ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Ինքնաշարժը շատ անհրաժեշտ է մարդուն համար՝ նամանաւանդ Արեւմուտքի քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ։ Մարդիկ թէ՛ գործի կ՚երթան ինքնաշարժով եւ թէ շուկայ՝ իրենց ընտանիքի զանազան գնումները կատարելու։ Առաւե՛լ. շատեր տարեկան իրենց արձակուրդներուն համար ալ կը գործածեն, ընտանիքի ինքնաշարժը։

Ուրեմն արդար է որ այսօրուան մեր նիւթը կեդրոնանայ ինքնաշարժներու վրայ եւ արծարծենք ինքնաշարժներու հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր, տարբեր երկիրներու մէջ։

ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ ՄԸ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՃԱՄԲՈՐԴԸ…

Այս դէպքը պատահած է Աւստրալիոյ Քուինզլենտ նահանգի Լովուտ քաղաքին մէջ։ Կին մը դեղարան կ՚երթայ եւ երբ ինքնաշարժին դարակը (glove compartment) կը բանայ, յանկարծ մէջէն օձ մը սողալով՝ դուրս կու գայ (տես նկարը)… Սարսափահար՝ օգնութիւն կը կանչէ եւ Էնտրու Սմետլի անունով մէկը օգնութեան կը փութայ։ Դուն մի՛ ըսեր, որ Էնտրու արհեստավարժ օձ բռնող (snake catcher) մըն է եղեր: Իսկապէս բարեբախտութիւն է, որ Էնտրուի նման մէկը մօտերն էր եւ այսպէսով՝ խեղճ կինը կ՚ազատի ստոյգ մահէ!

Էնտրու՝ իր փորձառութեան վրայ յենած կը վկայէ, թէ օձերը ընդհանրապէս ինքնաշարժին մեքենային մէջ կը մտնեն, որմէ ետք սողալով կ՚երթան ինքնաշարժին ներքին զանազան մասերը։ Էնտրու կ՚ըսէ նաեւ, որ ան ժամանակի ընթացքին շատ մը օձեր հանած է ինքնաշարժներու մէջէն, բայց երբեք ինքնաշարժի մը դարակէն։ Ան սակայն չի յայտներ, թէ օձը թունաւոր էր՝ թէ անվնաս։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ օձին տեսակը, բաւ է որ ան սարսափի կը մատնէ, մանաւանդ, վախկոտ մահկանացուները՝ չէ՞։

ՀԱ՞ՒԸ, ԹԷ ՀԱՒԿԻԹԸ…

Յաճախ ընկերային մեր սիրալիր վիճաբանութիւններուն մէջ հարց ծագած է, թէ ո՞րն է առաջնահերթը։ Այսպէս, արդեօք հա՞ւը առաջ ելած է հաւկիթէն, թէ հաւկիթը առաջ ելած է հաւէն…

Հիմա պիտի ըսէք, թէ այս խորագիրը ի՞նչ գործ ունի ինքնաշարժին հետ, որ մեր նիւթն է այսօր։ Ուրեմն թոյլ տուէք, որպէսզի բացատրեմ։

Գիտենք, որ ինքնաշարժ վարելու համար պետութենէն արտօնագիր (license plate) պէտք է ստանանք։ Գալիֆորնիոյ մէջ եւ հաւանաբար այլուր, այդ արտօնագիրը կը բաղկանայ տառերէ եւ թիւերէ (3UAK114): Սակայն յաւելեալ գումարով մը՝ կրնաս դուն որոշել արտօնագիրին բաղադրութիւնը (U R NEXT): Ամերիկայի մէջ, դրամը կը խօսի…

Հիմա գանք «Հա՞ւը, թէ հաւկիթը» խորագրին։ Դիտեցէք կցուած ինքնաշարժին նկարը՝ Ամերիկայի Վիրճինիա նահանգէն, եւ բաղդատեցէք արտօնագիրն (1EARUP) ու ինքնաշարժին ետեւի աթոռին վրայ կեցած շունը, որուն մէկ ականջը վեր է միւսէն՝ ինչպէս արտօնագիրը կը մատնանշէ։ Այժմ դուք կռահեցէք, թէ ո՞ր մէկը միւսէն առաջ եկած է, նման հաւին եւ հաւկիթին!

ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆ ՅՈՌԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ…

Ամուսնալուծումները՝ գրեթէ ամէնուրեք, դժբախտաբար անխուսափելի դարձած են։ Իսկ անոնց հետեւանքները՝ շատ անախորժ են, յատկապէս զաւակներուն համար։ Անոնք պէտք է շաբթուան մէկ մասը ապրին իրենց մօրը քով եւ մէկ մասն ալ՝ իրենց հօրը քով!

Գաղտնիք մը չէ, որ ամուսնալուծման մը պարագային՝ մեծապէս օգտուողը կինն է։ Ամուսինը պէտք է կնոջ ապրուստը հոգայ (alimony), զաւակներուն հոգատարութեան ծախսը (child support) ապահովէ։ Առաւե՛լ. բնակարանն ու ինքնաշարժը կնոջ թողուլ, որպէսզի ան կարենայ իր ապրելակերպը շարունակել՝ այնպէս ինչպէս վարժուած էր, չամուսնալուծուած…

Քանի որ մեր այսօրուան նիւթը կը կեդրոնանայ ինքնաշարժներու վրայ, դիտեցէք կցուած՝ Գանատայի Օնթարիօ նահանգէն ինքնաշարժի մը նկարը եւ կարդացէք անոր արտօնագիրը, որ կ՚ըսէ «Իրն էր» (WAS HIS)։

Սա խօսուն մէկ օրինակն է ամուսնալուծման յոռի հետեւանքներուն եւ դժբախտաբար ամուսնալուծուած կինը չ՚ամչնար՝ հրապարակաւ յայտարարելու եւ նաեւ յոխորտալու այդ մասին։ Կարծես հպարտանալու առիթ մըն է ամուսնալուծումը։ Է՜հ, ի՞նչ օրերու մնացած ենք!

Ըստ իս, ամուսնալուծումը ամօթալի երեւոյթ մըն է։ Սակայն երբ ամուսնալուծուողներուն հարցնես՝ անոնք հետեւեալ ձեւով կ՚արդարացնեն իրենք զիրենք. «Աւելի լա՞ւ է օրն ի բուն վիճաբանիլ եւ կռուիլ, զաւակներուդ ներկայութեան»։ Թերեւս իրենք ալ իրաւունք ունին։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Պէյրութ

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021