ՖԷՈՏՈՐ ՄԻԽԱՅԼՈՎԻՉ ՏՈՍՏՈՅԵՒՍՔԻ՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԻ ԹԱՐԳՄԱՆԸ

«Այն ինչը սուտով սկսած է. սուտով ալ պէտք է աւարտի։ Սա բնութեան օրէնքն է…»։

Ֆէոտոր Միխայլովիչ Տոստոյեւսքի 19-րդ դարու ռուսական ռէալիզմի տիտաններէն մին էր։ Ծնած է 1821 թուականին, Մոսկուայի մէջ։ Հայրը ազնուական ծագում ունէր եւ բժիշկ էր։ Մայրը՝ Մարիա Ֆէոտորովան, հաւատացեալ կին էր եւ ամէն բան կ՚ընէր, որ երեխաները իրենց փոքր տարիքէն Աստուածաշունչ կարդային, եկեղեցի յաճախէին եւ աստուածահաճոյ կեանք մը ապրէին։ Ծնողները թէպէտ հարուստ չէին, սակայն ճիգ չէին խնայեր՝ իրենց երեխաներուն լաւ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու համար։

Մայրը Ֆէոտորին կարդալ կը սորվեցնէր՝ աստուածաշնչական պատմութիւններով, իսկ հայրը՝ լատիներէն։ Յետագային, Ֆէոտորի եւ անոր մեծ եղբօր համար ծնողները ուսուցիչներ կը վարձեն, որոնք երկու երեխաներուն ֆրանսերէն, թուաբանութիւն եւ այլ առարկաներ կը դասաւանդեն։ 1834-1837 թուականներուն, Ֆէոտորը եւ Միխայիլը իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն այլ բարձրակարգ դպրոցի մը մէջ։

1837-ին, անոր մայրը՝ Մարիա Ֆէոտորովան կը մահանայ։ Տոստոյեւսքի ընդամէնը 16 տարեկան էր։ Մօր մահը պատանի Ֆէոտորի վրայ խոր ազդեցութիւն կը թողու։ Հայրը կ՚որոշէ զինք եւ Միխայիլը Փեթերսպուրկ ուղարկել՝ ռազմա-ինժեներական ուսումնարանէ ներս կրթութիւն ստանալու համար։ Ֆէոտոր կ՚ընդունուի ուսումնարան։ Ազատ ժամերը ընթերցանութեամբ եւ ինքնազարգացումով կ՚անցընէ։ Շէյքսփիրը, Հոֆմանը, Պայրոնը, Կէօթէն, Հոմերոսը, Կոկոլը եւ Բուշքինը անոր ընկերներն ու ուսուցիչները կը դառնան։

1838-ին, Տոստոյեւսքի իր ընկերներուն հետ գրական խմբակ մը կը ստեղծէ եւ կը սկսի աւելի լրջութեամբ գրականութեամբ զբաղուիլ։ 1843 թուականին, ուսումնարանը յաջողութեամբ կ՚աւարտէ եւ մէկ տարի իր մասնագիտութեամբ աշխատելէ ետք՝ որոշում կը կայացնէ միմիայն գրականութեամբ զբաղիլ։

1839 թուականին, Ֆէոտորի հայրը կը մահանայ։ Հօր մահուան մասին երկու վարկածներ կան։ Ըստ պաշտօնական վարկածի, գրողի հայրը դաշտի մը մէջ կաթուածահար մահացած է։ Իսկ միւս վարկածի համաձայն, գիւղացիները զինք սպաննած են՝ անոր կոպիտ վերաբերմունքին պատճառաւ։ Հօր մահը նոյնպէս ապագայ գրողին վրայ ծանր ազդեցութիւն կը թողու։ Ֆէոտորի աղջիկը կը վկայաբանէ՝ ըսելով. «Ըստ ընտանեկան աւանդութեան, հօր մահուան լուրը Ֆէոտորի լուսնոտութեան առաջին պատճառը դարձաւ»։

1946 թուականին, Տոստոյեւսքիի առաջին վէպը՝ «Խեղճ մարդիկ» լոյս կը տեսնէ։ Անոր աշխատութիւնը լայն տարածում կ՚ունենայ թէ՛ գրականագէտներու եւ թէ ընթերցողներու կողմէ։ Անոր մասին գովեստի խօսքեր արտասանած է ժամանակի ամենայայտնի ռուս քննադատ Պելինսկին՝ զինք ներգրաւելով իր իսկ հիմնած «Պելինսկի խմբակ»էն ներս, ուր Ֆէոտորը «Նոր Կոկոլ» կ՚անուանեն։ Սակայն Տուրկէնեւի եւ խմբագիր Նեկրասովի հետ վիճաբանութեան պատճառով՝ այդ խմբակէն «կը վտարուի»։

Անոր յաջորդ ստեղծագործութիւնները նոյն յաջողութիւնը չեն ունենար։ Պելինսկի այդ գործերը կը կոչէ «ձգձգուած պատումով արձակներ»։ 1848-ին կը տպագրուի «Սպիտակ գիշերներ» վիպակը։ Միխայլովիչ այդ գործը գրած է երկու ամ-սըւան ընթացքին։ Այստեղ արդէն ակնյայտ կը գծագրուին Տոստոյեւսքիի իւրա-յատուկ ձեռագիրն ու ռէալիզմը, կերպարներ կերտելու եւ անոնց հոգեբանութիւնը կառուցելու առանձնայատուկ նրբաթելութիւնը։

Այս շրջանին Տոստոյեւսքի կը ծանօթանայ Մ. Պետրաշեւսկի հետ, որ յայտնի հասարակական գործիչ էր։ Ան յաճախ հաւաքներ կը կազմակերպէր եւ քննարկումներ կը կատարէր ճորտատիրութեան դէմ պայքարելու մասին։ Իսկ 1848-ին, 8 հոգիներէ բաղկացած գաղտնի խումբ կը ստեղծէ։ Տոստոյեւսքի այդ 8 հոգիներէն մէկն էր։ Այս խումբին նպատակն էր յեղափոխական գաղափարներ քարոզել եւ տարածել։ 1849-ին, Միխայլովիչ կը ձերբակալուի՝ իր յեղափոխական գործունէութեան համար եւ մահապատիժի կ՚ենթարկուի։ Սակայն, բարեբախտաբար, դատավճիռը կը փոխուի եւ 8 տարիով կ՚ազատազրկուի, իսկ 8 տարին յետագային կը փոխարինուի Սիպիրեան 4-ամեայ աքսորով։ Այստեղ պէտք է նշել, թէ բացի Տոստոյեւսքիէն, 19-րդ դարուն ո՛չ մէկ ռուս գրող աքսորի դժոխքի ճանապարհէն անցած էր։ Աքսորեալները զրկուած էին նամակագրութեան իրաւունքէն, բայց զինուորական հիւանդանոցի մէջ եղած ժամանակ, Ֆէոտոր կը կարողանայ գրառումներ կատարել իր «Սիպիրեան տետրակ»ին մէջ։ 1857-ին, Ալեքսանտր Բ. կայսրը բանտարկեալներուն ներում կը շնորհէ եւ այսպիսով Տոստոյեւսքի ազատ կ՚արձակուի։ Ծանր տարիներու թողած խոր հետքերը, հոգեկան հիւանդութիւնը եւ կորուստները Տոստոյեւսքին մոլի հաւատացեալ դարձուցած էին։

1860-ականներու սկիզբներուն, Տոստոյեւսքին Ապոլինարիա անունով երիտասարդ աղջկայ մը հետ արտասահման կ՚ուղեւորուի, ուր Ֆէոտոր խաղամոլութեամբ կը տարուի։ Այդ արատաւոր կախուածութիւնը Տոստոյեւսքիի երկար տարիներու սնանկացման հիմնական պատճառներէն մին կը դառնայ։

1860-ին, Տոստոյեւսքի կը հրատարակէ իր ստեղծագործութեանց երկհատորեակը, ապա՝ «Գրառումներ մեռեալ տունէն» վիպակը, որուն մեծ մասը բանտարկութեան տարիներուն գրած էր եւ կը պատմէր ազատազրկութեան մէջ գտնուողներու կեանքի մասին։ Այս գիրքը բոլորը կը ցնցէ։ Տոստոյեւսքիէն առաջ ոչ ոք տաժանակրութեան մասին գրած էր եւ այն մարդիկը, որոնք գաղափար մը իսկ չունէին Սիպիրեան աքսորի մասին, կը սկսին ընթերցել այս գիրքը։ Այս մեծ արձագանգէն ետք, ընթերցողները Ֆէոտորը կը կոչեն «Ռուս Տանթէ»։

1961-ին, Ֆէոտոր եւ Միխայիլ եղբայրները իրենց սեփական «Ժամանակ» անուանեալ գրական-քաղաքական ամսագիրը կը ստեղծեն, որուն գործունէութիւնը երկու տարի ետք կ՚արգիլուի։ Երկու եղբայրները չեն յուսալքուիր եւ նոր ամսագիր մը կը ստեղծեն եւ զայն «Դարաշրջան» կ՚անուանեն։ Այս ամսագրերը կարեւոր դեր կ՚ունենան Ֆէոտորի գրական արուեստին համար, ուր իր բազում ստեղծագործութիւնները պարբերաբար կը հրապարակէ։ 1964-ին, անոր եղբայրը՝ Միխայիլը կը մահանայ եւ ամսագիրը իր գործունէութիւնը կը դադրեցնէ։

Եղբօր հետ համատեղ ստեղծուած այս ամսագիրը Ֆէոտորը մեծ պարտքի տակ կը ձգէ։ Գրողը ստիպուած հրատարակչատան մը հետ իրեն ոչ ձեռնտու պայմանագիր մը կը կնքէ՝ երկերու ժողովածոյ տպելու համար։ Բացի ժողովածոյէն, 1866-ին, Տոստոյեւսքի այդ հրատարակչատան հետ կը տպէ իր «Ոճիր եւ պատիժ» վէպը, որ հեղինակին մեծ համբաւ կը բերէ։ Իր հրատարակութեան բարերարները կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուելով՝ Տոստոյեւսքի կը ստիպուի մինչեւ 1866 թուականը նոր վէպ մը ներկայացնել։ Այսպիսով, ան 8-9 ամսուան մէջ կը կը հարկադրուի մէկ վէպ գրել։ Տոստոյեւսքի ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս ծանր եւ բարդ վիճակի մէջ էր եւ այդպիսի կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ նոր վէպ գրելը անհնար էր։ Պատահաբար օգնութեան կը հասնի իր ընկերը՝ Ա. Միլիուկովը, որ «Խաղամոլը» վէպի ստեղծման գործընթացը արագացնելու համար գրաշարուհի մը կը գտնէ։ Գրաշարուհիի անունն էր Աննա Գրգորեւնա Սնիտկինա։ «Խաղամոլը» վէպը 26 օրերու ընթացքին կը հրատարակուի, որմէ ետք Տոստոյեւսքին եւ Աննան կ՚ամուսնանան։

Աննա Գրիգորեւնան, որ այդ ժամանակ 20 տարեկան էր, իսկ Տոստոյեւսքին՝ 45, իր վրայ կը վերցնէ իր ամուսնոյն ֆինանսական բոլոր խնդիրները կարգաւորելու հարցը։ Աննա Ֆէոտորի կենցաղին մէջ կարգ ու կանոն կը մտցնէ՝ զայն հեռու պահելով տարբեր հարցերէ։ 1871 թուականին, Աննայի ջանքերով Միխայլովիչ վերջնականապէս կը հեռանայ դրամախաղասիրութենէ։ Տոստոյեւսքի, ի նշան սիրոյ, երախտագիտութեան եւ կնոջ անմնացորդ հոգատարութեան համար իր «Կարամազով եղբայրները» ստեղծագործութիւնը անոր կը ձօնէ։ Աննա եւ Ֆէոտոր 4 երեխայ կ՚ունենան, որոնցմէ առաջին աղջիկ զաւակը շուտով կը մահանայ։

1880 թուականին շատ կարեւոր տարի մըն էր Տոստոյեւսքիի համար։ Այդ տարի ան «Կարամազով եղբայրները» վէպը կ՚աւարտէ։ Այս ընթացքին Ալեքսանտր Բ. կայսրը զինք պալատ կը հրաւիրէ՝ ընդգծելով Ֆէոտոր Միխայլովիչ Տոստոյեւսքիի կարեւորութիւնն ու իւրայատկութիւնը։ Այս տարուայ ընթացքին Տոստոյեւսքի իր հանրայայտ ճառը կ՚արտասանէ՝ Բուշքինի նուիրուած յուշարձանի բացման առթիւ։ «Բուշքինը մահացաւ ուժերու բուռն ծաղկման շրջանին եւ, անկասկած, իրեն հետ անդիի աշխարհ մեծ գաղտնիք մը տարաւ։ Եւ ահա մենք այժմ առանց անոր այդ գաղտնիքը կը բացայայտենք», ընդգծած է Ֆէոտոր։

7 Փետրուար 1881 թուականին, Տոստոյեւսքիի քոյրը իր եղբօր կ՚այցելէ։ Ֆէոտորի աղջիկը՝ Լիւպով Ֆէոտորովնա Տոստոյեւսքայայի հաւաստիացմամբ, իր հօր եւ հօրաքրոջ միջեւ մեծ վիճաբանութիւն մը կը ծագի, որմէ ետք Տոստոյեւսքիի կոկորդէն արիւն կը սկսի գալ։ Երկու օր անց Ֆէոտոր Տոստոյեւսքի կը մահանայ։ Տոստոյեւսքիի կինը՝ Աննա Գրիգորեւնան իր ամուսնոյն դիակը տեսնելով ըսած է. «Հանգուցեալի դէմքը հանգիստ էր, եւ բոլորիս կը թուէր, որ ան չէ՛ մահացած, այլ քնացած է։ Իր երազին մէջ կը ժպտար, կարծես իր կողմէ նոր, մեծ «ճշմարտութիւն» մը բացայայտուած էր»։

Արդարեւ, Տոստոյեւսքիի ստեղծագործութեանց շնորհիւ համաշխարհային գրականութեան մէջ իւրայատուկ գեղարուեստական նոր ձեւ մը մտաւ, զոր կը յենուէր առաջին հերթին հերոսներու հոգեբանութեան վրայ։ Հեղինակը յաճախ կը թափանցէր մարդկային հոգիի ամենախոր անկիւնները եւ կ՚որոնէր այն աննկատ կէտերը, որոնք մարդը ամբողջութեամբ կը բացայայտէին։ Ինքնավերլուծութեամբ մարդը կրնայ ինքզինք եւ իր շրջապատը ճանչնալ։ Ֆէոտոր Միխայլովիչ Տոստոյեւսքին անհատի ինքնագիտակցութիւնը կը կապէր ողջ մարդկութեան կենցաղին հետ, որ կեանքի եւ մահուան փիլիսոփայութիւնն էր՝ բարիի եւ չարի, Աստուծոյ եւ սատանայի բախումը։ Բարձրացնելով եւ լուծելով համամարդկային բնոյթի հարցերը, Տոստոյեւսքի ցոյց կու տայ կեանքը ճանչնալու իր ինքնատիպ ճանապարհը։ Մարդ, յաճախ երջանկութեան ու կեանքի իմաստը կը հասկնայ տառապանքի շնորհիւ։ Ֆէոտորի համար տառապանքը այն բանալին էր, որ մարդուն կ՚օգնէ հասկնալ ուրիշի վիշտն ու յոյզերը։ Մարդը իրաւունք չունի փակուիլ իր մէջ եւ ապրիլ ինքնանպատակ կեանք մը։ Տոստոյեւսքի խոր անկեղծութեամբ իր ընթերցողներուն կ՚օգնէր հասկնալ զիրենք շրջապատող աշխարհը։ Գրողը իր ստեղծագործական մեթոտի մասին ըսած է. «Զիս յաճախ հոգեբան կը կոչեն։ Ճիշդ չէ։ Ես միայն ռէալիստ եմ բարձրագոյն իմաստով, այսինքն՝ մարդկային հոգւոյն բոլոր խորքերը կը պատկերեմ»։

Տոստոյեւսքիի վէպերու հերոսներէն իւրաքանչիւրը ունի իր աշխարհընկալումը, որով կը ձգտի իմաստաւորել սեփական ես-ն ու զինք շրջապատող աշխարհը։ Գրողի համար կարեւոր է ոչ թէ այն, թէ ինչպիսին է հերոսը աշխարհի մէջ, այլ աշխարհը ինչպիսին է հերոսին համար։ Չնայած իր ստեղծագործութիւններուն մէջ մռայլ գոյներով արտայայտուած ողբերգական թեմաներուն, Տոստոյեւսքի լաւատես գրող է։ Ան համոզուած է, որ մարդը կրնայ վերածնիլ բարոյական ինքնամաքրմամբ, տառապանքի շնորհիւ։ Ըստ Ֆէոտորի՝ բարութիւնն ու համբերատարութիւնը պէտք է աշխարհը ղեկավարեն. իսկ համամարդկային հարցադրումները. անոնց հոգեբանական խորութիւնը. կիրքերու եւ ապրումներու վիթխարի բախումները անոր ստեղծագործութեանց գլխաւոր յատկանիշներն են:

Մեր ընթերցողներուն Ֆէոտոր Տոստոյեւսքիի գրչին, մտահայեացքին եւ ստեղծագործութեանց հետ ծանօթացնելու համար, հակիրճ տողերու մէջ պիտի փորձենք ներկայացնել հեղինակի ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւնը՝ «Ոճիր եւ պատիժ» վէպը։ Սոյն վէպը առաջին անգամ հրապարակուած է «Ռուսական լրաբեր» ամսագրին մէջ, 1866-ին։ 1870 թուականին վէպը առանց լրացուցիչ ուղղումներու կը զե-տեղուի Տոստոյեւսքիի երկերու ժողովածոյի չորրորդ հատորին մէջ։ Իսկ 1877 թուականին, հեղինակի կենդանութեան օրօք, վէպի առաջին հրատարակութիւնը լոյս կը տեսնէ՝ ոճային աննշան ուղղումներով եւ կրճատումներով։ Ինչպէս Տոստոյեւսքիի միւս ստեղծագործութեանց մէջ, այստեղ եւս փիլիսոփայական ու բարոյական խնդիրներու լայն շրջանակը դրուած է ժամանակակից եւ առօրեայ կեանքի հարթութեան վրայ։

Վէպի կեդրոնական թեման 19-րդ դարու 60-ական թուականներու երիտասարդութեան հոգեւոր պատկերն է։ Վէպին մէջ արծարծուած գլխաւոր խնդիրներէն է 1860-ականներու երիտասարդութեան շրջանին լայն տարածում գտած նիհիլիզմի կրօնա-փիլիսոփայական միտքը, որուն միջոցաւ Տոստոյեւսքի կ՚ուզէր ցոյց տալ, թէ մարդ առանց Աստուծոյ ոչինչ է եւ կորուստի մատնուած։

Վէպի մտայղացումն ու նիւթը մէկ անգամէն Տոստոյեւսքիի մտքին մէջ չեն յայտնուած։ Սկզբնական շրջանին ան մտադիր էր գիրք գրել, որուն գլխաւոր կերպարը Մարմելատովը պիտի ըլլար։ Սակայն քիչ ժամանակ անց, ան շուտով կը մտադրուի վիպակ մը գրել երիտասարդ սերունդի մասին։ Տոստոյեւսքին կը ձգտէր նոր երկին մէջ պատկերել իր ժամանակի երիտասարդութիւնը, անոր հասարակական լայն հետաքրքրութիւնները, բարոյական ու քաղաքական հրատապ հարցերու մասին աղմկալից վէճերը, մաթերիալիստական ու աթէիստական հայեացքները, որոնք ան կը բնորոշէր որպէս «բարոյական անկայունութիւն»։

1865-ի Սեպտեմբերին, «Ռուսական լրաբեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագրին ուղղուած նամակին մէջ Տոստոյեւսքին կը գրէ. «Վիպակը ոճրագործի հոգեբանական վիճակը կը պատկերէ։ Գործողութիւնը մեր օրերուն կը կատարուի, այս տարուան ընթացքին։ Համալսարանէն հեռաց-ւած երիտասարդ մը, որ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կ՚ապրի, որոշ «անաւարտ» գաղափարներու ենթարկուելով՝ կ՚որոշէ մէկ անգամէն վերջ տալ իր վատթար դրութեան եւ պառաւ մը սպաննել, որուն դիմաց տոկոսով դրամ կը ստանայ։ Բայց սպանութենէն ետք, ոճրագործութեան ամբողջ հոգեբանական գործընթացը կը ծաւալուի։ Մարդասպանի առջեւ կը ծառանան անլոյծ հարցեր, չենթադրուած ու անակնկալ զգացումներ, զորս անոր սիրտը կը տանջեն։ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, երկնային օրէնքը կը յաղթանակեն։ Մարդասպանը հարկադրուած ինքզինք կը մատնէ, որպէսզի տաժանակրութեան մէջ կործանուի, բայց դարձեալ յարի մարդոց։ Մարդկութենէն տարանջատուելու եւ մեկուսանալու զգացումը, որ ան ապրած էր ոճիր կատարելէն անմիջապէս ետք, զինք շարունակ տանջած էր։ Ոճրագործը կ՚ընդունի տանջուիլ, որպէսզի այդպիսով իր մեղքը քաւէ…»։

Հերոսի հոգեբանական վիճակը կը դառնայ վէպի համընդհանուր տարերքը։ Տոստոյեւսքիի բոլոր ստեղծագործութեանց կերպարներու ներաշխարհը պատկերուած է գերլարուած ժամանակաշրջաններու մէջ, երբ անձի հոգեվիճակը ու զգացումները ծայրայեղ սրուած են։ Ահա այդ իրավիճակն է, որ հեղինակին հնարաւորութիւն կու տայ ներթափանցել մարդկային հոգի եւ բացայայտել մարդկային բնութեան բարդութիւնն ու հակասականութիւնը։

Այստեղ գլխաւոր կերպար հանդիսացող Ռասկոյլինկովը եւս կը ներկայանայ նման հոգեվիճակի մէջ՝ օրօրուելով իր երազանքները ժխտելու եւ զանոնք իրականացնելու յորձանուտին մէջ։ Տոստոյեւսքի ո՛չ միայն ցոյց կու տայ հերոսի հոգեկան ներքին պայքարը, այլ նաեւ կ՚ընդգծէ մէկ ծայրայեղութենէ միւսին անցնելու վիճակը։

Ռասկոյլնիկովի բնաւորութիւնը կը բացառէ ստոր նպատակներու եւ անձնական հարստացման համար ոճրագործութիւն կատարելու ամէն հնարաւորութիւն։ Իրականութեան ծանր տպաւորութիւնները զինք շարունակ կը տանջեն, Մարմելատովներու ընտանիքի կեանքը, Սուիտրիկայլովներու կալուածին մէջ Դունչելկայի տարած ստորացումները…։ Այդ բոլոր տպաւորութիւնները Ռասկոյլնիկովի երազին մէջ կը կեդրոնանան, ուր խորհրդանշական կերպով մարմնաւորուած են տանջամեռ եւ հլու-հնազանդ մարդոց տառապանքները։ Եւ Ռասկոյլնիկովի ոճրագործութիւնը ընթերցողին առջեւ կը ներկայանայ առաջին հերթին որպէս փորձ մը՝ այդ փակուղիէն ելք մը գտնելու համար։ Ռասկոյլնիկով-անհատապաշտը ծանր կերպով կ՚ապրի շրջապատողներու նկատմամբ իր գերակշռութեան հաւատքի կործանումը։ Ան միաժամանակ կը տանջուի բարոյական մաքրութեան կորուստէն, որովհետեւ մարդը ոչնչացուցած այս նոյն մարդը, Տոստոյեւսքիի տեսակէտով, ամէն բանէ առաջ ինքնասպան է։

Վէպին մէջ Սոնիա Մարմելատովայի կերպարը հանդէս կու գայ որպէս քրիստոնէական գաղափարի մարմնացում, որ տառապանքներու, բարձրագոյն անձնուիրութեան ու զոհողութեան վառ օրինակ է։ Սոնիայի համար կեանքը առանց Աստուծոյ աներեւակայելի է։ «Առանց Աստուծոյ ես ի՞նչ եմ»։ Վէպի սեւագրութեանց մէջ այս միտքը շատ պարզ արտայայտած է նաեւ Մարմելատովը։ Պատասխանելով Ռասկոյլնիկովի այն դիտողութեան, թէ Աստուած գուցէ չկայ՝ Մարմելատովը կ՚ըսէ. «Այսինքն՝ Աստուած չկա՞յ եւ անոր գալուստը տեղի պիտի չունենա՞յ։ Անկարելի է։ Եթէ այդպէս ըլլար, ես անմիջապէս Նեւա գետ կը նետուէի։ Բայց յարգելի՛ պարոն, Տիրոջ գալուստը տեղի պիտի ունենայ։ Այդ խոստացուած է ապրողներուս համար։ Ապրողը ով որ ալ ըլլայ, թէկուզ մեղքի մէջ կորսուած, եթէ ան իսկապէս ապրող է, ապա ան պիտի տանջուի։ Քրիստոս անոր պէտք է, հետեւաբար, Քրիստոս պիտի գայ։ Յիսուսին չեն հաւատար միայն անոնք, որոնք Անոր կարիքը չեն զգար, որոնք քիչ կ՚ապրին եւ որոնց հոգին քարի նման է»։

Արտաքին ու ներքին աշխարհներու միջեւ տեղի ունեցած բախումով, Տոստոյեւսքին ցոյց կու տայ կեանքի «ուրուականութեան» զգացողութիւնը։ Իրականութիւնը կարծես կը դառնայ գիտակցութեան շարունակութիւնը՝ ընկղմուած թանձր մառախուղի մը մէջ։ Տուեալ ժամանակի բնորոշ գիծերէն է վէպի հերոսներու գաղափարական ինքնաճանաչումը։ Տոստոյեւսքի իր վէպով դիտել կու տայ ժամանակակից մարդոց աշխարհահայեացքի անկայունութիւնը։ Հեղինակը անբարոյական կը համարէ այն տեսութիւնները, որոնք նպատակները իրականացնելու համար կը խրախուսեն զոհաբերել բարոյական արժէքներն ու արգելքները։

Վէպին մէջ մենախօսութիւններն ու երկխօսութիւնները իրենց վրայ մտաւոր հսկայական ծանրութիւն կը կրեն։ Ֆէոտոր առաջին անգամ գրականութեան մէջ կը մտցնէ գրական նոր հնարք. հերոսները իրենք իրենց հոգեբանական վիճակի մասին կը պատմեն։ «Ոճիր եւ պատիժ» վէպով Տոստոյեւսքի կը բանայ իր իսկ ստեղծագործութեան նոր, բարձրագոյն շրջանը՝ դառնալով համաշխարհային գրականութեան մէջ վէպի նորարարութեան հեղինակ։ Կերպարներու խօսքը պարզ եւ յստակ է։ Դիմանկարային բնութագրումները եւս վէպին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան՝ նպաստելով մարդու ներաշխարհի հոգեբանական ընկալմանը։

Տոստոյեւսքի մարդ-գրողը իր խոր վերլուծումներով, մօտեցումներով եւ աշխարհահայեացքով պիտի մնայ համաշխարհային գրականութեան մէջ մարդկային ներաշխարհը ճարտարօրէն թարգմանող վիպասաններէն մէկը։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017