ՏԻԹՐՈՅԻԹ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ

Տիթրոյիթ եմ, փոքր եղբօրս մօտ: Այս տարի «Գոհաբանութեան օր»ուան առթիւ աւանդութիւն դարձած ընտանեկան մեր հաւաքը Տիթրոյիթի մէջ որոշած էինք: Խորքին մէջ, երկու եղբայրներով, մեր կիներով, զաւակներով, թոռներով եւ զարմիկներով այսպէս տարին անգամ մը մէկ տեղ հաւաքուելու սովորութիւնը ձեւով մը աւանդութեան վերածած էինք: Զուտ ընտանեկան ե՛ւ մտերմիկ այցելութիւն-կարօտ-հաւաք:

Ու Տիթրոյիթ, յատկապէս իր հայ գաղութով, ինծի համար միշտ «ուրիշ քաղաք եղած էր»: Անցեալ դարու երկրորդ քառորդէն ի վեր, մեծ եղեռնէն հազիւ ազատած եւ որբացած սերունդին շնորհիւ, գաղութը իր վերելքը ապրած էր ու Ամերիկայի տարածքին աչքառու դարձած, իր հայ կեդրոնով, հայկական սրահներով, հայ եկեղեցիներով, զանազան միութիւններով եւ միօրեայ դպրոցներով եւ մանաւանդ իր երկու ամէնօրեայ վարժարաններով:

Այս բոլորը եւ ամէն առիթով եւ անկեղծօրէն պատմած եմ շուրջիններուս: Ինծի համար Տիթրոյի՛թ, ո՛չ Պոսթըն էր, ո՛չ Նիւ Ճըրզի եւ ո՛չ ալ արեւելեան Ամերիկայի այլ հայահոծ քաղաքներէն մէկը: Տարբեր քաղաք էր: Անձնապէս եւ միշտ ես զիս այսպէս համոզած եմ: Որովհետեւ, Ամերիկան իրմով ճանչցած էի: Տարիներ առաջ, աւելի ճիշդ երբ առաջին անգամ այս երկրի հողին վրայ ոտք կոխած էի, նոյն այս քաղաքին նորակառոյց ամէնօրեայ վարժարանէն ներս, հինգ տարի իբրեւ հայերէն լեզուի պատասխանատու ուսուցիչի պաշտօնը վարած էի: Հոս էր որ այդ վարժարանէն եւ նոյնիսկ գաղութէն ներս օրին գեղեցիկ, համոզիչ եւ գործնական, սահմանագիծ մը քաշած էի, որուն մէկ բաժինը հայն ու Հայաստանն էր, իսկ միւսը՝ աշխարհն ու Հայաստանը:

Մէկ խօսքով, երկու ինքնութեան համերաշխ առճակատում: Ու կ՚արդարանամ.-

Ահա, ինծի համար «նորածին» կեանք մը, իր ե՛ւ հայատրոփ, ե՛ւ «օտար» բովանդակութեամբ: Ու ինչ մեղքս պահեմ, օր մը, պայմաններու բերումով, եւ գործը չաւարտած հայ մարդու ներաշխարհով երբ իրմէ բաժնուած եւ ուրիշ նահանգ հաստատուած էի, հոն ալ, այս տափակ եւ տարածուն հողատարածքին վրայ ապրած եւ անցուցած կեանքիս շատ մը դէպքերը պատմական յուշերու վերածած, օրուան ժամերս յաճախ անոնցմով լեցուած էին, շատ պարզ, երբեմն աղմկոտ, սակայն միշտ կարօտի կնիքով մը, տպաւորիչ խորքով եւ հարազատ: Տարիներու հեռաւորութենէն լուսաւոր զգացումով կը յիշէի ամէն դէմք եւ դէպք:

Ու այս զգացումը շատերու համար տարօրինակ կը թուէր: Սակայն հոգս չէր:

Իրմէ հեռանալէս ետք, թէեւ առաջին անգամս չէր որ այս քաղաքն ու իր գաղութը կ՚այցելէի, բայց ինծի այնպէս կը թուէր, որ ես իրեն նոր կը հանդիպէի: Չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, քանի մը օրերու համրանքով այս այցելութեանս ընթացքին, զայն առաջին անգամ տեսնելու տպաւորութիւնը ձգած էր վրաս: Ուստի, փիղի մը նման կ՚ուզէի ոտքերս գետնին վրայ ամուր հաստատել, փնտռելով հին յուշերս եւ մտքի խաղաղութիւնս, բարի անցեալիս մասնիկներով:

Անոր համար որեւէ բարեկամի, ընկերոջ կամ ծանօթի հանդիպելէս առաջ, կը նախընտրէի անպայման, նախ, իմ պաշտօնավարած դպրոց-հայ կեդրոնը այցելել, եւ անշուշտ անոր կից, երկար տարիներէ ի վեր հաստատ նստած գաղութի հաւատքի տունը՝ եկեղեցին: Յիշողութեան զարմանալի խաղ: Ձեւով մը սեփական եղանակ զգալու եւ տեսնելու եւ նախկինը ապրելու: Եւ կարգով այցելեցի:

Նախ ըսեմ, որ շա՜տ բաներ փոխուած տեսայ: Եկեղեցին նորոգուած էր իր ներքինով եւ արտաքինով ու հոգեւոր հովիւով միատեղ: Իսկ ՀՕՄ-ի այդ ամէնօրեայ հայ վարժարանը, Ամերիկայի տարածքին կարգ մը նահանգներէ ներս հայկական վարժաններուն տխուր ճակատագրին նման, հայ կեանքի ե՛ւ հաւաքական, ե՛ւ ազգային իր անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք, տարիներէ ի վեր արդէն իր դռները փակած էր:

Արդ, ինչպէ՞ս թափանցել օրուան պատճառներուն եւ որոշումներուն, երբ խճողուած են ժամանակներն ու մարդիկ: Միտքս նոյն նիւթին շուրջ սկսած էր պտոյտներ ընել եւ տառապիլ հին ցաւերով: «Փակ է», ըսին: «Գոց է», պարզեցին: «Ա՜լ ամէնօրեայ դպրոց չունինք», կրկնեցին: Չկայ...: Չկար...: Օտարներուն վարձու տուած էին:

Բառեր կան, որոնք իրենց ետին կը պահեն ամբողջ կեանք մը: Վայրկեանին մէջս անօրինակ եւ անժամանակ լարում մը ծնունդ առաւ, աճող ալիքի նման: Ցնցուեցայ: Հոս ալ հայ վարժարան մը իր դռները փակած էր, տասնամեակներէ ի վեր:

Մօտեցայ դպրոցի շէնքին: Դուռ պատուհան իրապէս գոցուած էին: Բացայայտ էր, թէ հայ կեդրոնը դադրած էր հայկականութիւն բուրող իր «կոչումէն»: Օտար «կը հոտէր»: Է՜հ, ճակատագիր: Յանկարծ յուշերէս հին պատկերներ ուրուագծուեցան աչքերուս առջեւ: Կար ժամանակ որ ես այդ պատերէն ներս «պարոն Քէյ» կը կոչուէի: Հայկական կենսունակութիւն: Շատեր կը կարծէին, որ անունս պարոն էր եւ «քէյ»ն ալ Ազնաւուրին նման առանց «եան»ի մականուն: Ու ամէն առիթով երբ իրարու մօտ գայինք, հին ու նոր, եկուոր կամ տարեց սերունդի ամերիկահայեր, երկա՜ր կը խնդայինք...:

Իսկ հիմա...: Կարծես հանդիպած էի անելի մատնուած վիճակներու, որոնք թաքնուած էին մարդոց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: Տեսակաւոր եւ շօշափելի տագնապ:

Ապա հարցուփորձերէս երեւան եկաւ թէ գաղութի ծանօթ հին մեծերն ալ գացած էին, իսկ նորեկներն ալ՝ գրեթէ մէկական անծանօթներ, զիս կը դիտէին օտար աչքերով: Իրապէս իրենց համար օտար մըն էի: Արդէն անցեալս մնացած էր օրուան եւ հարցերուն բեռան տակ: Կ՚ուզէի գիտակցիլ եւ մնալ արթուն: Կ՚ուզէի գտնել այն «լաւը», որ երբեմն իմս էր: Բայց... ափսոս: Անոր համար աչքերս տխրութեամբ լեցուած էին: Զգալի էր:

Արդ, ինչպէ՞ս հաշտուիլ կեանքի ներկայ իրականութեան հետ: Չեմ գիտեր: Որովհետեւ նշմարելի էր, որ արդէն գաղութի հայ կեանքը քալեր էր յարափոփոխ իր ընթացքով: Ներկան իր փայլուն եւ տխուր վերմակներով, ծածկած էր գաղութի անցեալը: Մարդիկ, իրենց համար յարգելի պայմաններու բերումով քալած էին ուրիշ երազներով: Ամերիկայի տարածքին այս բոլորը նորութիւններ չէին: Տեսանելի եւ ցաւալի իրողութիւններ: Սովորական եւ յաճախ ալ՝ կրկնուող:

***

Ու վերջը, օրեր ետք, երբ արդէն տունս վերադարձած էի, ինքնաբերաբար ժամերով խորասուզուած կը մնայի նման մտածումներուս մէջ: Որովհետեւ հետս բերած էի ապրումներուս խորհուրդը: Ու ամէն օր, սենեակէս ներս կը փորձէի աչքերուս մէջ ամփոփած ջիղերուս երեւակայութեանս լոյսերը բանալ: Օրերով առանձնանալու կարիքը կը զգայի, թերեւս ինքզինքս վերագտնէի: Առանձնութեանս մէջ, այդ պահուն, ինձմէ զատ ո՛չ ոք կրնար գիտնալ, տեղեկանալ, թէ ես ինչե՜ր կը մտածէի եւ կամ մտովի ինչե՜ր կը խօսէի, ինչե՜ր կը խորհէի եւ նոյնիսկ ալ ի՜նչ նոր որոշումներ կ՚առնէի: Անճանաչ տագնապ: Մտովի կը կրկնէի,- ազգովին իբրեւ հայեր, կը սիրենք՝ միայն խօսիլ: Կը փորձենք՝ բաներ մը ըսել: Նաեւ կը սիրենք՝ կորսնցնելէ ետք: Կը գնահատենք՝ կոտրելէն ետք: Կ՚արժեւորենք՝ «բանը բանէ անցնելէ ետք»:

Դժգոհելու, տրտնջալու եւ բողոքելու հազար ու հազար պատճառներ ունինք բոլորս ալ անխտիր: Ահա թէ ինչո՞ւ յաճախ կ՚ողբանք։ Մենք մեզի կը վրդովինք։ Կ՚արդարանանք։ Կ՚այպանենք մեր ճակատագիրը, բայց կը մոռնանք, որ մեր ճակատագրին հետ, մեր նուիրումն ալ էական է։ Կեցուածք եւ ընբռնում պարտադրող ազդակ է պէտք,- կը կրկնեմ, որ ճիգ կ՚ենթադրէ, պրպտում եւ երկարատեւ համբերութիւն կ՚ուզէ, նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումին հետ միատեղ։ Սակայն ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիք ունինք սփիւռքի մեր կեանքը ջերմացնող «վառելանիւթին»:

Ու կը սպասեմ այդ օրուան, որպէսզի մարմաջս միայն բառերուս մէջ չմնայ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023