ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ

Բ. ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ

11. Օրինակ. դուրգարները (հիւսները) աշխատած ժամանակ գամեր կը դնեն իրենց բերաններուն մէջ եւ անպէտքները կամ չգործածածները դարձեալ կը նետեն գամերու տուփին մէջ: Իրմէ ետք, ուրիշ բանուոր մը այդ գամերը իր բերանը կ՚առնէ, եւ եթէ առաջին բանուորը հիւանդ եղած է, ինքն ալ կը վարակուի: Դերձակները, կար ընող կիները նոյնպէս կը վերցնեն եւ իրենց բերաններուն մէջ զանազան կոճակներ, չանգալ-օղակներ, քորոցներ, եւ այլն կը պահեն ու դարձեալ կը նետեն տուփին մէջ. այսպիսիով, շատ մարդիկ կը վարակուին:

12. Նոյնը կ՚ընեն կօշկակարները՝ իրենց փայտէ գամերը գործածած ժամանակ:

13. Դէպքեր եղած են, որ ուրիշի մը գոգնոցով աչքերը սրբած են եւ վարակուած. այս պարագային, առաջին խոցը աչքի կոպերուն վրայ դուրս կու գայ:

14. Բաղնիքներուն մէջ լոգցողներէն շատերը իրենց հետ սրբիչ չեն տանիր, այլ՝ բաղնեպանէն կը վերցնեն. այլեւս չեն մտածեր, թէ կրնայ աղտոտ ըլլալ:

15. Դուք ծառայ կը վարձէք եւ չէք հարցներ, թէ ան առո՞ղջ է, թէ ոչ: Հիմա երեւակայեցէ՛ք, որ ձեր խոհարարը հիւանդ է. չէ՞ որ ան ամաններու, կերակուրին հետ միշտ կրնայ վարակել ձեզ եւ ձեր ընտանիքը:

Մարդ ի՜նչքան զգոյշ պէտք է ըլլայ:

16. Բաղնիքին մէջ կը նստիք նստարանի մը վրայ, ուր ձեզմէ առաջ հիւանդ մարդ մը նստած է, եւ դուք ալ կը հիւանդանաք: Նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ զուգարաններուն մէջ:

17. Ձեր լուացարարը հիւանդ է եւ ձեր շապիկին կամ երեսի սրբիչին վրայ թոյն քսուած է. վարակումը պատրաստ է:

18. Դուք երեխային համար կ՚առնէք եւ ձեր տուն կը բերէք որեւէ խաղալիք մը, որ հիւանդ երեխայ մը իր բերանը առած է, ձեր երեխան կրնայ անոր միջոցով վարակուիլ, որովհետեւ այդ խաղալիքին վրայ կրնայ թոյն մնացած ըլլալ:

Այստեղ կարելի չէ մէկ առ մէկ յիշել բոլոր այն դէպքերը, երբ մարդ կրնայ վարակուիլ. բաւականանանք յառաջ բերուածներով:

Գ. ՍԻՖԻԼԻՍԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳԻՒՂԵՐ ԿԸ ՄՏՆԷ

Գիւղացի տղամարդիկ քաղաքներուն մէջ կը ստանան այս ցաւը եւ գիւղ վերադառնալով, ամենէն առաջ, անշուշտ, իրենց կնոջ եւ երեխաներուն կը վարակեն, յետոյ իրենց ծանօթներուն եւ ազգականներուն, եւ այսպիսով ցաւը գիւղին մէջ կը տարածուի:

Հիւանդութիւնը գիւղ կը բերեն նաեւ զինուորները, երբեմն ալ գիւղացի կիներ, որոնք քաղաք գացած էին ծծմայրութիւն ընելու, կամ տուներուն մէջ ծառայելու եւ այնտեղ հիւանդացած:

Բաւական է, որ անարատ գիւղի մը մէջ մէկ-երկու սիֆիլիսոտ մտնեն, կարճ ժամանակուան մէջ գիւղին մէկ մասը կամ նոյնիսկ ամբողջ գիւղը կրնայ վարակուիլ, որովհետեւ բոլոր գիւղացիները իրարու ազգական ու բարեկամ են, իրարու շատ մօտ են, միշտ աման-չաման կու տան-կ՚առնեն, մէկ ամանէ կ՚ուտեն, միասին քէֆեր կ՚ընեն, կ՚ողջագուրուին, եւ այլն: Այն ալ ըսենք, որ գիւղացիները այդ հիւանդութիւնը չեն ճանչնար, եւ ուրեմն ընդհանրապէս չեն զգուշանար անկէ:

Դ. Ի՞ՆՉ ԵՆ ՎԱՏ ՑԱՒԻՆ ՆՇԱՆՆԵՐԸ

Վարակուելէն (այսինքն՝ թոյնը տեղ մը դպնալէն) մի քանի շաբաթ ետք, այն տեղը, ուր որ թոյնը ինկած է, ոսպի մեծութեամբ խոցիկ մը դուրս կու գայ: Այդ խոցիկը երբեմն բաւական մեծ կ՚ըլլայ, երբեմն ալ ընդհակառակը՝ այնքան փոքր, որ հիւանդը ինք նոյնիսկ չի նկատեր: Խոցը չի ցաւիր, շատ քիչ թարախ կ՚արտադրէ, միսի գոյն ունի, կը փայլի եւ կարծր (պինդ) արմատ ունի: (Եթէ երկու մատով շօշափէք, այնպէս կը թուի, թէ կլոր կոճակ է): Այդ է պատճառը, որ անոր անունը կարծր կամ պինդ (ամուր) շանկր դրած են: Մաքուր պահելով եւ բժիշկին դեղերով ան շուտով կ՚անցնի, իսկ եթէ աղտոտ կը պահուի, կրնայ շատ մեծնալ, տարածուիլ եւ այն ատեն աւելի դժուար կ՚ըլլայ բժշկելը:

Ատիկա սկզբնական կամ առաջին խոցիկն է (կարծր շանկր):

Ասիկա կրնայ մարդուս մարմինին որեւէ մէկ տեղը գոյանալ: Սեռական յարաբերութեան ընթացքին ան դուրս կու գայ սեռական մասերուն վրայ: Եթէ վարակումը համբոյրի կամ որեւէ առարկայի միջոցով եղած է, խոցը դուրս կու գայ, պռօշներու, լեզուի կամ կոկորդի մէջ (ըմպանի վրայ): Վերը ըսինք, որ ան կրնայ աչքին կոպերուն, կնոջ ծիծերուն, վէրքերուն վրայ, ըլլալ. մէկ խօսքով՝ ամէն տեղ:

Այդ խոցին թարախը խիստ վարակիչ զօրութիւն ունի: Ուրեմն, այս խոցը ունեցողը իրաւունք չունի իր կնոջ (եւ ընդհանրապէս ոչ ոքի մօտենալ):

Խլերը. խոցին երեւնալէն երկու-երեք շաբաթ յետոյ, խոցէն վեր, կաշիին տակ կը սկսին շօշափուիլ մանր կարծր գնդակներ, որոնք աճուկի ծալքին մէջ շարան կը կազմեն (Տէր ողորմեայի նման): Զարմանալին այն է, որ ասոնք ալ շանկրերու պէս չեն ցաւիր: Ասոնք սիֆիլիսական խլերն են: Եթէ շանկրը սեռական մասերուն վրայ է, այդ խլերը աճուկներուն մէջ կ՚երեւան. եթէ շրթունքներուն վրայ կամ կոկորդին մէջ է, ծնօտին տակի խլերը կ՚ուռին, եւ այլն:

Այս խլերուն երեւնալը նշան է, որ թոյնը արդէն արիւնի մէջ մտած է:

Բայց հիւանդութիւնը ատով չի վերջանար:

Վարակման օրէն 5-6 շաբաթ կ՚անցնի (երբեմն ալ աւելի), խոցը կը լաւնայ, կը վերջանայ, եւ յանկարծ դուրս կ՚իյնան հիւանդութեան նոր երեւոյթներ (նշաններ): Այսպէս, մարմինին վրայ զանազան ցաներ (դուրս տուածներ) կ՚երեւին, որոնք կամ չոր վարդագոյն, պարզ բիծեր են, կամ թարախակալած բշտիկներ ու խոցիկներ: Յետոյ, խոցեր դուրս կու գան բերանին մէջ, կոկորդին, սեռական գործարաններուն վրայ, յետանցքին վրայ. ասոնք թարախային հեղուկ կ՚արտադրեն, որ սկզբնական խոցի թարախին պէս զօրեղ վարակիչ ուժ ունի:

Այս ատեն խոցեր ու ցաւեր դուրս կու տան նաեւ կոկորդին մէջ, ու ձայնը կը խռպոտի, նոյնիսկ՝ կը կտրուի: Յետոյ մազերը կը թափին, կը թափին նաեւ յօնքերը, արտեւանունքը (թարթափները), եղունգները կը փտին եւ վար կ՚իյնան, երբեմն ալ աչքերը կը ցաւին:

Նկարագրած բոլորս ախտանիշները, անշուշտ, անպայման ամէն հիւանդի վրայ պէտք չէ երեւան: Այսինչ հիւանդին վրայ կրնան այսինչ նշանները միայն երեւալ, ուրիշ հիւանդի մը վրայ՝ ուրիշ նշաններ: Այդ մէկը կախուած է սիֆիլիսական թոյնի ուժէն եւ հիւանդին դիմացկոտութենէն:

Այս ընթացքին վարակիչ թոյնը կը գտնուի թէ՛ հիւանդին թուքին, թէ՛ ալ անոր արիւնին մէջ, եւ հիւանդը պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ, որպէսզի ուրիշները չհիւանդացնէ: Եթէ հիւանդը անմիջապէս բժիշկի դիմէ ու բժշկուիլ սկսի, ան կրնայ բոլորովին առողջանալ: Առհասարակ, միայն որ բան երեւնայ վրան (խոց, պզուկներ, եւ այլն), ան պէտք է անմիջապէս բժիշկի դիմէ:

Պէտք չէ մոռնալ, որ այսպիսի բաներ ամէն վայրկեան կրնան երեւալ: Եւ իրապէս, հիւանդութիւնը մէկ անգամէն չի վերջանար, այլ՝ որոշ ժամանակ մը (2-3 ամիս) ծածուկ կը մնայ եւ դարձեալ կ՚երեւի: Ուրեմն, հիւանդը պէտք է միշտ զգոյշ մնայ եւ ինքզինք հսկէ, այլեւս չըսէ, թէ՝ «է՛հ, պզուկ է, ինչ է որ, կ՚անցնի, կ՚երթայ»: Եթէ ուշադրութիւն չդարձնէ ու չբժշկուի, այն ատեն հիւանդութիւնը երթալով կ՚արմատանայ:

Այն ատեն մարմինին զանազան տեղերուն վրայ կարմրաւուն պզուկներ կ՚երեւան, որոնք կը թարախակալեն, կը ծակուին եւ խոցեր կը դառնան: Ապա, ոսկորները կ՚ուռին, կը փտին, կը խոցոտուին եւ կտոր-կտոր կաշիին տակէն դուրս կու գան: Միեւնոյն ժամանակ ցաւը քիթին կ՚իյնայ, սաստիկ գարշահոտ հարբուխ կը սկսի, քիթին մէջ վէրքեր կը գոյանան, անկէ արիւնախառն թարախ կը հոսի, ու ատոր հետ դուրս կու գան փտած ոսկորներու կտորներ: Ի վերջոյ, քիթը կը բլի, քիմքը կը կծակուի, եւ հիւանդը այլեւս անկարող կ՚ըլլայ պարզ խօսիլ եւ կանոնաւոր կերպով սնունդ առնել: Անոր ձայնը քթային (ան քիթին մէջ կը խօսի) եւ խռխռան կը դառնայ, իսկ կերակուրը կուլ տուած ատեն քիթէն դուրս կու գայ: Յաճախ ալ խոցեր կը գոյանան նաեւ կոկորդին մէջ եւ այն ատեն այն վիճակին կը հասնի, որ հիւանդը հազիւ կարենայ փսփսալով խօսիլ:

Ոտքերուն, թեւերուն, գլուխին ոսկորները սարսափելի կերպով կը ցաւին եւ խեղճին հանգիստ չեն տար, մանաւանդ գիշերը անկողինին մէջ:

Կը պատահի, որ հիւանդը դժուարութեամբ կը շարժէ ձեռքերն ու ոտքերը, որովհետեւ յօդերը (խազերը) կը հիւանդանան. անոնց վրայ խոցեր դուրս կու գան:

Այնպիսի դէպքեր ալ կը պատահին, որ վատ ցաւ ունեցող հիւանդը կը կուրնայ, կը խլանայ, խելագար կը դառնայ: Անոր երեսը զանազան խուլեր, ուռուցքներ եւ խոցեր կը գոյանան, ու ուրիշ բազմաթիւ հիւանդութիւններ կը յառաջանան: Հիւանդը կը նիհարնայ, կը չորնայ եւ վերջապէս սարսափելի տանջանքներու մէջ կը մեռնի:

Ինչքան ալ սարսափելի ըլլան մինչեւ հիմա նկարգրուած ցաւերը, աւելի եւս զարհուրելի է հիւանդին դրութիւնը, երբ վատ ցաւը կը դպնայ ուղեղին եւ ողնուղեղին (ողնաշարի ուղեղին):

Այդպէս, ուրեմն, սիֆիլիսը ո՛չ մէկ բան կը խնայէ: Ան կը հարուածէ թէ՛ երեսին մաշկը, թէ՛ թաղանթները, թէ՛ մկանները (միսերը), թէ՛ ոսկորները եւ թէ՛ ներսի գործարանները: Բայց անոր հասցուցած վնասներէն ամենէն զարհուրելին գլուխի եւ մէջքի ուղեղներուն հասցուցած վնասներն են1:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս մանրամասն, մեր՝ «Սիֆիլիս, կակուղ շանկր եւ Սուսանակ» գրքոյկը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022