ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԾԱԹՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ապա կը ճառէ, թէ Քրիստոս ինչպէ՞ս պատուուեցաւ ժողովուրդին կողմէ.

Խօսք. «Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ» (Յհ 12.9):

Մեկնութիւն. այստեղ կը ճառէ, թէ կրկնակի կերպով պատուեցին զՔրիստոս. առաջին՝ գալով տեսնելու: Երկրորդ՝ ճանապարհին հանդիպելով Անոր, այնտեղ՝ «յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը» (Յհ 12.12):

Առաջինին համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն յարութիւն տուած էր» (տե՛ս Յհ 12.9):

Մեկնութիւն. Բեթանիան Երուսաղէմին մօտիկ է՝ երկու միլայ, այսինքն՝ մղոն, որ է մէկ ֆարսախ, այսինքն՝ մէկ ֆարսանկ, նուազ մէկ ասպարէս, այդ պատճառով հրեաները դիւրութեամբ իմացան Քրիստոսի գալուստի մասին:

Այստեղ անոնց գալուն երկու պատճառ կը ցուցնէ, որ չորս կ՚երեւի. առաջին՝ պատուելու Քրիստոսին՝ յարութիւն տուողին: Երկրորդ. իրենց ախտերը բժշկելու համար: Երրորդ. տեսնելու յարութիւն առած Ղազարոսը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ կը փափաքի այդ բանին: Չորրորդ. կը ցանկային միւս կեանքին կեանները իմանալ, քանի որ բոլորն ալ այդ գիտութեան կը փափաքին: Եւ որովհետեւ Քրիստոսի փառքը յայտնի եղաւ, այդ պատճառով իշխանները խորամանկութեան հնարքներուն դիմեցին:

Խօսք. «Աւագ քահանաները որոշեցին Ղազարոսն ալ սպաննել, որովհետեւ հրեաներէն շատեր Ղազարոսը տեսնելու կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի» (Յհ 12.10-11):

Մեկնութիւն. ասով հրեաներուն նենգութիւնը յայտնի եղաւ, որովհետեւ Քրիստոսի կողմէ յարուցուածին կ՚ուզէին սպաննել, որպէսզի սքանչելիքը ծածկեն: Եւ տե՛ս, թէ չար քահանան ինքզինք եւ ժողովուրդը կորուստի կը մատնէ, ինչպէս բարի քահանան՝ երկուքն ալ կը գտնէ, իսկ հրեաներուն քահանաները հոգիներու կորուսիչներ էին:

Հարցում. ինչո՞ւ համար Ղազարոսին աւելի կը հալածէին, քան՝ ի ծնէ կոյրին կամ անդամալոյծին, որ Բեդհեզդա սրահին մէջ էր:

Պատասխան. Ղազարոսը ազնուական մըն էր ու անուանի, այդ պատճառով անոր հետ պատահած հրաշքը աւելի յայտնի էր ու հռչակուած:

Այժմ առընթեր կը ճառէ, թէ Քրիստոս ինչպէ՞ս պատուուեցաւ ժողովուրդէն, որոնք ընդառաջ ելան Անոր ճանապարհին, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յաջորդ օր ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը» (Յհ 12.12):

Մեկնութիւն. այստեղ նախ ժողովուրդին դիմաւորելու երթալը կը պատմէ: Երկրորդ. դիմաւորելու ելլելուն պատճառը կը պատմէ, այնտեղ. «Եւ ժողովուրդը կը վկայէր, թէ Անոր հետ էր» (տե՛ս Յհ 12.17):

Առաջինին համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առիթով եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, արմաւենիի ճիւղեր առաւ» (տե՛ս Յհ 12.12-13):

Մեկնութիւն. վերը ըսուեցաւ, թէ եթէ մէկը տէրութեամբ ու թագաւորութեամբ կը հաւասարի Աստուծոյ՝ Աստուած է, իսկ Քրիստոս այսպիսով կը հաւասարի Աստուծոյ, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է:

Իսկ Քրիստոսի թագաւորութիւնն ու տէրութիւնը նախ չորս կերպով ցոյց տրուեցաւ. առաջին. այս է, որ պատիւով ընդունեցին զԻնք՝ երբ աւանակով Երուսաղէմ եկաւ, «ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը» կ՚ըսէ, քանի որ բոլոր հրեաները պարտաւոր էին Զատիկի տօնին գալ, որոնք Հրէաստանի մօտիկ գաւառներուն մէջ էին: Քրիստոսի այս գալուստը Երուսաղէմ Զատիկի տօնէն տասն օր առաջ եղաւ, որ Նիսանի տասն էր, իսկ օրը՝ Միաշաբաթ էր, զոր Կիրակի կը կոչենք: Իսկ անոնք աստուածային նախախնամութեամբ արմաւենիներու ճիւղեր առին՝ նշանակելու համար յաղթութիւնը, որ Քրիստոս պիտի տանէր ընդդէմ թշնամիին, որովհետեւ անցեալին սովորութիւն էր յաղթողին արմաւենիի ճիւղեր մատուցել: Եւ ընդառաջ ելան Քրիստոսի՝ պատուելու համար զԻնք, ու վայելչաբար կ՚ըսէին.

Խօսք. «Ովսաննա» (Յհ 12.13):

Մեկնութիւն. որ է «բարձրունքներէն փրկութիւն», ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ: Իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն. «Կ՚աղաչեմ, փրկէ՛», քանի որ եբրայեցիները կ՚ըսեն «Աւզինա», իսկ աւզին «փրկէ՛» կը թարգմանուի, եւ «անա»ն նշանակիչ աղաչանքներու յօդ է:

Քրիստոսի գալուստը խոստովանելով, կ՚ըսեն.

Խօսք. «Օրհնեա՜լ ես, որ Տիրոջ անունով կու գաս» (տե՛ս Յհ 12.13):

Մեկնութիւն. մարդուն ըսելը ընել [կամ դարձնել] չէ, այլ՝ խոստովանիլ, այդ պատճառով երբ զԱստուած կը փառաբանենք, ոչ թէ զԻնք բարի կը դարձնենք, այլ՝ Անոր բարութիւնը կը խոստովանինք ու կը գովենք, իսկ Աստուծոյ ըսելը գործ է, ըստ այնմ. «Ըսաւ ու եղան» (Ծն 1.3-4), այդ պատճառով երբ Աստուած ոեւէ մէկը կ՚օրհնէ, անոր բարութիւն կը պարգեւէ, նոյնպէս մեծին փոքրը օրհնելը այն է, որ շնորհք կը պարգեւէ իսկ փոքրին մեծը օրհնելը, շնորհընկալ կ՚ըլլայ ու կը խոստովանի. իսկ ըսելը.

Խօսք. «Օրհնեա՜լ ես, որ Տիրոջ անունով կու գաս» (տե՛ս Յհ 12.13):

Մեկնութիւն. կու գաս նախ ներկան կը նշանակէ: Երկրորդ. հանդերձեալին գալը: Երրորդ. որ յարութենէն ետք բազմաթիւ անգամներ եկաւ եւ զանոնք հաւատքին մէջ հաստատեց, այդ պատճառով մենք այս խորհուրդով մինչեւ համբարձումը իւրաքանչիւր Կիրակմուտ գալստեանը կը տօնենք:

Իսկ ըսելը.

Խօսք. «Տիրոջ անունով» (Յհ 12.13):

Մեկնութիւն. նախ՝ քանի որ Քրիստոս իբրեւ Տէր եկաւ: Մովսէս այդպէս չեկաւ, այլ՝ իբրեւ ծառայ, ինչպէս Պօղոս եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ (հմմտ. Եբր 3.3-6): Երկրորդ՝ «Տիրոջ անունով» կ՚ըսուի, այսինքն՝ Հօր Աստուծմէ ղրկուած՝ կատարելու համար Անոր կամքը:

Խօսք. «Իսրայէլի Թագաւորը» (Յհ 12.13):

Մեկնութիւն. այս երկրորդ [անգամն է, որ] կ՚ըսէ Քրիստոսի տէրութեան ու թագաւորութեան [մասին], երբ վկայութեամբ կ՚ըսեն, որոնք ընդառաջ ելան ու ըսին. «Օրհնեա՜լ Թագաւորդ Իսրայէլի»: Երկրորդ. մարգարէներուն՝ Դաւիթի ու Զաքարիայի խօսքերն են, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ:

Դարձեալ՝ «Իսրայէլի Թագաւորը», Անոր իշխանութիւնը կը խոստովանին, սակայն ո՛չ կատարելապէս, չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ Քրիստոսին որպէս ժամանակաւոր Թագաւոր կը հաւատային, իսկ Ան՝ յաւիտենական էր: Երկրորդ. մարմնաւոր գիտէին, իսկ Ան՝ հոգեւոր էր: Երրորդ. կը կարծէին կայսրէն պիտի ազատէ, իսկ Ան՝ բանսարկուէն փրկեց: Չորրորդ. միայն Իսրայէլի գիտէին, իսկ Ան՝ ընդհանուր, բոլոր սեռի մարդոց Թագաւոր ու Փրկիչ էր, ինչպէս Սաղմոսին մէջ կ՚ըսէ. «Օրհնեա՜լ, որ Տիրոջ անունով կու գաս, Տէր Աստուած երեւեցաւ մեզի» (հմմտ. Սղ 117.26-27), եւ այլն:

Ասկէ ետք Քրիստոսի գալուստի կերպը կը ցուցնէ.

Խօսք. «Եւ ժողովուրդը կը վկայէր, թէ Անոր հետ էր, երբ Ղազարոսը կանչեց գերեզմանէն եւ զայն մեռելներէն յարուցանեց: Այդ պատճառով ժողովուրդը զԻնք դիմաւորելու ելան»:

Մեկնութիւն. այստեղ դարձեալ հարցում կը ծագի:

Առաջին. թէ Քրիստոս ինչո՞ւ կամեցաւ հիմա փառքով Երուսաղէմ մտնել, քան այն ժամանակը:

Պատասխան. վարդապետները կ՚ըսեն՝ տասը պատճառով վայել էր, որովհետեւ Քրիստոս նախքան Իր մահը կ՚ուզէր փառաւորութիւն մը ցոյց տալ Իր անձին, ինչպէս նաեւ Իր հաւատքին ու վարդապետութեան:

Առաջին՝ որպէսզի հրեաներուն բոլոր պատճառները՝ զԻնք չընդունելուն վերցնէ, որ գձուձ ու անպատիւ կը կարծէին:

Երկրորդ. որպէսզի ցուցնէ, թէ Քրիստոս մեղքերու պատճառով չմեռաւ, այլ՝ անմեղութեամբ մեռաւ ճշմարտութեան եւ սիրտերու լուսաւորութեան ու սիրոյ համար:

Երրորդ. ծանուցելու համար, թէ իւրաքանչիւր դարու վախճան հանդէսով ու ճշմարտութեամբ կ՚ըլլայ, այդ պատճառով որպէս վախճան Հին Օրէնքին, Քրիստոս Նոր Կտակարանը տուաւ, իսկ աշխարհի վախճանին Աստուծոյ փառքը պիտի յայտնէ, իսկ եկեղեցւոյ վախճանին՝ նեռի ժամանակ, հաւատքի ճանաչումը պայծառ պիտի ըլլայ, նոյնպէս վայել էր, որպէսզի Քրիստոսի կեանքի վախճանն ու վարդապետութեան պտուղը պայծառագոյն ըլլայ:

Չորրորդ. Քրիստոսի չարչարանքներուն մեծագոյն աճումին, քանի որ մեծագոյն պատիւէն ու փառքէն յետոյ, մեծագոյն ամօթ է անարգութեան ու չարչարանքներու մէջ իյնալ:

Հինգերորդ պատճառ. որպէսզի ցուցնէ, թէ ո՛չ թէ երկիւղով ու ծածկաբար, այլ՝ յայտնապէս ու փառքով եկաւ Քրիստոս չարչարանքներուն եւ մահուան:

Վեցերորդ. որովհետեւ տկարներուն համար պէտք էր նախքան Քրիստոսի մահը՝ Անոր մէջ մեծագոյն փառքը տեսնել, որպէսզի ա՛լ աւելի չգայթակղին Անոր չարչարանքներուն ժամանակ:

Եօթներորդ. որպէսզի Քրիստոս փառքը տեսնելով, Անոր աշակերտները դիւրագոյն հաւատան ու յուսան՝ յարութեան համար:

Ութերորդ. քանի որ խորհրդաբար կը ցուցնէ, թէ ինչպէս որ փառքով ստորին Երուսաղէմ մտաւ, այդպէս ալ՝ յարութենէն ետք, փառքով վերին Երուսաղէմ պիտի մտնէր, նոյնպէս կը ցուցնէ, թէ մենք վախճանին՝ մեր բարի գործերով պիտի մտնենք նոյն փառքին մէջ:

Իններորդ. խորհրդաբար մեր միտքերուն կը ցուցնէ հոգեւոր տօնը, երբ Քրիստոս հոգեպէս կը մտնէ սիրտերու քաղաքը, ինչպէս Իր պալատը, եւ ինչպէս Տէրը Իր տաճարը:

Տասներորդ. որովհետեւ այն ժամանակ, երբ մեծագոյն նշանները կատարեց ու Ղազարոսը յարուցանեց, փառքով Երուսաղէմ եկաւ, որպէսզի արժանի ըլլայ պատիւին եւ որպէսզի ցուցնէ, թէ Սա՛ է Թագաւորը, ինչպէս Զաքարիան ըսաւ, իսկ մենք բոլորս Ասոր կը սպասէինք:

Ասիկա Քրիստոսի փառաւոր գալուստի ժամանակին մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ  

•շար. 118     

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2021