ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ-Ս. ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ

Մեծ պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ որդիին նուիրուած կիրակիին նախորդ օրերը՝ փետրուարի 23 եւ 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։

Ինչպէս հոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներէն ներս աւանդութիւն դարձած է Մեծ պահքի իւրաքանչիւր շաբաթավերջը իմաստաւորել դասախօսութիւններով կամ Սուրբգրային սերտողութեամբ, այս եկեղեցին ալ պատրաստուած է դիմաւորելու հետեւեալ դասախօսները յաջորդաբար՝ տքթ․ Գարոլայն Մեսրոպեան-Հիքմէն, Արփի Նագաշեանը, Ալեքս եւ Դալար Սարաֆեանները, տքթ․ Ճեսի Արլէնը, Յովհաննէս Սրկ. Խոստեղեանը եւ տքթ․ Սիլվի Մերեանը։

Փետրուար 23-ի շաբաթավերջը յատկանշական դարձաւ այն հանգամանքով, որ երեք օր յաջորդաբար արարողութիւն տեղի ունեցաւ եւ երկու օր յաջորդաբար վայելեցինք Արփի Նագաշեանի բծախնդրօրէն պատրաստած ելոյթները։

Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծ պահքի շրջանին սպասուած Խաղաղութեան հսկումի ժամերու իրիկնային ժամերգութիւնը, որուն յաջորդեց Մեծ պահքի յատուկ համեղ ընթրիք մը։

Ուրբաթ գիշերուան ընթրիքին յաջորդող դասախօսութիւնը նուիրուած էր Երուսաղէմի հայ համայնքին՝ ի մասնաւորի անոր ներկայ կացութեան։ Օրուան դասախօս էր Արփի Նագաշեան, որ ծնած եւ մեծցած ըլլալով Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ, հանգամանօրէն ծանօթացուց Ս․ Քաղաք Երուսաղէմի քարտէսին եւ այն անկիւնին՝ որ կը կոչուի հայկական հողամաս։ Ան սահիկներու օգնութեամբ եւ գեղեցիկ նկարներով պատրաստած իր ելոյթով ներկաները փոխադրեց Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմի շրջանները, ծանօթացուց հայկական բաժնին պատմական կարեւորութեան եւ այս օրերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Հայկական թաղամասին մէջ ապրած իր կեանքի փորձառութիւններով եւ անձնական պատկերացումներով Արփին միաժամանակ ներկաները մտերմացուց Ս․ Քաղաքի սաղիմահայ կեանքին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւներուն, ինչպէս նաեւ հայկական տարածքը հայկական պահելու շուրջ ծագած մարտահրաւէրներուն:

Ներկաներէն ուղղուած՝ «Ինչպէ՞ս սփիւռքը կրնայ լաւագոյնս աջակցիլ Հին քաղաք Երուսաղէմի հայ համայնքին» հարցման ի պատասխան՝ Արփին շեշտեց ըսելով. «Ձե՛ր իսկ ներկայութեամբ… Ուխտագնացութիւն կազմակերպեցէք դէպի Երուսաղէմ, որպէսզի աշխարհ իմանայ, թէ որքան կարեւոր է այս անկիւնը հայերուս համար»:

Հայերը ժամանակին, յետեղեռնեան տարիներուն, հայկական թաղամասին մէջ աւելի քան 20 հազար հոգի էին, իսկ հիմա հազիւ հազար կամ հազար հինգհարիւր հոգի մնացած են։ «Մենք՝ հայերս, պէտք է ցոյց տանք մեր հոգատարութիւնն ու հաւատարմութիւնը այդ հողակտորին հանդէպ, քանի որ այդ հողամասը ո՛չ միայն շատ արժէքաւոր է, այլեւ դարերէ ի վեր մե՛րն է եւ հայերո՛ւս կը պատկանի։ Բնական է, որ այս օրերուն կան այլ խումբեր, որոնք կը ջանան տիրանալ յատկապէս այդ հողակտորին», ընդգծեց մեր սաղիմահայ դասախօսը:

Յաջորդ օրը՝ շաբաթ, փետրուարի 24-ին, Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ Տիկնանցը կազմակերպած էր իւրայատուկ ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը նուիրուած՝ Սրբադասուած հայ կիներու։ Օրուան հասոյթին որոշ տոկոսը ծրագրուած է նուիրել CASP-ին, Հայաստանի մանուկներու հովանաւորութեան ծրագրին եւ Վանաձորի ծերանոցին։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ։ Մէկտեղուած էին համայնքիս չորս հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը՝ Տ․ Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանի հրաւէրով, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Յակոբ Քհնյ․ Գէորգեանը, Ս․ Մարկոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Տ․ Ասատուր Քհնյ․ Մինասեանը եւ Ս․ Նահատակաց հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը՝ պատուելի Հեթհըր Օհանեսոնը:

Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք Ֆիլատելֆիոյ հայկական բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող շուրջ հարիւր հիւրերը հրաւիրուեցան գեղեցկօրէն ու օրուան պատշաճ յարդարանքով պատրաստուած մեծ սրահը։ Ս․ Սահակ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Ժիւլիէթ Տէյիրմենճիի եւ եկեղեցւոյ ժրաջան օգնական տիկիններուն պատրաստած Մեծ պահքի յատուկ ճաշացուցակով հարուստ համադամ ճաշերը կը սպասէին բոլորին։

Պատուելի Հեթհըրին օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ յայտագիրը։

Ապա եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեան ողջունեց ներկաները բարի գալուստ մաղթելով անոնց՝ ի մասնաւորի օրուան հրաւէրին ընդառաջած հոգեւոր հայրերուն եւ երէցկիններուն։

Էմիլի Թերճիմանեան մտերմիկ ու քնքոյշ խօսքերով ներկայացուց իր ընկերուհի եւ Ս․ Ներսէսի դասընկերուհի՝ օրուան պատգամաբեր Արփի Նագաշեանը։ Արփին աւարտած է Ս. Ներսէս եւ Ս. Վլատիմիր ուղղափառ աստուածաբանական ճեմարանները, ստացած է նաեւ իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս վկայականները եւ այժմ կ՚աշխատի իր աւարտական թեզին վրայ տոքթորականի համար՝ նիւթ ունենալով «Յոբի գիրքը հայ աւանդութեան մէջ»։

Արփի Նագաշեանի օրուան նիւթն էր Ը. դարու հայ բանաստեղծուհի, շարականագիր, երաժիշտ Խոսրովիդուխտը: Արփին շեշտը դրաւ, թէ ինչպէս Խոսրովիդուխտը իր սիրելի եղբօրը՝ Վահանին կորսնցուցած ըլլալու անսահման վիշտը վերածեց «Զարմանալի է ինձ» գեղեցիկ օրհներգի եւ քաջալերելով թելադրեց, որ իր ունկնդիրներն ալ ձեւ մը գտնեն իրենց կեանքի վիշտը փոխարինելու ծառայութեամբ եւ սէր նուիրելու շուրջիններուն, ինչպէս նաեւ օգնել շուրջիններուն, որպէսզի անոնք ալ իրենց վիշտը փոխարինելու սեփական ճանապարհը կարենան գտնել:

Արփիին ելոյթէն ետք Տիկնանցի ատենապետուի Փամելա Մամուրեան քանի մը տողով բացատրեց յայտագրին յաջորդ բաժինը եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ հոգելոյս Տ․ Բարի Քհնյ․ Մեթճեանի երէցկինը՝ Անժէլ Մեթճեանը որպէս հաղորդավար հրաւիրելու ներկայ երէցկինները։ Ան սիրով ընդառաջելով հրաւէրին ներկայացուց Ֆիլատելֆիոյ շրջանէն ներկայ գտնուող երեք երէցկիններ. Աննա Գէորգեանը՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց․ եկեղեցիէն, Արփի Մինասեանը՝ Ս. Մարկոս հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եկեղեցի Ս․ Սահակ-Ս․ Մեսրոպի երէցկին՝ Մարան Պաղտասարեանը։

Երեք երիտասարդ երէցկինները, քով-քովի նստած, շարքով ներկայացուցին իրենք զիրենք։ Իրենց տրուած կարճ հարցաթերթիկին պատասխանելով անոնք պատմեցին, թէ ինչպէս դարձեր են երէցկին։ Անոնք անդրադարձան նաեւ իրենց պաշտօնի բերումով համայնքի ակնկալութիւններուն, համայնքի անդրադարձը՝ իրենց անհատական կեանքի ուրախութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։

Իւրաքանչիւրին պատմութիւնը եզակի էր եւ արտայայտութիւնները մտածուած, որոնք կրցան ներկաներուն անկեղծօրէն ծանօթացնել իրենց աշխարհը: Զիրենք կապող ու ներկայացնող ընդհանուր գիծը անխուսափելիօրէն իրենց անսակարկ նուիրումն է համայնքին ու աջակցութիւնը իրենց ամուսիններուն եւ անոնց հոգեւորական կոչումին:

Վերջապէս, շաբաթավերջը հասցուց մեզ Անառակ որդիին նուիրուած կիրակիին։ Տէր Արմաշը իր ոգեւորիչ քարոզով մեզի հասկցուց Աստուծոյ աչքին առաջ մեր ունեցած կամ գրաւած արժէքին մասին։ Նոյնիսկ այնպիսի հանգամանքներուն, երբ մենք կը կորսնցնենք մեր ճամբան Անառակ որդիին պէս եւ կրնանք մտածել, թէ «Աստուած, ինչո՞ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսնցուցած եմ իմ ճամբաս»։ Ո՞րն է մեր արժէքը Աստուծոյ առաջ: Տէր Արմաշը շարունակեց. «Մենք իւրաքանչիւրս Աստուծոյ համար անգին գոհարի մը պէս ենք։ Ան մեզ ստեղծեց ի՛ր պատկերով: Աստուած իր շունչը փչեց մեր մէջ: Մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք: Եւ հակառակ անոր որ մենք կրնանք մեղք գործել, մեղքը մեր իսկական բնոյթը չէ. մենք կրնանք մաքրուիլ Աստուծոյ կողմէ: Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է: Ասիկա Իր մնայուն նշանն է: «Ես քու մէջդ եմ, եւ դուն իմ մէջս ես»։

Տէր Արմաշը եզրափակեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ կարեւոր է, թէ «Մենք մեր ժամանակը օգտագործենք Մեծ պահքի շրջանին՝ Աստուծոյ աւելի մօտենալու համար»:

Արարողութեան յաջորդող սուրճի պահուն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին երրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու կրտսեր աշակերտները օրուան դասէն ետք՝ որպէս իրենց ուսումնական ծրագրի մաս, խոհանոց գացին տիկին Ժիւլիէթէն սորվելու հայկական խոհանոցին մասին: Աշակերտները նախընտրեցին տիկին Ժիւլիէթին օգնելով սորվիլ ինչպէս ձուազեղ եւ ձաւարով փիլաւ կը պատրաստեն եւ ապա ամբողջ ուտելիքը դասաւորելով հրամցնել ժամուորներուն։

Ինչպէս որ Առակը կ՚ըսէ (22:6) «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ Նոր սերունդի մատղաշ ձեռքեր կը սորվին օրինակով եւ գործնական աշխատանքով։ Շատ ապրիք դուք եւ շարունակեցէք Աստուծոյ անունով ծառայութիւն մատուցանել ազգին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին։

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ․ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024