ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԱԼ-ՃԱՀԷԶ1

Առաջին արաբ. բարի լոյս:

Երկրորդ արաբ. Լիբանանի, Արեւմտեան ափի, Հարաւային Լիբանանի, Յորդանան Գետի վտակներուն, ալ-Աքսա մզկիթի հրդեհին, Իրաքի աթոմական կայանին հասած հարուածներուն, Սինայի համաձայնագիրին, Քամփ Տէյվիտին, հնազանդութեան պայմանագիրին, Արաբական լիկայի գագաթաժողովներուն, ընդդիմութեան հակառակութիւնները, Ծոցի պատերազմին, Սապրայի ու Շաթիլայի ցեղասպանութեան, Թրիփոլիի ցեղասպանութեան, արտակարգ օրէնքներու եւ ռազմական դրութեան բարի լոյս, ա՜յ անճաշակ ու անդաստիարակ:

Առաջինը. Ի՞նչ ըրի, որ այսպէս բորբոքեցար ու կօշիկդ վերցուցիր վրաս:

Երկրորդը. Արաբ է ու անոր բարի լոյս կ՚ըսուի:

Առաջինը. Ի՞նչ կ՚ըսուի անոր, ուրեմն:

Երկրորդը. կ՚ըսուի անոր. կաթուածի առաւօտ, անօթային հիւանդութեան (disc) առաւօտ, մէկ կողմի անդամալուծութեան (hemiplegia) առաւօտ:

Առաջինը. Ներողութիւն:

Երկրորդը. Երկրորդ անգամ ըսէ այդ եւ ոստիկանին պիտի բողոքեմ քեզ, ինչպէս նաեւ արժէքներու դատարանին:

Առաջինը. Նպատակ չունէի գրգռել քեզ:

Երկրորդը. Յետոյ այս ի՞նչ քերծուածքներ են դէմքիդ վրայ:

Առաջինը. Ընտանեկան պարզ զրոյց մը: Իսկ դուն, այս ի՞նչ տափաստան է գլուխիդ վրայ:

Երկրորդը. Կինս կաթսայով զարկաւ ինծի:

Առաջինը. Սովորակա՞ն կաթսայով:

Երկրորդը. Պաղլեղածին (aluminium):

Առաջինը. Չէ, մենք ձեզմէ աւելի բարձրակարգ ենք: Կինս ինծի գոլորշիի կաթսայով զարկաւ:

Երկրորդը. Այդ պատճառով, կրնայ ըլլալ որ գլուխդ որեւէ մէկ վայրկեանի դեղնի, երբ ցաւերդ սկսին զարգանալ:

Առաջինը. Այս կատա՞կ է:

Երկրորդը. Այո:

Առաջինը. Զարմանալի:

Երկրորդը. Սակայն չափ ու կշիռ ունեցող կատակ էր, եւ քաղաքացին չի՛ ծիծաղիր զայն լսելէ ետք, ինչպէս անմիջապէս կը ծիծաղի երբ կը լսէ փտած քաղքենիական կատակ մը: Սակայն, ետքէն, մէկ կամ երկու ամիս ետք, քանի որ կատակին տրամաբանակ արժէքը…

Առաջինը. Իսկ այդ չափուած-կշռուած կատակներէն շատ ունի՞ք:

Երկրորդը. Կոկիկ քանակութիւն մը: Կեդրոնական յանձնախումբը, Քաղաքական գրասենեակը, Ժողովրդային խմբաւորումները նահանգներէն ներս միայն կարդան զայն, իսկ պատասխանատուները անձնապէս կարդան զայն իրենց տուներէն ներս, ապա զայն պիտի հրապարակեն ամբոխներուն՝ անոնց ազգային մէկ տօներէն մէկուն ընթացքին:

Առաջինը. Աստուած այդ ամբոխներուն հետ ըլլայ:

Երկրորդը. Կեցցեն այդ ամբոխները:

Առաջինը. Կեցցեն:

Երկրորդը. Թող ապրի Արաբ ժողովուրդը: Ա…

Առաջինը. Ապրի՜, ապրի՜, ապրի՜:

Երկրորդը. Թող տապալին գաղութատիրական դաշինքները: Տ…

Առաջինը. Խնդրեմ: Եկէք այս խօսակցութիւնը աւարտենք: Թերեւս գաղտնի սպասարկութիւնները լսեցին մեզ:

Երկրորդը. Հանգստացիր: Ես ինքս գաղտնի սպասարկութիւն եմ: Ինչպէ՞ս է տեսքս:

Առաջինը. Փա՜ռք Արարիչին: Սակայն, գիշերուան այս ուշ ժամին, երբ փողոցները ամայի են ու բոլոր մարդիկ քնացած են, որո՞ւ կը հետեւիք: Անվտանգութեան առումով՝ արեւածագը:

Երկրորդը. Որեւէ մէկ բան ծագիլը: Իսկ եթէ հետեւելու ո՛չ մէկ բան գտնեմ, ինքզինքիս կը հետեւիմ:

Առաջինը. Ասիկա այնպիսի իրավիճակ մըն է, որու մասին նախապէս բնաւ չէի լսած:

Երկրորդը. Չէ, նմանօրինակ բազմաթիւ իրավիճակներ կան: Օրինակ, լրագրող մը կը ճանչնամ, որ եթէ կողմ մը չգտնէ՝ որմէ կարենայ գումար գանձել, ինքն իրմէ կը գանձէ:

Եւ երգչուհի մը, որ հայելիին դիմաց կ՚երգէ ինքն իրեն համար, եւ ոգեւորուած կը գոռայ. չեղա՜ւ, չեղա՜ւ:

Եւ նախկին պատգամաւոր մը, ով զուգարանէն դուրս գալէ ետք, կ՚ըսէ. նիստը վերջացաւ:

Առաջինը. Ինծի կը թուի, թէ ջիղերդ բաւականին յոգնած են:

Երկրորդը. Երեք գիշեր քունի համ չեմ առած:

Առաջինը. Որո՞ւ կը հետեւէիր:

Երկրորդը. Չեմ գիտեր:

Առաջինը. Ուրեմն, ինչո՞ւ տունդ չես երթար եւ կնոջդ ու զաւակներուդ հետ չես քնանար:

Երկրորդը. Չեմ կրնար, որովհետեւ հետախուզող եմ:

Առաջինը. Ի՜նչ զարմանալի աշխարհ:

Երկրորդը. Այո՛, բարեկամս, մեր մօտ գաղտնի սպասարկութիւն մը պէտք է հետեւի գաղտնի սպասարկութեան:

Աշակերտ մը՝ աշակերտներուն:

Գրող մը՝ գրողներուն:

Վարորդ մը՝ ուղեւորներուն:

Գինով մը՝ գինովներուն:

Դատաւոր մը՝ դատաւորներուն:

Փաստաբան մը՝ փաստաբաններուն:

Ճարտարապետ մը՝ ճարտարապետներուն:

Արհեստաւոր մը՝ արհեստաւորներուն:

Արուեստագէտ մը՝ արուեստագէտներուն:

Լրագրող մը՝ լրագրողներուն:

Մարզիկ մը՝ մարզիկներուն:

Ճամբորդ մը՝ ճամբորդներուն:

Բանտարկեալ մը՝ բանտարկեալներուն:

Աջակողմեան մը՝ աջակողմեաններուն:

Ձախակողմեան մը՝ ձախակողմեաններուն:

Նասէրի մը՝ նասէրականներուն2:

Միութենական մը՝ միութենականներուն3:

Գաղթական մը՝ գաղթականներուն:

Ֆետայի մը՝ ֆետայիներուն:

Լաւատես մը՝ լաւատեսներուն:

Յուսահատ մը՝ յուսահատներուն:

Քաղաքակրթուած մը՝ քաղաքակրթուածներուն:

Այսինքն՝ իշխանութիւնը կը հետեւի ժողովուրդին, ժողովուրդն ալ կը հետեւի իշխանութեան:

Առաջինը. Եւ Իսրայէլը՝ կը հետեւի բոլորին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

Վաղարշապատ


1 Ապու Ուսման Ամըր Ըպըն Պահր ալ-Խանի ալ-Պասրի (776-869): Ծնած է Պասրայի մէջ: Արաբ արձակագիր եւ գիտնական: Ալ-Ճահէզ տիտղոսը ստացած է իր ոչ վայելուչ արտաքինին համար (չռուած աչքեր ունեցած է): Արաբական գեղարուեստական արձակի պատմութեան ամենէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է: Անոր ստեղծագործութիւններէն են՝ «Գիրք կլորութեան եւ քառակուսիութեան մասին», «Կենդանիներու գիրք», «Ժլատներու գիրք» եւ այլ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ:

2 Խմբաւորում մը, որ կը հետեւի ու կրողն է Եգիպտոսի երկրորդ նախագահ՝ Ճամալ Ապըտ ալ-Նասէրի (1956-1970) գաղափարախօսութեան:

3 Կուսակցութեան ամբողջական անուանումը՝ Ընկերվար Միութենական կուսակցութիւն: Հիմնուած է 1961-ին, անջատուելով սուրիական Պաաս կուսակցութենէն: Իր Առաջին ընդհանուր հիմնադիր ժողովը գումարած է 1962-ին, որու ընթացքին հաստատած է իր կանոնադրութիւնը: Կուսակցութեան սկզբնական շրջանին անոր անդամներուն թիւը հասած է 35.000-ի:

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024