ՔԱՆԻ ՄԸ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կիներու ազատագրութեան հարցը շատ բարդ նիւթ է: Հարցը քննարկել սկսելու համար նախ պէտք է հարցադրել անհրաժեշտաբար, թէ կինը ինչէ՞ն պէտք է ազատագրուի եւ իրապէս կարիքը կա՞յ այս հարցը քննարկելու ամէն անգամ, որ կը նշենք մարտի 8-ը: Կասկածէ վեր է, որ իւրաքանչիւր մարտի 8-ին պէտք է յիշեցնել, թէ սկզբնապէս այս տօնին անունը եղած է Աշխատաւոր կիներու միջազգային օր, անիկա անքակտելի մէկ մասնիկը եղած է միջազգային ընկերվարական շարժումի ամբողջ աւանդութեան, ընկերվարական շարժումը Կիներու միջազգային օրը էն սկիզբէն դիտարկած է իր իրաւունքներու ձեռքբերման համար աշխատաւոր դասակարգի մղած պայքարներուն պրիսմակէն, որովհետեւ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան եւ դրամատիրութեան զարգացման փուլի թեւակոխման հետ անհրաժեշտութիւնը ծագած էր գործարաններուն մէջ յաւելեալ աշխատուժ ունենալու եւ աւելի արտադրելու խնդիրը, հետեւաբար նաեւ յաւելեալ շահագործում տեղի կ՚ունենար աշխատանքին մէջ՝ թէ՛ տղամարդոց եւ թէ՛ կիներու: Եւ ահա, տակաւին այդ ժամանակաշրջանին՝ 19-րդ դարուն, աշխատանքին մէջ շահագործումի հարցը լուծելու համար միջազգային ընկերվարական շարժումը յառաջ քշեց երեք ութերու իր նշանաւոր տեսութիւնը՝ 8 ժամ աշխատանք, 8 ժամ հանգիստ եւ 8 ժամ կեանքի վայելք:

Ուրեմն, մարտի 8-ն սկզբնապէս արդէն կը նշուէր իբրեւ պայքարի օր: Պայքարի օր՝ նախ եւ առաջ աշխատանքային շահագործումէն ազատագրուելու, շահագործողի եւ շահագործուողի դրութիւնը ջնջելու: Աշխատանքային շահագործումէն ազատագրուելու հարցին հետեւեցան կիներու ազատագրութեան հարցին հետ կապ ունեցող միւս հարցերը՝ պատշաճ կրթութիւն ստանալ, ընտրելու իրաւունք ձեռք բերել, տղամարդոց հետ հաւասար իրաւունքներ ունենալ, արդար աշխատավարձ ստանալ եւ այլն:

Եթէ հիմակուան դրութեան պիտի նայինք, անմիջական արագ նկատում մը ընենք, որ դասական ընկերվարական միտքը ճիշդ էր իր դիտարկումին մէջ: Գոյութիւն ունեցող դրամատիրական փոխյարաբերութիւնները յանգեցուցած են այնպիսի վիճակներու, ուր շահագործման երեւոյթները կը շարունակուին ընկերային զանազան խաւերու նկատմամբ, եւ այս ընկերային խաւերուն մէկ մասն են նաեւ կիները, բայց այս պարագային խնդիրը կը վերաբերի ամբողջ սեռի մը: Կիներու ճնշուած եւ իրաւազրկուած ըլլալուն պատճառը, սակայն, միայն աշխատանքային չէ: Այդպիսին չէր նաեւ 19-րդ դարուն: Ճնշուած եւ իրաւազուրկ ըլլալը նաեւ տեղ մը կապ ունի հասարակութեան հայրիշխանական դրուածքին հետ: Հայրիշխանական դրութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք ընկերութեան մէջ տղամարդիկ իրենք իրենց կը վերապահեն գերիշխող դիրք: Դրամատիրութիւնը, առաւել հայրիշխանական կարծրատիպերը պատճառ կը դառնան ներկայիս, որ զանազան երկիրներու մէջ միեւնոյն աշխատանքը կատարող տղամարդն ու կինը հաւասար աշխատավարձ չստանան, կիները չօգտուին պաշտօնի բարձրացումներէն եւ աշխատանքային յարաբերութիւններուն մէջ, ըլլայ առեւտուրի կամ արդիւնաբերութեան մակարդակներուն վրայ, որոշողները տղամարդիկը մնան:

Երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ աւելի գէշ է կիներու քաղաքական մասնակցութեան պարագան՝ նոյնինքն հայրիշխանական մտածելակերպին պատճառով: (…) Կայ նաեւ աւելի խորքային երեւոյթ: Անիկա ո՛չ միայն կեանքին մէջ, այլ նաեւ օրէնքներուն մէջ խտրականութիւնն է կիներուն նկատմամբ:

Կայ նաեւ մտածելակերպի հարցը, որ կու գայ նոյնինքն հայրիշխանութենէն, եւ որ իգական սեռը կը նկատէ աւելի ստորադաս սեռ: Գերակայութեան այս բարդոյթը, հայրիշխանական այս կարծրատիպն է, որ թոյլ կու տայ կիներու նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը մասնաւորաբար աւանդապահ ընկերութիւններուն մէջ: Տակաւին կայ աւելին, եւ ասիկա կու գայ դրամատիրութեան՝ նաեւ բարոյական արժէքներուն նկատմամբ կործանարար ըլլալու բնոյթէն: Խօսքը կը վերաբերի առեւտրական այն ծանուցումներուն, որոնց ընդմէջէն գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, ծանուցուած արտադրութեան կողքին սպառողական ապրանքի կը վերածուի նաեւ կնոջ մարմինը…

Ահա՛ թէ ինչ բանէ պէտք է ազատագրուին կիները: Այն բոլոր երեւոյթներէն, որոնց իբրեւ հետեւանք ի յայտ կու գան նմանօրինակ զարտուղութիւններ, խտրական վիճակներ, շահագործումներ: Դրամատիրութիւնը եւ հայրիշխանութիւնը, որոնք շահագործողական դրութեան երկու տարբեր երեսներն են, փոխարինել այնպիսի հասարակարգով, ուր ի միջի այլոց բացառուած ըլլայ նաեւ սեռային գետնի վրայ խտրականութիւնն ու շահագործումը: Հոս ուրեմն կիներու ազատագրութեան դատը եւ ընկերվարութիւնը ուղղակիօրէն կը փոխկապակցին իրարու հետ: Միջազգային ընկերվարական շարժումի գերմանացի դասական մեծ գաղափարախօսներէն Օկիւսթ Պեպել իր «Կինը եւ ընկերվարութիւնը» կոթողային աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ընկերվարութիւնը միակ գաղափարախօսութիւնն է, որ կիներու ամբողջական հաւասարութիւնը, անոնց ազատագրումը ամէն տեսակի կախեալութենէ եւ ճնշումէ, դարձուց իր ծրագիրին անքակտելի մասը, ոչ թէ լոկ քարոզչական դրդապատճառներով, այլ անհրաժեշտութենէ մեկնած: Որովհետեւ մարդկութեան ազատագրում չի կրնար ըլլալ՝ առանց սեռերու ընկերային անկախութեան եւ հաւասարութեան»:

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 7, 2020