ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Է.

ԵԹԷ ՄԱՐԴ ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՎ ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԷ

Խօսք. «Որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով» (Յհ 7.23):

Մեկնութիւն. Կամ անդամալոյծին ամբողջ մարմինը, կամ հոգին ու մարմինը, որպէս թէ ըսել, թէ բանաւորութեամբ չէք ընթանար, քանի որ հոգին ու մարմինին ամբողջական բժշկութիւնը բարեգոյնն է ու առաւել՝ ի փառս Աստուծոյ, քան թլփատութիւնը:

Իսկ որ Մեկնիչդ1 կ՚ըսէ, թէ՝ շատ զրկող ու անիրաւ էք. նախ՝ Շաբաթը միշտ թլփատութեամբ կը զրկէք: Երկրորդ, զՔրիստոս հակառակ կ՚ըսէին, մինչ իրենք կը լուծէին Շաբաթը:

Եւ որովհետեւ հրեաներու չարութիւնը չար միտքերու դատումներէն կ՚ելլէր, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ՝ արդար դատաստան կատարեցէք» (Յհ 7.24):

Մեկնութիւն. Առաջին՝ ի դէմս հրեաներուն եւ Ինքնիրեն կ՚ըսէ, չորս կերպով. նախ՝ մի՛ դատէք ըստ ձեր ատելութեան, այլ՝ ըստ իրին ճշմարտութեան, ու այդ ատեն կը գիտնաք, թէ Իմ վարդապետութիւնս Աստուծմէ է: Երկրորդ՝ մի՛ դատէք ըստ երեսներուն, այսինքն՝ ըստ արտաքին երեւումին կամ ըստ օրէնքներու մակերեւոյթ տեսութեամբ, այլ՝ քննեցէք օրէնքներուն ներքին ճշմարտութիւնը եւ ուղիղ դիտաւորութիւնը, ու այդ ատեն գիտցէք, թէ՛ օրէնքները անդրանցնող չեմ: Երրորդ՝ ակնառութեամբ մի՛ դատէք եւ Մովսէսին իրաւունք տաք, քանի որ ան թլփատութեան միջոցով Շաբաթը լուծեց, ապա ան ա՛լ աւելի մեղադրելի է, եւ ոչ՝ ես: Չորրորդ՝ թիւր կերպով մի դատէք, որովհետեւ Մովսէս հաճեցաւ ուրիշներուն օրէնքները իր օրէնքէն գեր ի վեր կատարել, եւ դուք՝ օրէնենրուն հետեւողներդ հաճեցէք նոյնը ընել:

Դարձեալ՝ ի դէմս բոլորին կ՚ըսէ. նախ՝ երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այսինքն՝ որ մարմինը կը տեսնէ, իսհ հոգիդ՝ ոչ, մարմինը միայն մի՛ սիրէք, իսկ հոգին՝ ատէք: Երկրորդ՝ ի դէմս քրիստոնեաներուն՝ միայն դուն քեզ չսիրել եւ ընկերը ատել, որովհետեւ՝ «ընկերդ քու անձիդ պէս պիտի սիրես» (հմմտ. Մտ 19.19, 22.39: Մր 12.31), կ՚ըսէ Օրէնքը, ու Քրիստոս թշնամին սիրել կը հրամայէ (հմմտ. Մտ 5.43): Երրորդ՝ ի դէմս դատաւորներուն, թիւր կերպով մի դատէք երկու դատախազի մօտ, եւ սուտն ու ճշմարիտը մի՛ փոփոխէք, այլ՝ ճշմարտութեամբ դատելով ճշմարտիը ճշմարտեցէք, իսկ սուտը՝ ստեցէք, քանի որ չորս բանով կը սխալի դատաստանը, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, այսինքն՝ տգիտութեամբ, ակնառութեամբ, երկիւղով եւ կաշառքով:

Այսքանը այս մասին:

Երբ ըսաւ Քրիստոսի վարդապետութեան ծնունդը, թէ Աստուծմէ էր, այժմ կ՚ըսէ Քրիստոս վարդապետին ծնունդին ու ելումին մասին:

Խօսք. «Երուսաղէմի բնակիչներէն ոմանք ըսին» (Յհ 7.25):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ անոնք քահանաներուն չարութիւնը գիտէին, թէ կ՚ուզէին զՔրիստոս սպաննել: Երկրորդ՝ զանոնք աւելի չար կը ցուցնէ, որոնք աւելի նշաններ կը տեսնէին, եւ անոնց յանդիմանած ժամանակ չհամարձակեցան ոչինչ ըսել Անոր կամ չըմբռնեցին, այսինքն է ըսել՝ չխօսիլ: Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Բազմաթիւ սքանչելիքներ, որովհետեւ կը խորհէին սպաննել զԻնք ու ետ կանգնեցան այդպիսի կամեցողուենէն, յայտնի է, քանի որ գիտցան Անոր Քրիստոս ըլլալը»: Եւ իշխանները քահանաներուն կ՚ըսէին, բայց ո՛չ թէ ստոյգ հաւատացին, այլ՝ միայն կասկածանքով, այդ պատճառով կ՚ըսեն.

ՉԳԻՏՆԱԼ ԶՔՐԻՍՏՈՍ

Խօսք. «Ասիկա գիտենք ուրկէ է, բայց զՔրիստոս՝ չե՛նք գիտեր ուրկէ է» (տե՛ս Յհ 7.27):

Մեկնութիւն. Գիտնալ ու չգիտնալ. նախ՝ այն է, որ սննդեան վայրը գիտէին, որ Գալիլիան էր, սակայն ծննդեան վայրը կամաւորաբար կ՚անգիտանային, որ Բեթղեհէմի մէջ էր ըստ Միքիայի (հմմտ. Մք 5.2): Երկրորդ՝ ըստ մարդկութեան գիտէին գաւառէն ու ցեղէն, սակայն ըստ Աստուածութեան չէին գիտեր, ինչպէս Եսային կ՚ըսէ. «Անոր ազգատահոմը ո՞վ պիտի յայտնէ» (Ես 53.8): Երրորդ՝ ընդհանրաբար գիտէին, թէ Դաւիթի ցեղէն է եւ Բեթղեհէմի մէջ պիտի ծնի Քրիստոս, սակայն մասնաւորապէս չէին գիտեր, թէ ինչպիսի՞ հօրմէ կամ ինչպիսի՞ մօրմէ պիտի ծնի Քրիստոս: Չորրորդ՝ հրեաներուն մէջ հասարակ կերպով կը համբաւուէր, թէ մեսիային ցեղն ու գաւառը ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ, ու կը համարէին, թէ յանկարծակի ու անծանօթներու պիտի յայտնէ ինքզինք, ու ասոնք գիտէին [Անոր] մայրը եւ Յովսէփը՝ հայր կոչուող։ Այդ պատճառով կ՚ըսէին, թէ Ան Քրիստոսը չէր:

Ապա կը ճառէ Քրիստոսի պատասխանին մասին՝ ժողովուրդին տարակուսանքին համար:

Խօսք. «Յիսուս Տաճարին մէջ բարձրաձայնեց» (տե՛ս Յհ 7.28):

Մեկնութիւն. Աղաղակը սիրտին իղձն է, եւ խօսքին ու ձայնին յայտնի ըլլալը: Եւ նախ կը ցուցնէր Իր մեծ փափաքը մեր փրկութեան համար: Երկրորդ՝ կը ցուցնէր Իր քաջութիւնը: Ու Տաճարին մէջ կ՚ուսուցանէր, որոպէսզի բոլորը կարողանային լսել: Տե՛ս, թէ վարդապետը պէտք է Եկեղեցւոյ մէջ քարոզէ եւ ո՛չ թէ տուներուն մէջ առանձին կերպով կիները խաբել, ինչպէս ախթարմաներուն ազգը:

Խօսք. «Զիս կը ճանչնաք եւ Իմ ուրկէ ըլլալս գիտէք» (Յհ 7.28):

Մեկնութիւն. Հրեաները մասամբ մը գիտէին զԻնք՝ գաւառէն ու ցեղէն, իսկ բոլորովին չէին գիտեր, որովհետեւ երկինքէն էր եւ բնութեամբ Աստուծոյ Որդի ու ճշմարիտ Աստուած: Եւ Քրիստոս Ինքնիրմէ եկած չէ կ՚ըսուի, որովհետեւ Հօրմէն էր եւ ո՛չ թէ Ինքնիրմէ:

Խօսք. «Այլ Հայրը վստահելի է [ճշմարիտ]» (տե՛ս Յհ 7.28-29):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ճշմարիտ է Որդին ղրկելուն համար, որովհետեւ խոստումը կատարեց: Երկրորդ՝ Քրիստոսի ճշմարիտ Հայրն է, որովհետեւ Որդիին համար վկայեց. «Ա՛տ է Իմ Որդիս» (Մտ 3.17), իսկ հրեաները, որոնք մարդկութիւնը գիտէին, Հայրն Աստուածը չէին գիտեր, այսինքն՝ բնութեամբ Քրիստոսի Հայր [ըլլալը]: Եւ զՔրիստոս չէին գիտեր ճշմարիտ Աստուած եւ Հօր հաւասար, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «[Որ] դուք չէք ճանչնար» (Յհ 8.28):

Մեկնութիւն. Չորս կերպ է Որդին չգիտնալը. նախ՝ ինչպէս հրեաները, որոնք մարդկութիւնը գիտէին, սակայն Աստուածութիւնը չէին գիտեր: Երկրորդ՝ հերձուածողները, որոնք Բանն Աստուածը գիտեն, սակայն մարմինը Աստուած չեն գիտեր եւ չեն խոստովանիր: Երրորդ՝ ով Հայրը չի ճանչնար, նոյնպէս ալ Որդին չի ճանչնար, նմանապէս ան որ Որդին չի ճանչնար, նոյնպէս ալ Հայրը չի ճանչնար: Չորրորդ՝ դարձեալ ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս Աստուած է, որովհետեւ բոլոր արարածներուն համար գիտեն, թէ ոչինչէ են, եւ թէ չէին գիտեր Յիսուսի ուրկէ ըլլալը, ապա յայտնի է, թէ Ան արարած չէր, այլ՝ ճշմարիտ Աստուած:

ԹԷ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՐԸ

Խօսք. «Ես կը ճանչնամ զԱյն, որովհետեւ Անոր կողմէ կու գամ» (Յհ 7.28):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով Քրիստոս աւելի կը ճանչնայ, քան մարգարէները. նախ՝ որովհետեւ մարգարէները էութեամբ այլ էին, երկրորդ՝ մասամբ կը ճանչնային, երրորդ՝ անկատար, չորրորդ՝ երբեմն կը ճանչնային:

Իսկ Քրիստոս ասոր հակառակ կը ճանչնայ Հայրը. նախ՝ որովհետեւ Հօր Աստուծոյ էութենէն է, երկրորդ՝ ամբողջութեամբ կը ճանչնայ, երրորդ՝ կատարեալ, չորրորդ՝ միշտ: Քանի որ Աստուածութեամբ նոյնն է գիտութեամբ Հօր հետ, իսկ մարդկութեամբ յղիացումի սկիզբէն միացած է Բանն Աստուծոյ, կը ճանչնայ Հայրը ո՛չ պակաս եւ ո՛չ մասամբ, այլ՝ ամբողջ եւ կատարեալ եւ սոյնպէս աւելիով գիտէ, քան մարգարէները, ըստ այնմ. «Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ Ես՝ Հայրը» (Յհ 10.15):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 72

Վաղարշապատ


1 Նանան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020