ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Կը շարունակենք Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան մասին մեր կատարած խորհրդածութիւնը:

Քահանան խաչակնքելով ներկայ ժողովուրդին վրայ, կ՚ըսէ. «Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին շնորհը, սէրը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը թող ձեր բոլորին հետ ըլլայ». Երրոդութեան շնորհը, սէրը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը ընդունելու մաղթանք մըն է քահանային կատարածը, որով եթէ մասնակից հաւատացեալը ըմբռնումով մօտենայ, ապա այդ օգնականութիւնը վստահաբար կը ստանայ, որովհետեւ Աստուած Ամենաբարին անարձագանգ չի՛ ձգեր Իրեն ուղղուած խնդրանքներն ու մաղթանքները, մանաւանդ եթէ բարիին միտուած են:

Դարձեալ քահանան է ըսողը. «Եւ սերովբէների ու քերովբէների հետ միաձայն սրբասացութեամբ նուագներ յօրինել եւ անոնց հետ համարձակօրէն գոչելով աղաղակել եւ ըսել». կոչ մը ուղղուած Պատարագին ներկայ բոլոր մասնակիցներուն միանալու սերովբէներուն եւ քերովբէներուն, համարձակութեամբ փառաբանելու Տէրը:

Այս կոչին ի պատասխան դպիրները կը սկսին երգել. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, զօրութիւններու Տէր, երկինքն ու երկիրը Քու փառքով լեցուն են: Օրհնութի՜ւն բարձրունքներուն մէջ. օրհնեալ ես, որ եկար եւ դարձեալ պիտի գաս Տիրոջ անունով, ովսաննա՜ բարձրունքներուն մէջ»: Երգին բառերը առաջին հերթին յայտարարութիւն մըն են Տիրոջ Սուրբ եւ զօրութիւններու Տէր ըլլալուն, Որուն փառքով երկինքն ու երկիրը լեցուն են: Շատերուս համար պարզ բառեր ու արտայայտութիւն կը թուին այս բոլորը: Բայց պահ մը մտածենք. աշխարհիկ իշխանաւորներու ներկայութեամբ կը վախնանք, կը խառնուինք, իրարու կ՚անցնինք, այն պարագային երբ մեր նման մարդիկ են, պարզապէս պաշտօնով բարձր դիրքեր կը զբաղեցնեն: Արդարեւ, եթէ մեր նման մարդոց նկատմամբ այդքան վախ կը ցուցաբերենք, հապա ինչո՞ւ համար զօրութիւններու Տիրոջ դիմաց անզգուշութեամբ եւ առանց վախի կը կանգնինք, եւ շատ յաճախ ալ անվայել հագ ու կապով, բարոյականութեան սահմանները անցած պահուածքով: Յիշենք Տէր Յիսուսի թելադրութիւնը. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել: Բայց դուք վախցէք մանաւանդ Անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ: Երկու ճնճղուկը հինգ դահեկան չ՚արժեր. եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ գետին չ՚իյնար առանց ձեր Հօրը գիտութեան: Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մասն իսկ համրուած է: Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին» (Մտ 10.28-31): Ճնճղուկներն անգամ Տիրոջ ուշադրութեան առարկան են, բայց սա տարբերութեամբ, որ անոնք այսօր կան՝ վաղը պիտի չըլլան: Մինչ, մենք՝ մահկանցուներս, մեզի իրաւունք եւ առիթ կը տրուի սերվբէներուն եւ քերովբէներուն հետ փառաբանելու եւ օրհնելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, իսկ մենք ամենայն անտարբերութեամբ եւ առանց բծախնդրութեան կը վերաբերինք մեզի շնորհուած այդ առիթին նկատմամբ: Մարդոցմէ՝ մեր նմաններէն կը վախնանք, հազար ու մէկ հաշիւ կ՚ընենք, որպէսզի յանկարծ չնեղացնենք զանոնք կամ սխալ բան մը չգործենք, որպէսզի անոնց բարկութիւնը չշարժենք, բայց կը մոռնանք, որ եթէ նման բան մը ընենք, անոնք շատ-շատ մեր մարմինին կրնան վնաս պատճառել, բայց անդին անգիտանալով կամ թեթեւութեամբ մօտենալով այն հանգամանքին, որ Տէրը ո՛չ միայն մեր մարմինը կրնայ վնասել, այլեւ մեր հոգին կրնայ յաւիտենական կորուստի դատապարտել, ամենայն անտարբերութեամբ կը շարունակենք մասնկացիլ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, եւ փոխանակ օրհնութիւն եւ թեթեւութիւն ստանալու, աւելի ծանրացած դուրս կու գանք եկեղեցիէն, որով օր օրի կը խրուինք մեր մեղանչական կեանքին մէջ, շատ յաճախ գիտակացաբար, եւ ընդհանրապէս՝ անգիտակցաբար:

Աւելին, Սրբասացութեան երկրորդ հատուածին մէջ երկու վկայութիւն կը կատարենք. առաջին՝ Տէր Յիսուսի առաջին անգամ աշխարհ գալուն, երկրորդ՝ Տէր Յիսուսի Երկրորդ անգամ աշխարհ գալու մասին: Յիշենք, երբ Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ, հրեշտակները հետեւեալ կերպով դիմեցին աշակերտներուն. «Ո՛վ գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք: Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս Անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 1.11):

Իսկ Քրիստոս, խօսելով Իր գալուստին մասին, այսպէս կ՚ըսէ. «Այն ատեն, երբ մէկը ձեզի ըսէ՝ «ահաւասիկ հոս է Քրիստոսը», կամ ըսէ՝ «ահա հոն է», մի՛ հաւատաք, որովհետեւ սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի յայտնուին եւ նշաններ ու հրաշքներ կատարելով՝ պիտի մոլորեցնեն, եթէ կարենան, նոյնիսկ Աստուծոյ ընտրեալները: Բայց դուք զգո՛յշ եղէք: Ահաւասիկ ամէն ինչ սկիզբէն ըսի ձեզի:

Այդ օրերուն, այդ նեղութենէն ետք՝ արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին: Այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերու վրայ՝ մեծ զօրութեամբ եւ փառքով: Այն ատեն Իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի աշխարհի չորս կողմերէն Իր ընտրեալները հաւաքեն, աշխարհի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը:

Թող թզենին ձեզի օրինակ ըլլայ: Երբ անոր ճիւղերը հետզհետէ կը կակուղնան եւ տերեւ կ՚արձակեն, գիտէք, թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ տեսնէք որ ըսածներս կը կատարուին, գիտցէք, թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է: Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:

Սակայն, ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ իսկ Որդին, բայց՝ միայն Հայրը: Զգո՛յշ եղէք, արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որովհետեւ չէք գիտեր, թէ ժամանակը ե՛րբ է:

Անիկա կը նմանի այն մարդուն, որ իր տունը կը ձգէ եւ ուրիշ երկիր կ՚երթայ: Չգացած՝ իր ծառաներէն իւրաքանչիւրին պարտականութիւն կու տայ  եւ դռնապանին ալ կը պատուիրէ, որ արթուն մնայ: Ուրեմն, դուք ալ արթուն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր, թէ տանտէրը գիշերուան ո՛ր պահուն կու գայ, երեկոյեա՞ն, կէս-գիշերի՞ն, հաւախօսի՞ն թէ առաւօտուն: Որպէսզի չըլլա՛յ որ յանկարծ գայ եւ ձեզ քնացած գտնէ: Արդ, ինչ որ ձեզի կ՚ըսեմ, բոլորին կ՚ըսեմ.- արթո՛ւն կեցէք» (Մր 21-37): Այնքան պարզ եւ յստակ ձեւով կը պատկերացնէ մեր Տէրը Իր երկրորդ գալուստը: Արդարեւ, իւրաքանչիւր անգամ երբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի կը մասնակցինք, կու տանք այս վկայութիւնը: Սակայն, վկայութիւնը պարզապէս շրթներով տալը բաւարար չէ, այլ՝ այդ տուած վկայութեան համաձայն եւ սպասումով պէտք է ապրինք, որպէսզի կարենանք արժանապէս դիմաւորել մեր Տէրը երկրորդ գալուստի ժամանակ, եւ արժանանանք Իր արդար դատաստանին: Իսկ արդար դատաստանին արժանանալու համար պէտք է մենք մեզ այսօրուընէ իսկ պատրաստենք. պատրաստենք ո՛չ միայն խօսքերով, այլ եւ աւելի՛ն՝ հաւատքի պտուղը եղող գործերով, որոնց միջոցով միայն կրնանք հարթ ճանապարհ պատրաստել մեզի դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի անմահութիւն, դէպի՝ Աստուծոյ ներկայութիւն:

Սրբասացութենէն ետք պատարագիչ քահանայ հայրը Սուրբ Նշխարը իր ձեռքերուն մէջ առնելով եւ բարձրացնելով դէպի վեր՝ ի տես ժողովրդեան, բարձր ձայնով կ՚ըսէ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է Մարմինս, որ ձեզի եւ շատերու համար կը բաշխուի որպէս մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն»: Ապա, նոյն ձեւով Սկիհը բարձրացնելով՝ կ՚ըսէ. «Բոլորդ խմեցէ՛ք ասկէ. ա՛յս է ՆՈՐ ՈՒԽՏԻ ԻՄ ԱՐԻՒՆՍ, որ ձեր եւ շատերու համար կը թափուի, որպէս մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն»: Այստեղ, Սուրբ Պատարագի մասնակիցները անուղղակի կերպով կարծէք մասնակից կը դառնան նաեւ Վերնատան մէջ Վերջին Ընթրիքին, ուր մեր Տէրը հիմքը դրաւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին, արտասանելով վերոյիշեալ խօսքերը: Սուրբ Պօղոս առաքեալ խօսելով այս մասին, կը գրէ. «Ես Տիրոջմէ առի ինչ որ ձեզի աւանդեցի, թէ Տէր Յիսուս Իր մատնութեան գիշերը հաց առաւ, Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, կտրեց զայն եւ ըսաւ. «Ասիկա Իմ մարմինս է, որ ձեզի համար կը բաշխուի: Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար»: Ընթրիքէն ետք նոյն ձեւով բաժակը առաւ եւ ըսաւ. «Այս բաժակը Աստուծոյ Նոր Ուխտն է, որ Իմ արիւնովս կը կնքուի: Ասիկա կատարեցէք միշտ, եւ ամէն անգամ որ անկէ խմէք՝ զիս յիշեցէք»: Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ՚ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ Իր երկրորդ գալուստը» (Ա. Կր 11.23-26): Հետեւաբար, մենք մեզ պէտք է այնպէս պահենք՝ գիտակցելով, թէ Քրիստոսի ներկայութեան է որ կանգնած ենք, եւ Քրիստոս կը պատարագուի այդտեղէ ի թողութիւն եւ քաւութիւն մեր մեղքերուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

30 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2022