ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (11)

Արդէն մտեր էին Թեհրան։

Ֆարզատ քեռիի փրչոտ թեւերուն տակ դարձեր-դարձեր էր խոշոր ղեկը բեռնակառքին, անցեր էին ոլորաններով, իջեր վար բարձրունքներէն, եւ ի վերջոյ մտեր քաղաք։ Միլատ աշտարակը զիջեր էր շատ աւելի ցած շէնքերու, որոնք հիմա Զանայի երկու կողմը շարուած էին, նեղցնելով տեսադաշտն իր։

Զանան, տասնվեց տարեկան հասակին, առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէր քաղաքային պատկեր մ՚այդպիսի։ Իրենց Պամը գրեթէ չունէր արդի քաղաքի բնորոշ այդ տեսարանները. բարձրայարկ շէնքեր, լայն ու երկար մայրուղիներ, խոշոր կամուրջներ, ելեկտրական սիւներ, մեծ պատսառներ, եւ ուրիշ ահագին բան, որ կու գար, կը սահէր, կ՚անցնէր Զանայի աչքերուն առջեւէն։

-Մօրդ քանի անգամ ըսեր էի, որ օր մը գայ այցելէ... այդպէս ալ չեկաւ, յետոյ ալ ամուսնացաւ, դուք ծնաք, անկարելի էր...

Ֆարզատ քեռիի խօսքերուն վրայ պահ մը յուզուեցաւ Զանան։ Քեռին նկատեց, զղջաց, ինքզինք մեղադրեց անզգուշութեան համար, եւ փորձեց արագ շեղել Զանան կորուստի թարմ ցաւէն։

-Տե՛ս, ասիկա կեդրոնն է, մենք հոս չենք ապրիր անշուշտ... բայց շատ հեռու չէ, երբ որ ուզես կրնաս գալ, պտտիլ... ան կողմը հրապարակ մը կայ, կրնաս հոն քալել, նստիլ... օշարակ առնել...

Զանան հասկցաւ, որ գրեթէ կը դատարկաբանէր քեռին, զինք սփոփելու, սուգը ցրելու փորձով։ Ոչ թէ տարուեցաւ քեռիին խաղով, այլ գիտակցաբար ու կամովի փորձեց կոտրել յուզումը, հեռացնել զայն, մղել ետեւ կամ ներս կոկորդէն, խորը տեղ մը պահել ու գոցել վրան խուփով, որպէսզի գէշ չզգայ քեռին...

-Հա՞, դուք ալ կու գա՞ք երբեմն։

-Կու գանք...

Հաւանաբար ճերմակ սուտ մը ըսաւ քեռին, եւ անյարմար լռութիւն մը տիրեց։

Քիչ ետք, շէնքերը մէկ անգամէն փոքրացան, ճամբաները նեղցան, եւ տեղանքը քիչ մը, բայց երբեք ամբողջովին, նման դարձաւ նոյն Պամին։ Զարմացած էր Զանան. մայրաքաղաքը միշտ ալ քիչ առաջուանին պէս երեւակայած էր ամբողջովին, կամ մեծաւ մասամբ գոնէ։ Բայց այս թաղը աղքատիկ էր, ցած, մէկ կամ երկու յարկանի տունիկներով։

-Մեր թաղն է Զանա...Դարվազէ Ղար... գրեթէ տուն հասանք։

Արգելակեց Ֆարզատ քեռին, եւ վերջապէս հանգչեցաւ բեռնակառքը հսկայ։ Եկաւ Զանայի կողմ, բացաւ դուռը, խնդրեց անցորդէ մը, որպէսզի օգնէ իրեն Զանան իջեցնելու համար։ Ապա սկսան դանդաղ քալել երկուքով։ Շուտով դուրս ելան այդ փողոցէն եւ մտան շատ աւելի նեղ, գրեթէ արահետ փողոց մը։ Երեսուն մեթր անդին, ձախին դուռ մը կար։ Ֆարզատ քեռին հրեց զայն։

Ներսը, բակին մէջ, սեղանիկի մը շուրջ նստած չորս գլուխներ դարձան Զանայի ուղղութեամբ։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի 

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020