարութեան դէմ, սակայն պէտք է զայն բանական կամքով ընտրենք, եթէ գիտենք, որ Աստուծոյ կամքն է:

Երկրորդ հարցում. Քրիստոս ինչո՞ւ համար մահէն վախցաւ, որովհետեւ բազմաթիւ մարտիրոսներ համարձակութեամբ եւ առանց երկիւղի մահուան կը դիմէին:

Պատասխան. այս բնական երկիւղի մեծութիւնը Քրիստոսի մօտ չորս պատճառով եղաւ. նախ՝ քանի որ Քրիստոսի զգայական բնութիւնը ամբողջութեամբ Իր մէջ մնաց, որպէսզի արդարապէս հատուցէ մարդկային սեռի բազմադիմի եւ մեծագոյն մեղքերը, որովհետեւ եթէ Քրիստոսի մարմինին մխիթարութիւն տրուած էր բանական եւ աստուածային զօրութեան ազդումէն, ինչպէս մարտիրոսներուն կ՚ըլլար՝ ի մխիթարութիւն անոնց եւ հաւատքի բարձրութեան, այդ ատեն Քրիստոսի չարչարանքը դժուարագոյն չէր ըլլար եւ ոչ ալ կատարեալ հատուցում: Երկրորդ պատճառ. որովհետեւ Քրիստոս մարդկային հոգին եւ մարմինը կատարելապէս առաւ, այդպէս ալ հոգիին տրտմութիւնը եւ մարմինին երկիւղը առաւ, որպէսզի մարդկութիւնը կատարեալ ըլլայ: Երրորդ պատճառ. թէեւ Քրիստոս կրնար այս բանը ծածկել Իր մէջ կամ խափանել, կամ նուազ ցուցնել, սակայն պատշաճ էր Իր տրտմութիւնն ու երկիւղը մեզի յայտնել, նախ՝ որպէսզի ճշմարիտ մարդկութիւնը ցուցնէ, երկրորդ՝ Անոր չարչարանքներուն սաստկութիւնը, երրորդ՝ մեր նկատմամբ ունեցած սիրոյն մեծութիւնը, չորրորդ՝ քրիստոսնեաներուն որպէս օրինակ ըրաւ, որովհետեւ ոմանք մահուան ժամանակ կը զարհուրին, եւ այդպիսին մեղք չէ, եթէ ըստ բանաւորութեան չափուած ըլլայ:

Ետքէն կ՚աղօթէ, ըսելով.

Խօսք. «Հա՜յր, փառաւորէ՛ Քու անունդ» (Յհ 12.28):

Մեկնութիւն. չորս բան կար աղօթքին մէջ. նախ՝ տրտմութիւնը կը ցուցնէր: Երկրորդ՝ զգայական մասին երկիւղը: Երրորդ՝ մահը՝ մարդոց փրկութեան [համար]: Չորրորդ՝ անունին փառքը:

Եւ գիտելի է, ինչպէս վերը ըսուեցաւ, թէ ով որ Աստուծոյ տէրութեամբ եւ թագաւորութեամբ կը հաւասարի, Աստուած է, իսկ Քրիստոս այսպիսով կը հաւասարի Աստուծոյ տէրութեամբ եւ թագաւորութեամբ, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է: Քրիստոսի թագաւորութիւնը չորս բանով կը ցուցուի, երեքը ըսուեցան՝ աւանակին վրայ նստելով, չորրորդը այս է՝ հայրական փառաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հա՜յր, փառաւորէ՛ Որդիդ»: Դարձեալ գիտելի է, ինչպէս Սուրբ Կիւրեղը կ՚ըսէ. «Եթէ Հայր անունը աւելի փառաւոր է քան Աստուած անունը, որովհետեւ Աստուած ըսելը բաղդատութիւն ունի ստեղծուածներուն հետ, իսկ Հայրը որդիին նկատմամբ բաղդատուիլը առընչաբար ունի, հետեւաբար Հայր անունը պատիւի կոչում է, քան՝ Աստուած, նոյնպէս զՔրիստոս Աստուծոյ Որդի ըսելը պատուով է, քան՝ Աստուած ըսելը, քանի որ Աստուծոյ Որդին բնութեամբ զԱստուած կը ցուցնէ, իսկ Աստուած հոմանուն է, նոյն ձեւով իմացիր Հոգի Աստուծոյ մասին: Իսկ խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Հա՜յր, փառաւորէ՛ անունդ», այսինքն՝ այն ըրէ, որով Քու անունիդ փառքը յայտնուի, այսինքն՝ Որդիիդ չարչարանքները, քանի որ Հայրը Քրիստոսի չարչարանքներուն ժամանակ կը փառաւորուի, եւ Որդին եւս այս չարչարանքներով փառաւորուեցաւ, որովհետեւ էութեամբ Որդին Հօր հետ նո՛յնն է»: Դարձեալ, երբ Քրիստոսի չարչարանքները ամբողջ աշխարհով տարածուեցան՝ առաքելաներուն քարոզութեամբ, միաժամանակ սփռուեցաւ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին ճանաչումը, ինչպէս Քրիստոս ըսաւ. «Մկրտեցէք բոլոր ժողովուրդները յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյ [Սրբոյ]» (Մտ 28.19), ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ:

Հիմա կը ճառէ Հօր կողմէ փառքի խոստումին մասին.

Խօսք. «Ձայն մը եկաւ» (Յհ 12.28):

Մեկնութիւն. այս մասը երեքի կը բաժնուի. նախ՝ կը ճառէ բարբառին լինելութիւնը: Երկրորդ. ժողովուրդի կարծիքներուն զանազանութիւնը, այնտեղ. «Ժողովուրդը որ հոն կը գտնուէր ու կը լսէր» (Յհ 12.29): Երրորդ. Քրիստոսի մեկնութիւնը, այնտեղ. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 12.30):

Առաջինին համար գիտելի է, թէ այս բարբառը ձեւացաւ ու յօդաւորուեցաւ Սուրբ Երրորդութենէն, որովհետեւ բոլոր արտաքին ներգործութիւնները անբաժան են Սուրբ Երրորդութեան մէջ, սակայն այս բարբառը Հօր Աստուծոյ ձայնը կ՚ըսուի, քանի որ Քրիստոս Հօր աղօթեց ու Ան պատասխանեց:

Խօսք. «Ձայն մը եկաւ երկինքէն» (Յհ 12.28):

Մեկնութիւն. նախ՝ Սուրբ Երրորդութենէն, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Երկրորդ. երկինքէն, այսինքն՝ Հօր Աստուծմէ: Երրորդ. երկինքէն, այսինքն՝ օդէն, որ ձեւացաւ: Իսկ ձայնը յօդաւոր խօսք կամ նշանական ձայն է:

Խօսք. «Փառաւորեցի եւ դարձեալ պիտի փառաւորեմ» (Յհ 12.28):

Մեկնութիւն. այս խօսքն է, որ Պօղոս Եբրայեցիներուն գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Քրիստոս Ինքն Իր անձին շուք չդրաւ» (տե՛ս Եբր 5.5), այսինքն՝ Ինքզինք չփառաւորեց Քահանայապետ ըլլալու համար, այլ՝ ինչ որ խօսուեցաւ Իր մասին ու փառաւորեց սքանչելիքներով ու վկայութիւններով, որ Քրիստոսի չարչարանքներէն առաջ էին:

Նախքան խաչելութիւնը չորս փառաւորութիւններ եղան. առաջին՝ ծնունդին, երկրորդ՝ մկրտութեան, երրորդ՝ Թաբօր լերան վրայ, չորրորդ՝ սքանչելագործութեամբ:

Նոյնպէս չորս փառաւորութիւններ ետքէն. նախ՝ Խաչին վրայ, երկրորդ՝ Յարութեամբ, երրորդ՝ Համբարձմամբ, չորրորդ՝ փառաւորեց զԻնք Իր խորհրդական մարմինով, այսինքն՝ հեթանոսներու դարձով:

Ասոր առընթեր ժողովուրդի զանազան կարծիքներու մասին կը ճառէ:

Խօսք. «Ժողովուրդը, որ հոն կը գտնուէր, լսեց ձայնը: Ոմանք ըսին.

-Որոտում եղաւ» (Յհ 12.29):

Մեկնութիւն. Մեկնիչդ կ՚ըսէ, թէ խաւարած միտքերով կը կամենային փոխել ձայնը. ոմանք որոտ կ՚ըսէին, ոմանք՝ հրեշտակ մը խօսեցաւ, ժողովուրդին միտքերուն հաճելի ընելու համար, որպէսզի չիմանան, թէ Հայրը խօսեցաւ [Նանա]: Իսկ ուրիշ վարդապետներ կը մեկնեն, թէ անոնք որոնք որոտում կ՚ըսեն, անոնք թանձրամիտներ էին, միայն ձայնին հնչումը կը լսէին եւ ո՛չ՝ նշանակութիւնը, այդ պատճառով կը կարծէին, թէ որոտում կ՚ըլլար, այսինքն՝ աննշանական հնչում, իսկ ոմանք ալ նրբատես ըլլալով իմացան նշանական ձայն ըլլալը:

Խօսք. «Իսկ ուրիշներ ըսին.

-Հրեշտակ մը խօսեցաւ Իրեն» (Յհ 12.29):

Մեկնութիւն. ասոնք զՔրիստոս սոսկ մարդ կը համարէին, այդ պատճառով՝ հրեշտակ մը խօսեցաւ Իրեն [ըսին], ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ երբեմն հրեշտակը խօսեցաւ մարգարէներուն հետ:

Այժմ, կը մեկնէ այդ ձայնը.

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 12.30):

Մեկնութիւն. այս մասը երեքի կը բաժնուի. նախ՝ կը դրուի առընթեր լուծումը Քրիստոսէն: Երկրորդ. հրեաներուն հակառակութիւնը կը դնէ, այնտեղ. «Ժողովուրդը պատասխանեց» (Յհ 12.34): Երրորդ. Քրիստոսի պատասխանը, այնտեղ. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 12.35): Քրիստոս առաջին մասին մէջ կը ցուցնէ, թէ այս ձայնը աննշանակ հնչում չէր եւ ոչ ալ որոտում՝ ինչպէս ոմանց կը թուէր, այլ՝ աստուածային ձայն էր, ժողովուրդին ծանուցելու համար, թէ Ինքն է ճշմարիտ Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին, ատոր համար երկինքէն կը վկայէ Անոր մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 122

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021