ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Անցնող մէկ ամսուան եւ աւելի ժամանակամիջոցին գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ գրեցինք պահեցողութեան մասին, թէ մարդ ինչո՞ւ համար պէտք է պահք պահէ, ինչպէ՞ս պէտք է պահէ, ո՞րն է ճիշդ պահեցողութիւնը, ուտելու կամ չուտելու, եւ այլնի մասին:

Այսօր այս գրութեամբ պիտի փորձենք միասնաբար Աստուածաշունչին եւ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն գրութիւններուն ընդմէջէն փորձել հասկնալ, թէ կատարուած պահեցողութիւնը արդիւնք տուա՞ծ է, թէ՝ ոչ:

ա. Երեմիա մարգարէին մարգարէութեան մէջ Տէր Աստուած կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ, Ես դատաստան պիտի ընեմ քեզի հետ, որովհետեւ դուն ըսիր, թէ՝ չմեղանչեցի» (Եր 2.35). արդարեւ, պահեցողութիւնը ինքնին գլխաւոր առիթն ու ազդն է մարդուն համար գիտակցելու իր մեղաւոր վիճակին: Մարդ արարածը իր գործած գիտակից կամ անգիտակից արարքներուն պատճառով, երբեմն մեղքի մէջ կը յայտնուի: Մեղքին մէջ յայտնուիլը բնականաբար վատ երեւոյթ է, սակայն սրբագրելի երեւոյթ է: Ահաւորը այն է, երբ մարդ մեծամտելով կը յայտարարէ, թէ ինք չի մեղանչեր կամ երբեւէ չէ մեղանչած: Ահաւասիկ այսպիսիներուն համար է, որ Երեմիայի մարգարէութեան մէջ Տէրը կ՚ըսէ, թէ՝ «Ես դատաստանի պիտի ընեմ քեզի հետ»:

բ. Զաքարիա մարգարէին մարգարէութեան մէջ դարձեալ Տէրը կ՚ըսէ. «Ե՛տ դարձէք ձեր բոլոր չար ճանապարհներէն եւ ձեր չար ընթացքէն» (Զք 1.4). Մեծ պահքի այս ընթացքը եւ ընդհանրապէս տարուան ընթացքին Սուրբ Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած պահեցողութիւնները իւրաքանչիւր հաւատացեալ անհատի համար պէտք է առիթ հանդիսանան չար ճանապարհներէն եւ չար ընթացքներէն հեռու մնալու, եւ ո՛չ միայն հեռու մնալու, այլ՝ ընթանալու արդարութեան ճանապարհներէն ու ընթացքներէն, փորձելով ապրիլ Աստուծոյ կամքին համաձայն:

գ. Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք. «Բազմաթիւ նեղութիւններ պէտք է կրենք՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնելու համար» (Գրծ 14.22): Իրաւ հաւատացեալը՝ ճշմարիտ քրիստոնեան կը գիտակցի, թէ մեր աշխարհի վրայի կեանքը դիւրին չէ եւ չի՛ կրնար դիւրին ըլլալ, որովհետեւ իր առօրեայի ընթացքին բազմաթիւ փորձութիւններու, դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու կը հանդիպի, աւելին՝ ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ» (Եփ 6.12): Եւ ահաւասիկ այդ բոլորին յաղթահարելով է, որ պիտի արժանանանք Աստուծոյ Արքայութիւն մտնելու:

դ. Սուրբ Անտոն Անապատականը կ՚ըսէ. «Ապացոյցը, որ մարդը զԱստուած եւ զՔրիստոս չի սիրեր, այն է՝ որ Անոր պատուիրանները չի պահեր»: Հին ուխտի ժամանակ գիտենք, թէ ինչպէս Ամենակալ Աստուած Սինա լերան վրայ Մովսէս մարգարէին տուաւ Տասնաբանեայ Պատուիրանները, որոնք մարդ արարածին համար ամէնօրեայ գործադրելու եւ պահպանելու պատուիրաններն են, որոնք մարդուն առիթ կու տան զգալու Աստուծոյ ներկայութիւնը: Առիթով մը երբ Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը Յիսուսին կը հարցնէ, որ Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը: Տէր Յիսուս այսպէս կը պատասխանէ. «“Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքով”: Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը: Երկրորդը ատոր նման է. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս”: Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներուն ուսուցումները» (Մտ 22.37-40): Հետեւաբար, պատուիրաններուն գործադրութիւնը լաւագոյն ճանապարհն ու միջոցն են մարդը Աստուածասիրութեան եւ ընկերասիրութեան առաջնորդելու, որովհետեւ մարդ երբ որեւէ մէկ պատուիրան կը պահէ կամ կը գործադրէ, ատով ցոյց կու տայ իր սէրն ու յարգանքը այդ պատուիրանը աւանդողին: Եւ պահեցողութիւնը, ամենէն յարմար առիթն է մեր սէրը ա՛լ աւելի խորացնելու Աստուծոյ եւ մեր նմանին նկատմամբ, այլ խօսքով, ամենէն լաւ առիթն է պահեցողութիւնը ա՛լ աւելի զԱստուած սիրելու, կառչելու Անկէ պահելու ու գործադրելու Իր պատուիրանները: Աւարտելու համար այս կէտը, դարձեալ դիմենք Սուրբ Անտոն Անապատականին. «Քեզի համար որպէս օրինակ թող ըլլան անոնք, որոնք իրենց ամբողջ սիրտով Տէրը սիրեցին եւ միշտ հակուած են բարի գործերու: Մի՛ ամչնար խնդրել անոնցմէ հոգեւոր կեանքի ուսուցում»:

ե. Սուրբ Մակար Մեծ կ՚ըսէ. «Հոգին կրնայ մեղքին հակառակիլ, բայց առանց Աստուծոյ չի՛ կրնար յաղթել կամ արմատախիլ ընել զայն»: Անոնք որոնք պահեցողութեան կը մօտենան միայն սնունդի տեսակէտէն, նման են անոնց՝ որոնք առանց Աստուծոյ չարին դէմ պատերազմելու կ՚ելլեն: Բնականաբար նման պատերազմի մը հետեւանքը սկիզբէն իսկ յայտնի է: Նոյնն է պարագան պահեցողութեան եւս, երբ մի միայն սնունդի պահեցողութեամբ կը փորձենք մենք մեզ մեր գործած մեղքերէն մաքրել, յաջողութեան չենք հասնիր, ընդհակառակը երբեմն կարծելով, թէ ձերբազատած ենք, ա՛լ աւելի խորացած ու դժուարացուցած կ՚ըլլանք մեր վիճակը: Մինչ, երբ մեր պահեցողութիւնը ի հոգեւոր ընկալենք եւ այդպէս մտնենք պատերազմի մէջ, եւ երբ մենք մեր պարտաւորութիւնը կատարենք այդ պատերազմին մէջ, բնականաբար Աստուած Ի՛նք Իր հերթին, պիտի օգնէ ու առաջնորդէ մեզ, որպէսզի կարենանք արմատախիլ ընել մեղքը մեր մէջէն:

զ. Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ. «Որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած: Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ» (Հռ 14.17-18): Այս համարները առնուած են այն հատուածէն, ուր Պօղոս առաքեալ կը խօսի մեզի՝ մեր եղբայրները, այլ խօսքով՝ մեր նմանները չգայթակղեցնելու մասին: Պահեցողութեան ընթացքին յաճախ կը հանդիպինք այսինչ բանը կամ այնինչ բանը ուտելու կամ չուտելու մասին վիճաբանութիւններու, որոնց արդիւնքով մարդիկ զիրար կը վիրաւորեն՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մեղքի մէջ իյնալով: Պահեցողութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ Աստուծոյ Արքայութեան արժանանալը չէ՞, հետեւաբար այդ սին ու դատարկ վիճաբանութիւնները ոչինչով կրնան օգնել մեզի, ընդհակառակը՝ կը խանգարեն: Սնունդի պահքի մասին Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը յստակ կերպով սահմանած են, թէ ի՛նչ կարելի է ուտել, եւ ինչ՝ ոչ: Իսկ Սրբազան Առաքեալին վերոնշեալ խօսքերը շատ յստակ կերպով կը բացատրեն մեզի Աստուծոյ Արքայութեան հասնելու մեր ունենալիք ճանապարհը, այսինքն՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն: Ասոնցմո՛վ է, որ պէտք է ծառայենք Քրիստոսի, որով Աստուծոյ հաճելի կը դառնանք, իսկ մարդոց համար՝ գովելի:

է. Յակոբոս առաքեալ կը գրէ. «Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ» (Յկ 5.16): Պահեցողութեան այս շրջանը առիթ է հաւատացեալներուն համար աղօթական կեանքին մէջ ա՛լ աւելի խորանալու, հմտանալու: Աւելի՛ն, պահեցողութեան այս շրջանը առիթ է մեր գործած մեղքերը խոստովանելու: Խոստովանիլ ո՛չ սովորական հասկացողութեամբ, այլ աւելի՝ խոստովանիլ մեղքերը իրարու: Յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը. «Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ» (Մտ 5.23-24). նոյն սկզբունքը կրնանք որդեգրել պահեցողութեան համար, եթէ յիշենք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը վշտացուցած ենք, նախքան մեր պահեցողութիւնը շարունակելը պարտաւոր ենք հաշտուիլ, խոստովանիլ իրարու, եւ այդպէս շարունակել մեր պահեցողութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի աղօթական մեր կեանքին, ապա ամէնօրեայ մեր աղօթքներով, յատկապէս՝ արտասուալից, պէտք է մեր մտերմութիւնը աւելի սերտացնենք մեր Երկնաւոր Հօր հետ: Սուրբ Անտոն Անապատականը այս ուղղութեամբ կ՚ըսէ. «Մի՛ դադրիր աղօթական արցունք հեղելէ, եւ Աստուած կը գթայ քեզի, քու բոլոր ցաւերդ կը թեթեւցնէ, որոնցմով հոգիդ կը տառապի»: Իսկ Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Ջանադրաբար Տիրոջ աղօթէ՛, որպէսզի քեզի կատարեալ անարատութեան ոգի պարգեւէ: Որպէսզի նոյնիսկ գիշերուայ երազներուն մէջ սատանային խարդաւանքներէն փախչիս»:

ը. Տէր Յիսուս այսպէս կը թելադրէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզի պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18): Իրաւ պահեցողութեան գլխաւոր պարտաւորութիւնը իւրաքանչիւր պահեցողի, պահել՝ Աստուծոյ համար, այսինքն՝ զԱստուած հաճեցնելու համար, եւ ո՛չ թէ պահել մարդոց հաճելի երեւալու համար: Եթէ մեր նպատակը մարդիկը հաճեցնելն է, յոյս չունենանք, որ հանդերձեալին վարձատրութիւն պիտի ստանանք, որովհետեւ մեր վարձատրութիւնը այստեղ իսկ կը ստանաք: Իսկ եթէ մեր պահեցողութեան նպատակը զԱստուած հաճեցնելն է, Անոր մօտենալն է ու զգալն է Անոր ներկայութիւնը, ապա մեր վարձատրութիւնը կը սկսինք ստանալ այստեղ՝ զգալով Աստուծոյ ներկայութիւնը, ապրելով Անոր հետ, Անոր կամքին համաձայն, իսկ հանդերձեալին այդ վարձատրութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի՝ յաւիտենապէս ըլլալու Անոր ներկայութեան մէջ եւ վայելելու զայն:

Աւարտելու համար թուարկենք պահեցողութենէն ստացած մեր արդիւնքներէն կարգ մը արդիւնքներ.

ա. Հպարտութենէն զերծ մնալ եւ չհամարձակիլ ըսելու, թէ մեղք չունինք կամ չենք մեղանչեր:

բ. Ե՛տ կանգնիլ, հեռո՛ւ մնալ չար ճանապարհներէն ու ընթացքներէն:

գ. Նեղութիւնները եւ փորձութիւնները յաղթահարելով արժանի դառնանք Աստուծոյ Արքայութեան:

դ. Աստուծոյ պատուիրանները պահելով ու գործադրելով սորվինք սիրե՛լ զԻնք եւ մեր նմանը:

ե. Աստուծոյ օգնութեան դիմելով արմատախիլ ընել մեր մէջ արմատ դրած մեղքերը:

զ. Ուտել կամ չուտելու վերաբերող վիճաբանութիւններէն հեռու մնալ, եւ կառչիլ արդարութեան, խաղաղութեան եւ խնդութեան, որոնցմով կրնանք ծառայել Քրիստոսի, հաճելի ըլլալ Աստուծոյ եւ գովելի՝ մարդոց:

է. Աղօթական կեանքին մէջ ա՛լ աւելի խորանալ ու հոգեւորապէս աճիլ:

ը. Պահք պահել Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար եւ ո՛չ թէ մարդոցմէ գովասանք լսելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 մարտ 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2022