ՀԱՅԿՆ ՈՒ «ՀԱՅԿ»ԵՐԸ

Ամենէն վերջը սեղան բերուեցաւ օրուան հաւաքը իմաստաւորողը՝ հինգ փոքր, գունաւոր եւ վառուած մոմերով զարդարուած տարեդարձի կարկանդակը։ Ապա օրուան «մեծարեալ»ին՝ Հայկին, որուն համար այս երեկոյ ընտանեօք, ուրախ եւ աղմկոտ սեղանի մը շուրջ հաւաքուած էինք, թելադրուեցաւ մօտս գալ, որպէսզի գիրկս նստի ու թոռնիկ ու պապիկ թէ՛ մոմերը մարէինք եւ թէ՛ միասին ալ նկարուէինք։

Հայկ հնազանդեցաւ: Արագ մը եւ մեծ ժպիտով եկաւ ու գիրկս տեղաւորուեցաւ։ Ինք՝ ի՜նչ ուրախութիւն։ Ես՝ ի՜նչ հպարտութիւն։ Եւ ահա երկուքով մեր վիզերը առաջ երկարեցինք դէպի այդ «օրհնեալ» կարկանդակը, որպէսզի մոմերը միասին փչելով՝ մարէինք։ Ու հարազատներուն անկանոն «մէկ-երկու» համրանքին ու տարեդարձի յատուկ բարձրաձայն ու աղմկոտ երգին հետ, սկսանք փչել։ Ե՞ս, փչե՞լ...: Ի՜նչ փչել: Վրաս գրէ՛։ Բերնովս փչոցի ձայներ հանեցի, իսկ իր, քանի մը ձախող փչոցներէ ետք, վերջապէս մոմերը հանգեցան։ Եւ ահա դարձեալ պոռչտուք... ծափեր...։ Սենեակէն ներս կրկին անգամ ամէն պահ խրախճանք դարձաւ: Մթնոլորտը իսկապէս լեցուն էր նոր կեանքով։ Ապա, գրպանէս նուէր պահարանս կամաց մը հանելով Հայկին յանձնեցի եւ բարձրաձայն ըսի.

-Հա՛յկ, աղուոր տղա՛ս..., մեծնա՛ս եւ բարի հայ մանչուկ մը դառնա՛ս...։

Մեծ հօր, յատուկ բարի մաղթանք մըն էր կատարածս։ Անմեղ եւ հարազատ, բայց կիսատ մնաց։ Հայկը իր անունը լսելով, շուտով ինծի դարձած էր եւ արագ մը «յափշտակած» պահարանս ու զարմանքով «ուաթ», ի՞նչ, մը ըսելով։

Անդրադարձայ։ Յայտնի էր, որ խեղճը իմ խօսքերէս բան մըն ալ չէր հասկացած։ Յստակ էր նաեւ, թէ տակաւին հայերէնը այդ պահուն բացակայ եւ հեռու էր իր լեզուէն ու ականջներէն: Ուստի փորձեցի այս անգամ մաղթանքս անգլերէնով փոխանցել.

-«Եո՛ւ, արմէնիէն պօ՛յ, այ հօ՛փ»...:

Այսչափ։ Մեղա՜յ: Խօսքս «բերանս» ձգեց։ Հազիւ այսքանը ըսած էի, ի՞նչ տեսնեմ, մեր տղան արագ մը գիրկէս վար «թռաւ», վերէն վար զիս չափեց, տուած պահարանս ինծի նետեց, դէմքը ճմռթկեց ու յուզմունքով լեցուած աչքերով մօրը գիրկը վազեց, լալագին պոռալով.

-Այ ամ նաթ արմէնիէն, այ ամ Հայկ...։

Ամէն ինչ բացայայտուեցաւ։ Մեր հերոսը չէր հասկցած մաղթանքիս բուն իմաստը։ Թերեւս ալ իրաւունք ունէր: Իր մօտ «արմէնիէն»ի եւ Հայկի միջեւ յստակ շփոթ մը ըլլալու էր: Թերեւս ալ իրեն համար ամօթ մըն էր «արմէնիէն» կոչուիլը։ Ինք, իր անունը շատ կը սիրէր: Ինք՝ իր Հայկ ըլլալը միայն գիտէր։ Իր հարազատ անունն էր։ Հակառակ անոր, որ Արարատ, եռագոյն դրօշ, շատ անգամ միասին գծած, ներկած ու խօսած էինք եւ հակառակ անոր, որ ամէն անգամ Երեւանէն, հայկականութիւն կամ Հայաստան բնորոշող գլխարկ-շապիկ եւ հայկական զանազան յուշանուէրներ իրեն համար բերած էինք, սակայն այնպէս կ՚երեւէր, թէ ըսած բառերուս մասին այս տղուն մտքին մէջ սխալ տպաւորութիւն մը բոյն շինած էր։ Երեւոյթ մը, որուն երբեք չէինք անդրադարձած։ Ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը։ Մեղաւոր էի: Նոյնիսկ ինծի հետ մեղսակից էին նաեւ իր ծնողքը, դպրոցը, ընկերները, քաղաքը, մթնոլորտը: Բայց հիմա ատոր ատենը չէր:

Անմիջապէս տան մթնոլորտը փոխուեցաւ։ Ահա քեզի «բարի տարեդարձ»: Ես էի զայն այրողն ու մոխրացնողը։ Վայրկեանին բոլորին աչքերը վրաս կեդրոնացան։ Տնեցիք կարծես խօսքերնին մէկ ըրած յանցաւորը կը փնտռէին: Եւ գտած էին։ Զիս։ Ու անկէ ետք, մինչեւ մեր պզտիկ պարոնին համոզուիլը, հանդարտիլը, տարեդարձի սեղանին «համը» փախած էր արդէն։

***

Իսկ հիմա, արդէն տարիներ անցած են ինծի համար այդ ապշեցուցիչ դէպքէն: Ու ամէն անգամ երբ յիշեմ, մտքիս մէջ կը գծագրուի կորսուածի մը կանչը։ Այդ ի՜նչ վիճակ էր: Աստուած իմ: Ի՜նչ իրականութիւն: Գլուխս քանի մը անգամ աջ-ձախ կը շարժեմ։ Ես զիս կ՚ուզեմ համոզել։

-Վա՜յ, խեղճ Հայկս... վա՜յ... կ՚ըսեմ ու կը կրկնեմ մտովի։ Ցաւը կարծես մէջս լալու սկսած է։ Որովհետեւ ինքնածին տառապանք մը սկսած է կրծել բոլոր մտածումներս։ Ու այս շուարած վիճակիս մէջ, ես ինծի կը հարցուփորձեմ:

-Ի՞նչ էր այս պատահածը: Ո՞վ էր սա՛ «արմէնեան»ը ե՛ւ սա Հայկը: Ո՞վ ենք մենք։ Ո՞վ է հայը։ Ուրկէ՞ կու գանք եւ այս օրերուն, ո՞ւր կ՚երթանք։ Անկասկած, որ դուրսը, սփիւռքներու տարածքին, Հայկին նման հազարաւոր երեխաներ կան հայ տուներու, դպրոցներու, կեդրոններու մէջ: Ինքզինքնիս չխաբենք: Հայկս բացառութիւն մը չէր եւ չէ։ Բնաւ: Բայց... այս մէկը, արդարացում մըն ալ չէ։

Մէյ մը աշխարհի քարտէսը զննեցէ՛ք։ Այս օրերուն ո՞ւր հայ չէք տեսներ։ Հայուն ամբողջ աշխարհը ծանօթ է, վկայ Ազնաւուրն ու իր յուղարկաւորութեան պետական արարողութիւնը: Հայը ո՞ւր չէ որ: Կամայ թէ ակամայ, ան ուր որ ալ երթայ, հոն իր տունը կը շինէ: Հո՛ս երկրորդ հայրենիքս է կ՚ըսէ ու բնակարան, եկեղեցի, ակումբ, կեդրոն, մամուլ, դպրոց կը հիմնէ: Գաղութ կը կազմէ: Այս բոլորը՝ որպէսզի ինքզինք եւ իրեն յաջորդող սերունդը ապահով պահէ: Ու իր ուրախ եւ տխուր պահերուն միշտ իր հայրենիքը կը յիշէ, անոր կենացը կը խմէ: Կը յուզուի: Կ՚երգէ: Կը պարէ... այսպէս իր պապենական հողէն հեռու, կը փորձէ... ինքզինք իր գիտցած ձեւով, հայ պահել: Իսկ յետոյ, տարիներ ետք, դարձեալ զանազան պայմաններու բերումով, կը ծրագրէ մեկնիլ, հեռանալ իր «բոյնէն» եւ կ՚որոշէ տեղաւորուիլ նոր եւ բոլորովին այլ օտար երկինքի մը տակ, առանց մտածելու, որ պէտք է մեկնի ու հաստատուի այն հողին վրայ, որուն հայրենիք անունը կու տանք: Մէկ խօսքով՝ Հայաստան:

Ու այսպէս, հայուն համար ժամանակի սլաքները կը դառնան աղմուկով եւ նոյնքան ալ անաղմուկ։ Եւ տակաւին պիտի շարունակուին դառնալ: Ուզենք կամ չուզենք: Ամէն տեղ կը փորձենք «նաւարկել» աշխարհի բազմազան հոսանքներուն դէմ՝ յանուն հայապահպանման: Ահա ճակատագիր եւ հայոց պատմութիւն։ Արդեօք, այս բոլորէն ետք մենք գիտենք, թէ մենք ո՞վ ենք։

Դարձած ենք ցիրուցան։ Կարծես վարժուած ենք այսպէս ապրիլ։

Մռայլ եւ ամեհի դար մըն է, որ կ՚ապրինք։ Ամէն առիթով բեմերէն եւ մեր մամուլի սիւնակներէն ահազանգ կը հնչեցնենք: Չի բաւեր միայն յիշել, թէ հայրենի հող ունինք: Պայման է, որ ըմբռնենք, եւ միաժամանակ գործադրենք, թէ հայ զանգուածները կապելու բանալին մայրենի լեզուի պահպանումն է, հայու հոգիի ռիթմին հետ միատեղ:

Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Անոր համար մտահոգ ալ ենք։ Մեզմէ շատեր հաւանաբար իրենց քունն ալ կորսնցուցած են։ Որքան խորունկ, այնքան շօշափելի կերպով կը զգանք ամէն բան:

Իսկ հիմա...: Հայկս եւ իր նմանները պարզապէս անմեղ զոհերն են ժամանակին, մեր իսկ անհոգութեան, ինքնախաբէութեան եւ անշուշտ շրջապատի պայմաններուն:

Բայց կը հաւատամ, որ մեր ինքնաճանաչումով, մեր ինքնաքննադատութեամբ եւ ազգային մեր գիտակցութեամբ, իւրաքանչիւրս մեր տուներէն սկսած, մեր մայրենի լեզուի ու հայու ոգիին ներշնչման հետ միատեղ, օր մը անպայման հայու հոգիի պայծառ արեւ մը ունենալու երջանկութիւնը պիտի ունենանք: Օր մը անպայման: Եւ եթէ կամքը կայ, ուստի ի զուր չեն ջանքերը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024