ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱՐԴԱՐ ՇԱՐԺԻՉ ՈՒԺՆ ՈՒ ՀՄԱՅՔԸ

Մարդկային անձնական ու յատկապէս հաւաքական պատմութեան սկիզբէն ի վեր մարմնամարզը մեծ տեղ ունեցած է անոր կեանքին մէջ: Մարմնամարզի սկզբնաւորութեան արմատներուն երթալով՝ զայն կրնանք դրսեւորուած տեսնել անհատական ֆիզիքական կարողութիւններու զարգացման ու օգտագործման մէջ։ Ապա արդէն կամաց-կամաց կը տեսնենք զայն կազմաւորուած ձեւով, ուր շարունակաբար յառաջացան մարմնամարզի զանազան խաղեր, որոնք մարդկային հաւաքական եւ անհատական կեանքերը գունաւորած են բազմապիսի ձեւերով:

Երկար ճամբայ անցնելով մարզաձեւերը հետզհետէ ճիւղաւորուած, աճած ու հարստացած-հարստացուցած են ապրելակերպերը, հասնելով մեր ներկայ ժամանակներուն մէջ իրենց գագաթնակէտին: Ներկայիս կան հարիւրաւոր մարզատեսակներ ու մարզաձեւեր, որոնք բոլորն ալ հետեւորդներ ու անոնցմով զբաղող մարզիկներ ունին եւ հաւանաբար նոյն մարդկային պատմութեան ընթացքին մարդոց քանակին եւ մարզիկներու համեմատութեան իմաստով անոնց միչեւ եղած թիւի տատանումին նայելով, կարծեմ կը տեսնենք, որ ներկայիս մենք ունինք ամենաշատ թիւով մարզիկներ աշխարհի չորսդին:

Այդ թիւի մեծ ըլլալը կը նշանակէ, որ մարմնամարզը դարձած է ոչ միայն անբաժան մասը կեանքին, այլ ինքնին վերածուած է կեսնակերպի, արհեստի ու տնտեսութեան կարեւոր ճիւղի: Մարզիկները կը համարուին ոչ միայն պարզ ֆիզիքական մարզանքներ ընող մարդիկ, այլ ինքնին մեծ կեանքի ասպարէզ ու դեր ունեցող անձեր-աստղեր, որոնք կը ստեղծեն մարմնամարզի արդիւնքներու կողքին շատ մը արժէքներ, հասկացողութիւններ, կապեր ու տնտեսական պայմանաւորուածութիւններ:

Այո, շատեր չափազանցուած ու անհարկի կը գտնեն այսքան մեծ գումարներով եղած մարմնամարզի ոլորտին վճարումները, գործարքներն ու գովազդները եւ, այո, այդ մէկը կրնայ անարդար թուիլ, մանաւանդ եթէ բաղդատենք զայն արուեստի ու մշակոյթի մէջ եղած գումարներու եւ եկամուտներու շրջանառութիւններուն (որոնք խեղճ են):

Հակառակ վերոնշեալ իրողութեան, մարմնամարզը մեծ ու արդար շարժիչ ուժ է մարդու անձնական ու  հաւաքական կեանքերուն մէջ եւ ան մեծ ու անկասելի հմայք ունի: Այո՛,  հաւանաբար ան չի սնաներ մարդու ոգեղէն աշխարհը նոյնպիսի չափով, ինչպէս կ՚ընէ մշակոյթը, արուեստն ու կրօնքը, բայց ան ազնուութեան, ազնուականութեան, կատարեալի ձգտման ու կերտման, երիտասարդականացման ու գեղեցկութեան հասնելու հիմնական միջոցներէն է ու այս բոլոր նշուածներուն դրսեւորումներէն մէկը:

21-րդ դարու մարմնամարզը կըր-նանք համարել կայացած, յարաբերաբար արդար ու հասանելի շատ մը պատճառներէ ելած: Մշտապէս մարմնամարզը քաղաքականացուած էր, մանաւանդ ազգային խումբերու մակարդակով եւ այդ քաղաքականացումը սրացման ու յաճախ բախումներու տանող էր եւ ինքնին մարմնամարզը աւելի մեծ դրդապատճառ էր հակադրութիւններու, բայց ներկայի բաց աշխարհին եւ թեքնոլոժիք յեղափոխութենէն վերջ մարմնամարզը կրցաւ յարաբերաբար ձերբազատիլ քաղաքականացումէն: Որո՞ւ շնորհիւ կատարուեցաւ այդ մէկը, հաւանաբար միջազգային մեծ ու կայացած մարմնամարզի կազմակերպութիւններուն, որոնք օրը օրին կատարելագործեցին արդար, անաչառ մրցակցութեան ու ելոյթներու կայացումը բոլոր երկիրներուն մէջ: Իրապէս կրնանք ըսել, որ ոսկէ դարն է հիմա մարմնամարզին եւ մարզիկներուն, այսպէս ըսած, կուռքականացումը իր գագաթնակէտին կը գտնուի: Կարգ մը պատերազմներ (ինչպէս ներկայիս Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը) իրենց շուքը կը թողուն մարմնամարզի վրայ, բայց ընդհանուր առմամբ ան տակաւին կը մնայ ամենաապաքաղաքականացուած ոլորտը, յատկապէս եթէ բաղդատենք զայն տնտեսութեան, մշակոյթի եւ նոյնիսկ գիտութեան ոլորտներուն հետ:

Աշխարհի զարգացումը իր հետ բերաւ մարմնամարզի զարգացումը եւ այն փաստ է, որ մարմնամարզը եղած է միշտ յառաջադէմ ու արժէք ստեղծող հասկացողութիւն: Ինչքան մարդս մարզական ոգի եւ տեսք, մարզական ազնուութիւն եւ մրցակցութիւն, մարզական նպատակ ու կամք ունի, այն աւելի կատարեալ է եւ այս է փոխանցած պատգամը մարմնամարզին: Դժուար է գտնել ներկայիս երկիր մը, որ մեծ գումարներ չի ծախսեր մարմնամարզը զարգացնելու համար եւ այդ մէկը կ՚ընէ ո՛չ թէ պարտադրաբար, այլ՝ համոզումով եւ հոս շատ դիպուկ օրինակ է Պրազիլը: Երբ մարդիկ Պրազիլ երկիրը մտաբերեն, համեմատաբար առաւել չափով կը յիշեն ֆութպոլը եւ ֆութպոլի մշակոյթը, կը յիշեն այն պայծառութիւնը, որ կ՚առթէ նոյն այդ մշակոյթը: Ի վերջոյ դրական լիցքերն ու մղումները կեանքի ամենաապրեցնող հանգանակն ու ստեղծագործական խթանն են:

Մարմնամարզը թէ՛ իր կիրառումով մարզիկներուն ու պարզ մարդոց միջոցաւ եւ թէ անոր հետեւողներուն ու դիտողներուն համար իրապէս անսպառ ու յաւերժական աղբիւր է լաւատեսութեան, դրականութեան եւ միաժամանակ մեծ զուարճանք ու վեհ զբաղուածութիւն է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

5 յունիս 2022

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2022