ՇԷՅԽ ՕՄԱՐ ԱՊՏԻՒԼ ՌԱՀՄԱՆ ԿԱՄ ԵԳԻՊՏՈՍԻ «ԿՈՅՐ ԷՄԻՐ»Ը ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տասն տա­րի ա­ռաջ իր կնոջ ուղ­ղած նա­մա­կին մէջ Օ­մար Ապ­տիւլ Ռահ­ման կը բո­ղո­քէր, որ բան­տա­պահ­նե­րը զինք մե­կու­սա­ցու­ցած են եւ կտրած՝ ար­տա­քին աշ­խար­հի լու­րե­րէն:

Այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ ան «ներ­քին կարգ»ով կը հրա­պա­րա­կէր իր «յետ­մա­հու» կտա­կը, ո­րուն գլխա­ւոր խնդրանք-կէտն էր մա­հա­նա­լէ ետք թա­ղուիլ իր հայ­րե­նի­քին՝ Ե­գիպ­տո­սի մէջ:

Ապ­տիւլ Ռահ­ման իր կեան­քի ողջ տե­ւո­ղու­թեան պայ­քա­րի մէջ ե­ղած է Ե­գիպ­տո­սի ի­րե­րա­յա­ջորդ նա­խա­գահ­ներ՝ Ճե­մալ Ապ­տիւլ Նա­սը­րի, Էն­վէր Սե­տա­թի եւ Մու­համ­մէտ Հիւս­նիւ Միւ­պա­րէ­քի դէմ:

Երբ 1970 թուա­կա­նին Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գահ եւ այդ շրջա­նի «ա­րա­բա­կա­նու­թեան ռահ­վի­րայ» հա­մա­րուող՝ Ճե­մալ Ապ­տիւլ Նա­սըր կը փա­կէր իր աչ­քե­րը, Շէյխ Ապ­տիւլ Ռահ­ման կը մեր­ժէր ա­ղօթք մը ը­նել ա­նոր թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րե­լով, որ Ապ­տիւլ Նա­սըր նա­խա­գահ ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի երկ­րին հա­մար «փա­րա­ւոն» մըն էր:

Այդ հանգ­րուա­նին էր, որ ա­չա­զուրկ կրօ­նա­ւո­րը, որ մինչ այդ տար­բեր պաշ­տօն­ներ վա­րած էր Ե­գիպ­տո­սի «Ալ Ազ­հար» կրօ­նա­կան հիմ­նար­կի են­թա­կա­յու­թեան տակ գոր­ծող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ, կ՚ո­րո­շէր շրջա­նի մը հա­մար Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա «գաղ­թել» եւ հոն զբա­ղիլ ու­սուց­չու­թեամբ:

«Ար­դիա­կան իս­լամ»ի մա­սին իր ըմբռ­նում­նե­րը կ՚ամ­րագ­րուէին իս­լամ­նե­րու ա­կունք­նե­րուն մա­սին խո­րա­ցուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ա­ւե­լի ուշ պի­տի դառ­նա­յին Ե­գիպ­տո­սի մէջ հիմ­նադ­րուած «Իս­լա­մա­կան հա­մախմբում»ի  ուս­մուն­քի աղ­բիւրն ու ու­ղե­ցոյ­ցը:

Ծնե­լէն տաս ա­միս­ներ ետք իր տե­սո­ղու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած կրօ­նա­ւո­րին հա­մար գլխա­ւոր թէզ էր Ե­գիպ­տո­սը դնել «ճիշդ ու­ղի»ի մը վրայ եւ եր­կի­րը կա­ռա­վա­րել իս­լա­մա­կան հի­մունք­նե­րով:

Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յէն իր վե­րա­դար­ձին ան խստիւ կը քննա­դա­տէր Ե­գիպ­տո­սին Իս­րա­յէ­լի հետ կնքած «Քեմփ Տէյ­վիտ»ի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ «հաշ­տու­թեան դաշ­նա­գիր»ը կը հա­մա­րէր պար­տուո­ղա­կան:

Այդ շրջա­նին էր նաեւ, որ Ապ­տիւլ Ռահ­մա­նի շուրջ կը հա­ւա­քուէին քա­ղա­քա­կան-իս­լա­մի հան­դէպ մեծ հա­մակ­րանք եւ սէր ու­նե­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հոծ «բա­նակ» մը, ո­րոնք ա­ւե­լի ուշ պի­տի դառ­նա­յին ա­տաղ­ձը «Իս­լա­մա­կան հա­մախմ­բում» շար­ժու­մին:

Կրօ­նա­գա­ղա­փա­րա­կան գետ­նի վրայ աճ ար­ձա­նագ­րող եւ երկ­րին մէջ ար­մատ նե­տող քա­րոզ­չու­թիւ­նը ե­րե­ւե­լի կը դառ­նար Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գահ Էն­վէր Սե­տա­թի սպա­նու­թեամբ:

1981 թուա­կա­նին իս­լա­մա­կան ըմբռնում­ներ կրող սպայ՝ Խա­լէտ Ալ Իս­լամ­պու­լի կրակ կը բա­նար Սե­տա­թի վրայ եւ տեղն ու տե­ղը կը սպան­նէր ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Իս­րա­յէ­լի հետ հաշ­տու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րող նա­խա­գա­հը:

Սե­տա­թը սպան­նողն ու ա­նոր գոր­ծա­կից­նե­րը կը ձեր­բա­կա­լուէին: Կը ձեր­բա­կա­լուէր նաեւ՝ Շէյխ Ապ­տիւլ Ռահ­ման: Երկ­րի դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ կար մե­ղադ­րանք, որ իս­լամ կրօ­նա­ւո­րը կը հա­մա­րուի այդ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կա­տա­րող­նե­րուն «հո­գե­ւոր հայր»ը: Ա­ւե­լի ուշ Ապ­տիւլ Ռահ­ման եւս կը յայտնուէր բան­տա­խու­ցի մէջ: Տե­ղի կ՚ու­նե­նար դա­տա­վա­րու­թիւն, ո­րուն ա­ւար­տին ան դար­ձեալ կը յայտ­նուէր ա­զա­տու­թեան մէջ:

Այս դէպ­քե­րուն հա­մըն­թաց հետզ­հե­տէ աճ կ՚ար­ձա­նագ­րէր իս­լա­մա­կան գա­ղա­փար­նե­րու տէր «Իս­լա­մա­կան հա­մախմ­բում»ը, ո­րուն ան­դամ­նե­րը կու գա­յին երկ­րի տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րէն: Այդ շար­ժու­մին հա­մար հիմ­նա­կան «թի­րախ» կը դառ­նար Ե­գիպ­տո­սի կրթա­կան հա­մա­կարգն ու հա­րիւ­րա­ւոր աք­թի­ւիսթ­ներ «կը նուի­րուէին» իս­լա­մու­թեան գա­ղա­փար­նե­րու տա­րած­ման:

Ապ­տիւլ Ռահ­ման, որ շատ հա­ւա­նա­բար հե­ռու էր կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէ, կը դառ­նար այդ շար­ժու­մին «հո­գե­ւոր հայր»ը: Ա­նոր կար­ծի­քով, հա­սած էր ժա­մա­նա­կը, որ լաիք հի­մունքնե­րով ա­ռաջ­նոր­դուող եր­կի­րը անց­նի իս­լա­մա­կան հա­մա­կար­գի մը, ո­րուն հիմ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը պի­տի ըլ­լայ ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տու­մը երկ­րի տար­բեր ու զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րուն մէջ:

Այս մօ­տե­ցում­նե­րը ան­շուշտ որ դրա­կան ար­ձա­գանգ պի­տի գտնէին երկ­րի չքա­ւոր դա­սա­կար­գին մօտ, որ այդ օ­րե­րուն, ինչ­պէս եւ ցայ­սօր կը կազ­մէ Ե­գիպ­տո­սի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը:

1981 թուա­կա­նին իշ­խա­նու­թեան գլուխ կը հաս­նէր Հիւս­նիւ Միւ­պա­րէք, ո­րուն հա­մար ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­յին խնդիրն էր զսպել այդ շար­ժու­մը եւ փոր­ձել լե­զու գտնել իս­լա­մա­մէտ­նե­րուն հետ:

Ու այդ մօ­տեց­ման իբ­րեւ ազ­դան­շան, Միւ­պա­րէ­քի ճի­գե­րուն շնոր­հիւ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձէին «թու­լաց­նել» մինչ այդ իս­լա­մա­մէտ­նե­րու դէմ «սեղ­մուած» օ­ղա­կը:

«ԱԼ ՕՔ­ՍՈՐ»Ի ՍՊԱՆ­ԴԸ ԵՒ ԱՊ­ՏԻՒԼ ՌԱՀ­ՄԱ­ՆԻ «ԻՆՔ­ՆԱ­ԿԱՄ ԱՔ­ՍՈՐ»Ը

1997 թուա­կա­նը ա­ռանց­քա­յին կը հան­դի­սա­նար «Իս­լա­մա­կան հա­մախմբում»ին հա­մար: Շար­ժու­մը, որ ու­նէր ներ­քին բա­ւա­կան խոր տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ, կ՚ի­րա­կա­նաց­նէր իր ողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ա­մե­նէն ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մին:

1997 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րի 17-ին վեց իս­լա­մա­մէտ­ներ կը պա­շա­րէին Ալ Օք­սոր նա­հան­գի «Տէյր պահ­րի» կո­չուող շրջա­նէն անց­նող եւ զբօ­սաշր­ջիկ­ներ փո­խադ­րող մար­դա­տար կառ­քը ու կը սպան­նէին յի­սու­նութ ան­ձեր:

Սպան­նուող­նե­րուն մեծ մա­սը Զուի­ցե­րիոյ քա­ղա­քա­ցի­ներ էին: Դէպ­քը մեծ աղ­մուկ կը բարձ­րաց­նէր նաեւ Եւ­րո­պա­յի մէջ եւ Գա­հի­րէ-Վիեն­նա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚ապ­րէին գեր­լա­րուած ի­րա­վի­ճակ մը: Դա­շոյն­նե­րով եւ հրա­ցան­նե­րով զի­նուած զի­նեալ­նե­րը կը յա­ջո­ղէին խոյս տալ դէպ­քի վայ­րէն: Ա­ւե­լի ուշ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղէր յայտ­նա­բե­րել վեց զի­նեալ­նե­րուն դիակ­նե­րը: Ա­նոնք բա­ւա­կան մութ պայ­ման­նե­րու տակ ինք­նաս­պա­նու­թիւն գոր­ծե­լով մա­հա­ցած էին շրջա­նի քա­րայ­րի մը մէջ:

Այս ծանր ա­հա­բեկ­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­ւա­կան հա­կա­սա­կան կար­ծիք­ներ կը հնչէին «Իս­լա­մա­կան հա­մախմբ­ման» եր­կու կա­րե­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ:

Մինչ շար­ժու­մի հիմ­նա­դիր­նե­րէն հա­մա­րուող՝ Ռի­ֆա­հի Թա­հա կը յայ­տա­րա­րէր, որ դէպ­քը ծրագ­րուած ու ի­րա­կա­նա­ցուած է «Իս­լա­մա­կան հա­մախմ­բում»ին կող­մէ, ան­դին նոյն շար­ժու­մի այլ ղե­կա­վար մը՝ Ու­սա­մա Ռըշ­տի կը հեր­քէր Թա­հա­յի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ ը­սե­լով, որ «ի­րենք» ոչ մէկ կապ ու­նին դէպ­քին հետ:

Այս եր­կու ազ­դե­ցիկ ղե­կա­վար­նե­րուն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, բա­ցա­յայտ կեր­պով ցոյց կու տա­յին, թէ նոյն շար­ժու­մին մէջ ար­դէն իսկ գո­յա­ցած են տար­բեր եւ շատ յա­ճախ հա­կոտ­նեայ տե­սա­կէտ­նե­րով զանազան մար­մին­ներ:

Դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս ետք Ե­գիպ­տո­սի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը կը շղթա­յա­զեր­ծէին ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու մեծ ա­լիք մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով բան­տե­րը կը նե­տուէին «Իս­լա­մա­կան հա­մախմ­բում»ին հետ մօ­տէն կամ հե­ռուէն «ո­րե­ւէ» կապ ու­նե­ցող­ներ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

շար. 1

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2017