ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Առակաց 19.6-ին մէջ կը կարդանք. «Շատերը առատաձեռն [կամ իշխան, իշխանութիւն ունեցող] մարդուն հաճութիւնը կը փնտռեն ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ՚ըլլայ»: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս համարը:

Պատասխան. Այս երեւոյթը մարդուն միշտ ընկերացած է, այլ խօսքով, մարդիկ միշտ փորձած են ընկերանալ, բարեկամանալ, հաճութիւնը շահիլ հարուստ, առատաձեռն եւ իշխանութիւն ու դիրք ունեցող մարդոց: Պահ մը ձեր չորսդին զգուշութեամբ դիտեցէք եւ պիտի նկատէք, որ Իմաստունին մատնանշած այս երեւոյթը այսօր եւս կայ, եւ թերեւս շա՜տ չափազանցուած ու ծայրայեղութիւններու հասած աստիճաններով ու մակարդակներով:

Տարբեր երկիրներու քաղաքական կեանքը սերտեցէք, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Արեւելքի. ի՞նչ պիտի նկատէք: Միայն մէկը իշխանութեան հասնի, ապա անոր չորս կողմը դառնալ կը սկսին ծանօթ ու անծանօթ մարդիկ՝ առաջարկելով իրենց «ծառայութիւն»ները: Հարուստ մարդոց շրջապատը նայեցէք, երբեմն, եւ նոյնիսկ շատ յաճախ չէ՞ք նկատեր որ անոնց չորս կողմը կը գտնուին այնպիսի մարդիկ, որոնց այդպիսի մարդոց մօտ ներկայութիւնը շատերուն զարմանք կը պատճառէ: Նոյնը կը վերաբերի քաղաքական դաշտին: Ուսում ունեցող կամ չունեցող, մասնագէտ կամ ո՛չ մասնագէտ այսօր բարձր եւ պատասխանատու դիրքեր կը զբաղեցնեն եւ յայտնապէս կը ձախողին իրենց ունեցած պաշտօններուն մէջ, ո՛չ միայն կը ձախողին, այլ՝ իրենց ղեկավարած կառոյցները անապատի կը վերածեն: Երբ փորձենք տրամաբանական պատասխան մը գտնել այս անտրամաբանական նշանակումներուն եւ մտերմութիւններուն, ապա կը յայտնաբերենք, որ այդ մարդիկ քաղաքական բարձր իշխանութեան եւ կամ հարուստներուն՝ «բոլորանուէր ծառայութիւնն ու հաւատարմութիւնը» յայտնած են, յանուն աթոռի եւ դրամի:

Մեզ պէտք չէ զարմացնէ այս երեւոյթը, հետեւաբար, որովհետեւ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք այդ մասին Իմաստունին բառերով, թէ՝ Շատերը առատաձեռն [կամ իշխան, իշխանութիւն ունեցող] մարդուն հաճութիւնը կը փնտռեն ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ՚ըլլայ (Առ 19.6): Հոգեւոր կեանքով ապրող մարդուն համար այս եւ նման երեւոյթները պէտք չէ գայթակղեցուցիչ ըլլան, ուրեմն, ընդհակառակը, այս եւ նման երեւոյթները պէտք է ազդակներ ըլլան հոգեւոր մարդուն, որպէսզի միշտ զգաստ մնայ եւ իմանայ, թէ իր նպատակն ու նպատակակէտը ո՛չ թէ հարուստ եւ իշխանութիւն ունեցող մարդոց ընկերութիւնն ու մտերմութիւնը պէտք է ըլլայ, այլ՝ մեր հաւատքի Ախոյեանին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ է, որ մենք պէտք է բարեկամանանք ու մտերմանանք:

Երբ կ՚ըսենք թէ՝ մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ հարուստ ու իշխանութիւն ունեցող մարդոց հետ ընկերանալու կամ մտերմանալու մասին չմտածէ, ըսել չե՛նք ուզեր, որ ընդհանրապէս անոնց հետ առընչութիւն պէտք չէ ունենանք, ո՛չ, ըսուածը այդ չէ, որովհետեւ անոնք եւս մարդ են՝ բոլորին նման: Ըսուածը այն է, որ յատուկ նպատակներով, դիրքի, իշխանութեան եւ հարստութեան մարմաջով տարուած ընկերութիւններու ու մտերմութիւններու չերթալ, ոտնակոխելով ամէն տեսակի սկզբունք եւ համոզմունք, նոյնիսկ անհատականութիւն եւ նկարագիր:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է մեր Տիրոջմէ սորվինք, որովհետեւ Ան երբ աշխարհ եկաւ ընկերացաւ մեղաւորներուն, անտեսուածներուն, անարգուածներուն եւ կարօտեալներուն (տե՛ս Ղկ 15.1): Ո՛չ թէ անտեսեց միւս խաւի մարդիկը, ո՛չ, այլ՝ գնաց անոնց, որոնք ուշադրութեան, խնամքի եւ հոգատարութեան կարիք ունէին: Ո՛չ թէ առողջներուն մօտ գնաց, այլ՝ հիւանդներուն, որովհետեւ ինչպէս Ի՛նք կ՚ըսէ. «Առողջները չե՛ն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները: Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները» (Մր 2.17):

Ս. Յակոբոս առաքեալ կը թելադրէ հաւատացեալներուն, որպէսզի բոլորին հանդէպ անաչառ ըլլան: Առաքեալը կը գրէ.

«Եղբայրնե՛րս, երբեք մարդոց միջեւ խտրութիւն մի՛ դնէք, դուք՝ որպէս հաւատացողներ Յիսուս Քրիստոսի, մեր Տիրոջ, որ Ի՛նք միայն գիտէ մարդիկը փառաւորել: Եթէ պատահի, օրինակ, որ ձեր մէկ հաւաքոյթին ոսկի մատանի դրած եւ փառաւոր զգեստներ հագած մարդ մը գայ, եւ միւս կողմէ գայ նաեւ մաշած զգեստներով մարդ մը, եւ դուք փառաւոր հագուստներ ունեցողին մեծ յարգանքով ըսէք՝ «վերը նստէ, խնդրեմ», մինչ աղքատին ըսէք՝ «դուն այստեղ ոտքի կեցիր», կամ՝ «եկուր հոս՝ ոտքերուս քով գետինը նստէ», արդեօք դուք ձեր միջեւ խտրութիւն դրած չէ՞ք ըլլար եւ սխալ սկզբունքով դատած չէ՞ք ըլլար:

Լսեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, Աստուած Ինք չընտրե՞ց աշխարհիս աղքատները, որոնք հաւատքով հարուստ են եւ պիտի ժառանգեն Արքայութիւնը, որ Աստուած զԻնք սիրողներուն խոստացաւ: Մինչդեռ դուք կ՚արհամարհէք աղքատները: Իսկ հարուստները չե՞ն որ ձեզ կը հարստահարեն, անոնք չե՞ն որ կը վարկաբեկեն Քրիստոսի բարի անունը, որ դուք ձեր վրայ կը կրէք: Բայց դուք լաւ կ՚ընէք՝ եթէ իրապէս կատարէք Ս. Գիրքին թագաւորական օրէնքը, որ կ՚ըսէ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Իսկ եթէ մարդոց միջեւ խտրութիւն դնէք՝ մեղք կը գործէք, եւ Օրէնքին կողմէ իբրեւ օրինազանց կը դատապարտուիք: Որովհետեւ մարդ նոյնիսկ եթէ ամբողջ Օրէնքը գործադրէ, բայց մէկ պատուիրանի կատարման մէջ թերանայ, ամբողջ Օրէնքին դիմաց յանցաւոր կ՚ըլլայ: Քանի որ «մի՛ սպաններ» պատուիրանը տուողն է որ նաեւ պատուիրեց՝ «մի՛ շնար»: Դուն եթէ սպանութիւն չընես, բայց շնութիւն ընես, Օրէնքին դիմաց յանցաւոր ես:

Արդ, խօսեցէք ու գործեցէք որպէս մարդիկ, որոնք ազատութեան օրէնքով պիտի դատուին: Որովհետեւ Աստուած Իր դատաստանին մէջ անողորմ պիտի ըլլայ այն մարդուն նկատմամբ, որ ուրիշներուն հանդէպ ողորմած չէ եղած: Մինչդեռ ողորմած մարդուն պարագային, Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի յաղթանակէ դատաստանի ատեն»:

Պարզ եւ յստակ:

Միշտ պէտք է յիշենք որ բոլորս ալ մարդիկ ենք եւ Աստուած մեր միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ, բոլորիս ալ նոյն աչքով կը նայի եւ կ՚ուզէ, որպէսզի մենք եւս նոյն ձեւով վարուինք իրարու հետ:

Մարդիկ շատ յաճախ երեւոյթներով կը տարուին եւ այդ երեւոյթներէն խաբուելով կ՚անգիտանան եւ կամ ճիշդ ձեւով չե՛ն կրնար տեսնել ճշմարտութիւնը: Տեսէ՛ք թէ Սուրբ Կղեմէս Աղեքսանդրացին ի՛նչ կը գրէ.

«Ազնուափայլ տիկիններէն թող որ զարդերդը հանենք եւ իշխանաւորներէն հեռացնենք անոնց ստրուկները, ապա պիտի նկատես թէ անոնք ո՛չինչով կը տարբերին այն ստրուկներէն՝ որոնք դրամով կը գնուին, ո՛չ իրենց քալելու, ո՛չ դիմագիծի եւ ո՛չ ալ խօսակցութեան կերպով: Այլ՝ ամէն ինչով կը նմանին անոնց՝ որոնք իրենց ենթակայութեան տակ են: Իսկ եթէ անոնցմէ որեւէ մէկ բանով տարբերին, ապա անոնք իրենց ստրուկներէն ֆիզիքապէս աւելի թոյլ են եւ աւելի տկար, որովհետեւ առատութեան փարթամ կեանքով մեծցած են, որ զիրենք հիւանդութեան ենթակայ կը դարձնէ»:

Հետեւաբար, հեռո՛ւ մնանք ինքնախաբէութենէ եւ մանաւանդ երեւոյթներէն դատելէ ու փորձենք իրապաշտ ըլլալ մեր առօրեային մէջ, որպէսզի մոլորելով մենք մեզ կորուստի չմտանենք:

Բոլորին հետ ընկերանանք, մտերմանանք Քրիստոսի նման՝ միշտ պատրաստ ըլլալով օգնելով, խնամելով, ուշադրութիւն դարձնելով ու մխիթարելով բոլորը առանց փոխարէնը սպասելու, վստահ ըլլալով որ եթէ այսպէս վարուինք, ապա երկինքի մէջ մեր վարձատրութիւնը փառաւոր պիտի ըլլայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 71

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023