Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼԵԼ ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵՆԷՆ

Կրթական բնագաւառի հարցերը դարձեալ օրակարգի վրայ են ներկայ վերամուտի շրջանին։ Այս առթիւ հեռավար ձեւաչափով կարծիքը շօշափեցինք պոլսահայ համալսարանական դասախօս Ալպէր Քեշիշի, որու մօտեցումները կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Ի՞նչով պայմանաւորուած է Պոլսոյ մէջ ստեղծուած դպրոցական տագնապը:

-Պոլսահայ կրթական համակարգը դէմ առ դէմ է բազմաթիւ բարդոյթներու ու մարտահրաւէրներու, որոնք զանազանութիւն կը պարզեն: Այս կարգին կարելի է յիշել կրթական որակի բարելաւումը, պոլսահայ վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան նօսրացումը, մայրենի լեզուին նոր սերունդներու փոխանցման հարցը, հայ ուսուցիչներ պատրաստելու խնդիրը, քորոնաժահրի համաճարակի բերումով հեռաւոր ուսուցման պատճառած բացասական հետեւանքները եւ այլն: Ի միջի այլոց, Պոլիս կը գտնուի երկրաշարժի գօտիի վրայ եւ ըստ երկրաբաններու՝ մօտ ապագային կ՚ակնկալուի ուժեղ եւ կործանիչ երկրաշարժ մը: Հետեւաբար ուսումնական հաստատութիւններուն պատկանող շէնքերու կայունութեան խնդիրը կը պարզէ այլ հրատապ մարտահրաւէր մը պոլսահայ համայնքին համար: Վերոյիշեալ հարցերու մեծամասնութեան լուծումը պայմանաւորուած է նիւթական՝ գանձատրական կարելիութիւններով:

-Այս տագնապին կապակցութեամբ վերջերս տեղի ունեցան ժողովներ։ Արդեօք այդ ժողովները պիտի կարենա՞ն լուծումներ բերել սեղանին վրայ դրուած խնդիրներուն:

-Նման ժողովներ անցեալի մէջ ալ քանի քանի անգամներ գումարուած են: Սակայն կարելի չէ եղած համաձայնութեան մը հասնիլ ու հաստատ լուծումներ կամ շօշափելի արդիւնքներ ձեռք բերել: Իմ տպաւորութիւնս այն է, որ հիմնական հարցը միասնականութեան ոգիի մը չգոյութիւնն է այս կամ այն պատճառներով. ինչպէս օրինակ՝ հաստատութիւններու միջեւ հասարակ պիւտճէ մը կազմելու եւ կարիքաւոր ուսումնարաններու ծախսերը միասնաբար հոգալու առաջարկին իրագործումը, որ մինչ օրս կարելի չէ եղած կեանքի կոչել:

-Առհասարակ Պոլսոյ մէջ համայնքային կեանքը հիմնուած է եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ կրթական համակարգին վրայ: Արդեօք պոլսահայութիւնը բաւարար կամք պիտի ունենա՞յ միասնաբար կրթական համակարգի առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու:

-Նման միասնականութեան ոգին կը պակսի ընդհանուր պոլսահայութեան մօտ: Այս երեւոյթը ունի շարք մը պատճառներ. ինչպէս՝ կարելի է թուել պոլսահայոց մօտ գոյացած տնտեսական պայմաններու բարդացումը, համայնքի բնակչութեան զանազան պատճառներով հեռաւոր՝ ոչ-հայկական թաղամասեր բնակութիւն հաստատելը եւ այլն: Այս բոլորը հայ համայնքի անդամները կը մղեն անհատական գոյատեւման պայքարի մը, որ կը թուլացնեն համայնքի հետ հոգեբանական կապերը: Սա երեսակներէն մէկն է միայն, որ կրնայ բացատրել մայրենի լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը, հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան նուազումը եւ հերթականօրէն եկեղեցի այցելելու եւ արարողութեան մասնակցելու սովորութեան հետզհետէ անհետացումը:

-Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել պոլսահայ վարժարաններուն հայկական դիմագիծը եւ ինքնութիւնը։ Իբր այդ, ի՞նչ ըսելիք ունիք դուք՝ որպէս մանկավարժ եւ կրթական ոլորտի մէջ գործող անձնաւորութիւն:

-Պոլսահայ վարժարաններու հայկական դիմագիծին պահպանումը անխուսափելի է, քանի որ հայ վարժարաններու գոյութեան գլխաւոր պատճառը եւ միաժամանակ՝ նպատակն է: Այս դիմագիծին հիմնական որոշիչը հայոց լեզուն է: Ափսո՛ս որ վերջին տասնամեակներուն ականատես կը հանդիսանանք մայրենի լեզուի շարունակաբար նօսրացումին: Մայրենի լեզուի գոյատեւման նախապայմանը սերունդէ սերունդ փոխանցումին ապահովումն է: Այստեղ ընտանիքին հետ դպրոցն ալ կարեւոր դեր մը կը ստանձնէ:

Նախ եւ առաջ, պէտք է նշել որ բնիկ պոլսահայերը արտասահման գաղթած են զանազան պայմաններու բերումով: Պոլսահայոց այն հատուածը, որ բնակութիւն հաստատած էր դարերէ ի վեր Պոլսոյ մէջ, կը տիրապետէր հայոց լեզուին եւ բարձր մշակոյթին՝ իր հետ ունենալով մտաւորական դասակարգ մը: Գաւառի պայմանները տարբեր էին հասկնալի պատճառներով: Բնիկ պոլսահայերու արտագաղթին առընթեր, տեղի ունեցաւ ներգաղթ գաւառէն դէպի Պոլիս: 20-րդ դարու ընթացքին Պոլիս ներգաղթած գաւառացի հայ բնակչութիւնը հեռու էր հայոց լեզուէն եւ մշակոյթէն յայտնի պայմաններու բերումով: Այս ընտանիքները շատ մեծ ջանք թափեցին իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան համար եւ ուղարկեցին հայ դպրոց:

Այս հակիրճ յիշեցումը կը նշէ կարեւոր դարձակէտ մը: Ա՛լ հայ ծնողները մեծ մասամբ ի վիճակի չէին փոխանցել մայրենին ապագայ սերունդներուն: Երեխայ մը, որ կը սկսէր դպրոց յաճախել, հազիւ պիտի ծանօթանար հայոց լեզուին: Այս իրողութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ հայերէնն ալ կորսընցուցած էր իր մայրենիի հանգամանքը՝ վերածուելով երկրորդական լեզուի: Բայց դասագիրքերը եւ այլ դասանիւթերը պատրաստուած էին հայախօս ընտանիքներու զաւակներուն համար, որոնք համապատասխան չէին ներկայ աշակերտութեան դիմագիծին: Հետեւաբար՝ այս ընթացքը դապարտուած էր անյաջողութեան, բացառութիւնները յարգելով հանդերձ: Ընդունելով ներկայ իրողութիւնը կարելի է պատրաստել դասագիրքեր եւ այլ նիւթեր՝ օժտուած արդի տեսալսողական միջոցներով, հայոց լեզուն դասաւանդելու համար, ինչպէս՝ անգլիերէն, գերմաներէն եւ ուրիշներ: Դառն, բայց իրականութիւն:

-Հայկական համայնքներու մէջ կայ երեւոյթ մը, որու հիմամբ մեր հայրենակիցները իրենց զաւակ-ները կ՚առաջնորդեն դէպի օտար դպրոցներ, այդ երեւոյթը կա՞յ արդեօք Պոլսոյ մէջ: Ի՞նչ է այս նախընտրութեան պատճառը:

-Ամերիկեան, գերմանական, իտալական եւ նման օտար վարժարանները նախընտրելի են, քանի որ բացի օտար լեզուէն, կը դասաւանդեն այլ նիւթեր՝ գիտութիւն, գրականութիւն եւ այլն բարձրորակ կերպով: Կէս դար առաջ հայ վարժարաններն ալ նման հանգամանք մը ունէին եւ կը մրցէին օտար վարժարաններու հետ: Գալով ձեր հարցումին, այս նախընտրութեան գլխաւոր պատճառը փայլուն ապագայ մը կերտելու եւ արտասահման գաղթելու պարագային տուեալ երկրի լեզուի ու մշակոյթին լաւագոյնս տիրապետելն է: Իսկ այս վարժարաններու շրջանաւարտները շատ դիւրութեամբ իրաւունք կը ստանան ուսանիլ լաւագոյն համալսարաններու մէջ եւ յետոյ առիթը կ՚ունենան աշխատելու բարձր դիրքերով: Հայերէն լեզուի կողքին՝ բարձր մակարդակով օտար լեզուի դասաւանդումը մեր վարժարաններուն համար քաշողական ուժ մը կրնայ հանդիսանալ:

-Պոլսահայ վարժարաններէն շրջանաւարտները վերջին տարիներուն ինչքանո՞վ կարողացան իրենց ուսումնառութիւնը շարունակել Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ: Ի՞նչ է ընդհանուր պատկերը եւ ձեր տպաւորութիւնը:

-Շատ կարեւոր հարցում մը: Համալսարաններու մուտքի ընդհանուր քննութիւններու արդիւնքներուն յայտարարումէն յետոյ ուսանողները կը դիմեն համալսարաններու բաժինները, որոնց իրաւունք ստացած են արձանագրուելու՝ հիմք ունենալով իրենց ստացած նիշերը: Երբ այս գործընթացը կը վերջանայ եւ յայտնի կը դառնան ընդունուած ուսանողները, անոնց անունները կը հրատարակուին պոլսահայ օրաթերթերուն մէջ՝ նշելով համալսարանը եւ բաժինը: Ամէն տարի մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւիմ այդ ցանկերուն: Ընդհանուր դիտարկութիւնս այն է, որ ուսանողներու ճնշող մեծամասնութիւնը կը կարողանան ուսանիլ սեփական, սուղ համալսարաններու մէջ, որոնք մեծ մասամբ վերջերս հիմնուած են եւ պետական համալսարաններու նման հեղինակութիւն չունին: Պէտք է նշել, թէ որակաւոր համալսարաններու մուտքը օրէ օր աւելի կը դժուարանայ, քանի որ մօտաւորապէս 2 միլիոնէն աւելի ուսանող կը մասնակցի եւ մասնակիցներուն քանակը հետզհետէ կը բարձրանայ: Կը յուսամ, թէ մեր վարժարանները աւելի բարձր յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն այս մրցոյթին մէջ:

-Համայնքի ապագային հետ կապուած արդեօք ի՞նչ գրաւներ կան դրուած, որպէսզի հայկական ոգին չնահանջէ, մանաւանդ որ խառն ամուսնութիւնները սկսած են բազմանալ, կայ օտարամոլութիւն եւ այդ առումով ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին ձեր կարծիքով:

-Մինչ հիմա ակամայ խաւար պատկերացում մը ի յայտ եկաւ: Յամենայնդէպս, պոլսահայոց ապագային համար չեմ ցանկար յոռետես ըլլալ: Ճիշդ է, որ խառն ամուսնութիւնները, օտար վարժարաններու նախընտրութիւնը, համայնքին քաղաքին մէկ ծայրէն միւսը ցրուած վիճակը ու տնտեսական հարցերը ըստ երեւոյթի բարդ իրավիճակ մը կը պարզեն մեր առջեւ: Անցեալի «երազային օրերը» յուսալով կարելի չէ դոյզն իսկ յառաջացում արձանագրել: Նախապէս պէտք է ճիշդ գնահատել ներկայ կացութիւնը: Պէտք է ընդունիլ, որ ետդարձ չկայ: Ուրեմն ժամանակավրէպ միջոցներով կարելի չէ որեւէ հարցի լուծում գտնել: Պոլսահայութիւնը՝ անցեալի ամբողջ հայութեան հսկայ մշակութային կեդրոնը նահանջի մէջ է: Սակայն այլեւս հին Պոլիսը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, ինչպէս նաեւ՝ պոլսահայութիւնը: Մենք ունինք նոր պայմաններ, նոր սերունդ, նոր կենցաղ, նոր արուեստ, նոր երաժշտութիւն, նոր ճաշակ եւ նոր արդի արհեստագիտական միջոցներ: Ինչ կը վերաբերի մայրենի լեզուին, շատ աւելի դիւրին է սորվիլ քան թէ մեր ժամանակաշրջանը՝ օգտագործելով համացանցային բազմաթիւ աղբիւրներ: Նոր սերունդը շատ աւելի ազատ կենցաղ մը ունի, քան թէ անցեալի ապրելակերպը: Հայ ինքնութիւնը, մշակոյթը, կենցաղը պէտք է նորէն ուրուագծել առանց բանտարկուելու անցեալի կաղապարներուն մէջ: Հայ երիտասարդութիւնը, նոր սերունդը մշակութասէր է իր սերնդակից այլազգի տարեկիցներուն նման: Ինչո՞ւ ազատ չթողուլ: Այս գաղափարներս անսովոր կամ խիզախ կրնայ թուիլ, բայց համոզուած եմ, որ նոր սերունդը պիտի կերտէ եւ որդեգրէ իր ուղին հայապահպանութեան ուղղութեամբ: Պարզ է, որ հնամէտ, խրատիչ եւ պարտադրիչ ոճը լուծում մը չէ: Կարելի է հայ մշակոյթը ներկայացնելու նոր մօտեցում մը որդեգրել:

-Այսօր հայկական օրակարգի վրայ կարեւոր խնդիրներէն մէկը Թուրքիոյ մէջ ապրող հայաստանցիներու հարցն է։ Յաճախ կը լսենք, որ հայաստանցիներ, որոնք կարողութիւն չունին, տեղւոյն թրքական դպրոցները կ՚առաջնորդեն իրենց զաւակները, որքանո՞վ ճիշդ է մեր լսածը:

-Պոլիս գաղթած հայաստանցիներու կարգավիճակը կարելի է հետեւեալ կերպով դասաւորել. քաղաքացիներ եւ ոչ-քաղաքացիներ: Թուրքիոյ քաղաքացիի մը, օրինակ՝ պոլսահայու մը հետ ամուսնացած հայաստանցիներու զաւակները բնականաբար կը ստանան քաղաքացիութիւն եւ այսպիսով իրաւունք կ՚ունենան օրինաւոր կերպով ուսում ստանալու որեւէ դըպ-րոցի մէջ: Հայ համայնքի վարժարանները ամէն տեսակ դիւրութիւն կ՚ընծայեն հայաստանցի աշակերտներուն, մինչեւ իսկ գիշերօթիկ տարբերակով դպրոցներ յաճախելու կարելիութիւնը ստեղծելով: Միւս կողմէ, «Հրանդ Տինք» դպրոցը մասնաւորաբար կը դասաւանդէ հայաստանցի աշակերտներուն եւ, որքան որ գիտեմ, այս դպրոցի շրջանաւարտները ճանաչում կը գտնեն Հայաստանի իշխանութիւններու մօտ: Իսկ ոչ-քաղաքացի աշակերտները կարող են որեւէ դպրոցի մը դասընթացներուն մասնակցիլ որպէս հիւր ուսանողներ եւ իրաւունք չունին ստանալ պաշտօնական վկայագիր՝ աւարտելու պարագային: Ինչ կը վերաբերի թրքական դպրոցներու մէջ ուսանող հայաստանցի աշակերտներուն, շատ յստակ տեղեկութիւն չունիմ: Սակայն կ՚ենդաթրեմ, որ անոնք այն հայաստանցիներն են, որոնք կը բնակին հայկական թաղերէ հեռու վայրեր, հաւանաբար տարբեր քաղաք-ներ, ուր հայկական վարժարան գոյութիւն չունի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021